Հինգ հետաքրքրական փաստ՝ Գանատական Գոհաբանութեան օրուան մասին

Գանատայի տարածքին, ամենէն ժողովրդական տօներէն մէկն է Գոհաբանութեան օրը: Տօնը իր մէջ կը խտացնէ մարդկայնական ազնիւ գաղափարներ եւ բարոյական բարձր արժէքներ, ինչպէս՝ երախտագիտութիւն, երախտապարտութիւն, շնորհակալական զգացում, այլասիրութիւն, հիւրասիրութիւն եւ իրարօգնութիւն:

Ստորեւ կը ներկայացնենք հինգ հետաքրքրական փաստ Գանատական Գոհաբանութեան օրուան մասին:

1. Գանատայի մէջ, Գոհաբանութեան օրը կը զուգադիպի ամէն Հոկտեմբերի երկրորդ երկուշաբթի օրուան:

2. Գոհաբանութեան օրը Գանատայի մէջ պաշտօնապէս սկսած են տօնելու 6 Նոյեմբեր 1879-ին:

Գոհաբանութեան օրուան արարողութիւն՝ Ֆրանսայի Տենենի եկեղեցիի շրջափակին մէջ, ի յիշատակ եւ ի պատիւ Գանատական զօրքերուն, Հոկտեմբեր 1918: (լուսանկարը տրամադրած է Dept. of National Defence/Library and Archives Canada, PA-40239 and PA-40240)

3. Միացեալ Նահանգներուն մէջ Գոհաբանութեան օրը կը նշեն Նոյեմբերի չորրորդ հինգշաբթի օրը: Որովհետեւ Գանատայի մէջ օդը աւելի շուտ կը ցրտէ, մեր բերքահաւաքը աւելի կանուխ կը կատարուի: Այս է պատճառը, որ Հոկտեմբերին (եւ ո՛չ թէ Նոյեմբերին) կը տօնենք Գոհաբանութեան օրը:

Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի դրօշակները՝ կողք-կողքի (լուսանկար՝ Loozrboy-ի/Flickr)

4. Բացի Ատլանտեան նահանգներու Փրինս Էդուարդ այլնտէն, Նուֆընտլենտ եւ Լապրատորէն, Նու պրանսուիքէն եւ Նովա սքոշայէն, Գանատայի մէջ Գոհաբանութեան օրը օրէնսդրական տօն (statutory holiday) է:

(լուսանկար՝ Leo Reynolds-ի/Flickr)

5. 2020 թուականին Գոհաբանութեան օրուան նախօրեակին, Գանատայի ժողովուրդը 2,5 միլիոն ամբողջական հնդկահաւ գնած է (այսինքն՝ տարուան ընթացքին վաճառուած հնդկահաւերու երեսունվեց տոկոսը):

Գոհաբանութեան օրուան աւանդական ճաշատեսակը՝ հնդկահաւը (լուսանկար՝ Nicholas Grande-ի)

«Թորոնթոհայ»-ը սրտանց կը շնորհաւորէ ձեր բոլորին Գոհաբանութեան օրը:

Թորոնթոհայ/Torontohye

Թորոնթոհայ ամսագիրը թորոնթոհայութեան ձայնն է՝ 2005-էն ի վեր/ Torontohye is the voice of Toronto Armenians since 2005.

Previous
Previous

«Այսօրուան հրամայականն է՝ որեւէ ժամանակէ աւելի սփիւռքը հզօրացնել». Բաբգէն Արք. Չարեան

Next
Next

Արիս Պապիկեան կը շնորհաւորէ Քէպէքի երեք նորընտիր հայ երեսփոխանները