«Հանգանակութեան տարի»՝ ի խնդիր Սուրբ Աստուածածին Հայց․ առաք․ եկեղեցւոյ վերանորոգութեան

Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին Հայց․ առաք․ եկեղեցին 2026 թուականը յայտարարած է «Հանգանակութեան տարի»՝ ի խնդիր սուրբ կառոյցին վերանորոգման եւ բարեզարդման։ «Հաւատքով կերտուած, համայնքով նորոգուած» կարգախօսով՝ նպակադրուած է եկեղեցւոյ վերանորոգման ծախսերուն՝ անհրաժեշտ մէկ միլիոն տոլարի գումարը գոյացնել։

Թորոնթոյի հայ գաղութին համար հոգեւոր, մշակութային եւ պատմական մեծ նշանակութիւն ունեցող Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին հիմնուած է 1983-ին։ Համայնքի զաւակներուն անխոնջ նուիրումով, 1987-ին, հիմը դրուած է եկեղեցւոյ սեփական շէնքին, Հայ կեդրոնի շրջափակէն ներս։ 1990-ին տեղի ունեցած է եկեղեցւոյ օծումն ու անդրանիկ պատարագը, ձեռամբ՝ Խաժակ վրդ․ Յակոբեանի (նախապէս եկեղեցական արարողութիւնները տեղի կ’ունենային Սուրբ Օգոստինոս անկլիքան - St. Augustine Anglican եկեղեցւոյ մէջ)։

Աւելի քան երեք տասնամեակ ետք անհրաժեշտութիւն յառաջացած է նորոգել եկեղեցին, լուծել յառաջացած խնդիրները, որպէսզի անիկա անխափան ծառայէ համայնքի զաւակներուն եւ յաջորդող սերունդներուն։

«Հանգանակութեան տարուան» աշխատանքներուն, ընտրուած կարգախօսին եւ նորոգութեան աշխատանքներուն մասին «Թորոնթոհայ»-ը զրուցեց Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ Կարօ սրկ․ Սարգիսեանի հետ, որ մեր ընթերցողներուն մանրամասնութիւններ տրամադրեց եկեղեցւոյ դերին եւ այնտեղ իրականացուող աշխատանքներուն մասին։ Ան նշեց, որ կարգախօսը ինքնին կը հաստատէ, որ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին իր գոյութեան ընթացքին միշտ ապաւինած է իր ժողովուրդին։ Այս սուրբ օճախը կերտուած, պահպանուած ու զարգացած է ոչ թէ արտաքին օժանդակութիւններով, այլ հաւատացեալ համայնքին նուիրումով, զոհողութեամբ ու պատասխանատու մասնակցութեամբ։ «Ամէն քար, ամէն գեղեցկութիւն եւ ամէն հոգեւոր ու մշակութային ձեռքբերում ծնունդ առած է ժողովուրդի հաւատքէն ու միասնական ոգիէն», դիտել տուաւ մեր զրուցակիցը։

Կարօ սրկ․ Սարգիսեանի խօսքով, կառոյցին վերանորոգութիւնը գեղագիտական բնոյթ չունի, այլ ապահովական խնդիր է, որ անհրաժեշտ է լուծել։ Նորոգութեան աշխատանքները արդէն սկսած են։ Անցեալ տարի փոխուած են եկեղեցւոյ օդափոխիչը, զովացուցիչ եւ ջեռուցիչ մեքենաները, որովհետեւ անոնք կանոնաւոր ձեւով չէին գործեր։ «Անհնար էր չնորոգել զայն՝ նկատի ունենալով ձմռան ցուրտ, իսկ ամռան տաք եղանակը։ Տանիքի նորոգութիւնը նոյնպէս անհրաժեշտ էր, որովհետեւ անկէ ջուր կը մտնէր եւ կրնար վնասել կառոյցը», նկատել տուաւ ան։

Այժմ կը նորոգուի եկեղեցւոյ տանիքը․ մաշած քարերը կը փոխարինուին նոր հերձաքարերով, որոնք, շինարարական յանձախումբի անդամներուն համաձայն, երկար ժամանակ ամուր պիտի պահեն տանիքը։ Շինարարութիւնը սկսած է նոյեմբեր 2025-ին եւ նախատեսուած է աւարտին հասցնել փետրուար 2026-ի վերջը։ Այս նորոգութիւններուն առընթեր եւս կան ուրիշ կենսական նորոգութիւններ, որոնց մասին պիտի յայտարարուի յառաջիկային։

Սկիզբ առած վերանորոգութեան ծախսերը հոգալու նպատակով կազմուած է հանգանակութեան յանձնախումբ մը, որ ժրաջանօրէն կ՚աշխատի զանազան միջոցառումներ կազմակերպելու ուղղութեամբ. ծրագրուած են շարք մը ձեռնարկներ, ինչպէս՝ դրամահաւաքի ընթրիք, Golf-ի մրցաշարք, Երուսաղէմ ուխտագնացութիւն, վիճակահանութիւն եւ այլ։

Իւրաքանչիւր գաղութի գոյութեան եւ զարգացման գրաւականներէն մէկը հայ եկեղեցին է։ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին համայնքին համար կենսական նշանակութիւն ունի, անոր գործունէութիւնները՝ բազմաթիւ են ու բազմազան՝ ինչպէս հոգեւոր, կրթական, մշակութային եւ ծառայողական«Պարզ ակնարկ մը եթէ նետենք մեր եկեղեցւոյ պատմութեան վրայ, յստակ կը դառնայ, որ մեր եկեղեցին միայն հոգեւոր կեդրոն մը չէ, այլեւ ջահակիրը հայկական մշակոյթի պահպանման գործընթացին։ Ատոր ապացոյցն են տարբեր մշակութային միջոցառումները, դասերն ու համերգները, որոնք եկեղեցին կը կազմակերպէ ամրապնդելու մեր համայնքի հայկական ինքնութիւնը», կը հաստատէ մեր զրուցակիցը։

Սուրբ եւ անմահ պատարագներուն, Կիրակնամուտի ժամերգութիւններուն կողքին, կը յիշատակուին Սրբոց տօները, կը նշուին ազգային տօները, կը կազմակերպուի Սուրբ Աստուածածնայ տօնին ուխտի շաբաթը, առաւել տեղի կ’ունենան Սուրբ գրային սերտողութիւններու պահեր, որոնցմէ մէկը առցանց շաբաթական դրութեամբ, իսկ միւսը՝ առաւելաբար երիտասարդներու համար։ Այս բոլորը կը միտին զարգացնել եւ ամրապնդել հայ հաւատացեալին կապը Աստուծոյ հետ։ Կրթական գետնի վրայ եկեղեցին ունի իր կիրակնօրեայ դպրոցը եւ մանուկներուն համար Սուրբ գիրքի պատմութեան ժամը, որուն ընթացքին քրիստոնէական դաստիարակութեան կողքին մատղաշ սերունդներուն կը ջամբուին հայոց լեզուն, մշակոյթը եւ աւանդութիւնները։

Եկեղեցին ունի երէցներու եւ կրտսերներու դպրաց դասեր, որոնք պատարագի երգեցողութեան կողքին, ամէն շաբաթ կանոնաւոր կերպով կը հաւաքուին եւ մասնագէտ խմբավարներու առաջնորդութեամբ կը սորվին նոր շարականներ, հոգեւոր եւ ազգային երգեր։

Բարեսիրական գետնի վրայ, եկեղեցին օգտակար կը դառնայ դպրոցական կրթաթոշակներով, երէցներու, հիւանդներու եւ կարիքաւոր ընտանիքներու խնամատարութեամբ եւ օժանդակութեամբ: «Մենք կը հաւատանք նաեւ, որ հաւատքը գործով պէտք է արտայայտուի. Անոր համար, երէցներու այցելութեան ծրագիր մը ունինք․ մեր կամաւորները կ’այցելեն երէցներու, կ’աղօթեն անոնց հետ եւ հոգեւորապէս կը մխիթարեն զանոնք», նշեց եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետը։

Եկեղեցւոյ հոգեւոր հայրերն ու հոգաբարձութիւնը մեծապէս կը գնահատեն Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ հաւատաւոր զաւակներն ու ժողովուրդը, վստահ ըլլալով, որ ՝ ինչպէս անցեալին, այսօր դարձեալ անոնք պիտի աջակցին այս կարեւոր ծրագրին։

Կոչ կ'ուղղուի համայնքի բոլոր զաւակներուն, ըստ իրենց կարողութեան եւ պատրաստակամութեան, մասնակցելու հանգանակութեան համար նախատեսուած ծրագիրներուն եւ նպաստելու անոնց յաջող իրագործման։

Անոնք, որոնք ուղղակի նուիրատուութիւն կ’ուզեն ընել, կրնան ուղղակի եկեղեցւոյ հասցէին ընել, կամ՝ կազմակերպուող միջոցառումներու ընթացքին։ Իսկ անոնք, որոնք կրնան օգտակար դառնալ եւ կամաւորապէս մասնակցութիւն ունենալ կազմակերպչական աշխատանքներուն, կրնան կապ հաստատել եկեղեցւոյ հետ եւ աջակցիլ նախատեսուած գործերուն իրականացման։

Հայ Առաքելական եկեղեցին ամբողջ պատմութեան ընթացքին, պետականութեան բացակայութեան պայմաններուն մէջ, եղած է հայ ժողովուրդը միացնող եւ անոր ինքնութիւնը պահպանող հիմնական սիւնը։ Սփիւռքի տարածքին հայ եկեղեցին կենսական դեր ունի գաղութներու գոյութեան, զարգացման եւ յառաջընթացին մէջ։ Հուսկ՝ աճող, զարգացող թորոնթոհայ գաղութի զաւակներուն անմիջական աջակցութեամբ այս նախաձեռնութիւնը եւս յաջողութեամբ ի կատար պիտի ածուի եւ եկեղեցին ալ աւելի պիտի զօրանայ ու ամրապնդուի՝ գաղութին շնորհիւ եւ գաղութին ծառայելու համար։ ֎


Այս յօդուածը լոյս տեսած է փետրուար 2026 (#222) թիւին մէջ:

Սալբի Սաղտըճեան

Ծնած է Սուրիա, Քեսապ, այժմ կը բնակի Հայաստան։ Մասնագիտութեամբ պատմաբան է։ Թղթակցած է «Ազդակ»-ին, «Գանձասար»-ին, աշխատած «Թերթ» եւ «Եռագոյն» կայքերուն մէջ։ 2017-էն ի վեր մաս մը կազմէ «Թորոնթոհայ» թերթի խմբագրական կազմին։ Գրութիւնները նուիրուած են հայաստանեան իրականութեան եւ առաւելաբար Արցախին եւ արցախահայութեան խնդիրներուն։

Next
Next

Փլուզուող աշխարհակարգը եւ մեր դիմադրողականութեան նոր հորիզոնները