«Կ’ուզեմ Հայաստանի տեղեկատուական արուեստագիտութեան ոլորտի յառաջդիմութեան մաս կազմել». թորոնթոհայ Գրիգոր Այնթապլի

Թորոնթոհայ խոստումնալից երիտասարդ Գրիգոր Այթապլին կ’աշխատի հայաստանեան տեղեկատուական արուեստագիտութեան (IT-SS) ոլորտին մէջ։ Ան մեր ընթերցողներուն կը պատմէ Հայաստանի ՏՏ ոլորտի ներկայ վիճակին, զարգացման հեռանկարներուն, ինչպէս նաեւ իր ու իր ապրած նոր միջավայրին մէջ ունեցած փորձառութեան մասին։


Սալբի Սաղտըճեան- Գրիգոր, կը պատմե՞ս քու մասիդ։ Ո՞վ է Գրիգոր Անթապլին։

Գրիգոր Այնթապլի- Ծնած եմ Հալէպ, Սուրիա, մէկ տարեկանիս փոխադրուած եմ Գանատա, 24 տարի առաջ։ Ես ինծի կը տեսնեմ աւելի թորոնթոհայ, քան՝ սուրիահայ։ Սկիզբը կարճ ժամանակով Գէմպրիճ ապրած ենք, յետոյ հաստատուած ենք Թորոնթօ։ Մինչեւ 4-րդ դասարան յաճախած եմ ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանը, որուն կը պարտիմ հայերէնի իմացութիւնս, ապա յաճախած եմ կաթողիկէ դպրոց, մինչեւ դպրոցս աւարտելը։ Բարձրագոյն կրթութիւնս ստածած եմ «Ռայըրսըն» (Toronto Metropolitan University) համալսարանէն, ուր ուսանած եմ software engineering (ծրագրային ճարտարագիտութիւն)։ Յաճախած եմ ակումբ, եղած եմ ՀՅԴ Գանատայի պատանեկան միութեան անդամ, Հայ մարմնական ընդհանուր միութեան (ՀՄԸՄ) սկաուտ, երկար ատեն Համազգայինի «Էրէբունի» պարախումբին մէջ պարած եմ։

Սալբի- Ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս որոշեցիր գալ Հայաստան։

Գրիգոր- Համալսարանը աւարտեցի 2023-ին։ Սկսայ internship-ներ փնտռել՝ ինչպէս ամէն աւարտող աշակերտ։ Մէկ տարի աշխատած էի Թորոնթոյի ընկերութեան մը մէջ, բայց շատ չէի սիրած, այլ գործ փնտռեցի, չգտայ։ Սկսայ մտածել աւելի մեծ ծրագիրներու, կեանքս փոխելու հնարաւորութիւններու մասին, ոչ թէ ասպարէզս փոխելու, որովհետեւ 14 տարեկանէս ի վեր որոշած էի մասնագէտ ծրագրաւորող դառնալ։ Պատահական՝ մէկը ինծի տեղեկացուց, որ Birthright Armenia («Դէպի Հայք») անունով ծրագիր մը կայ։ Սկսայ պրպտել, տեսայ՝ մասնակցելու ամէն qualification-ները (որակաւորում) ունիմ։ Արձանագրուեցայ, մէկ շաբաթ ետք հարցազրոյցի կանչեցին, ապա տեղեկացուցին, որ ընդունուած եմ։ Շատ դիւրին եղաւ։ Օգոստոսին թուղթերը լեցուցի, մէկ ամիս ետք պատասխանը եկաւ։ Ընկերներով Ճափոն պտոյտի էինք, երբ ինծի նամակ եկաւ, որ կրնամ Հայաստան երթալ։ Panic-ի (խուճապ) մատնուեցայ, թէ ե՞րբ պիտի երթամ, ո՞ւր պիտի մնամ, ի՞նչ թուղթերու պէտք ունիմ եւ այլն։ «Դէպի Հայք»-ը շատ լաւ ծրագիր է, ամէն ինչով օգնեց եւ դասաւորեց գործերս։ Հոկտեմբեր 2023-ին արդէն Հայաստան էի։ Ծրագրով Հայաստան մնացի եօթը ամիս։ Ես կը կարծեմ, որ ատիկա իմ կեանքիս ամենէն լաւ եօթը ամիսներն էին։ Շատ հաճելի էր, շատ աղուոր մարդոց ծանօթացայ, շատ լաւ եւ գեղեցիկ տեղեր գացի եւ միեւնոյն ատեն փորձառութիւն շահեցայ computer science-ի (համակարգչային գիտութիւն) մէջ։ Աշխատեցայ երեք տարբեր տեղեր, տարբեր ոլորտներու մէջ եւ կրցայ տեսնել Հայաստանի IT ոլորտի շրջանակը ինչպէս է եւ ինչպէս կ’ընթանայ։ Ատիկա ինծի պէս նոր աւարտած մէկու մը համար շատ կարեւոր փորձառութիւն էր։ Յետոյ, երբ Գանատա վերադարձայ, որոշեցի, որ կ’ուզեմ Հայաստան ապրիլ։ Այդ որոշումէն ետք, սկսայ Հայաստանի մէջ գործ փնտռել եւ․․․ գտայ։

Սալբի- Ներկայիս ի՞նչ գործով կը զբաղիս Հայաստանի մէջ։

Գրիգոր- Հիմա կ’աշխատիմ Գիւմրիի Digital Pomegranate ընկերութեան մէջ, որուն սեփականատէրը ամերիկացի է, կինը՝ գիւմրեցի: Ան տեսնելով Հայաստանի IT ոլորտի յառաջընթացը եւ այդ ոլորտին մէջ աշխատող մասնագէտ անձերու ներուժը, որոշած է ընկերութիւն բանալ Գիւմրիի մէջ։ Տասը տարուան արդիական ընկերութիւն մըն է, որ շատ լաւ գործեր կ’ընէ:

Սալբի- IT ոլորտին մէջ ի՞նչ կ’աշխատիս եւ ինչո՞ւ Գիւմրի հաստատուեցար։

Գրիգոր- Ես backend engineer եմ, database-երուն եւ API (Application Programming Interface)-ի վրայ կ’աշխատիմ։ Արդէն բաւական վստահութիւն շահած եմ եւ մեծ գործեր կը վստահին ինծի, որուն համար շատ ուրախ եմ, որովհետեւ կ’ուզեմ այս ընկերութեան եւ Հայաստանի IT ոլորտի յառաջդիմութեան մաս կազմել։ Շատ ուրախ եմ՝ ինծի առիթ կու տան, որ օգտակար ըլլամ իրենց։

Առաջին եօթը ամիսը «Դէպի Հայք» ծրագրով Երեւան մնացի, որովհետեւ Երեւանի մէջ IT ընկերութիւնները աւելի են, տարբեր տեղեր կրցայ աշխատիլ եւ փորձառութիւն ունենալ։ Երբեք մտքէս չէր անցներ, որ օր մը Գիւմրի կրնամ ապրիլ, բայց այս անգամ գործս Գիւմրիի մէջ եղաւ եւ արդէն վեց ամիսէ ի վեր հոս կ’ապրիմ։ Սկիզբը կը կարծէի՝ շատ պիտի չսիրեմ, յետամնաց տեղ է, պիտի ձանձրանամ, բայց շատ հաճելի է, շատ հանդարտ ու հանգիստ քաղաք մըն է եւ ամէն ինչ կայ: Երեւանը հեռու չէ, երբ պէտք ունենամ, կրնամ երթալ։

Սալբի- Որպէս IT մարզին մէջ աշխատող, ինչպէ՞ս տեսար Հայաստանի մէջ այդ մարզին զարգացումը։ Հոս յառաջընթաց եւ զարգանալու հեռանկար կը տեսնե՞ս։

Գրիգոր- Ես կ’ըսեմ, այո, Հայաստանի մէջ շատ յառաջդիմութիւն կայ IT-ի մէջ։ Կը տեսնեմ, որ երիտասարդութիւնը IT ոլորտին մէջ կ’աշխատի, եւ այս ոլորտին մէջ մասնագիտանալու հետաքրքրութիւնը մեծ է, ինչպէս նաեւ աշխատանքի շատ ալ հնարաւորութիւններ կան։ Կան շատ մը հայկական IT-ի ընկերութիւններ, ինչպէս՝ Service Titan-ը, PicsArt-ը, որոնք Հայաստանի մէջ սկսած են եւ հիմա մասնաճիւղեր ունին Ամերիկայի եւ Եւրոպայի մէջ։ Կան նաեւ նոր եւ փոքր ընկերութիւններ, որոնք նոր գաղափարներ եւ նոր լուծումներ կ’առաջարկեն այն հարցերուն մասին, որոնք գոյութիւն ունին IT-ի մէջ, օրինակ՝ ուսումնասիրութիւններու ընկերութիւններ թէ՛ Երեւանի եւ թէ՛ Գիւմրիի մէջ։ TUMO կենդրոնը, որ շատ մեծ ուսումնասիրութեան կեդրոն մըն է, Գիւմրիի մէջ կայ Gyumri Technology Center-ը, ուր տարբեր տեսակի ընկերութիւններ կ’աշխատին։ Արտասահմանեան ընկերութիւններ եւս սկսած են շատ աւելի մեծ ներդրում ընել Հայաստանի մէջ, ինչպէս Nvidia-ն, որ computer chips-եր (համակարգչային կտորներ) արտադրող շատ մեծ ընկերութիւն է եւ հիմա AI-ի (Artificial Inteligance- արհեստական բանականութիւն) chips-երու ամենամեծ ընկերութիւնն է։ Այդ ընկերութիւնը արդէն մեծ ներդրում պիտի ընէ Հայաստանի մէջ, որպէսզի data center հիմնէ հոս։ Գործի շատ հնարաւորութիւններ պիտի ստեղծուին Հայաստանի մէջ։ Մենք Անդրկովկասի մէջ ամենամեծ data centre-ը պիտի ունենանք։ Այս մէկը կը նշանակէ, որ մենք ամենէն յառաջացածը պիտի ըլլանք այս տարածաշրջանին մէջ։ Հայաստանի GDP-ի (համախառն ներքին արդիւնք) կարեւոր մէկ տոկոսը IT-էն կու գայ։ Ուրախ եմ տեսնելու, որ կը յառաջդիմէ եւ կը մեծնայ այս ոլորտը։

Սալբի- ի՞նչ է կարծիքդ՝ արհեստական բանականութեան զարգացման զուգահեռ, IT-ի ոլորտը որքանով կրնայ տուժել, կամ ի՞նչ փոփոխութիւններ պիտի կրէ։

Գրիգոր- Իմ կարծիքովս՝ շատ պիտի փոխուի, բայց որ մարդիկ կը կարծեն, թէ արհեստական բանականութիւնը լաւ բան մը չէ, անգործութիւն պիտի ըլլայ, ըստ ինծի՝ ճիշտ մտածելակերպ չէ։ Շատ գործեր ոչ թէ պիտի կորսուին, այլ պարզապէս պիտի փոխուին։ Այն գործերուն մէջ, ուր AI-ը կրնայ մարդոց տեղը առնել, ըսել է, որ այդ գործերը արդէն պէտք չեն։ Իմ մասնագիտութեանս մասով ըսեմ․ օրինակ՝ շատ դիւրին, պարզ գործերը, որոնք մարդիկ ձանձրանալով կ’աշխատին եւ շատ կարեւոր չեն, ինչպէս՝ data entry-ն, մէկ excel sheet-էն մէկ այլ excel sheet թիւեր փոխանցելը, շատ basic (պարզ) բաներ գրելը, կամ outsourcing-ը, այս գործերը պիտի փոխուին, քանի որ AI-ը կրնայ այդպիսի դիւրին բաները ընել։ Մարդիկ պիտի սկսին AI-ի գործիքները գործածել, որպէսզի իրենց գործը աւելի արագ եւ լաւ ձեւով ընեն։

Արհեստական բանականութիւնը շատ մեծ եւ շատ լաւ գործիք մըն է, որ ամէն մարդ կը սկսի հասկնալ եւ գործածել իր կեանքին եւ գործին մէջ։ Իմ կարծիքովս AI-ը միայն գործիք է, որ առանձին բան մը չի կրնար ընել: Oրինակ` մուրճը՝ քարով գամ գամող մարդուն գործը ոչ թէ կը խլէ, այլ կը դիւրացնէ։ Այսինքն՝ ան գործիք մըն է, որ մարդու գործը աւելի կը դիւրացնէ եւ կը բարելաւէ։ Շատերու գործերը պիտի փոխուին քիչ մը, շատ մը մարզերու մէջ, բայց ես կը կարծեմ լաւ բան է, որովհետեւ այն բաները, որոնց մարդիկ շատ ժամանակ կու տան եւ չսիրելով կ’ընեն, որոնք ստեղծագործական չեն եւ պէտք չունի problem solve (խնդիր լուծելու) ընելու, այդ գործերը պիտի պակսին։ Մարդիկ աւելի ժամանակ պիտի ունենան մեծ աշխատանքներու (task), problem solving-ներուն, design ընելուն, prototype ընելու։

