Հինգ հետաքրքրական փաստ՝ գանատական Գոհաբանութեան օրուան մասին

Գանատայի տարածքին, ամենէն ժողովրդական տօներէն մէկն է Գոհաբանութեան օրը: Տօնը իր մէջ կը խտացնէ մարդկայնական ազնիւ գաղափարներ եւ բարոյական բարձր արժէքներ, ինչպէս՝ երախտագիտութիւն, երախտապարտութիւն, շնորհակալական զգացում, այլասիրութիւն, հիւրասիրութիւն եւ իրարօգնութիւն:

Ստորեւ կը ներկայացնենք հինգ հետաքրքրական փաստ գանատական Գոհաբանութեան օրուան մասին:

***

1. Գանատայի մէջ, Գոհաբանութեան օրը կը զուգադիպի ամէն Հոկտեմբերի երկրորդ երկուշաբթի օրուան:

2. Գոհաբանութեան օրը Գանատայի մէջ պաշտօնապէս սկսած են տօնելու 6 Նոյեմբեր 1879-ին:

3. Միացեալ Նահանգներուն մէջ Գոհաբանութեան օրը կը նշեն Նոյեմբերի չորրորդ հինգշաբթի օրը: Որովհետեւ Գանատայի մէջ օդը աւելի շուտ կը ցրտէ, մեր բերքահաւաքը աւելի կանուխ կը կատարուի: Այս է պատճառը, որ Հոկտեմբերին (եւ ո՛չ թէ Նոյեմբերին) կը տօնենք Գոհաբանութեան օրը:

4. Բացի Ատլանտեան նահանգներու Փրինս Էդուարդ այլնտէն, Նուֆընտլենտ եւ Լապրատորէն, Նու պրանսուիքէն եւ Նովա սքոշայէն, Գանատայի մէջ Գոհաբանութեան օրը օրէնսդրական տօն (statutory holiday) է:

5. 2020 թուականին Գոհաբանութեան օրուան նախօրեակին, Գանատայի ժողովուրդը 2,5 միլիոն ամբողջական հնդկահաւ գնած է (այսինքն՝ տարուան ընթացքին վաճառուած հնդկահաւերու երեսունվեց տոկոսը):

Թորոնթոհայ/Torontohye

Թորոնթոհայ ամսագիրը թորոնթոհայութեան ձայնն է՝ 2005-էն ի վեր/ Torontohye is the voice of Toronto Armenians since 2005.

Previous
Previous

Presenting our own Armenian great—Jirair Tutunjian

Next
Next

Հայերէնը պէտք է գործնական լեզու դառնայ