Գոյժ. Սերոբ Ղազարեան` պարտաճանաչ եւ հաւատաւոր ընկեր (1931-2023)

Սերոբ Ղազարեան ծնած է 1931-ին դաշնակցական ընտանիքի մը մէջ եւ միացած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան շարքերուն ու ստանձնած կարեւոր պարտականութիւններ: 1958-ին կուսակցութեան որոշումով անցած է Պրազիլ: Շրջան մը այնտեղ ապրելէ ետք, 1967-ին փոխադրուած է Գանատա, ուր հաւատարմօրէն ծառայած է ՀՅԴ «Սողոմոն Թէհլիրեան» կոմիտէութեան, ըլլալով պարտաճանաչ ու հաւատաւոր ընկերներէն մէկը, միշտ ներկայ՝ բոլոր ժողովներուն եւ ձեռնարկներուն անխտիր:

Յանուն ՀՅԴ «Սողոմոն Թէհլիրեան» կոմիտէին եւ շարքային կուսակցական ընկերներուն, նախ եւ առաջ, մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք մեր հանգուցեալ ընկերոջ ընտանեկան պարագաներուն եւ հարազատներուն եւ մեր խորին գնահատանքը կ’արտայայտենք ընկեր Սերոբի կուսակցական վաստակին եւ անվերապահ նուիրումին: Մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք նաեւ մեր բոլոր ընկերներուն ու համակիրներուն, որոնք մօտէն ծանօթացած, յարաբերած ու գործակցած են ընկեր Սերոբին հետ:

Հանգիստ ննջէ՛, սիրելի՛ ընկեր: Թող յիշատակդ անթառամ մնայ միշտ եւ յաւիտեան:

Թորոնթոհայ/Torontohye

Թորոնթոհայ ամսագիրը թորոնթոհայութեան ձայնն է՝ 2005-էն ի վեր/ Torontohye is the voice of Toronto Armenians since 2005.

Previous
Previous

Film review: Ensouled

Next
Next

Babikian hails ‘major victory’ for Scarborough-Agincourt residents