Պատմական իրադարձութիւն մը թորոնթոհայութեան համար

Շաբաթ, 24 մայիս 2025-ը պատմական եւ անկիւնադարձային օր մըն էր թորոնթոհայ գաղութին համար։ Առաւօտեան ժամը 11-ին, Հայ երիտասարդական կեդրոնի շրջափակէն ներս տեղի ունեցաւ Հայ կեդրոնի ընդլայման եւ հողօրհնէքի արարողութիւնը, ներկայութեամբ` Գանատայի հայոց թեմի առաջնորդ տ․ Բաբգէն արք. Չարեանի, տ․ Յակոբ վրդ․ Եագուպեանի, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Հայց. առաք. եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ տ․ Գարեգին ծվ․ Շխրտմեանի եւ հոգեւոր հովիւ տ․ Տաթեւ աւ․ քհն․ Միքայէլեանի, Գանատահայոց թեմի փոխառաջնորդ եւ Ս. Երրորդութիւն Հայց. առաք. եկեղեցւոյ հոգեւոր Հովիւ տ․ Զարեհ աւ. քհն. Զարգարեանի, Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ պատուելի Զոհրապ Սարգիսեանի, Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Խորէն Տիմիթեանի, «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Գառնիկ Հասըրճեանի, Օնթարիոյի խորհրդարանի անդամ Արիս Պապիկեանի, Օնթարիոյի խորհրդարանի նախկին խօսնակ Տէյվիտ Ուորնըրի, Թորոնթոյի հայ կեդրոնէն ներս գործող միութիւններու ներկայացուցիչներու, անդամներու, համակիրներու եւ հայորդիներու:

ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի շրջանաւարտ եւ Հայ կեդրոնի անդամ Վարդի Մութաֆեան Գլըպօզեանի հրաւէրով սկիզբ առաւ արարողութիւնը։ Դրօշակակիր սկաուտներու եւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբի կատարողութեամբ՝ հնչեցին Գանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի օրհներգները։ Հանդիսավարը բացման խօսքին մէջ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ նշեց, որ Թորոնթոյի Հայ կեդրոնը իր հիմնադրութենէն ի վեր եղած է համայնքին հիմնաքարը եւ մեծ նեդրում ունեցած է համայնքի զաւակներուն կրթութեան, մշակոյթի պահպանման եւ զարգացումին մէջ։ «Թորոնթոհայ համայքը անցեալէն մինչեւ այսօր մեծ յառաջընթաց արձանանգրած է։ Ամէն մէկ նորակառոյց ծրագիր փաստն է աճող մեր կարիքներուն», դիտել տուաւ ան։ Ընկերուհին իր խօսքին մէջ շեշտեց նպատակը ընդլայլումին, որ մեծ օգուտ եւ ծառայութիւն պիտի բերէ երիտասարդութեան, հայ ընտանիքներուն եւ ապագայ սերունդին։ «Ուղեւորութիւն է այս երկամեայ ծրագիրը, որուն յաջողութեան պիտի նպաստեն համայնքին անդամները, բարերարներն ու նուիրատուները» եզրափակեց ան։

լուսանկարները՝ Իշխան Ղազարեանի

Արարողութեան ընթացքին հանդէս եկաւ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Գառնիկ Հասըրճեան, որ նոր շէնքի հիմնարկէքին առիթով իր ուրախութեան եւ երախտագիտութեան զգացումները փոխանցելէ ետք ըսաւ․ «Ձեռնարկը կը զուգադիպի Մայիսեան փառապանծ յաղթանակի՝ 28 մայիսի անկիւնադարձային հանգրուանի տարեդարձին, բայց այս զուգադիպութիւնը այդքան ալ պատահականութիւն չէ: Անցեալ դարու կէսերուն, աշխարհի տարբեր գաղութներէ Թորոնթօ հասած հայերը ունեցան յստակ տեսիլք մը, որ իրենք ջարդուած ժողովուրդի մը զաւակները չեն, այլ` անկախութիւնը կերտող ժողովուրդի մը զաւակները: Ընկ. Հասըրճեան յետադարձ ակնարկով մը ներկայացուց հայ կեդրոնի հիմանդրութեան եւ ընդլայնման հանգրուանները, որոնցմէ նշելով՝ Ս. Աստուածածին Հայաստանեաց առաք. եկեղեցին եւ ՀՕՄ-ի վարժարանը՝ իր մանկամսուրով, մանկապարտէզով, նախակրթարանով եւ երկրորդական դասարաններով, «Նոր հայ հորիզոն» հեռուստակայանը եւ «Թորոնթոհայ» ամսաթերթը։

