ՀՕՄ-ի հեծելարշաւ-նուիրահաւաքին գոյացած 25.000 տոլարը պիտի նուիրուի «Զինուորի Տուն» վերականգնողական կեդրոնին

Հայ օգնութեան միութեան (ՀՕՄ) Գանատայի Շրջանային վարչութիւնը այսօր յայտնեց, որ թորոնթոհայեր՝ Խորէն Մարտոյեանի եւ Ռաֆֆի Տէմիրճեանի ձեռնարկած  հեծելարշաւ-դրամահաւաքը հանգանակած է 25.000 տոլար:

Երեւանի «Զինուորի տուն» վերականգնողական կեդրոնի ի նպաստ հեծելարշաւը սկիզբ առաւ 12 Օգոստոսի առաւօտեան ժամը 7-ին՝ Մարքամի «Յոյսի անտառ» (Forest of Hope) պուրակին տեղադրուած՝ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշաքարէն:

ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան անդամ ընկերուհի Անի Հոթոյեան-Ժոլի ներկայ գտնուեցաւ մեկնարկի վայրը եւ վարչութեան անունով յաջողութիւն մաղթեց հեծելանւորդներուն:

14 Օգոստոսին, 389 քիլոմեթր արշաւելէ ետք, Մարտոյեանն ու Տէմիրճեանը Օթաուայի Եուսուֆ Քարշի կիսանդրիին մօտ ծափողջոյններով դիմաւորուեցան ՀՕՄ-ի անդամներու կողմէ: ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան անունով  ընկերուհի Ազգանուշ Հատիտեան գնահատեց մարզիկները, որոնք ջանք չխնայեցին այս հեծելարշաւէն գոյացած  25.000 տոլար գումարով հայրենիքի պաշտպանութեան համար վիրաւորուած զինուորին աջակցելու: Անգլերէնով շնորհաւորական  Խօսք յայտնեց նաեւ Օթաուայի «Սեւան» մասնաճիւղի ատենապետ, ընկերուհի Թալին Շիրիքճեան:  

«Թորոնթոհայ»-ին հետ իր զրոյցին ընթացքին, Մարդոյեան բացատրեց, թէ երբ ծրագիրը ներկայացուց Շրջանային վարչութեան ընկերուհիներոււն, նախաձեռնութիւնը հաւանութեան արժանացաւ եւ այն կեանքի կոչուեցաւ ՀՕՄ-ի հովարաւորութեամբ:

«Առաջին անգամ չէ, որ ՀՕՄ-ը օգնել էր «Զինուորի տուն» վերականգնողական կեդրոնին. ՀՕՄ-ը միշտ իր զգայուն մասնակցութիւնն է ունեցել ազատամարտի գործընթացներին, միշտ սատար կանգնելով զոհուած ազատամարտիկների­ ընտանիքներին եւ իր հովանու տակ առած մեր նահատակուած հերոսների զաւակներին: Հենց դա էլ պատճառ հանդիսացաւ որոշմանս, որ այս դրամահաւաքը կեանքի կոչեմ իրենց հետ։ Դրամահաւաքի արդիւնքում հաւաքուած ողջ գումարը, ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան միջոցով, փոխանցուելու է Երեւանի «Զինուորի տուն» վերականգնողական կեդրոնին` արդիական բուժսարքաւորումներ ձեռք բերելու նպատակով», ըսաւ Մարդոյեան:

Թորոնթոհայ/Torontohye

Թորոնթոհայ ամսագիրը թորոնթոհայութեան ձայնն է՝ 2005-էն ի վեր/ Torontohye is the voice of Toronto Armenians since 2005.

Previous
Previous

Chitilian receives Queen’s Platinum Jubilee Medal for his years of service to the community

Next
Next

Քարշի յայտնի գործերէն՝ Չըրչիլի «ան-սիկառ» լուսանկարը գողցուած եւ պատճէնով փոխարինուած