Տերեւաթափ. Յակոբ Աթիկեան (1938-2024)
ՀՅԴ Թորոնթոյի «Սողոմոն Թէհլիրեան» կոմիտէութեան անունով մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք մեր սիրելի ընկերոջ՝ Յակոբ Աթիկեանի մահուան տխուր առթիւ՝ իր ընտանիքին, հարազատերուն, ընկերներուն և բարեկամներուն։
Ան ծնած է Երուսաղէմ։ Բնակութիւն հաստատած են Հայկական թաղամասը։ Զաւակն է քեսապցի և այնթապցի վերապրողներու։ Յաճախած է Հայոց Սրբոց թարգմանչաց վարժարանը իր քոյրերուն եւ եղբայրներուն հետ։
Առաջին օրէն բացայայտ էր, որ ուշիմ, նկատուող եւ պատասխանատու պատանի է։ Ամառները կ՚աշխատէր զանազան տեղեր եւ փորձառութիւն ձեռք կը ձգէր։ Բնաւորութեամբ հաշտարար, պարտականութեան տէր, առաջնորդ եւ ջերմ էր։ Զարմանալի չէ, որ ՀՄԸՄ-ի գայլիկներու պատասխանատու, ապա սկաուտներու խմբապետ եղած է։ Երբ որ ձեռնարկի կամ միջոցառումի մը պատասխանատուն բացակայէր կամ հրաժարէր, անմիջապէս Երուսաղէմի մեծերը կը դիմէին իրեն եւ ինք գլուխ կը հանէր այդ գործը։ Շատ լաւ մարզիկ էր եւ արժանացած էր մետալներու։
Երուսաղէմի պարախումբին մէջ էր։ Յորդանանի Folkloric Festival-ազգային պարերու փառատօնին, Յորդանանի Հիւսէյն թագաւորի հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ՝ պարախումբը հրաւիրուեցաւ Ճարաշ, ուր ներկայացուց հայկական ազգագրական պարերը։ Թուականը յուլիս 1958 էր։ Յակոբը 20 տարեկան էր։ Պատմական այս բացօդեայ վայրը լեցուն էր քաղաքական եւ մշակութային անձնաւորութիւններով։ Աւելի քան հազար հինգ հարիւր ներկաները մեծապէս տպաւորուեց։ Յաջորդիւ պարախումբը իր մասնակցութեամբ՝ Հայ կարմիր խաչի, այսինքն՝ ինչպէս մեր օրերու ՀՕՄ-ի, զանազան ձեռնարկները ճոխացուց։
1965-ին եղբօրը՝ Գէորգին հետ գաղթեց Գանատա։ Այդ օրերուն թորոնթոհայ գաղութը փոքր էր։ Մեր Տիւբոնի կեդրոնը միայն ծրագրի մէջ էր։ Անմիջապէս Հայ երիտասարդական դաշնակցութեան (ներկայիս ՀՅԴ-ԳԵՄ-ը) անդամագրուեցաւ։ 31 դեկտեմբեր 1967-ին կեդրոնի պաշտօնական բացումը եղաւ։ Թորոնթոհայութիւնը նոր տարին դիմաւորեց 18 Տիւբոնի կեդրոնին մէջ։ 1968-էն 1969-ը Երիտասարդացի ատենապետն էր։ Իր տարեշրջանին, պարախումբ կազմուեցաւ, փորձերը կեդրոնը եղան, բայց ան փոքր ըլլալով՝ թատերասրահի հնարաւորութիւնները չունէր։ Անվախօրէն վարձեցին Ճափոնական մշակութային կեդրոնի թատերասրահը (Japanese Cultural Centre)։ 384 աթոռները գրաւուած էին, թորոնթոհայութիւնը ծարաւը ունէր մշակոյթի այս տեսակ խանդավառ ձեռնարկի մը։ Սրահը թնդացուցին։
Իր տարեշրջանին նաեւ դաստիարակչական նիւթերուն մէջ դրաւ զանազան ասպարէզներու մասին տեղեկութիւններ՝ հրաւիրելով յաջող մասնագէտներ։ Անդամներուն մեծամասնութիւնը աշակերտներ էին կամ՝ նոր գործի անցած սկսնակներ։ Այսպէսով՝ անոնք առիթը կ՚ունենային իրենց ուղղութիւնները զատելու կամ՝ հետեւելու։
Իր հաշտարար բնաւորութեամբ բոլոր հեռացածներուն կամ բախման մէջ եղողներուն հարցերը կը լուծէր եւ ետ կը բերէր, որպէսզի շարունակեն իրենց գործունէութիւնը։ Շատ կ՚ուզէր, որ բոլորը ուրախ ըլլան եւ ձեռնարկները յաջողին։
Երբ հանդիպեցաւ իր կնոջ Արշոյին, առաջին օրէն սիրահարուեցաւ եւ իր սէրը երբեք չթուլցաւ։ Արշօն ալ իր կարգին, իսկական կողակից եղաւ։ Ուս-ուսի, քով-քովի աշխատեցան տարիներ, տուն եւ ընտանիք կազմեցին։ Գիտէ՞ք՝ իրենց տունը կեդրոնին ամենէն մօտ տունն է։ Որպէս ոսկերիչ՝ յատուկ ստեղծագործ միտք մը ունէր։ Երբեք փախուստ չէր տար գործէն։ Գիշերը եւ ցերեկը իրարու կը խառնէր եւ գործը ժամանակին կը հասցնէր։
Երկար տարիներ ծառայեց Սուրբ Աստուածածին հայց․ առաքելական եկեղեցիին զանազան պաշտօններով, որպէս ծխական խորհուրդի անդամ, հոգաբարձու։ Ինչ որ ալ ըլլար իր պաշտօնը, ծառայելու իր բնազդը երբեք չտկարացաւ։ Տարեկան դաշտագնացութիւններուն (picnic) ճաշերու սպասարկութիւնը կ’ընէր։ Համեստ էր եւ հասնող։
Երկար տարիներ Համազգայինի «Քնար» երգչախումբին մաս կազմեց իր կնոջ՝ Արշոյին հետ։ Հայ երգը եւ պարը պահպանելու եւ առաջ մղելու մարմաջը միշտ վառ էր իր մօտ։
Հայ կեդրոնը մեր փոքրիկ Հայաստանն է։ 18 Տիւբոնի եւ 45 Հալքրաունի կեդրոններուն մէջ տարբեր փառատօններ ունեցած ենք։ Տիւբոնի վրայ Գարավանը, իսկ Հալքրաունի վրայ Ամառնային փառատօնը (Summer Festival), երկուքին ալ զինք նշանակած ենք որպէս քաղաքապետ Mayor, որովհետև գիտէինք, որ այդ պարտականութիւնը ճկունութեամբ պիտի տանի։ Մեր դեսպանը եւ մեր հիւպատոսն էր։
Ընտանիքին սիւնը էր, կ՚ուզէր ցաւերը թեթեւցնել, զօրաւոր էր և միեւնոյն ժամանակ զգայուն։ Ընտանեկան եւ ընկերային հաւաքոյթները կը ճոխացնէր՝ ուրախ մթնոլորտ մը ստեղծելով, մէկուն երգեցնել կու տար, միւսին՝ արտասանութիւն կամ զուարճախօսութիւն։ Այդ հաւաքոյթը կ՚ըլլար յիշատակելի։
Շնորհակալ ենք իր աղջիկներուն՝ Լիսային եւ Վիքիին, որոնք վերջին ժամանակները իր խնամքին լաւ հետեւեցան։ Իր ընտանիքի բոլոր անդամները շատ կը սիրէր, նամանաւանդ իր աղջիկներուն եւ թոռնիկներուն հանդէպ իր սէրը անսահման էր։
Սիրելի՛ ընկեր Յակոբ, շնորհակալ ենք որ ազգային, կուսակցական, եկեղեցական, ՀՄԸՄ-ական և մշակութային պարտականութիւններդ լի ու լի կատարեցիր համոզումով և ուրախութեամբ։
Հիմա միացար ծնողքիդ, եղբայրներուդ, քոյրիկներուդ եւ քրոջ դուստրին։ Հայրդ մեր Տիւբոնի կեդրոնի հայրիկն էր, քոյրդ՝ Սիրարփին, ՀՕՄ-ուհի։ Երկուքէն ալ քաղցր յիշատակներ ունինք։
Այլեւս ցաւեր չունիս, այլ՝ խաղաղութիւն եւ սրտի անդորութիւն։ Հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի՛ ընկեր Յակոբ Աթիկեան։֎