Հասըրճեան շարունակելով՝ ըսաւ․ «2011-ին թորոնթոհայ գաղութը դարձեալ ունեցաւ վերանորոգուած ու ընդլայնուած շքեղ կեդրոն մը. հետաքրքրական է այն իրողութիւնը, որ 28 մայիս 2011-ին բարեզարդուած Հայ կեդրոնի բացման օրը, շրջանիս հերթապահը իր խօսքին մէջ խոստացած էր, որ այս միայն սկիզբն է Թորոնթոյի հայ կեդրոնի ծառայական դաշտի ընդարձակման։ Եւ ահա այսօր, 14 տարի ետք, տրուած խոստումին իրագործումն ու ապագային մեր նուիրուածութեան վերահաստատումն է ընդլայլումի այս արարողութիւնը»: Ան իր խօսքի աւարտին շնորհակալական եւ երախտագիտական խօսք ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք նիւթական եւ բարոյական աջակցութեամբ նեցուկ կը կանգնին հայ գաղութի բագաւաճման։ «Այսօր, երբ հիմը կը դնենք նորակառոյց շէնքի մը, եկէք նշենք ոչ միայն մեր կառոյցներու ֆիզիքական ընդլայնումը, այլ նաեւ մեր համայնքային կապերու ամրապնդումը: Եկէ՛ք բոլորս ակնկալենք ապագայ մը, երբ Հայ կեդրոնի ներկայի եւ նոր կառուցուելիք շէնքերու պատերը պիտի թնդան մանուկներու, պատանիներու եւ երեխաներու ձայներով, որպէսզի անոնք շարունակեն ըլլալ մշակոյթի, կրթութեան եւ միասնութեան փարոս։ Առ այդ, միասին կը կառուցենք ոչ միայն շէնքեր, այլ`ժառանգութիւն, ուրեմն վերանորոգուած ուխտով եւ բազմապատկուած եռանդով միշտ դէպի յառաջ», իր խօսքը եզրափակեց «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէի ներկայացուցիչը։

Գեղարուեստական ելոյթներով հանդէս եկան ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի «Արամ Խաչատուրեան» աշակերտական նուագախումբը՝ խմբավարութեամբ Սուրէն Ամիրխանեանի, եւ Համազգայինի «Էրեբունի» պարախումբը՝ ղեկավարութեամբ Նելլի Կարապետեանի։

Բեմ հրաւիրուեցաւ Շինարարական յանձնախումբի ներկայացուցիչ Մայք Գազարեան։ Ան սահիկներու միջոցով մանրամասնութիւններ ներկայացուց մինչեւ 2027 թուականը տեղի ունենալիք շինարութեան ծրագրէն, որ կը կազմէ 17 000 քմ. տարածք մը, երկյարկանի բաժանմունքով, ներկայի շէնքի արեւելեան եւ հիւսիսային կողմերով։ Ան յայտնեց, թէ շէնքը պիտի ընդգրկէ վարժանքի սրահներ, գիտաշխատանոց, ճաշասրահ՝ իր խոհանոցով, տարբեր սրահներ, որոնք պիտի կառուցուին արդիականցուած միջոցներով եւ սարքաւորումներով։ Գազարեան յայտնեց, թէ Շինարարական յանձնախումբը կրցած է կապ հաստատել JLL ընկերութեան հետ, որ մեծ ներդրում պիտի ունենայ ամէնօրեայ շինարարական աշխատանքին եւ նիւթական ծրագրին հսկելու։ Ան տեղեկացուց, թէ ծրագրային աշխատանքները իրենց լրումին պիտի հասնին յունիս 2025-ին, իսկ շինարարական աշխատանքները պիտի սկսին օգոստոս 2025-ին, որուն համար կանխատեսուած ժամանակամիջոցը պիտի ըլլայ 12-15 ամիս՝ հասնելով մինչեւ 2026-ի վերջերը։ Գազարեան եզրափակելով իր խօսքը ըսաւ. «Այս ընդլայլումը առաւել հանգստութիւն, անվտանգութիւն եւ ապահովութիւն պիտի պարգեւէ ապագայ սերունդին։ Յանձնախումբիս անունով կը հաստատեմ, որ ամէն աշխատանք ի գործ պիտի դնենք՝ յաջողութեան հասցնելու այս ծրագիրը»:

Հանգանակային արշաւի մանրամասնութիւնները փոխանցեց յանձնախումբի ատենապետ Ռազմիկ Թիթիզեան, որ նախ ողջունեց ներկաները, ապա երախտագիտական խօսքով գնահատեց Հանգանակային յանձնախումբի անդամները, որոնք հմուտ եւ մասնագիտական կարծիքներով առաջ կը տանին յանձնախումբին աշխատանքները։ Ան՝ մանրամասնօրէն եւ սահիկներու ցուցադրութեամբ՝ ներկայացուց Հանգանակային յանձնախումբին աշխատանքները՝ տեղեկացնելով, որ 2017-ին գանատահայ աշխուժ ընկերներ՝ օգտուելով կառավարութեան կողմէ հիմնուած Investing in Canada Infrastructure Program-ի բարիքներէն, ապահովեցին 3,15 միլիոն տոլար (դաշնակցային կառավարութենէն 1 720 400 տոլար, նահանգայինէն 1 433 000 տոլար) դրամաշնորհ մը։

Թիթիզեան յայտնեց, որ այս բոլոր գումարները կրցանք ապահովել, որովհետեւ կառավարութիւնը սերտեց եւ հաւատք ունեցաւ այդ հզօր աշխատանքին, զոր պիտի կատարենք» եւ աւելցուց, որ տակաւին կարիքը կայ բարերարներու, որոնք կրնան իրենց մէկ լումայով օգտակար ըլլալ սոյն ծրագրին յաջողութեան։ Ան պատեհ առիթէն օգտուելով յայտարարեց, թէ փափաքողներ կրնան կատարել իրենց նուիրատութիւնները սեղաններու շուրջ կանգնած կամաւոր երիտասարդներուն մօտ, կամ առցանց:

Սրբազան հայրը հիմնադիր սերունդի ննջեցեալներուն հոգիներուն խաղաղութիւն մաղթեց, իսկ գործող եւ ծառայող մարդոց, որոնք նեցուկ են ներկայ նորահաս երիտասարդութեան, ուժ, կորով եւ առողջութիւն։ Ան վերագնահատեց նորահաս սերունդը, որոնք նոյն թափով, նուիրումով, ծառայութեամբ եւ ոգիով կը շարունակեն անցեալի սերունդին աշխատանքը եւ հիացմունքի ու գովասանքի խօսքեր ուղեց Շինարարական եւ Հանգանակային մասնագիտական զոյգ յանձնախումբերուն, որոնք որպէս հարազատ որդիներ այս կեդրոնին, եկած են օժանդակելու այս նուիրական աշխատանքին։ Սրբազան հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց նուիրատուներուն եւ բարերարներուն, ինչպէս նաեւ՝ կոչ ուղղեց բոլորին, իրենց նիւթական աջակցութիւնը բերելով՝ մաս կազմելու այս հայապահպանման ծրագրին։

Աւարտին, Սրբազան հօր ներկայութեամբ, բեմ հրաւիրուեցան հոգեւոր հայրերը, ինչպէս նաեւ ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի տնօրէն Րաֆֆի Սարգիսեան, Կրթական մարմինի ատենապետ Վազրիկ Շարապխանեան, Հայ կեդրոնի խնամակալ մարմինի ատենապետ Արտա Շահինեան, ACC Beyond-ի ատենապետ Ռազմիկ Թիթիզեան, Շինարարական վերկահսկիչ յանձնախումբի ատենապետ Գրիգոր Շիթիլեան, ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի եւ ՀՅԴ Գանատայի պատանեկան միութեան «Քրիստափոր» եւ «Ռոստոմ» մասնաճիւղերու անդամներ՝ Արազ Քարշաֆեան եւ Անապէլ Աթամեր եւ տեղի ունեցաւ հիմնարկէքի արարողութիւնն ու հողօրհնէքը, որ եզրափակուեցաւ տէրունական աղօթքով։

Աւարտին, ներկաները օրուան խորհուրդը կրող, տպագրուած բահերու գունազարդուած գոյքերով, խմբանկարներ նկարուեցան՝ իրենց յիշողութեան մէջ անմահացնելու աննախադէպ եւ յիշարժան այս արարողութիւնը։ ֎

***

Այս թղթակցութիւնը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի յունիս 2025 (#214) թիւին մէջ:

Previous
Previous

A sacred legacy in stone

Next
Next

Խաչբառ (թիւ #214)