«Դէպի նոր Մայիս 28, դէպի նոր Սարդարապատ»
Կիրակի, 26 մայիսին, Հայաստանի անկախութեան 106-ամեակին առիթով, թորոնթոհայութիւնը խմբուած էր Թորոնթոյի հայ կեդրոնին առջեւ՝ տօնելու Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան անկախութիւնը եւ միաժամանակ զօրակցութիւն յայտնելու «Սրբազան պայքար»-ին:
Արդարեւ, Սուրբ Աստուածածին հայց. առաք. եկեղեցւոյ մէջ եռագոյնը օրհնուեցաւ , որուն յաջորդեց ՝ Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան (ՀՄԸՄ) Թորոնթոյի սկաուտներուն եւ փողերախումբին տողանցքը, ապա՝ դրօշակի արարողութիւնը: Ծածանող դրօշակին ներքոյ սկսաւ յայտագիրը:
Խօսք առաւ մասնաճիւղի խմբապետ Տարօն Տէրտէրեանը, որ հակիրճ անդրադարձ մը կատարեց հայրենիքի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութեանց, շնորհաւորեց բոլորը անկախութեան տօնին եւ ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան զոյգ առիթներով:
Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ) «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէին խօսքը փոխանցեց Բալիկ Ճապախջուրեանը: Ան իր խօսքին մէջ դիտել տուաւ, որ կը նշենք Հայաստանի անկախութեան 106-րդ տարեդարձը, ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 106-ամեակը, ինչպէս նաեւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան հիմնադրութեան 96-ամեակը:
Կարեւորելով ՀՄԸՄ-ի եւ Համազգայինի պատմական նշանակութիւնն ու դերակատարութիւնը սփիւռքի պատմութեան մէջ ան ըսաւ․ «Մեծ է ու գերգնահատելի՝ 106-ամեայ ՀՄԸՄ-ին ունեցած դերակատարութիւնը` ոչ միայն սկաուտական եւ մարմնակրթութեան կռուան ըլլալու ծիրէն ներս, այլ նաեւ՝ 106 տարի շարունակ հայապահպանումի եւ հայ անհատի ֆիզիքական եւ բարոյական դաստիարակութիւն ջամբելու, եռագոյն դրօշն ու հայրենիքի սէրը եւ ամէն գնով ազգային դիմագիծն ու ինքնութիւնը պահպանելու իրերայաջորդ սերունդներուն հոգիներուն մէջ: Իսկ սփիւռքի մէջ, Համազգայինի առաքելութիւնը հայակերտման բնագաւառէն ներս կարելի չէ բառերով բացատրել: Վարժարաններ, հիմնարկներ, պարախումբեր, երգչախումբեր, թատերախումբեր, երաժշտանոցներ եւ այլ բազմաբնոյթ ծրագիրներ 96 տարի շարունակ վարելն ու արդիականացնելը միայն զոհողութիւն կ’ենթադրէ: Արդ, յուզումնախառն եւ հպարտալի երեւոյթ է տօնել մեր պետականութեան եւ այս երկու հսկայ կազմակերպութիւններու տարեդարձները, թէկուզ ծանրագոյն պայմաններու մէջ»:
Անդրադառնալով ներկայ ճակատագրական իրավիճակին եւ այսօրուան իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութեան ան նշեց, որ 106 տարի առաջ արիւնով ձեռք բերուած պետականութիւնը, այսօր գոյութենական սպառնալիքի տակ է: Իսկ հայու արեամբ ազատագրուած Արցախը՝ յանձնուած է թշնամիին, հայրենատիրութիւն կատարելու անկարող, քաղաքականապէս բոպիկ, ապազգային իշխանութեանց կողմէ: Սիւնիքէն ետք՝ Տաւուշը ցանկին վրայ յաջորդն էր: Եւ այդ ցանկը երկար կը թուի ըլլալ:
«Մինչ 1918-ի մայիսեան հերոսամարտերը եւ առաջին հանրապետութեան օրերու Լեռնահայաստանի ինքնապաշտպանութիւնը կասեցուցին եւ ձախողցուցին փանքթրքական դարերու ծրագիրը․ Թուրքիա-Նախիջեւան-Սիւնիք-Ազրպէյճան-Կեդրոնական Ասիա ցամաքային կապի իրականացումը, հայրենի այսօրուան մանկլաւիկներու իշխանութեան գլուխ գալը ամենէն յարմար առիթն էր այս ծրագիրը վերակենդանացնելու: Արցախը Ազրպէյճանին յանձնելու Երեւանի իշխանութեանց արկածախնդրութիւնը՝ սպառնալիք ստե՛ծեց Տաւուշին եւ Սիւնիքին», ըսաւ ընկերուհին:
Բանախօսը անդրադառնալով հայրենիքի մէջ սկիզբ առած Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժմանը նշեց, որ այսօր, Հայաստանի Հանրապետութեան հրապարակէն յայտարարուեցաւ Բագրատ Սրբազանի անունը՝ որպէս վարչապետի թեկնածու: Յաջորդող քանի մը օրերը ճակատագրական պիտի ըլլան հայրենիքին համար, սակայն, մտահոգ ըլլալով հանդերձ, հայ ազգը լիայոյս է։ Ան դիտել տուաւ, որ ճգնաժամային այս վիճակը եւ ճգնաժամային պայմաններու յաղթահարումը հաւաքական ճիգ կը պահանջէ: Եւ այս հրամայականէն մեկնած է, որ սկսաւ «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» սրբազան շարժումը, որ կասեցնէ այս վայրէջքը. «Սիրելինե՛ր, Հայաստանի անկախութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը եւ իքնիշխանութիւնը վտանգուած են: Երկրին ու պետութեան գլխաւոր երաշխաւորը` բանակը, որուն հիմերը կ՚երկարին մինչեւ առաջին հանրապետութեան օրերը, իրողապէս թողլքուած է: Արցախի պաշտպանութեան հարցը դուրս մնացած է քաղաքական օրակարգէն…
«Հայրենիք ու անկախ պետականութիւն ունենալու մեր իրաւունքին տէր դարձած ենք պայքարով եւ մեր նուաճածը պիտի պահենք նոյնպէս վճռական պայքարով ու աներեր:Կը մնայ, որ մտահան չընենք պատգամը, թէ մինակ ենք, ուրեմն նաեւ` միասնական, բռնցքուած: 28 մայիս 1918-ին անկարելին դարձաւ կարելի: 28 մայիս 1918-ին հրաշք էր որ կատարուեցաւ: 28 մայիս 2024-ի հրաշքը կը սպասենք: Եւ հրաշքը կը կատարուի, երբ հաւատացող կայ: Հրաշք կը կատարուի, երբ միասնականութիւն կայ: Ուրեմն թող 28 մայիս 2024-ին դարձեալ անկարելին դառնայ կարելի: Կը կարծեմ, որ արդէն այդ ուղիին վրայ ենք՝ սրբազան պայքարով: Օ՛ն բոլորս դէպի «վարդահեղեղ արշալոյս», «զանգեր ղօղանջէ՛ք»» ըսելով, իր խօսքը եզրափակեց ընկերուհին:
Եկեղեցի զանգերու ղօղանջին հետ մէկտեղ փողերախումբը նուագեց «Սարդարապատ»-ը, որուն ընկերակցեցաւ բազմութիւնը՝ երգով:
Խօսք առաւ հայր Վարդան ծվ․ Թաշճեանը: Ան կարեւորեց եկեղեցւոյ դերը մեր ազգային կեանքին մէջ, վեր առաւ բարոյական արժէքներն ու ազգերու իրենց իրաւունքներու ազատ կամքի դրսեւորումը :
Յայտագիրը փակուեցաւ «Կիլիկիա» երգի երգեցողութեամբ: ֎