Գոհաբանութեամբ եւ միասնութեան ոգիով լեցուն հաւաքոյթ՝ AFSS-ի հիւրընկալութեամբ

լուսանկար՝ կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներ Գանատայի խորհրդարանի անդամ Ճին Եիփի (ձախէն՝ երրորդը) եւ Օնթարիոյի խորհրդարանի անդամ Անտրէա Հեյզըլի (աջէն՝ երկրորդը) հետ (Լուսանկարը տրամադրած է յանձնախումբը:)

Գանատայի լայնատարած երկրին մէջ ամենէն սիրուած եւ մարդասիրական տօներէն մէկը Գոհաբանութեան օրն է. երախտագիտութիւն, սէր, հիւրասիրութիւն եւ միասնութիւն խորհրդանշող օր։ Այս ազնիւ արժէքներուն հենքին վրայ հաստատուած է նաեւ Հայ ընտանիքներու օգնութեան ծառայութիւններու գրասենեակը (Armenian Family Support Services (AFSS)), որուն առաքելութիւնը եղած է օգնել ու թիկունք կանգնիլ նորոգ Գանատա հաստատուած ընտանիքներուն։

Այս տօնին առիթով՝ կիրակի, 5 հոկտեմբերին, Թորոնթոյի Սուրբ Երրորդութիւն Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ ներքնասրահը լեցուած էր երախտագիտութեան ջերմութեամբ ու համայնքային ոգիով։ Ներկաներուն՝ հիւրերու, նորեկ ընտանիքներու, նուիրատուներու, կամաւորներու եւ բարեկամներու ներկայութեամբ, AFSS-ը կազմակերպած էր հիասքանչ հաւաքոյթ մը՝ Գոհաբանութեան օրը համախմբուած նշելու համար։

Մուտքին՝ հիւրերուն բարի գալուստ մաղթեցին AFSS-ի խորհրդատու եւ նախկին ատենապետ Ռիթա Օճաղեան, նորընտիր ատենապետ Սեսիլ Ճէլլատեան, ինչպէս նաեւ յանձնախումբի անդամները։ Անոնք հիւրերուն կը բաժնէին վիճակահանութեան կտրօններ՝ օրուան բախտաւորները ընտրելու համար։ Սրահը զարդարուած էր աշնան տերեւներով, ծաղիկներով եւ ջերմ հիւրասիրութեամբ պատրաստուած ճոխ սեղաններով, ուր համեղ ուտեստներու բոյրն ու ուրախ զրոյցները միաձուլուած էին երախտագիտութեան մթնոլորտին։

Ցերեկոյթին ներկայ էին Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ հայր Հայարի Թանաշեան, եկեղեցական ծխական խորհուրդի անդամներ, հոգաբարձութեան ներկայացուցիչ-խորհրդատու Ժանէթ Երեմեան, Օնթարիոյի խորհրդարանի պատգամաւորներ՝ Ճին Եիփ, Անտրիա Հեյզըլ եւ Արիս Պապիկեանի ներկայացուցիչ Արիս Մովսէսեան, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ հիւրեր ու նորեկ ընտանիքներ։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ռիթա Օճաղեան, որ ողջունեց ներկաները եւ երախտագիտութիւն յայտնեց կամաւորներուն ու նուիրատուներուն՝ իրենց անմնացորդ նուիրումին համար։ Ան անդրադարձաւ տարիներու ընթացքին AFSS-ի գործունէութեան՝ հարիւրաւոր հայ ընտանիքներու Սուրիայէն, Իրաքէն եւ վերջին տարիներուն Ուքրանիայէն Գանատա հասնելու եւ այստեղ նոր կեանք հիմնելու մէջ ունեցած դերակատարութեան։ Օճաղեան նշեց, որ այս բոլորին յաջողութիւնը հնարաւոր եղած է գանատական կառավարութեան, նուիրատուներու եւ համայնքի աջակցութեամբ, եւ որոնց շնորհիւ բազմաթիւ ընտանիքներ կրցած են աշխատանք գտնել, կրթութիւն ստանալ եւ ինքնուրոյն կեանք կառուցել։

Այնուհետեւ բեմ հրաւիրուեցաւ նոր ատենապետ Սեսիլ Ճէլլատեան, որ սրտի խօսքով արտայայտեց իր երախտագիտութիւնը ներկաներուն։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նախ Աստուծոյ՝ Իր տուած անհատնում պարգեւներուն համար, ապա AFFS- ի անունով շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Գանատայի կառավարութեան, իրենց աջակից ընտրանքներուն, նուիրատուներուն, կամաւորներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք թեւ ու թիկունք կը կանգնին նորեկ հայորդիներուն եւ ձեռք ձեռքի տալով փայլուն ապագայի սերմեր կը ցանեն անոնց սրտին մէջ։ Ան հպարտութեամբ նշեց, որ տարիներ առաջ Գանատա հաստատուած հայերէն շատեր այսօր իրենց սեփական գործերուն եւ ընկերութիւններուն հիմնադիրներն են, եւ իրենք են այժմ թեւ ու թիկունք նորեկներուն։ Ճէլլատեան շեշտեց հայ մարդու աշխատասիրութեան, ազնուութեան եւ համբերութեան այն յատկանիշները, որոնց շնորհիւ հայը յարգանք եւ վստահութիւն կը վայելէ աշխարհի իւրաքանչիւր անկիւնին մէջ, այս պարագային Գանատայի մէջ։

Բեմ բարձրացան նաեւ Օնթարիոյի խորհրդարանի անդամները, որոնք գնահատանքով խօսեցան հայ համայնքի ներդրումներուն մասին՝ վստահեցնելով իրենց շարունակական աջակցութիւնը։ Արիս Պապիկեանի պատգամը փոխանցեց Արիս Մովսէսեան՝ բարձր գնահատելով հայ համայնքի խաղաղասէր ու աշխատասէր բնոյթը։ Խորհրդարանի անդամները սեղաններուն միջեւ շրջեցան եւ իրենց այցետոմսերը բաժնեցին ներկաներուն եւ իրենց գրասենեակ հրաւիրեցին որեւէ կարիք կամ օգնութիւն խնդրողները։

Ցերեկոյթը կ՚ընթանար ուրախ երաժշտութեան ուղեկցութեամբ։ Երաժիշտ Էմիլ Խաչատուրեան իր կիթառով հաճելի նուագներ պարգեւեց ներկաներուն, իսկ երգիչ Մհեր Մինասեան հայկական ժողովրդական երգերով լեցուց սրահը՝ շուրջպարերու եւ ծափողջոյնի ներքոյ։

Օրուան բախտաւորները արժանացան գեղեցիկ նուէրներու, իսկ իւրաքանչիւր սեղանի ձեռակերտ զարդարանքը նուիրուեցաւ այն սեղանակիցին, որուն տարեդարձը ամենէն մօտիկն էր՝ իբրեւ յուշանուէր այս անմոռանալի օրէն։

Տարիներ առաջ Գանատա հաստատուած եւ աշխատանքներ ձեռնարկած ներկաները իրենց այցետոմսերը եւ ծանուցումները տեղաւորեցին ծանուցումներու համար յատկացուած սեղանին վրայ եւ այդպիսով իրարու հետ աւելի մօտէն ծանօթացան։

Համադամ ուտեստներէն ետք, ներկայ տիկիններէն մէկուն պատրաստած անուշեղէններով քաղցրացան ներկաներուն քիմքերը։ Սրահը լեցուած էր ժպիտներով, երգով, պարով եւ արտասանուած երախտագիտութեան խօսքերով, որոնք կ’արտայայտէին այն միասնական ոգին, որ կը բնորոշէ հայ ընտանիքը ու համայնքը։

Այսպէս, տօնական եւ ջերմ մթնոլորտի մէջ աւարտեցաւ Գոհաբանութեան օրը՝ դարձեալ հաստատելով այն ճշմարտութիւնը, որ երախտագիտութիւնը էական արժէք մըն է, որ կը կապէ սրտերը եւ կը զօրացնէ մեր համերաշխութիւնը։ ֎


Այս թղթակցութիւնը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի նոյեմբեր 2025 (#219) թիւին մէջ:

Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

Արձակագիր, բանաստեղծ, մանկագիր, մանկավարժ. ծնած է Սուրիոյ Գամիշլի քաղաքը։ Հայերէն լեզու եւ գրականութիւն դասաւանդած է զանազան քաղաքներու մէջ ու հրատարակած զանազան գործեր, ներառեալ «Բուրաստան» (2018) մանկական բանաստեղծութիւններու հատորը։ Ներկայիս Թորոնթօ կ՚ապրի, ուր «Թորոնթոհայ» թերթի օգնական խմբագիրն է:

Previous
Previous

Խաչբառ (թիւ #219)

Next
Next

Տէր Տաթեւ աւ․ քհն. Միքայէլեանի քահանայական օծման եւ ծառայութեան 40-ամեակը նշուեցաւ