Հայրերու տօնին առիթով SOAR-ի կազմակերպած բարեսիրական համերգը հոգեպարար պահեր պագեւեց արուեստասէրներուն
14 յունիսին, երեկոյեան ժամը 7-ին, Թորոնթոյի Էկլինթըն Սուրբ Գէորգ միացեալ եկեղեցին ժամադրավայրը դարձաւ երաժշտասէր համայքի զաւակներուն եւ մշակութասէր բարերարներուն, որոնք միատեղ հաւաքուած էին վայելելու, Հայրերու օրուան առիթով, SOAR-ի հովանաւորութեամբ կազմակերպուած դասական երաժշտութեան բարեգործական համերգը, որ կը կրէր՝ «Որբ եւ անապահով հայ երեխաներու արցունքներն ու ժպիտները» (Tears and Smiles of Orphaned and Underprivileged Armenian Children) խորագիրը։
Ներկաները վայելեցին Shell Piano Trio & Friends-ի անմոռանալի երեկոյի արտասովոր կատարումներուն իւրաքանչիւր նոթա, որ գեղեցիկ համադրութեամբ եւ բիւրեղ հնչողութեամբ արձագանգեց սրբավայրին մէջ։ Երաժիշտներուն հոգեպարար կատարումները յուզիչ պահեր պարգեւեցին ունկնդիրներուն։
լուսանկարը տրամադրած է SOAR-ի Թորոնթոյի մասնաճիւղը
Երաժշտական այս ձեռնարկը ներկայութիւնը կը վայելէր Գանատայի մօտ Հայաստանի դեսպանութեան պատուաւոր խորհրդական Անահիտ Սիրունեանի, Գանատահայոց փոխառաջնորդ եւ Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցոյ հովիւ տէր Զարեհ աւ․ քհն․ Զաքարեանի, Սուրբ Գրիգոր եկեղեցւոյ հովիւ տէր Հայկ Շահինեանի, SOAR Թորոնթոյի մասնաճիւղի նախագահ Անիթա Գունտակճեանի, փոխնախագահ Վանիկ Ճէլիլեանի եւ թորոնթոհայ համայնքի երաժշտասէր հանդիսատեսներու։
Բացման խօսքով հանդէս եկան SOAR-ի Թորոնթոյի մասնաճիւղի նախագահ Անիթա Գունտակճեանն ու փոխնախագահ Վանիկ Ճէլիլեանը, որոնք բարի գալուստ մաղթեցին ներկաներուն, բարերարներուն եւ երաժիշտներուն ու երաժշտական աննախընթաց կատարումներով լի անմոռանալի երեկոյի մը աւետիսը փոխանցեցին երաժշտասէր հանդիսատեսին։
Երաժշտական կախարդանքով ընթացող ձեռնարկի ընթացքին, իրենց ելոյթներով հանդէս եկան՝ Shell Piano Trio & Friends-ի երաժիշտներ Լիլիթ Զաքարեան (ջութակ), Շուշաննա Յակոբեան (դաշնամուր), Քաթիա Ճանփոլատեան (թաւջութակ), Իւան Սամոզւանցօ (վիոլա), Օլկա Պետրաշգեւիչ (ջութակ) եւ անզուգական սոփրանօ Մարինէ Շահինեան, ինչպէս նաեւ պատուաւոր հիւր-կատարողներ՝ Ալեքսանտըր Գանգուրեան (ջութակ), Ճոյի Նիցէֆորօ (թենոր)։ Անոնք՝ իրենց անզուգական կատարումներով՝ շքեղ փառատօնի վերածեցին համերգը, որ Հայաստանի սարերէն ծնունդ առնելով՝ հասաւ իտալական եւ նապոլիտանական երաժշտութեան ակունքներ, Սորենդոյի ծովափներ, ինչպէս նաեւ Շարլ Ազնաւուրի երաժշտութեան անմոռանալի հաւաքածոներ։ Զգացաշարժ անմոռանալի պահերէն մէկն ալ երէցկնոջ՝ «Հայու աչքեր» եւ «Քուն եղիր բալաս» հոգեհարազատ երգերու կատարումներն էին, որոնց ներկաները բուռն ծափողջիւններով արձագանգեցին։
Յոտնկայս ծափահարութենէն ետք, փակման խօսքով հանդէս եկան Անիթա Գունտակճեանն ու Վանիկ Ճէլիլեանը: Անոնք խորին շնորհակալութիւն յայտնեցին ձեռնարկի հովանաւորներուն, նուիրատուներուն, աջակիցներուն, երաժիշտներուն եւ միջազգային ճանաչում ունեցող կատարողներուն, որոնք հնարաւոր դարձուցին իմաստալից եւ բարեսիրական նպատակներու ծառայող սոյն երեկոյին յաջողութիւնը։
Համերգի աւարտին տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն եւ հիւրասիրութիւն։ Ընթացքին հանդիսատեսն ու երաժիշտները մտերմիկ զրոյցի մը շուրջ վերյիշեցին համերգին անմոռանալի պահերը։ ֎
Այս թղթակցութիւնը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի յուլիս 2025 (#215) թիւին մէջ: