Սպիտակ վերմակին տակ սպասող գարունը. Տիրուկին հետ
Զարթուցիչը կը հնչէ։ Աչքս կը բանամ ու փոքրիկ սեղանին վրայ խնամքով տեղադրուած թղթեայ մեծ տոպրակին կը նայիմ։ Անոր վրայ տուն մը, ձիւնապատ ծառեր եւ ձիւնի փաթիլներ գծուած են։ Գծագրութիւն մը, որ իր պարզութեամբ այնքան խորիմաստ լռութեամբ աչքերուս կը նայի եւ ժպտելով ականջիս կը փսփսայ՝ «Ես տակաւին հոս եմ, սրտիդ վրայ ծանրացած ձմեռն եմ»։
Այդ տոպրակին մէջ կայ Նոր տարուան առաջին նուէրս, որ տակաւին փակ է։ «Ձիւնով ծանրացած օրերը թող անցնին, ներսս ալ քիչ մը հանդարտի, ու միայն այն ատեն բանամ զայն», կ՛ըսեմ եւ կը պահեմ այնպէս, ինչպէս որ արեւին ջերմութեան մօտենալու հաւատքը կը պահեմ գիտակցութեանս իւրաքանչիւր բջիջին մէջ։
Կը նայիմ տոպրակին վրայ գծուած տան ու ակամայ կը յիշեմ մանկութեանս գծած տուները՝ անհաւասար պատուհաններով, ծուռ տանիքներով, բայց միշտ՝ ծխնելոյզով ու հոնկէ բարձրացող ծուխով։ Այդ ծուխը մեզի՝ մանուկներուս համար ջերմութեան ու կեանքի նշանն էր։ Առանձնատուներ չտեսած մենք՝ մանուկներս, ինչպէ՞ս կը գծէինք այդ տուները, որոնց պատկերն անգամ նախապէս չէինք տեսած։ Զարմանալի՜։
Աւելի զարմանալին այն էր, որ այդ տուներուն ետեւը բնածին մղումով միշտ Արարատն ու Մասիսը կը գծուէին, ապա՝ երկու հսկաներուն մէջտեղէն արեւը կը ծագէր եւ Արաքս գետը հոնկէ կը հոսէր։ Բոլորիս տեսիլքն ու սէրը նոյնն էր՝ Հայաստանը, Միացեալ Հայաստանը եւ Արարատի փէշին հանգչած մեր ջերմ օճախը։ Այսօր ալ մեր երեխաները նոյն պատկերացումը ունին եւ միեւնոյն պատկերը կը գծեն։ Այս գծագրուած տունն ալ շատ կը նմանի մեր երեւակայութեան մէջ տեղ գտած այդ տուներուն, սակայն օտար է ան ու ամայի, եւ կարծես մշուշով է պատուած՝ անոր ետեւը ու շուրջը գտնուող սրբացած իւրաքանչիւր մանրամասնութիւն։ Ո՞ւր են անոնք, ո՞ւր կորսուած են այդ սուրբ տարրերը, արդեօք մշուշը մեր տեսողութեան կամ գիտակցութեան հետ խաղեր կը խաղա՞յ, թէ...։ Անոնք պէտք է հո՛ն ըլլան, որ իմ հոգիս խաղաղի։
Շատ լաւ գիտեմ, որ ժամանակը փոխուած է, սակայն պատկերացուցած տունս, անոր գտնուելիք վայրը եւ ծխնելոյզէն մխացող՝ կեանքի ու օրհնութեան ծուխին կարօտը չէ փոխուած։
Վստա՛հ, ժամանակը փոխուած է, բայց՝ «Աստուա՜ծ իմ, այս ահաւոր ձիւնոտ օրերուն, մէկը անտուն ու անհայրենիք չձգես» աղօթքս չէ փոխուած։
Անշո՛ւշտ, որ ժամանակը փոխուած ու մտքերս հասունցած են, բայց հայու հոգիս կը մնայ նոյնը․․․ ու այդ ամայի տան նո՛ր կեանք տալ կ’ուզէ. ուստի մատիտը կ’առնեմ ու մեր Սուրբ լեռը, անոր ձիւնածածկ գագաթը, շողացող արեւը եւ Արաքս գետը կը գծեմ հոն… յանկարծ թղթեայ տոպրակին գծագրութիւնը կը վերափոխուի, հարազատ դառնալով հոգւոյս թելերուն հետ կը խաղայ եւ յիշողութեանս դռները մէկ առ մէկ կը բանայ։
