Լոյսի, սիրոյ եւ տոկունութեան տօն

Կանանց միջազգային օրուան ՀՕՄ-ի ձեռնարկը հանդիսացաւ համախմբուելու եւ հայ կնոջ կարեւոր դերը վեր հանելու եւ արժեւորելու առիթ

Կանանց միջազգային օրը սոսկ տօնական օր մը չէ․ անիկա ներհայեցողութեան, արժեւորումի եւ վերածնունդի խորհրդանիշ է։ Հայ կինը, իր բազմադարեայ գոյամարտին մէջ, եղած է լուռ ուժ մը՝ երբեմն անտեսանելի, բայց միշտ անփոխարինելի։ Ան է ընտանիքին ջահակիրը, ազգին հոգեւոր ողնաշարը եւ ժամանակներու փոթորիկներուն դէմ կանգնած անխորտակելի կամքը։

Սփիւռքի բարդ իրականութեան մէջ, ուր ինքնութիւնը շարունակաբար կը փորձուի, հայ կնոջ դերը կը դառնայ աւելի պատասխանատու, աւելի խորքային եւ աւելի ստեղծագործ։ Ան կը դառնայ կամուրջ՝ անցեալի յիշողութեան եւ ապագայի կերտման միջեւ։

Այս տեսլականին մէջ Հայ օգնութեան միութիւնը կը մնայ անսասան՝ իբրեւ լոյսի փարոս, որ կը համախմբէ, կը ներշնչէ եւ կը զօրացնէ հայ կնոջ առաքելութիւնը՝ ի նպաստ ազգապահպանութեան եւ համայնքային կեանքի ծաղկումին։

ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղը, 8 մարտ 2026-ին, իր նուիրումով եւ բծախնդիր կազմակերպչական ոգիով, գարնան շունչով ու սիրոյ ջերմութեամբ իրականացուց իր 17-րդ տարեկան Կանանց միջազգային օրուան ձեռնարկը՝ Հայ Tea խորագիրով, Parkview Manor-ի վայելչագեղ սրահին մէջ։ Այդ օր «Ռուբինա» մասնաճիւղը վերածուեցաւ այն սրբազան հարթակին, ուր հայ կանանց լոյսը ոչ միայն շողաց, այլեւ բազմապատկուեցաւ՝ փոխանցուելով սերունդէ սերունդ, սրտէ սիրտ։

Մուտքէն մինչեւ ներքնասրահ մթնոլորտը ողողուած էր գարնանային թարմութեամբ ու ջերմութեամբ։ Հիւրերը, սիրալիր ընդունելութեան ընթացքին, զրոյցներու քաղցր շշուկներուն եւ ըմպելիքներու նուրբ բոյրերուն մէջ կը վերագտնէին զիրար։ Վարդերով զարդարուած օրօրոցին մօտ, գունագեղ ծաղկային համադրութիւններու ներքոյ, կանայք կը յաւերժացնէին պահերը ու կը նկարուէին յիշողութիւններու թանկագին պատառիկներ ու փայփայելի նկարներ ձեռք բերելու նպատակով։

Ձախէն աջ՝ Հուրիկ Եղիազարեան, Դինա Կարապետեան եւ դոկտ. Լալէ Մանճիկեան (լուսանկարը տրամադրած է «Ռուբինա» մասնաճիւղը)

Ներքնասրահի մուտքին ու ներսը բացուած էր մշակութային, գեղագիտական եւ ազգային շքեղ պատկեր մը։ Հոն ներկայ էին հայկական արտադրութիւններով լի սեղաններ, ուր կը ցուցադրէին եւ կը վաճառէին՝ Butternest-ի համադամ խմորեղէնները, Համազգայինի «Յ. Մանուկեան» գրադարան-գրատարածի գիրքերը, ՀՕՄ-ի «Կրպակ»-ի իւրայատուկ հայկական իրերը, եւ ArcaBox-ի նրբաճաշակ զարդեղէնները՝ ոգեշնչուած հայկական հնագոյն ու միջնադարեան նախշերէն եւ International Wine-ի անուշահամ հայկական գինիները։

Թէյասեղանները ճոխ, գունագեղ եւ խնամքով պատրաստուած էին, անոնք կը մարմնաւորէին հայկական հիւրասիրութեան ամբողջ հմայքը։ Յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած խմորեղէնները եւ տուփիկներու մէջ զետեղուած տուրմերը, հայկական նախշերով ու գոյներով՝ ArcaBox տուփիկներու մէջ նուէր մետաքսեայ վզկապները, քաղցրեղէններ եւ նրբութիւններով լեցուն մանրամասները եւ այս հիանալի առթիւ պատրաստուած գրքոյկը կը վկայէին սիրոյ եւ հոգատարութեան խորութեան մասին։

Կանանց միջազգային օրուան ARS IWD 2026-ի ձեռնարկը կը վայելէր ներկայութիւնը ՀՕՄ-ի շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչներու, «Ռուբինա» մասնաճիւղի վարչութեան անդամներու, Մոնթրիալէն ժամանած բանախօսներ՝ դոկտ. Լալէ Մանճիկեանի եւ Դինա Կարապետեանի, Փամելա Բոստեան Ճէֆրի՝ 2017 թուականի Միջազգային կանանց օրուան ձեռնարկի բանախօսի, ՀՕՄ-ական ընկերուհիներու եւ թորոնթոհայ կանանց ներկայութիւնը։ Բոլորն ալ ոգեւորուած, անհամբեր կը սպասէին զեկուցաբերներու հարցազրոյցին եւ ձեռնարկի ընթացքին:

Ձեռնարկը սկսաւ քայլերգներով՝ Հայաստանի, Արցախի, Գանատայի եւ ՀՕՄ-ի, որոնց ընթացքին ներկաները յոտնկայս միաձայն երգեցին՝ միասնութեան եւ հպարտութեան զգացումով։

Հանդիսավարներ Սիրուն Տէր Վարդանեանն ու Ռուպինա Քէօշկէրեան- Քէշիշեանը ողջունեցին ներկաները եւ ներկայացուցին օրուան խորհուրդը եւ նշեցին բանախօսներուն անուններն ու անոնց բարձրաստիճան կոչումները։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի Կանանց միջազգային օրուան յանձնախումբի համաատենապետ Լիզա Գաբրիէլեան։ Ան յանձնախումբի անդամներուն անունով բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ իր ներշնչող ելոյթին մէջ շեշտեց հայ կնոջ դարաւոր ուժին մասին․« Հայ կինը մեր պատմութեան ընթացքին միշտ եղած է մեր դիմադրութեան եւ վերածնունդի ուժը, իր նուիրումով, տոկունութեամբ եւ անսահման սիրով։ Իսկ ՀՕՄ-ը՝ իր 116-ամեայ հարուստ ժառանգութեամբ, կը շարունակէ այդ ուժը վերածել կազմակերպուած ծառայութեան՝ մեր ընտանիքներուն, մեր հայրենիքին եւ մեր ապագայ սերունդներուն համար»։

Ան դիտել տուաւ, որ Հայաստանի մէջ Կանանց միջազգային օրը միայն մէկ օր չէ, այլ կը սկսի 8 մարտին եւ կը շարունակուի մինչեւ 7 ապրիլը եւ կը կոչուի «Կանանց ամիս»։ Այս շրջանը, 8 մարտէն մինչեւ Մայրութեան եւ գեղեցկութեան օրը, նուիրուած է կնոջ ուժին, գեղեցկութեան, ստեղծագործական ոգիին եւ անսահման դերակատարութեան։

Համաատենապետուհին նշեց, թէ ձեռնարկին հասոյթէն բաժին մը պիտի տրամադրուի երկու կարեւոր հաստատութիւններու՝ Թորոնթոյի Dress for Success կազմակերպութեան եւ ՀՕՄ-ի ընկերային ծառայութեան։

Համաատենապետուհի Հուրիկ Եղիազարեան, անդրադառնալով Give to Gain գաղափարին, ընդգծեց, թէ կնոջ հզօրացումը կը ծնի փոխադարձ աջակցութենէն, գիտելիքի բաժանումէն եւ համերաշխութենէն։

Ճերմակ բալենիի հովանիին ներքոյ եւ գեղեցիկ ձեւաւորուած թէյասեղանի շուրջ՝ Հուրիկ Եղեիազարեանի ծաւալած հարցազրոյցը վերածուեցաւ հոգեւոր եւ մտաւորական հարուստ երկխօսութեան, իսկ սրտամօտ խօսքերը՝ փորձառութեան եւ ոգեշնչման աղբիւներու։

Դոկտ. Լալէ Մանճիկեան, Մոնթրէալի Vanier College-ի դասախօս, գիտնական, մանկավարժ եւ համայնքային նուիրեալ գործիչ, ներկայացուց իր բազմամեայ ուղին՝ նուիրուած գաղթի, յիշողութեան եւ ինքնութեան հարցերուն։

Ան շեշտելով կնոջ դերին մասին (որպէս պատմութիւններու պահապան) նշեց. «Կինը միայն պատմութիւն չի փոխանցեր, այլ կը ձեւաւորէ յիշողութիւնը՝ զայն դարձնելով ապագայի հիմք»։

Իր հարթած ճանապարհին մասին անդրադառնալով ըսաւ. «Իմ ճամբորդութիւնս սկսաւ այն հարցումէն՝ ո՞վ եմ ես սփիւռքի մէջ։ Այդ հարցումը դարձաւ իմ ամբողջ ուղիիս առանցքը»։

Յանձնախումբի անդամները, հանդիսավարին եւ բանախօսներուն հետ (լուսանկարը տրամադրած է «Ռուբինա» մասնաճիւղը)

Կնոջ ձայնին մասին ըսաւ. «Եղած են պահեր, երբ կը սպասուէր մեղմացնել ձայնս, բայց ես սորվեցայ, որ ճշմարտութիւնը պէտք է հնչէ ամբողջական»։

Ան նաեւ շեշտեց, որ կինը յիշողութեան պահապան չէ միայն, այլ նաեւ՝ անոր նոր ձեւաւորողը։

Բանախօս Դինա Կարապետեան իր կարգին յիշեց իր ողիմպիական ճամբորդութեան մասին ու խօսեցաւ համբերութեան, պայքարի եւ ինքնավստահութեան մասին։

Ան նշեց. «Յաղթանակը միայն մետալ չէ, այլ այն ճանապարհը, որ քեզ կը դարձնէ աւելի ուժեղ մարդ»։

Կարապետեան, ողիմպիական գեղասահքի մարզիկը, իր կեանքի պատմութիւնը ներկայացուց որպէս պայքարի եւ յաղթանակի կենդանի օրինակ։ «Հինգ տարեկանին սկսայ սահիլ, բայց իրական մրցումը ինքզինքս գերազանցելն էր», նշեց ան։

Ողիմպիական փորձառութեան մասին ըսաւ. «Հայաստանի դրօշը կրելը պատասխանատուութիւն մըն է, որ կը կշռէ ամբողջ կեանքդ»։

COVID-ի դժուար օրերուն անդրադառնալով՝ ըսաւ «Երբ աշխարհը փակուեցաւ, ընտանիքս դարձաւ իմ ուժիս աղբիւրը», իսկ մայրութեան մասին. «Մայր դառնալը ինծի սորվեցուց, որ յաջողութիւնը այլեւս միայն անձնական չէ, այլ ժառանգութիւն»։

Հարցազրոյցէն ետք միացեալ պատգամի եւ միեւնոյն հարցումներուն պատասխանելու առիթով հետեւեալ կարեւոր կէտերը ի յայտ եկան. թէեւ զեկուցաբերները տարբեր աշխարհներու եւ մասնագիտութիւններու մէջ կերտած էին իրենց ուղիները, սակայն անոնք միաձայն հաստատեցին, որ հայ ըլլալը իրենց ուժն է, ընտանիքը՝ իրենց հիմքը, մայրութիւնը՝ իրենց առաքելութիւնը, իսկ ցեղասպանութենէն վերապրածներու ժառանգորդ ըլլալը՝ իրենց պատասխանատուութիւնը։

Անոնք ընդգծեցին, որ իրենց յաջողութիւններուն ետին կանգնած է ոչ միայն անձնական ճիգը, այլ նաեւ այն հաւաքական ուժը, զոր իրենց փոխանցած են հայ ընտանիքը, համայնքը եւ ՀՕՄ-ը։ Անոնք ընդգծեցին նաեւ ՀՕՄ-ի դաստիարակիչ ազդեցութեան ուժը իրենց կեանքին մէջ, իբրեւ ծառայութեան եւ նուիրումի դպրոց։

Հարցազրոյցի աւարտին, ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղի ատենապետ Անի Հոթոյեան-Ժոլի եւ Լիզա Գաբրիէլեան, իբրեւ երախտագիտութիւն, հիւր բանախօսներուն յանձնեցին յուշանուէրներ՝ Մայքըլ Արամի ստորագրութիւնը կրող արծաթեայ պնակներ եւ Կըրտա Նիւպագըրի՝ Portraits of Canadian Women Who Inspire գիրքերը։

Երաժշտական բաժինը յատկանշուեցաւ քնարահար եւ ջութակահար Ելենայի զգացական կատարումով, որ ներկաները տարաւ երազային աշխարհներ։ Երաժշտութիւնը լեցուց սրահը․ Ջութակի մեղեդիները լրացուցին այդ կախարդական պահը՝ ստեղծելով հոգեթով մթնոլորտ։

(տեսանիւթ՝ «Նոր հայ հորիզոն»-ի)

Համեղ ճաշերու եւ քաղցրեղէններու հիւրասիրութենէ ետք կարգը հասած էր վիճակահանութեան կտրոնները առնելուն։ Վիճակահանութիւնը ուրախութեան եւ ծիծաղի ալիքներ ստեղծեց, իսկ յայտագիրի երկրորդ բաժինի ընթացքին door prize-ի բախտաւոր թիւը յայտարարուեցաւ եւ օրուան բախտաւորին նուիրուեցաւ ադամանդեայ թանկարժէք օղ։

ArcaBox-ի ստեղծագործական ցուցադրութիւնը՝ ոճաբան-արուստագէտ Ինէսսա Դարբինեանի մեկնաբանութեամբ, բացայայտեց հայկական հնագոյն եւ միջնադարեան զարդնախշերու վերածնունդը՝ արդի նորաձեւութեան մէջ։ Երիտասարդներու մասնակցութեամբ ներկայացուած գունազարդ մետաքսեայ վզկապներ կրելու ցուցադրութիւնը դարձաւ օրուան ամենահաճելի պահերէն մէկը։ Անոնք այն վզկապներէն էին, որոնք յատուկ այս ձեռնարկին համար Հայաստանի մէջ պատրաստուած էին երեք արուեստագէտ-ոճաբաններու կողմէ եւ Ինէսսա Դարբինեանի կողմէն նուրիուած՝ «Ռուբինա» մասնաճիւղին։

Կանանց միջազգային օրուան յանձնախումբի համաատենապետ Լիզա Գաբրիէլեան յանձնախումբին անունով ծաղկեփունջ մը նուիրուեց Ինէսսա Դարբինեանին՝ իբրեւ երախտագիտութիւն։

Ձեռնարկի աւարտին շնորհակալական խօսքերով արժեւորուեցան բոլոր աջակիցները, նուիրատուները, հիւրերը, կամաւորները, մասնակիցները եւ յանձնախումբի մեղուջան անդամները։ Յուշանկարները դարձան օրուան գեղեցիկ կնիքը։

Այդ օրուան ձեռնարկը աւելի էր քան տօն մը․ ան ապրում մըն էր, համախմբում մը, հոգեւոր վերածնունդ, կնոջ ուժի փառաբանում եւ սերունդներու միջեւ կամուրջ։ ֎


Այս թղթակցութիւնը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի ապրիլ 2026 (#224) թիւին մէջ:

Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

Արձակագիր, բանաստեղծ, մանկագիր, մանկավարժ. ծնած է Սուրիոյ Գամիշլի քաղաքը։ Հայերէն լեզու եւ գրականութիւն դասաւանդած է զանազան քաղաքներու մէջ ու հրատարակած զանազան գործեր, ներառեալ «Բուրաստան» (2018) մանկական բանաստեղծութիւններու հատորը։ Ներկայիս Թորոնթօ կ՚ապրի, ուր «Թորոնթոհայ» թերթի օգնական խմբագիրն է:

Next
Next

A landmark for the ages