Սալբի- Որքա՞ն ժամանակով կ’ուզես Հայաստան մնալ։ Ապագայի ի՞նչ ծրագիրներ ունիս։

Գրիգոր- Ամէն մարդ ինծի այս հարցումը կը հարցնէ, մամաս ալ։ Մօտ ապագայի համար խօսիմ, հիմակուհիմա կ’աշխատիմ այս ընկերութեան մէջ, որովհետեւ այս ընկերութեան մէջ տարբեր երկիրներէ՝ Գերմանիայէն, Պրազիլէն, Գանատայէն մարդիկ կ’աշխատին։ Անոնցմէ մաս մը կու գան, կ’երթան, իսկ մաս մըն ալ հոս կը մնան։ Ես վեց ամիսէ ի վեր հոս եմ, փորձեցի երկար մնալ, յաջողեցայ եւ անշուշտ սիրեցի։ Հիմա որոշ ժամանակով մը Գանատա պիտի երթամ՝ ընտանիքս եւ ընկերներս տեսնելու։ Ընկերութիւնը շատ ճկուն է, ինծի տուած է այն ազատութիւնը թէ ուրկէ կ’ուզեմ, կրնամ աշխատիլ։ Քանի մը ամիսով պիտի երթամ Գանատա, յետոյ պիտի վերադառնամ Հայաստան։

Ապագայի ծրագիրներս շատ հաստատ չեն, որովհետեւ ամէն ինչ շատ արագ կը փոխուի, բայց յոյս ունիմ, որ կարենամ աւելի երկար մնալ Հայաստան եւ՝ մշտական ձեւով։ Ապագայի յոյսս այդ է։ Երբ ծնողներս թոշակի անցնին, կարենամ զանոնք Հայաստան բերել եւ անոնց հոգ տանիլ հոս, որովհետեւ իրենք ալ Հայաստանը շատ կը սիրեն։ Ատկէ աւելի շատ բաներ չեմ ծրագրեր դեռեւս։

Սալբի- Որպէս Հայաստանէն դուրս ծնած-մեծցած հայ, ի՞նչ դժուարութիւններու կը բախիս հոս եւ ի՞նչ հետաքրքրական եւ դրական երեւոյթներ կը տեսնես քու ամէնօրեայ կեանքիդ մէջ։

Գրիգոր- Պետական թղթաբանութիւնը Հայաստանի մէջ շատ մեծ հարց է։ Շատ մարդիկ այդ դժուարութենէն կ’անցնին։ Քանի մը ամիս առաջ կը փորձէի մշտական կացութիւն ստանալ, որ կարենամ աւելի երկար մնալ եւ այլ գործերու աւելի դիւրութիւն ունենալ, շաբաթներով Գիւմրիէն Երեւան կ’երթայի՝ թարգմանութեան, հիւպատոսական հաստատման, կնունքի թուղթի, ծննդեան վկայականի եւ տարբեր, տարբեր թուղթեր պատրաստելու համար․․․Սուրիա ծնած ըլլալուս պատճառով այդ բոլորը աւելի մեծ խնդիրներ կ’առաջացնէին։ Համացանցին մէջ շատ տեղեկութիւններ չկան այս թղթաբանութեանց մասին։ Repat Armenia-ն բաւական օգնեց ինծի այս հարցերով:

Լեզուի առումով մեծ դժուարութիւն չեմ ունեցած։ Երեւանի եւ Գիւմրիի խօսակցութիւնը տարբեր է։ 2023-ին երբ եկայ, քիչ մը դժուար էր, ես արեւելահայերէնին ծանօթ էի, ընկերներ ունեցած եմ Թորոնթօ, բայց միշտ իրենց հետ խօսած եմ արեւմտահայերէն։ Գիւմրիի խօսելաձեւը բաւական մօտ է արեւմտահայերէնին։ Ես Գիւմրի աւելի քիչ հարց ունեցած եմ, քան Երեւան, զիս շատ լաւ կը հասկնան գործակիցներս։ Այս հարցը արդէն լուծուած է, ես զիրենք կը հասկնամ, իրենք ալ՝ զիս։ Գալով լաւ բաներուն․ լաւ բաները շատ են, կեանքը աւելի գոյն ունի հոս, մարդիկ աւելի կեանքով կ’ապրին, պտուղները աւելի համով են, ամէն մարդ իրարու հետ կապ ունի, ամէն մարդ իրարու հոգ կը տանի, աւելի մարդկային են։ Գանատա ալ մարդիկ իրարու հետ լաւ կը վարուին, բայց մօտիկութիւն չկայ, գործի տեղը, կամ դուրսը ամէն մարդ պաղ է։ Ատիկա բնական է Գանատա, ես ալ այդպէս վարժուած էի, բայց երբ Հայաստան եկայ, նկատեցի, որ մարդիկ հետաքրքրուած են քեզմով, կ’ուզեն գիտնալ ուրկէ ես, ինչ կ’աշխատիս, նոյնիսկ թաքսի քշողները հինգ վայրկեանուան ճամբուդ ընթացքին կ’ուզեն կեանքդ գիտնալ։ Թաքսիները բաւական աժան են: Ուզած տեղդ քալելով կ’երթաս, առանց մեքենայի։ Ես վեց ամսուան մէջ, հաւանաբար, Գանատայի երկու տարուան փորձառութիւնը ունեցած եմ։ Շատ աւելի ընելիք, ժամանցի տեղեր կան, յաճախ փառատօներ կը կազմակերպուին, գործէն ետք մարդ տեսնելու, միասին ժամանակ անցնելու կարելիութիւնը կայ։ Ճաշի, ընթրիքի, հարսանիքի կը հրաւիրուիս։ Նոր ծանօթացած մարդիկ տուներնին կը հրաւիրեն, որպէսզի երթաս խորոված ուտես հետերնին։ Այդպէս բաներ հոս միշտ կ’ըլլան, իսկ Գանատա այդպէս բան չկայ։

Սալբի- Գրիգոր, ի՞նչ ըսելիք ունիս մեր ընթերցողներուն։

Գրիգոր- Ես կը կարծեմ, որ Հայաստանը շատ լաւ տեղ է։ Ե՛ւ Գանատայի, ե՛ւ Հիւսիսային Ամերիկայի հայերը պէտք է բաց ըլլան այն գաղափարին, որ Հայաստանի մէջ ալ կեանք ունենան, հաւանաբար ոչ մշտական կամ աշխատելու, բայց ձեւով մը կապ ստեղծեն Հայաստանի հետ։ Սփիւռքը հայաստանեան կեանքին մաս պէտք է կազմէ։ Հայաստանի մէջ շատ յառաջդիմութիւններ կան, բայց դեռ առաջ երթալու, զարգանալու եւ հզօրանալու շատ տեղ ունի։ Ատոր աւելի արագ կը հասնինք, երբ որ սփիւռքը օգնէ Հայաստանին։ Սփիւռքի մէջ մարդիկ լաւ համալսարաններ կ’երթան, կը մասնագիտանան, լաւ գործեր կ’աշխատին, կարեւոր է, որ այդ փորձառութիւնները բերեն Հայաստան։

Երիտասարդներուն համար իրենց կեանքի որոշ մէկ հանգրուանը Հայաստանի մէջ անցնելու լաւագոյն միջոցներէն մէկը «Դէպի Հայք» ծրագրին մասնակցիլն է։ Այդպիսով՝ թէ՛ Հայաստանի մէջ կամաւոր աշխատելով մարդոց կ’օգնեն, թէ՛ իրենք իրենց ալ օգնած կ’ըլլան փորձառութիւն շահելով։ Ծրագիրը դրամական միջոցով ալ կ’օգնէ՝ այդ բոլորը իրականացնելու։ Այս ծրագիրը իմ կեանքս շատ փոխեց։ «Դէպի Հայք»-ը ինծի սիրցուց Հայաստանը։ Ես ծրագիրը վերջացուցած ըլլալով հանդերձ՝ ինծի կ’օգնեն, որ մարդոց հետ շփուիմ, դեռ կրնամ ծրագրի որոշ բաժիններուն մասնակցիլ, իրենց պտոյտներուն երթալ։ «Դէպի Հայք»-ը միջոց մըն է, որ տարբեր տեղերու հայերը իրարու ծանօթանան, ընկերանան, իրարու հետ ժամանակ անցնեն, առաւել՝ կեանքի եւ մասնագիտական փորձառութեան հնարաւորութիւն ստանան Հայաստանի մէջ: ֎


Այս զրոյցը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի հոկտեմբեր 2025 (#218) թիւին մէջ:

Սալբի Սաղտըճեան

Ծնած է Սուրիա, Քեսապ, այժմ կը բնակի Հայաստան։ Մասնագիտութեամբ պատմաբան է։ Թղթակցած է «Ազդակ»-ին, «Գանձասար»-ին, աշխատած «Թերթ» եւ «Եռագոյն» կայքերուն մէջ։ 2017-էն ի վեր մաս մը կազմէ «Թորոնթոհայ» թերթի խմբագրական կազմին։ Գրութիւնները նուիրուած են հայաստանեան իրականութեան եւ առաւելաբար Արցախին եւ արցախահայութեան խնդիրներուն։

Previous
Previous

Torontonians Anna and Tivene are connecting diaspora and homeland through language

Next
Next

FILM REVIEW. The unbroken spirit of an artist: Zara Jian's new film re-examines Parajanov's art and influence