Գանատահայոց թեմը խստօրէն կը դատապարտէ Ամենայն հայոց կաթողիկոսին դէմ յարուցուած քրէական հետապնդումը

«ԹՈՐՈՆԹՈՀԱՅ» — Գանատահայոց թեմի առաջնորդ տ. Աբգար եպս. Յովակիմեան եւ Թեմական խորհուրդը հանդէս եկած են պաշտօնական խստաշունչ յայտարարութեամբ մը՝ դատապարտելով Հայաստանի Հանրապետութեան իրաւապահ եւ դատական մարմիններուն կողմէ ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսին նկատմամբ քրէական հետապնդում նախաձեռնելու որոշումը։

Այսօր, Արմաւիրի առաջին ատեանի դատարանին մէջ Ամենայն հայոց կաթողիկոսին եւ վեց եպիսկոպոսներու գործով մեկնարկած առաջին դատական նիստը արագօրէն աւարտեցաւ մեկնարկէն շուրջ 20 վայրկեան ետք: Դատական նիստը յետաձգուեցաւ, որովհետեւ դատաւոր Յակոբ Մանուկեան ինքնաբացարկ յայտարարեց։

Լուսանկարը՝ Գանատահայոց թեմի առաջնորդարանի:

Թեմական իշխանութիւնները, վերահաստատելով իրենց յարգանքը Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան, սահմանադրական կարգի եւ պետական օրինական իշխանութիւններուն նկատմամբ, միեւնոյն ժամանակ կ'ընդգծեն․ «ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսը համայն հայութեան օրինական ընտրուած եւ օծեալ սրբազան հայրապետն է, որի հոգեւոր ծառայութիւնն ու վարչական լիազօրութիւնները կարգաւորւում են եկեղեցու սրբազան աւանդութեամբ, կանոններով եւ Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցու ներքին կանոնադրական կարգով»։

Միաժամանակ, որպէս Գանատայի քաղաքացիներ, անոնք կը հաստատեն, որ եկեղեցւոյ ներքին կառավարման առնչուող հարցերով Հայ եկեղեցւոյ հոգեւոր առաջնորդին նկատմամբ քրէական հետապնդում նախաձեռնելը «վտանգաւոր նախադէպ է, որը կարող է խաթարել կրօնական ազատութեան իրաւական պաշտպանութիւնը»։ Թորոնթոյի Սուրբ Երրորդութիւն Հայց. առաք. եկեղեցին պաշտօնական հաղորդագրութիւնը բաժնած է եկեղեցւոյ ֆեյսպուքեան էջին միջոցով։

Գանատահայոց թեմին այս պաշտօնական դիրքորոշումը մաս կը կազմէ համազգային ու համասփիւռքեան բողոքի լայն ալիքի մը, որուն միացած են հայկական աշխարհի զանազան ղեկավարներ եւ հաստատութիւնները։ Մեծի տանն Կիլիկիոյ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոսը, խստօրէն դատապարտելով Ամենայն հայոց վեհափառին դատարան կանչուիլը, յայտնած է իր խոր ընդվզումը եւ պետական պատասխանատուներէն պահանջած յարգալից վերաբերմունք ցուցաբերել եկեղեցւոյ ու Վեհափառին անձին նկատմամբ։

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ) բիւրօն արձանագրած է, որ վարչախումբին կողմէ Հայ եկեղեցւոյ թիրախաւորումը հատած է բոլոր կարմիր գիծերը՝ խարխլելով պետութիւն-եկեղեցի տարանջատման սահմանադրական սկզբունքը։

Իր կարգին, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) եւս հանդէս եկած է հաղորդագրութիւնով՝ կոչ ընելով անհապաղ ետ կոչելու դատական մեղադրանքները, որոնք լուրջ հարցադրումներու տեղի կու տան կրօնական ազատութեան եւ օրէնքի գերակայութեան հանդէպ յարգանքի տեսանկիւնէն։

Իրենց յայտարարութեան աւարտին, Աբգար եպս. Յովակիմեանն ու Գանատայի թեմական խորհուրդը հրատապ կոչ կ'ուղղեն Հայաստանի Հանրապետութեան իրաւասու պետական եւ իրաւապահ մարմիններուն՝ դրսեւորելու իրաւական ողջախոհութիւն եւ անյապաղ դադրեցնելու եկեղեցւոյ ներքին իրաւասութեան առնչուող քրէական վարոյթները։ Անոնք կը պահանջեն անվերապահօրէն պահպանել սահմանադրութեամբ եւ միջազգային իրաւունքով ամրագրուած սկզբունքները, յարգել Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ ինքնավարութիւնն ու կանօնական կարգը, ինչպէս նաեւ վերահաստատել յանձնառութիւնը կառուցողական երկխօսութեան՝ ի նպաստ Մայր աթոռի, իրաւունքի գերակայութեան, ինչպէս նաեւ հայրենիքի եւ սփիւռքի ազգային միասնութեան ամրապնդման։

Թորոնթոհայ/Torontohye

Թորոնթոհայ ամսագիրը թորոնթոհայութեան ձայնն է՝ 2005-էն ի վեր/ Torontohye is the voice of Toronto Armenians since 2005.

Next
Next

ՆՈՐ ԹԻՒ/NEW ISSUE - ՕԳՈՍՏՈՍ 2026 AUGUST [#228]