ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի Թելեթոնը հանգանակեց 614 309 տոլար

«ԹՈՐՈՆԹՈՀԱՅ»—Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի տարեկան հանգանակային արշաւը՝ Թելեթոնը, այս տարի եւս պսակուեցաւ փայլուն յաջողութեամբ՝ հանգանակելով 614 309 տոլար եւ գերազանցելով նախատեսուած կէս միլիոն տոլարի թիրախը։ Այս տպաւորիչ արդիւնքը լաւագոյնս կը վկայէ թորոնթոհայ գաղութի ուժին, առատաձեռնութեան եւ միասնականութեան մասին՝ իր սիրելի ամէնօրեայ կրթօճախին հանդէպ։

7 եւ 14 մարտին «Նոր հայ հորիզոն» հեռատեսիլի ծրագիրով սփռուած Թելեթոնի զոյգ յայտագիրները հանրութեան մօտէն ծանօթացուցին վարժարանի աշակերտութեան առօրեան, դպրոցական կեանքի հատուածներն ու դասարանային եռուզեռը։ Արդէն տասնինը տարիներ շարունակ, Թելեթոնի այս արշաւը ունի յատուկ եւ կարեւոր առաքելութիւն՝ ամբողջացնել ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի տարեկան պիւտճէի բացը եւ նեցուկ կանգնիլ աշակերտութեան կրթական բարձրագոյն որակի պահպանման։

Այս տարուան հանգանակութեան ինչպէս միշտ՝ մեծապէս սատարեցին համայնքային կառոյցներն ու մարմինները։ «Ամէն տարի մեր գաղութը կը վերահաստատէ, որ ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանը մեր գաղութի գոյատեւման կարեւորագոյն հիմնասիւնն է, եւ իր բոլոր կարողութիւններով կը գուրգուրայ անոր վրայ, որպէսզի ան օրէ օր աճի ու պատրաստէ մեր ապագայ հայ սերունդները, որոնք տէր պիտի կանգնին մեր հաւատքին, մշակոյթին, գաղութին, դատին ու հայրենիքին», ըսաւ Թելեթոնի յանձնախումբի ատենապետ Նայիրի Աճէմեան-Գրժիքեան (կարդացէ՛ք Նայիրիին շնորհակալագիրը «Թորոնթոհայ»-ի յունիս 2025-ի (#226) թիւի էջ 3-ին վրայ, իսկ նուիրատուներուն ամբողջական ցուցակը՝ էջ 4):

1979-ին հիմնուած ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանը տարիներու ընթացքին աճած ու բարգաւաճած է՝ իր մէջ ներառելով «Ռուբինա» մանկամսուրը, «Պապայեան» մանկապարտէզը, «Գոլոլեան» նախակրթարանն ու «Լափոյան» երկրորդական բաժինները։ Այսօր վարժարանը կը հանդիսանայ գաղութի գոյատեւման եւ հայապահպանութեան կարեւորագոյն հիմնասիւնը։

Հաւաքագրուած հանգանակութիւնը ամբողջութեամբ պիտի ուղղուի դպրոցի կրթական առաքելութեան, որպէսզի վարժարանը օրէ օր աճի ու շարունակէ պատրաստել հայ ապագայ սերունդները։ Վարժարանի կրթական մարմինը, տնօրէնութիւնն ու Թելեթոնի յանձնախումբը իրենց խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնեն բոլոր նուիրատուներուն, կամաւորներուն եւ բարերարներուն՝ իրենց անվերապահ աջակցութեան համար։ ֎


Այս յօդուածը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի յունիս 2025-ի (#226) թիւին մէջ:

Թորոնթոհայ/Torontohye

Թորոնթոհայ ամսագիրը թորոնթոհայութեան ձայնն է՝ 2005-էն ի վեր/ Torontohye is the voice of Toronto Armenians since 2005.

Previous
Previous

Խաչբառ (թիւ #226)

Next
Next

ՆՈՐ ԹԻՒ/NEW ISSUE - ՅՈՒՆԻՍ 2026 JUNE [#226]