Մանկութեանս, Հալէպի մէջ, երբ հազուադէպ տեղացող ձիւնը նշմարէինք, ամբողջ գիշեր կ'աղօթէինք, որ ձիւնը բռնէ եւ դպրոցները փակուին։ Այդ օրերուն` արձակուրդի կարօտ մանուկներս կը հրճուէինք այդ «հրաշքով»։ Իսկ զաւակներուս մանուկութեան շրջանին, երբ մէկ կամ երկու օրով հիւր եկած ձիւնին երեսը տեսնէինք, դուռ-դրացիով ու հարազատներով դէպի հանրային պարտէզ կը վազէինք, ձիւնագնդակներով կը խաղայինք եւ կ’ուրախանայինք։ Իսկ հիմա՝ հոս ամէն օր ձի՛ւն, ձի՛ւն, ձի՛ւն։ Ամէն կողմ սպիտակ լռութիւն ու կեանքի հեւքը դանդաղեցնող մոյկեր, վզկապներ, ձեռնոցներ, գլխարկներ ու ծանր վերարկուներ, որոնք երկինքէն առատութեամբ բխող սառոյցի թնդանօթին դիմադրելու սիրոյն կը պայքարի՜ն ու կը պայքարին։
Սուրճը ձեռքիս՝ պատուհանէն դուրս կը նայիմ եւ ձիւնին վրայ տարբեր չափերով ու տարբեր ուղղութիւններով ոտնահետքեր կը տեսնեմ։ Այդ ոտնահետքերը լուռ պատմութիւններ են։ Գիշերները ինչե՜ր կը կատարուին այս լուսաւոր խաւարին մէջ։
Հետքերուն նայելով կը փորձեմ գուշակել մեծ ու փոքր կենդանիները, որոնք լուռ անցած ու հեռացած են շէնքին մօտէն։ Այս վայրերուն մէջ ապրող կենդանիները նշանաւոր են իրենց գիշերային այցելութիւններով, իսկ ձիւնածածկ գետինները այդ այցելուներուն վկաներն են։ Այս փաստը օտար չէ ինծի, որովհետեւ մեր բնօրրանին ձմեռն ալ շատ դաժան կ'ըլլար։ Հոն, ձիւնապատ դաշտերուն այցելու գազանները կեր գտնելու ակնկալիքով կը պտտէին ամենուրեք։ Մեր պատմութիւնն ու գրականութիւնը կը վկայեն, թէ ինչպէ՛ս հայ գիւղացին իր լեռնցիի արիութեամբ պաշտպանած է ինքզինք ու իր նախիրը այդ գազաններէն, իսկ ձիւնով պատուած դռան փոխարէն` տանիքէ տանիք, դուռ-դրացիի ու հարազատներու քով այցելութեան գացած եւ այդ երկա՜ր ձմռան ցուրտ կլիմային յաղթելով՝ սեղան փռած, կուժերու մէջ ամբարած միսով կշտացած ու գինիով ջերմացած, երգած, պարած, արտասանած, կենաց խմած, մեծերուն օրհնութիւնը վայելած եւ հարազատներով մխիթարուած ու բերկրացած է… իսկ մենք այսօր, Թորոնթոյի մէջ, հակառակ անոր որ ձիւն մաքրող արդիական գործիքներով մեր ճամբաներն ու դռները բանալու հնարաւորութիւնը ունինք, սակայն արիւնակից հարազատները հեռու են մեզմէ, եւ մենք մեր ջերմ տուները նստած՝ մինչեւ մեր ոսկորներուն ու ողնուծուծին մէջ կը զգանք այդ ձմեռուան սառնութիւնը, եւ մեզի հետ արեան կապ չունեցող հարազատներուն կը կապուինք ու այդպիսով կը մխիթարենք կարօտի ամայութեան մէջ թեւածող մեր հոգիները։
Գիշերները ինչե՜ր կը կատարուին այս լուսաւոր խաւարին մէջ...
➙
Գիշերները ինչե՜ր կը կատարուին այս լուսաւոր խաւարին մէջ... ➙
Անխիղճ ձիւնը անդադար կը տեղայ ու վարի պարտէզը կը մնայ սպիտակ ծանր վերմակին տակ։ Լուսամուտէն կը նայիմ՝ նոր հետքերու ակնկալութեամբ, սակայն ապարդիւն։ Կենդանիները իրենց բնազդով զգուշացած եւ իրենց որջին մէջ մնացած են։ Անդին, այդ բնազդը չունեցող մարդը՝ օդերեւութաբաններու զգուշացումներուն կը սպասէ՝ «վահաններով» զինուելու, իսկ առօրեայ կեանքի փոթորիկներէն փրկուելու կանխազգուշացումը բնաւ չունենալուն պատճառով՝ կը նահանջէ։ Փառք Աստուծոյ, որ մենք՝ պատերազմի դաժանութեան պատճառով նահանջողներս, հոս ապահով ապաստան մը ունեցանք ու այդ նահանջը յաջողութեան վերածեցինք։
Է՜հ, կեանքը առեղծուած է։ Ո՞վ կրնար գուշակել, որ օր մը սառուցապատ Գանատայի մէջ նստած այս տողերը պիտի գրէի եւ յիշողութեանս ոսկեման ծրարը բանայի։
Ա՜խ, անթիւ ու անհամար են յիշատակները, զորն ասե՜մ, զորն խոստովանիմ…փետրուար ամսուն Ուշի գիւղ այցելութի՞ւնս եւ մինչեւ մէջք հասած ձիւներուն մէջէն դէպի Սուրբ Սարգիս եկեղեցի հասնիլս ու վերադարձին՝ բոլոր ուխտաւորներուն պէս զառիվայր ճամբէն սահելով իյնալս ու լիաթոք խնդա՞լս, թէ ձիւնապատ Սիրահարներու այգիին մէջ՝ Սուրբ Սարգիսը մարմնաւորող ձիաւորին ու նշանաւոր երգիչ-երգչուհիներու երգերուն ներքոյ, հարազատներով ու ընկերուհիներով պարելս, թէ Արցախի ճանապարհին ձիւնապատ լեռները տեսնելու հիացմունքս, թէ Շուշիի Ղազանչեցոց եկեցեցւոյ ձիւնածածկ գմբէթին ու հրեշտակներուն խորհրդաւորութիւնը զգալով ու ՄՈՆԹԷն յիշելով արտասուելով աղօթելս, թէ Արարատի գագաթը բարձրացող աղջկաս՝ «ՄԱՄԱ» գրութեամբ պաստառը բռնած ու ղրկած նկարը… եւ կա՜մ, կա՜մ… կա՜մ…
Շատ չեմ ուզեր երկարել…ի վերջոյ այս ձմեռն ալ յուշ մը պիտի դառնայ։ Ի վերջոյ այս ձիւնապատ սպիտակութեան արգանդէն գարուն մը լոյս աշխարհ պիտի գայ եւ ի վերջոյ գոյնզգոյն շրջազգեստ հագած բնութիւնը երգելով պիտի ոստոստէ եւ երջանկացնէ սառած հոգիները։ Մինչ այդ, եկող շաբաթ, ես այդ սպիտակ վերմակին վրայ, փոխան կենդանիներու ոտնահետքերուն, Սուրբ Սարգիսի ձիուն սմբակներուն հետքերը պիտի փնտռեմ եւ վստահ եմ, որ այդ հետքերը պիտի գտնեմ ու սրտիս մուրազին իրականանալուն հաւատամ… գիտէ՛ք, ես միշտ ալ հրաշքներուն հաւատացած եմ:
Շատ չեմ ուզեր երկարել…ի վերջոյ այս ձմեռն ալ յուշ մը պիտի դառնայ...
➙
Շատ չեմ ուզեր երկարել…ի վերջոյ այս ձմեռն ալ յուշ մը պիտի դառնայ... ➙
Հիմա՝ հարազատ գծագրութեամբ շողացող այդ թղթեայ տոպրակը կը դիտեմ եւ Տեառնընդառաջի ու գարնան մօտենալուն խոստումը կը լսեմ Արարատի ու Մասիսի մէջտեղէն ճառագայթող արեւէն, ու ոսկեայ օրեր ակնկալողի լաւատեսութեամբ՝ Արաքսի զուլալ ջուրերուն գոյնով ներկուած ձնծաղիկին ծնունդին կը սպասեմ։ ֎
Այս սիւնակը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի փետրուար 2026 (#222) թիւին մէջ: