«Լոյսը յոյսն է մեր ազգին». Թամար Տօնապետեան Գուզուեան՝ Համազգայինի «Լոյսով՝ լոյսին» նշանաբանին մասին
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը (Hamazkayin Central) 12 ապրիլ 2024-ին տարածած հաղորդագրութեամբ մը տեղեկացուց, որ միութիւնը արդէն ունի իր նոր նշանաբանը (բնաբան)։
«Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան նոր նշանաբան որդեգրուեցաւ «Լոյսով՝ լոյսին»-ը, տրուած ըլլալով, որ լոյսը բառարանային իմաստով կ'առնչուի կրթութեան եւ գիտութեան հետ», կ’ըսուի հաղորդագրութեան մէջ եւ կը նշուի, որ լոյսը նաեւ կը խորհրդանշէ պայծառամտութիւնը եւ յառաջդիմութիւնը, ան կ’առնչուի քաղաքակրթութեան եւ մշակոյթով առաջնորդուելու դէպի աւելի զարգացած, աւելի մշակուած կրթութիւն եւ մշակոյթ։
Համազգայինի 9-րդ պատգամաւորական ժողովը` գումարուած Երեւան, Մայիս 2022-ին, որոշած էր նորընտիր Կեդրոնական վարչութեան յանձնառութիւն տալ միութիւնը օժտել դրօշակով, նշանաբանով եւ քայլերգով: Այս ծիրէն ներս, երկար քննարկումներէ եւ տարբեր առաջարկներ ստանալէ ետք, Կեդրոնական վարչութիւնը ընտրեց «Լոյսին՝ լոյսով» նշանաբանը։
95-ամեայ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան կանոնագրի առաջին կէտը յստակօրէն կը ճշդէ, որ «Համազգային»-ի նպատակն է «Հայ ժողովուրդի կրթական մակարդակը բարձրացնել հայ լեզուով եւ հայ հոգով»: Միութեան հիմնադիրները՝ Համօ Օհանջանեան, Լեւոն Շանթ, Նիկոլ Աղբալեան, Գասպար Իփէկեան եւ այլք նպատակ ունէին հայ սերունդներուն ջամբել կրթութիւն, պահպանել եւ զարգացնել հայ մշակոյթը, արուեստը, գրականութիւնը եւ հայապահպանութեան ջահը վառ պահել հայ սերունդներուն մէջ։
«Համազգայինի պատմութիւնը կը վկայակոչէ, որ երբ Միութեան հիմնադիրներ Լեւոն Շանթ եւ Նիկոլ Աղբալեան կը վարէին Աղեքսանդրիոյ Պօղոսեան վարժարանը, անոնք ջերմ կողմնակից էին հիմնել բարձրագոյն վարժարանի մը եւ իրենց խնամքին յանձնուած դպրոցը կը տանէին այդ ուղղութեամբ: Այս գծով Լեւոն Շանթ կ’առաջարկէր կազմել «Լոյս» անունով կրթական-մշակութային ընկերութիւնը, որ պիտի պահէր միայն մէկ վարժարան՝ Եգիպտոսի կամ Լիբանանի մէջ: Աւելի ուշ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան կերտումով Նիկոլ Աղբալեան 1919-ին նշանակուեցաւ լուսաւորութեան (կրթութեան) նախարար», կ’ըսուի հաղորդագրութեան մէջ։
Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ թորոնթոհայ Թամար Տօնապետեան Գուզուեան մեկնաբանելով Համազգայինի նոր բնաբանը «Թորոնթոհայ»-ին կը նշէ, որ լոյսին մասին զանազան բնութագրումներ կան. լոյսը գեղեցիկն է, արուեստն է, մաքուրն է, գիտութիւնն է, իմաստութիւնն է, ճշմարտութիւնն է եւ այլն։ Հայ բանաստեղծներէն ոմանք իրենց գրականութեան մէջ խորիմաստ տողեր հիւսած են զանազան անկիւններէ նայելով լոյսին. Ներսէս Շնորհալիի «Առաւօտ լուսոյ»-ն, Դանիէլ Վարուժանի «Լոյսը»-ը, Վահագն Դաւթեանի «Լոյս առաւօտի»-ն, Զահրատի «Լոյս զուարթ»-ը լաւ օրինակներ են, ուր լոյսը թէ՛ մարդկային, թէ՛ հոգեւոր եւ թէ՛ ազգային առումներով կը բացատրուի։
«Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան առաքելութիւնը նկատի առնելով, «Լոյսով՝ լոյսին» բնաբանին մէջ լոյսը կը տեսնեմ իբր պայման կրթութեան եւ մշակոյթի (ներառեալ՝ լեզուն) ջահը փոխանցելու դէպի նոր առաւօտներ մեզ տանող սերունդներուն։ Նոր առաւօտները կ’երաշխաւորուին ստեղծագործութեամբ. իսկ փոխանցումը կ’ենթադրէ յանձնառութիւն։ Մշակոյթ մը, միութիւն մը, առանց փոխանցումի ի վերջոյ կը դադրի ըլլալէ։ Այս դիտանկիւնէն՝ լոյսը յոյսն է մեր ազգին», դիտել կու տայ ընկերուհի Թամարը։ ֎