Պապիկեան նշանակուեցաւ Քաղաքացիութեան եւ բազմամշակութայնութեան նախարարին խորհրդարանական օգնական
«ԹՈՐՈՆԹՈՀԱՅ»–Օնթարիոյի նահանգային խորհրդարանի անդամ, Յառաջդիմական պահպանողական կուսակցութեան Սքարպորօ-Էյեճընթքորթի շրջանի (Ontario PC Party) ներկայացուցիչ՝ թորոնթոհայ Արիս Պապիկեան (Aris Babikian) նահանգապետ Տակ Ֆորտի (FordNation) կողմէ վերջերս նշանակուեցաւ Քաղաքացիութեան եւ բազմամշակութայնութեան նախարարի խորհրդարանական օգնական:
«Մեծ պատիւ է ինծի համար եւ երախտապարտ եմ այս նշանակումով։ Կ՚ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել նահանգապետ Ֆորտին, իր վստահութեան եւ առաջնորդութեան համար, որ ծառայելու այս առիթը տուած է ինծի», Պապիկեան ըսած է 7 ապրիլին հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ:
Նոր նշանակումը կու գայ Յառաջդիմական պահպանողական կուսակցութեան յաղթանակէն ետք, երբ՝ նահանգապետ Տակ Ֆորտի ղեկավարութեամբ, կուսակցութիւնը յաջողեցաւ պահպանել մեծամասնութիւն Նահանգային խորհրդարանին մէջ: Պապիկեան պատմական յաղթանակ մը արձանագրեց՝ երրորդ անգամ ընտրուելով Սքարպորօ-Էյեճընթքորթի շրջանի երեսփոխան, 27 փետրուարի նահանգային ընտրութիւններուն:
«Տարիներ շարունակ նուիրուած եղած եմ՝ Օնթարիօն այդքան կենսունակ դարձնող բազմազան համայնքներու շահերը պաշտպանելու գործին, եւ այս նոր դերը ինծի թոյլ կու տայ աւելի ուժեղացնել այդ ձայները: Անհամբեր եմ նախարար Կրահամ ՄաքԿրեկորի հետ աշխատելու եւ շարունակելու մեր միասնական առաքելութիւնը՝ ամրապնդելով Օնթարիոյի բազմամշակութային ընկերութիւնը եւ բոլորին համար հաւասար հնարաւորութիւններ ապահովելով», ըսաւ Պապիկեան:
Նախընտրական արշաւի ընթացքին, Պապիկեան յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած էր առողջապահութեան, հանրային փոխադրամիջոցներու եւ համայնքային ծառայութիւններու բարելաւման: Ան խոստացած էր շարունակել իր ջանքերը կեցաղային ծախսերու թեթեւացման եւ ենթակառուցուածքներու բարելաւման ուղղութեամբ:
Երեսփոխան Պապիկեանի ընտրապայքարը ստացաւ զօրակցութիւնը Թորոնթոյի Հայ դատի յանձնախումբին, Թորոնթոյի Ս․ Աստուածածին եւ Ս․ Երրորդութիւն Հայց․ առաքելական եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւներուն եւ հոգաբարձուներուն, ինչպէս նաեւ համայնքային այլ կազմակերպութիւններու:
2018-էն ի վեր, Պապիկեան կարեւոր դեր խաղցած է իր ընտրատարածքին համար՝ զանազան ծրագիրներու ֆինանսաւորում ապահովելու գործին մէջ: Ան օգնած է ստանալու ֆինանսաւորում Պրայտըլթաուն թաղամասի կեդրոնին համար, ընդլայնած է GO Train գնացքի ծառայութիւնները եւ պաշտպանած է Սքարպորօ առողջապահական ցանցի հիւանդանոցներու վերակառուցման ծրագիրները: Անոր ջանքերը կեդրոնացած են նաեւ ընտանիքներու ծախսերը նուազեցնելու վրայ՝ աջակցելով ինքնաշարժներու վառելանիւթի հարկի կրճատման, ինքնաշարժներու համարանիշերու կպչուկի վճարներու վերացման եւ One Fare ծրագիրի ընդլայնման նախաձեռնութիւններուն, որոնք հանրակառքի ուղեւորներուն կ՚ապահովեն տարեկան մինչեւ հազար վեց հարիւր տոլարի խնայողութիւն:
Նոր դերին մէջ, Պապիկեան պիտի աշխատի նախարար ՄաքԿրեկորի հետ՝ իրականացնելու կառավարութեան բազմամշակութային քաղաքականութիւնները եւ նախաձեռնութիւնները: