Վերապրելու անկոտրում կամքը. Ճորճթաունի որբերուն կտակը եւ մերօրեայ ուխտը
ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի տեսչարանի պատին կախուած է 1923 թուականին լուսանկարուած խմբային պատկեր մը՝ Ցեղասպանութենէն վերապրած այն առաջին յիսուն հայ որբերուն, որոնք Գանատայի հայանպաստ ընկերութեան (Armenian Relief Association) ջանքերուն շնորհիւ հաստատուեցան Օնթարիոյի Ճորճթաուն քաղաքին մէջ, որոնց այսօր մենք բոլորս կը ճանչնանք որպէս` «Ճորճթաուն պոյզ»:
Նկարը ինծի նուիրած էր «Ճորճթաուն պոյ»-երէն մին, շատերուս ծանօթ՝ ընկեր Գուրգէն Մակարեանը: Այս տղոցմէ միակն էր ընկեր Գուրգէնը, որուն ես անձամբ կը ճանչնայի: Բախտաւոր էի իրեն հետ մօտէն ծանօթանալու՝ ընտանեկան մեր հաւաքներուն եւ Հայ կեդրոնէն ներս տեղի ունեցած ձեռնարկներուն ընդմէջէն: Ան երեք տարեկանին ցեղասպանութեան արհաւիրքներէն վերապրած, ինը տարեկանին իր մօրմէն բաժնուած արդէն կը հասնի Գանատա քառասունինը այլ որբերու հետ, բոլորը պատկերուած այս նկարին մէջ: 1934-ին, Գարեգին Նժդեհ, Գանատայի հարաւային Օնթարիոյի Սէնթ Քաթրինզ քաղաքին մէջ երբ հիմնեց Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան (ՀԵԴ) առաջին գանատական մասնաճիւղը, ընկեր Գուրգէնը եղաւ առաջին անդամներէն եւ կնքուեցաւ ցեղակրօն՝ Նժդեհի իսկ ձեռքով: Ընկեր Գուրգէնը յետագային եղաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ) Թորոնթոյի կոմիտէութեան հիմնադիրներէն մէկը:
Այս որբերուն, թէեւ վերապրած, ճակատագիրը կրնանք համարել մահէն աւելի վատ: Անոնք ականատես եղան եւ ապրեցան անմարդկային չարչարանքներ, տեսան մահը իր ամենէն վայրագ կերպարով, բռնաբարութիւններ, ստրկութիւն եւ ստիպողական թրքացումի վայրագութիւնները, որոնք անմիջական մահէն աւելի վատ էին, որովհետեւ այս փոքր տարիքէն անոնց գալիք օրերուն պիտի միշտ ներկայ ըլլային այդ ահաւոր պատկերները․ ահաւասիկ ճակատագիր մը մահէն աւելի վատ:
Ճորճթաունի որբանոց-ագարակատունը օտարութեան մէջ էր ու ծրագրին նպատակներէն մէկը բերուած որբերը գանատական կեանքին ձուլել էր. այս բոլորով հանդերձ, փրկուած որբերով կազմուեցաւ Գանատայի առաջին հայ վարժարանը հոգատար, բարերար եւ առաջին հայ ուսուցիչին՝ Արիս Ալեքսանեանի շնորհիւ, որուն ուսերուն էր որբերուն առողջ եւ հայ պահելու ծանր պարտականութիւնը:
Պատկերացուցէ՛ք. 1920 թուականին Գանատական կառավարութիւնը օրէնք անցուցած էր, որ բոլոր Գանատայի բնիկ փոքրիկները, 7-15 տարեկան, պարտադրաբար պէտք էր յաճախէին Residential School-ներ, որոնց նպատակն էր բռնի եւ վայրագ կերպով ձուլել զանոնք։, Սակայն հայ բարերարները եւ տղոց հոգատար եւ հսկող Արիս Ալեքսանեանն ու Լեւոն Պապայեանը կրցան ապահովել Ճորճթաունի որբերուն հայեցի դաստիարակութիւնը, որուն շնորհիւ տղաքը ոչ միայն սորվեցան հայերէն, այլեւ 1926-1929 թուականներուն հրատարակեցին Գանատայի առաջին երկլեզու՝ հայերէն եւ անգլերէն ամսաթերթը՝ «Արարատ» անունով։ Անոր էջերուն մէջ կը կարդանք՝ ինչպէ՞ս տղաքը կը տօնէին ազգային եւ կրօնական տօները, օրինակ՝ Սուրբ Վարդանանցն ու Հայաստանի անկախութիւնը եւ կ’ոգեկոչէին Հայկական ցեղասպանութիւնը: Տղաքը յաճախ իրենց ծննդավայրն ալ կը յիշէին իրենց գրած յօդուածներու վերջաւորութեան դրուած ստորագրութեամբ, յիշատակութեան եւ պահանջատիրութեան որպէս միջոց:
Կ’ուզեմ մէջբերել երկու խօսքեր հրատարակուած ապրիլ 1926-ին, ճիշտ մէկ դար առաջ, առնուած «Արարատ» ամսաթերթի Հայկական ցեղասպանութեան 11-ամեակին նուիրուած թիւէն, գրուած ցեղասպանութենէն վերապրած տասներեք տարեկան Ճորճթաունի որբերուն կողմէ, իսկ երկրորդը՝ արտասանուած Արիս Ալէքսանեանի կողմէ ագարակատան մէջ տեղի ունեցած ոգեկոչման ձեռնարկին ժամանակ:
«Այսօր, մեծ եղեռնի տասնմէկամեայ տարեդարձին առթիւ, կու գամ խոնարհելու ձեր սուրբ յիշատակին առջեւ, ո՜վ դիւցազն նահատակներն իմ պաշտելի ցեղիս: Դուք մարտնչեցաք բռնութեան դէմ: Ձեր հանճարով եւ ձեր բազուկներով հրաւէր կարդացիք բիրտ ուժին, անտեսեցիք մահուան արհաւիրքը, պատնէշին վրայ մնացիք մինչեւ վերջ եւ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ նուիրական սեղանին առջեւ ձեր գերագոյն ԶՈՀԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆ ըրիք, որպէսզի ձեր մահով ԳԱՂԱՓԱՐԸ յաղթանակէ, ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆԸ իշխէ եւ ցեղին ԳՈՅՈՒԹԻՒՆԸ յաւերժանայ: Այսօր ձեր անթաղ ոսկորներուն վրայ թէեւ արեւը կը ծիծաղի, լուսինը կը քրքջայ եւ աստղերը պոռնկօրէն կը պարեն, եւ սակայն անոնք կը նսեմանան ձեր առջեւ, որովհետեւ ձեր ԳԱՂԱՓԱՐԸ արեւէն ա՜լ աւելի մեծ է, լուսինէն ա՜լ աւելի վսեմ է, եւ աստղերէն ա՜լ աւելի հսկայ է: Ան մարմին առած է այժմ Արարատի նուիրական քղանցքին վրայ, այսօր ՄԱՆՈՒԿ թէեւ, բայց վաղը ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ եւ հուժկու: Հանգիստ ձեզի, ո՜վ անձնուրաց նահատակներն իմ մարտիրոս ցեղին: Երկնային երանութեան մէջ հանգչեցէ՛ք այլեւս, որովհետեւ ես, իմ եղբայրս որբ, եւ իմ քոյրս հալածուած, Մեծ Բագինը կը շինենք, ուր Արդարութեան եւ վրէժի անմահ սեղանին առջեւ ողջակէզներ պիտի բերենք անհամար: Ու անգա՛մ մըն ալ, անգա՛մ մըն ալ, թոյլ պիտի չտանք որ ագռաւները սաւառնին, անգղերը թեւաթափեն եւ թշնամիները թքնեն հսկայ Մասիսի կնճռոտ ճակտին վրայ»:
Իսկ Արիս Ալէքսանեան արտասանեց հետեւեալ խօսքը.
«Հայը պիտի չմեռնի եւ Հայաստան պիտի յաւերժանայ, քանի հայորդին գիտէ յարգել յիշատակը մեր սուրբ նահատակներուն, որոնք ինկան ԶՈՀԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆ եւ ԳԱՂԱՓԱՐԻ ճամբուն վրայ: «Դուք, այսօրուան որբերդ, պիտի ըլլաք վաղուան ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ տէրերը, պատրաստուեցէ՛ք արժանաւոր զաւակներն ըլլալու ձեր նահատակ հայրերուն, արժանաւորապէս ձեր մայր երկիրը կառավարելու համար»:
Հետաքրքրականօրէն, այս երկու գրութիւններուն կամ խօսքերուն մէջ հետեւեալ բառերը գրուած են լռիւ գլխագիր որպէս հրամայական՝ «ԶՈՀԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆ», «ԳՈՅՈՒԹԻՒՆ», «ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ», «ՄԱՆՈՒԿ», «ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ», «ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԻՒՆ», «ԳԱՂԱՓԱՐ» եւ «ՀԱՅԱՍՏԱՆ»:
Ամէն օր կը մտնեմ գրասենեակս, կը նայիմ պատէն կախուած նկարին, աչքերս կը յարին այս յիսուն հերոսներու 9-12 տարեկան դեմքերուն, իրենց տառապանքը, ցաւերը եւ արդարութեան ծարաւը ցոլացնող աչքերուն, կը գտնեմ ընկեր Գուրգէնը եւ օրս կը սկսի լսելով որբերուն անկոտրում հաւատքով եւ մեծ յոյսերով հրամայականը:
Չկայ, սիրելի հայրենակիցներ, չկայ որեւէ ուրիշ աւելի ներշնչիչ, աւելի ոգեւորիչ, աւելի յուսադրիչ, խրախուսիչ եւ աւելի ճշմարիտ պատգամ կամ ներուժ, քան մեր նահատակ եւ վերապրող սերունդի կենցաղն ու գաղափարախօսութիւնը:
Աշխարհի սուտ եւ մահացու բոլոր պարտադրանքերը կամ քարոզները, ներառեալ մեր հայրենիքի ղեկին բազմած թշնամին, չունին ըսելիք թէ մենք ի՞նչ յոյսերով եւ բաղձանքներով եւ ի՞նչ դաստիարակութեամբ պիտի հասակ տանք մեր սերունդներուն սփիւռքեան ափերուն:
Երբ Ճորճթաունի որբերուն Գանատական կառավարութիւնը ուզեց նոր անուններ տալ եւ ձուլել, բոլոր տղաքը միաբերան, իրենց տէր եղող հայ բարերարներուն եւ դաստիարակներուն հետ միասին, մերժեցին, եւ այդ օրէն Օնթարիոյի այս հեռաւոր ափին, արդէն վառեցաւ հայապահպանութեան կրակը:
Ո՞վ գիտէր 1923-ին, որ ինը տարեկան Գուրգէն Մակարեանը, զինուած հայրենաճանաչ դաստիարակութեամբ, յետագային պիտի ղեկը ստանձնէր այն կոմիտէութեան, որուն անխոնջ ջանքերուն շնորհիւ 1979-ին պիտի հիմնուէր ամէնօրեայ վարժարան, իր իսկ հասակ առած Օնթարիօ նահանգին մէջ: Վարժարան մը, որ ժառանգեց Ճորճթաունի որբերուն ոգին՝ կառչելով ԳԱՂԱՓԱՐԻՆ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ եւ իր ժողովուրդի ԳՈՅՈՒԹԵԱՆ, ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ եւ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ, աշխատելով ԶՈՀԱԲԵՐՈՒԹԵԱՄԲ եւ ծառայութեամբ դաստիարակելով ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՆ ու ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԻՒՆԸ։
