Մեր վզին չոքած ծունկը նենգ,
Ստրկամիտը կ’ուզէ մնալ իր տեղ,
Շնչահեղձ եւ անգիտակից՝ թմրած ենք,
Մենք մեր կամքին տէրը չենք։
Զարթի’ր հայորդի,
Բռնակալին ծունկը ջարդենք։

Երէկ թուրքը, կարմիր ֆէսը գլխուն,
Յօշոտեց հայերը իր ճիրաններով,
Այսօր, կարմիր պէրէն հագած`
Դաւաճանն է թուրքին դերը բռնած։
Զարթի’ր հայորդի,
Վերջ տանք Կարմի’ր չարիքին։

Նժարը թշնամիին ձեռքը թողած`
Դաւաճանն անգղ, դատաւոր է դարձած,
Մեր դարաւոր դատին տէրը չենք,
Նահատակներու աղաղակն է, լսե’նք
Զարթի’ր հայորդի, մեր դատը ե’տ խլենք,
Արդարահատոյց բազուկներով սէգ։

Րաֆֆի Սարգիսեան

ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի տնօրէն, Սառա Քորնինկ ցեղասպանութեանց ուսուցման կեդրոնի հիմնադիր, կրթական ոլորտի մասնագէտ եւ «Խոկացող կռունկ» բանաստեղծութիւններու հատորի համահեղինակ։ Ցեղասպանութեան դասաւանդման մասին իր ուսումնասիրութիւնը լոյս տեսած է Քալկըրիի համալսարանի հրատարակչատան հրատարակութեան մէջ:

Previous
Previous

Դամբանական՝ պարոն Անդրանիկ Չիլինկիրեանի

Next
Next

ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի Մայրերու օրուան եւ Համբարձումի տօնախմբութիւն