Ցեղասպանութեան վէրքերէն տակաւին չսպիացած վերապրած սերունդը, հիմա հայրենիքէն հեռու, ապաւինելով լոկ ուրոյն ուժերու, վայրկեան մ’իսկ չխնայեց եւ ինքզինք հաւաքելով ահաւասիկ արդէն կը պատրաստուէր ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ, ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ եւ ԶՈՀԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆ:
Ահաւա՛սիկ հայուն վերապրելու անկոտրում կամքը, որ անմիջականօրէն կապուած է այս գաղութին, Ճորճթաունի որբերը ունենալով որպէս օրինակ եւ միջնորդ:
Նեմեսիս գործողութեան կազմակերպողներէն Շահան Նաթալիի խօսքը՝ «Առանց հայրենիքի ազգ չի կրնար ըլլալ եւ առանց ազգի հայրենիք չկայ», կը շեշտէ կարեւորութիւնը թէ՛ ազգին եւ թէ՛ հայրենիքին որպէս համահաւասար մասնիկներ ժողովուրդի մը գոյատեւման: Բաւարար չէ որ անձ մը հայերէն սորվի խօսիլ, կարդալ եւ գրել, պետք է հայը հայրենաճանաչ եւ ապա հայրենասէր ըլլայ ամենուրեք՝ թ՛է հայրենիքէն ներս եւ թէ՛ դուրս:
Սփիւռքի մեր կառոյցները որպէս անխորտակ Մասիս սար՝ եկեղեցի, դպրոց, կեդրոն, մարմնամարզական, մշակութային, երիտասարդական եւ պատանեկան միութիւններ մեծ դերակատարութիւն ունին սորվեցնելու, գործածելու եւ ծաղկեցնելու մեր լեզուն, մշակոյթը եւ ինքնութիւնը: Այս հուժկու լեռան գագաթին բազմած եւ ամենէն կարեւոր դերը կը կատարէ հայաշունչ բոյնը՝ մեր ընտանիքը: Եթէ հայ ծնողը հայկական վարժարան չուղարկէ իր զաւակը, եթէ անոր չխրախուսէ, որ մասնակցի մեր եկեղեցական եւ Կեդրոնէն ներս կազմակերպուած եռանդուն կեանքին եւ ամենէն կարեւորը՝ եթէ չքաջալերէ զայն՝ բոլոր այս կենսական աղբիւրներէն ստացածներուն, տան մէջ արժէք տալով եւ ընտանեկան կեանքի հիմնական բաժինը դարձնելով, հետզհետէ կը փլուզուի մեր նախահայրերուն բարձրացուցած մասիսանման այս լեռը, որ մենք կը կոչենք թորոնթոհայ գաղութ:
Այսօր որբ չենք, ծնողներուն դերը կարեւոր է այլասերման հակառակ պայքարելու: Սխալ է այլասերման մեղքը դնել պատանիին կամ երիտասարդին վրայ, ան կ’ընէ ինչ որ կը սորվի իր միջավայրէն։ Ամենէն մեծ ազդեցութիւն ունեցողը իր իսկ ծնողն է՝ իր պարգեւած առիթներով, տան մէջ հաստատած առաջնահերթութիւններով, կատարած զոհողութիւններով եւ ստեղծած միջավայրով:
ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանը 1979-էն ի վեր հիմնական դերակատարութիւն ունի ձեւաւորելու ամէն նոր սերունդի իր ինքնութեան հանդէպ ունեցած սէրը եւ գաղափարական մօտեցումը: Վարժարանին գոյութեան առաջին տասներկու տարիներուն ընթացքին անկախ հայրենիք չունէինք, ունէինք Սովետական Հայաստան: Ատով հանդերձ մենք սորվեցանք որ քրիստոնէութիւնն է մեր հաւատքը, եռագոյնն է մեր դրօշը եւ «Մեր հայրենիք»-ն է մեր օրհներգը, մերն է միացեալ Հայաստանը, Հայաստանը մեր հայրենիքն է հակառակ թէ ո՞վ կ’իշխէ անոր, պիտի սիրենք զայն եւ պիտի ծառայենք մեր ժողովուրդին անխտիր: Մեր վարժարանի հիմադիր տնօրէն պարոն Մարգար Շարապխանեանի առաջնորդութեամբ, մեր առաջին երկու շրջանաւարտ դասարանները այցելեցին Սովետական Հայաստան, այն օրերուն դժուար ճամբորդութիւն, բայց հայրենաճանաչութեան ի շահ մեծ քայլ։ Մեր վարժարանը իր բոլոր ջանքերով հասաւ 1988-ի երկրաշարժի աղետեալներուն օգնութեան եւ Արցախի ազատագրական պայքարի աջակցութեան: Այս սկզբունքներուն յենած այսօր՝ անշեղօրէն կը շարունակենք նոյն ճամբով:
2008-էն ի վեր, մեր վարժարանը վերսկսաւ հերթական Հայաստանի ճամբորդութիւնները։ Մեր 11-րդ դասարանի աշակերտներն այնտեղ են այս պահուն: 2013-էն մինչեւ 2020 այցելեցինք անկախ Արցախ: Ես անձամբ բախտաւորութիւնն ունեցած եմ վկայելու մեր աշակերտներուն ապրումները հայրենիքէն ներս:
Հաւատացէ՛ք որ չկայ աւելի ներշնչիչ, հրճուելի եւ տպաւորիչ երեւոյթ: Մեր դիմաց կը տեսնենք տասնամեակէ աւելի՝ հայեցի դաստիարակութեան արդիւնքները եւ մարդկային ամենէն անկեղծ արտայայտութիւնները․ տեսնել, թէ ի՜նչ լայն ժպիտով կը դիմաւորեն Արարատը եւ ի՜նչ զայրոյթով անոր պատած փշաթելերը, որքան հպարտ ձեռքերն ամուր բռնած կը պարեն մեր ազգի պարերը, իրենց վրէժխնդրութեան խոստումները Ծիծեռնակաբերդի անմար կրակին, որքա՜ն խոր հաւատքով կ’աղօթեն մեր վանքերէն ներս եւ արտասունքները հոսող իրենց աչքերէն Եռաբլուրի մեծ մեռելներուն գիրկը նստած: Մեր աշակերտները կը վերադառնան եւս հասկնալով, որ բարքերը պահելու համար է, որ պետք է զոհուին եւ որ բարքերն են, որոնք պետք է վերականգնել:
Մեր շրջանաւարտներէն անոնք, որոնք բախտաւորութիւնը ունեցան տեսնելու Արցախը ներկայ դաւաճան ղեկավարութեան ձեռքով յանձնուելէն առաջ, մնացին որպէս այդ դրախտավայրին վկաները, որոնք կը շարունակեն պատմել Արցախի հրաշքներուն մասին, իրենց առած պատկերները պահած որպէս յիշատակ եւ պատմական փաստ, նման մեր նախահայրերուն, որոնք կը պատմէին մեզի Արեւմտահայաստանի հրաշքներուն եւ անոր բնիկ ժողովուրդի ապրումներուն մասին:
Վերադառնամ 1934, Սէյնթ Քաթրինզ, Գարեգին Նժդեհ՝ կանգնած ընկեր Գուրգէնի եւ խումբ մը ցեղակրօնի երդում տուող երիտասարդներու դիմաց: Վստահ եմ, որ ան իր բոցավառ խօսքերով բացատրեց իրենց, թէ ինչո՞ւ ստեղծեց ՀԵԴ «Ցեղակրօն» ուխտը եւ ի՞նչ վտանգէ փրկելու մեր գալիք սերունդները:
Կը մէջբերեմ Նժդեհի խօսքը այս առնչութեամբ.
«Գիտական հոգեբանութիւնը վաղուց է ապացուցել, որ աղէտներ տեսած եւ մեծ արհաւիրքների, ցնցումների ենթարկուած ժողովուրդները, յատկապէս փոքր ժողովուրդները, սկսում են տառապել հոգեկան ետընթացով, որն արտահայտուում է պարտուողականութեան տարբեր դրսեւորումների ձեւով: Աղէտի ենթարկուածը, հոգեպէս խիստ ուժասպառուելով, ամէն ինչ կորած է համարում. լքում է իր պատմական առաքելութիւնը, կրաւորաբար եւ հնազանդօրէն համակերպուում իր վզին փաթաթուած քաղաքական ճակատագրին: Նախ եւ առաջ նրան պատում է թերարժէքութեան տանջալից զգացումը, որի պատճառով դառնում է քաղաքական յոռետես, մշակոյթի տեսակետից՝ անստեղծագործ: Հոգեպէս նա դառնում է անիշխան, ժխտելով ամէն մի արժէք, հեղինակութիւն, իշխանութիւն, դառնում է զզուելի անձնապաշտ, փոքրոգի ու խորթ հասարակութեանը եւ սկսում հետապնդել սոսկ մէկ առօրեական նպատակ` իր սեփական հացն ու հանգիստը: Որպէս «ուրացող»` նա լքում է իր դիրքերը ողջ ճակատով: Իր գոյութեան պայքարը նա արտաքին ճակատից տեղափոխում է իր ներաշխարհը, որի հետեւանքով աւելի է «կոտրուում», ուժասպառուում: Այսպիսով նա մոռացութեան է մատնում իրեն սպառնացող արտաքին վտանգը՝ թշնամուն»:
Կարծէք թէ այսօր գրուած են այս խօսքերը, մեր ապրած ներկայ պայմաններուն մասին: Ահա թէ ինչպէ՞ս ընկեր Գուրգէնին սերունդը, մեր վերապրող հերոսները, լսելով նման խօսքեր հեռացան պարտուողական հոգեբանութենէն եւ եսասիրութեան տանող հանգստաւէտ ճանապարհներէն եւ ի շահ մեր հաւաքական ապագային՝ ընտրեցին անձնազոհ, դժուար եւ փշոտ՝ ցեղի յաւիտենականացման ճանապարհը:
Ուղերձիս սկիզբը, վերապրող պատանի գրողը անդրադարձաւ Սուրբ նահատակներուն ԳԱՂԱՓԱՐԻՆ, ըսելով՝ «Ձեր ԳԱՂԱՓԱՐԸ արեւէն ա՜լ աւելի մեծ է, լուսինէն ա՜լ աւելի վսեմ է եւ աստղերէն ա՜լ աւելի հսկայ է»:
2003-ին ընկեր Գուրգէն Մակարեանը փակեց իր աչքերը յաւիտեան, բայց իր եւ իր նմաններուն կտակած ԳԱՂԱՓԱՐԸ կը շարունակէ ապրիլ մեր մէջ անփոփոխ: Ժամանակները կը փոխուին, իշխանութիւնները կու գան եւ կ’երթան, Նժդեհի մատնանշած «ուրացող»-ները այլանդակ, կլիմային նման կը մնան խաբկանքի մէջ եւ փոփոխամիտ: Գաղափարը կը մնայ անխորտակ եւ սուրբ: Անոր հետեւորդները՝ փշոտ ճանապարհն ընտրելով, անկոտրում հաւատքով կը ծառայեն ի շահ գալիք սերունդներուն։ Այս կեդրոնին 211 Consumers Road-ի նոր շէնքի ձեռք բերումը վկայ, որուն առիթով թող թորոնթոհայ գաղութը ապրի նոր վերելք, թող մեր ընտանիքներուն մէջ բացուին հայապահպանման բորբոքիչ նոր կրակներ, թող մեր կազմակերպութիւնները ապրին նոր զարթօնք եւ թող հոգեփոխէ բոլոր զանոնք, որոնք սփիւռքը կը ջանան պիտակաւորել կամ անոր գրել յոռետես ճակատագիր: Պետք է պահել ԱԶԳը, որովհետեւ առանց ազգի չկայ հայրենիք: Այս բոլորը կարելի է եւ աւելին, եթէ, լոկ եթէ, այս նկարէն ձեզի նայող հերոս վերապրող որբերուն հրամայականը լսելով բոլորս կառչինք սուրբ նահատակներու «արեւէն ա՜լ աւելի մեծ, լուսինէն ա՜լ աւելի վսեմ եւ աստղերէն ա՜լ աւելի հսկայ ԳԱՂԱՓԱՐԻՆ»:
ԶՈՀԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆ, ԳՈՅՈՒԹԻՒՆ, ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ, ՄԱՆՈՒԿ, ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ, ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԻՒՆ, ԳԱՂԱՓԱՐ եւ ՀԱՅԱՍՏԱՆ
ԶՈՀԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆ, ԳՈՅՈՒԹԻՒՆ, ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ, ՄԱՆՈՒԿ, ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ, ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԻՒՆ, ԳԱՂԱՓԱՐ եւ ՀԱՅԱՍՏԱՆ
Մեր դատը արդար դատ է, մեր պահանջածները` մեր եւ մեր սուրբ նահատակներուն իրաւունքներն են։ Լոկ տասնմէկ տարի առաջ էր երբ ողջ հայութիւնը համախմբուած որպէս մէկ բռունցք ամենուրեք, իր շուրջ հաւաքած աշխարհի պետութիւնները, Ցեղասպանութեան 100-ամեակի առիթով, կը յիշէր, կը պահանջէր եւ հզօր համարձակութեամբ տէր դարձած էր իր դատին։ Ներկայիս կատարուած դաւաճանութեան պատճառաւ, աշխարհի դիմաց ամէն օր եւս կը խայտարակուինք, եւս կը նսեմանանք, տեղի տալով մեր քաղաքական ձեռքբերումներուն, ինչպէս Ամերիկայի նախագահ՝ Թրամփի Ցեղասպանութեան հանդէպ ունեցած ներկայ անընդունելի կեցուածքը:
Մինչ ազերիները կը քանդեն մեր եկեղեցիները, վերջինը Ստեփանակերտի Սուրբ Աստուածամօր Հովհաննու մայր տաճարը, իսկ դաւաճան Փաշինեանը` Ցեղասպանութեան առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ կը ջանայ համոզել հայուն, որ եթէ լքէ այն պահանջատիրութիւնը, զոր մենք դարձուցած էինք համազգային լոզունք եւ խոստում, ան կ’ունենայ սուտ խաղաղութիւն եւ բարգաւաճում, իսկ աւելի վարկաբեկիչ, կը վերջացնէ խօսքը ըսելով՝ «Ժողովուրդն ու նրա ընտրած կառավարող թիմը, բաց չենք թողնի այս հնարավորութիւնը յանուն մեր նահատակների եւ յանուն մեր սերունդների»:
Յանուն մեր սուրբ նահատակներո՞ւն. ի՞նչ իրաւունքով։ Փաշինեան քուէներու համար հիմա կը ջանայ խեղաթիւրել մեր սուրբ նահատակներու կանչը եւ շահագործել անոնց յիշատակը։
Մեր սուրբ նահատակներն եւ վերապրողները Մուսա տաղի, Ուրֆայի եւ Վանի հերոսամարտերուն հերոսներն էին, Մայիսեան ճակատամարտերու հուժկու բազուկներն եւ խաւարը խոցող անկախութեան արեւն էին, Սեւրի դաշնագրի պահանջատերներն էին եւ Նեմեսիսի արդարահատոյց ահաբեկիչները։
Այն նահատակները, յանուն որոնց Փաշինեան կը փորձէ ծախել իր դաւաճան եւ ստոր կարծիքները, մեր սփիւռքի հիմնադիրներն էին, որոնք անապատի կրակէն բարձրացած` իրենց մէջ մնացած ամէն հիւլէ տուին եւ դարձան ողնասիւները մեր գաղութներուն՝ սերմանելով մեր մէջ իրենց փափաքը, որ շարունակենք յանուն արդարութեան մեր պայքարը, անողոք պահանջատիրութեամբ, իրենց անունով` ճշմարիտ, փայլուն եւ պատուաբեր ապագայ հիմնելու:
Կը մերժենք մենք քաղաքական թուլամորթութիւնը, զինաթափութիւնը, անտէրութիւնը եւ արդար իրաւունքներու ուրացումը եւ ապա՝ թուրքին երազը իրականացնելու Փաշինեան կոչեցեալին դաւադրութիւնները:
Սփիւռքի պատասխանը, նամանաւանդ՝ գանատահայութեանը, պէտք է ըլլայ միաբերան, Ճորճթաունի որբերու «Արարատ» ամսաթերթի՝ այս պատկերի ներքոյ ձեզի դիտող որբերուն կողմէ գրուած խմբագրականին խօսքերը՝
«Ես, իմ եղբայրս որբ, եւ իմ քոյրս հալածուած, Մեծ Բագինը կը շինենք, ուր Արդարութեան եւ վրէժի անմահ սեղանին առջեւ ողջակէզներ պիտի բերենք անհամար: Ու անգա՛մ մըն ալ, անգա՛մ մըն ալ, թոյլ պիտի չտանք որ ագռաւները սաւառնին, անգղերը թեւաթափեն եւ թշնամիները թքնեն հսկայ Մասիսի կնճռոտ ճակտին վրայ»:
Սիրելի հայրենակիցներ, յանուն մեր իրաւունքներու, ի շահ մեր գոյատեւման, որպէսզի պատիւով եւ բարձր արժանապատուութեամբ ապրի հայը այսօր եւ վաղը, փարատեցէ՛ք դաւադիրներու սուտերը եւ մեր շրջապատի պարտադրած այլասերումները, որպէսզի արդարութիւնը գերիշխէ, Թուրք թշնամին պատժուի եւ հայ ժողովուրդը ստանայ արդար հատուցում ու ապա հաստատենք իսկական եւ տեւական խաղաղութիւն:
Միասնաբար դաստիարակենք մեր զաւակները դպրոց, եկեղեցի, կեդրոն եւ ընտանիք ձեռք ձեռքի եւ միաբերան. դաստիարակութիւն, որ պէտք է հիմնուի միայն ու միայն մեր ազգային, մշակութային եւ հոգեւոր արժէքներուն վրայ: Ընտանիքներէն ներս՝ պահանջատիրութիւն, հայախօսութիւն, հայրենասիրութիւն, կամաւորութիւն եւ հաւատք քարոզեցէ՛ք, Ճոորճթաունի հերոսներուն վճռակամութեամբ:
Սփիւռքի մէջ այսպէս է որ մէկ դարէ աւելի՝ ինքնավստահ եւ ինքնաճանաչ հասակ առաւ հայ երիտասարդը եւ արձանագրեց թէ՛ անձնական եւ թէ՛ ազգային պատուաւոր յաղթանակներ: Լոկ այսպէս է որ նոյնը եւ աւելին պիտի կատարուի այսօր եւ վաղը մեր զաւակներուն համար՝ մեր ձեռքերով ծաղկող սսփիւռքի եւ մեր պահանջած միացեալ Հայաստանի մէջ կառչելով Ճորճթաունի հրամայականին՝
ԶՈՀԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆ, ԳՈՅՈՒԹԻՒՆ, ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ, ՄԱՆՈՒԿ, ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ, ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԻՒՆ, ԳԱՂԱՓԱՐ եւ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ֍
Այս յօդուածը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի մայիս 2026 (#225) թիւին մէջ: Այն պատշաճեցուած տարբերակն է Րաֆֆի Սարգիսեանի ուղերձին, զոր արտասանած է Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակի ոգեկոչման, որ տեղի ունեցաւ կիրարի, 26 ապրիլ 2026-ին, Թորոնթոյի հայ կերդրոնին մէջ: