«Հաճոյք գտէ՛ք հայկականին մէջ»

«Հաճոյք գտէ՛ք հայկականին մէջ», խոհուրդ կու տան «Կեսարիա» հայագիտական հետազօտութիւններու եւ ակադեմական ծառայութիւններու ընկերութեան տնօրէնները

1 նոյեմբերին, Նոր տարուան առիթով, ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի ձեռնարկած տարեկան տօնավաճառ-պազարի ուշագրաւ տաղաւարներէն մէկն էր «Կեսարիա» անուանումը կրող սեղանը, ուր բազմաթիւ հայերէն գիրքերով կազմուած երկու աշտարակներ, կանաչ գրամեքենայ մը, հայերէն գրութիւններ, թարգմանութիւններ ու հայ ընտանիքներու հին նկարներ բովանդակող տրցակներ, հայերէն սորվեցնելու եւ դասաւանդելու, թարգմանութիւններ կատարելու եւ այլ աշխատանքներ ցուցադրող ծանուցման սեղանին գլխուն կանգնած էին երիտասարդ զոյգ մը՝ թորոնթոհայ Տանիէլ Օհանեանն ու կողակիցը՝ Ճենիֆըր Մանուկեանը, որոնք հիմնադիրներն ու տնօրէններն էին «Կեսարիա» հայագիտական հետազօտութիւններու եւ ակադեմական ծառայութիւններու (Gesaria Armenian Research and Academic Services) այդ նոր ընկերութեան։

Հետեւաբար անհնար էր չհետաքրքրուիլը «Կեսարիա»-ով եւ անոր հիմնադիր տնօրէններով, որոնց հայասէր հոգւոյն, հայերէն լեզուի սիրով բաբախող սրտին եւ զարգացած արթուն մտքին տեսլականին արդիւնքն էր այդ հայաբոյր նախաձեռնութիւնը։ Ուստի այդ օրուան մեր հանդիպման յաջորդեց ջերմիկ հարցազրոյց մը՝ մեր սիրելի ընթերցողներուն ներկայացնելու չափազանց կարեւոր, այժմէական եւ միեւնոյն ժամանակ օգտաշատ «Կեսարիա» ընկերութեան ծրագիրն ու անոր հիմնադիր տնօրէնները։


Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան- Բարեւ Տանիէլ, նախ ծանօթանանք ձեր կենսագրականին՝ յստակ պատկերացում մը ունենալու այն մասին, թէ ինչպէ՞ս սկսաւ հայագիտական ուղղութիւն ունեցող ձեր ճամբորդութիւնը։

Տանիէլ Օհանեան- Բարեւ, շնորհակալութիւն «Թորոնթոհայ»-ին՝ մեզի այս առիթը ընծայելուն համար:

Ծնած եմ Թորոնթօ եւ այնտեղ հասակ առած եմ։ Ուսանած եմ ՀՕՄ-ի ամենօրեայ վարժարանին մէջ, ապա՝ տարբեր դպրոցներու, եւ վերջապէս York համալսարանին մէջ, ուրկէ ստացած եմ պսակաւորի եւ մագիստրոսի աստիճանները։ Ետքը տեղափոխուած եմ Պոլիս՝ Bilgi համալսարանէն ներս օսմանագիտութեան մէջ մասնագիտանալու եւ թրքերէն սորվելու համար։

ՏՄԿ- Իսկ դոկտորի կոչումը ո՞ւր եւ ե՞րբ ստացաք։

ՏՕ- Պոլիսէն ետք հաստատուեցայ Լոս Անճելոս եւ ընդունուեցայ UCLA։ Այնտեղ ինը տարի աշխատեցայ դոկտորական թեզը պաշտպանելու վրայ եւ 2025-ին աւարտեցի որպէս պատմութեան եւ հայագիտութեան դոկտոր։ Այդ ընթացքին, 2012-էն սկսեալ, արդէն կը գործակցէի Թորոնթոյի Sara Corning Centre for Genocide Education-ին հետ՝ որպէս հետազօտութիւններու տնօրէն։ Ներկայիս կ՚ապրիմ Նիւ Ճըրզի։

ՏՄԿ- Բարեւ Ճենիֆըր, ծանօթանանք ձեզի եւ իմանանք, թէ այս ուղղութեամբ ձեր ճանապարհը ո՞րկէ եւ ի՞նչպէս սկսաւ։

Ճենիֆըր Մանուկեան- Բարեւ։ Ծնած եմ Նիւ Եորք։ Հայերէնը սորվեցայ չափահաս հասակիս, Rutgers համալսարանին մէջ, եւ այդ փորձառութիւնը շատ խոր ազդեցութիւն ձգեց վրաս։ Rutgers-էն ստացայ պսակաւորի աստիճանը, ապա՝ Columbia համալսարանէն՝ մագիստրոսականը։ Աւելի ուշ տեղափոխուեցայ Լոս Անճելոս եւ UCLA-էն ստացայ դոկտորականս՝ հայագիտութեան եւ արեւելագիտութեան մէջ, 2023-ին։ Ունիմ թարգմանական աշխատանքներ։ Վերջին տարիներուն անգլերէնի թարգմանեցի Զապէլ Եսայեանի «Սիլիհտարի պարտէզները», ապա՝ Զարեհ Որբունիի «Թեկնածուն» վէպը։ Թարգմանութիւնը ինծի համար միայն լեզուական գործ չէ, այլ կամուրջ մը անցեալի եւ ներկայ ընթերցողին միջեւ։

ՏՄԿ- Որո՞նք են հիմնադիրները այս ծրագիրին։ Ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս ծնաւ «Կեսարիա» ընկերութեան գաղափարը։

ՏՕ- Ես ու կողակիցս հիմնադիր-տէրերն ենք «Կեսարիա» հայագիտական հետազօտութիւններ եւ ակադեմական ծառայութիւններ ընկերութեան: Մեր կայքին հասցէն է www.gesariaservices.com:

Իրականութեան մէջ «Կեսարիա»-ի ծնունդը եղաւ դանդաղ։ Մեր դոկտորական ուսանող եղած տարիներուն մարդիկ յաճախ կը դիմէին մեզի՝ դժուար ընթեռնելի ձեռագիր նամակներ, յուշեր, հին փաստաթուղթեր կարդալու կամ թարգմանելու համար։ Շատերը կ՚ուզէին հասկնալ իրենց ընտանիքի պատմութիւնը, բայց լեզուն խոչընդոտ կ՚ըլլար իրենց համար։

ՏՄԿ- Այսինքն՝ տարիներ առաջ արդէն կը կատարէի՞ք այս աշխատանքը։

ՃՄ- Ճիշտ այդպէս։ Մօտ տասը տարի, ոչ պաշտօնական կերպով, կը զբաղէինք թարգմանութիւններով, խմբագրումով, հետազօտութեամբ։ Երբ մեր դոկտորական ուսումը մօտեցաւ աւարտին, հասկցանք, որ ժամանակն է այս ամբողջ փորձը մէկ անունի տակ համախմբելու։ Այդպէս ալ ծնաւ «Կեսարիա»-ն, որովհետեւ ակադեմական շրջանակներէն դուրս մեծ հետաքրքրութիւն կայ Հայոց պատմութեան հանդէպ, մասնաւորաբար՝ ընտանեկան փաստաթուղթերու ընթերցման եւ մեկնաբանման ուղղութեամբ։

Մեր սեփական հետազօտական աշխատանքը մեզի գործնական փորձ տուած էր նման աղբիւրներու հետ աշխատելու մէջ։ «Կեսարիա»-ի հիմնադրութիւնը մեզի հնարաւորութիւն տուաւ այս աշխատանքը համակարգուած դարձնելու եւ աւելի ամբողջական կերպով նուիրուելու մեր յաճախորդներու ծրագիրներուն։ Երբ մեր ուսումը կը մօտենար աւարտին, «Կեսարիա»-ի ստեղծումը բնական եւ տրամաբանական յաջորդ քայլ մըն էր մեզի համար։

ՏՄԿ- Ի՞նչ աշխատանքներ կ՚իրականացնէ «Կեսարիա» ընկերութիւնը։

ՃՄ- Մենք հիմնականօրէն չորս ուղղութեամբ կ՚աշխատինք՝ թարգմանութիւն (արեւմտահայերէնէ եւ գրաբարէ՝ անգլերէն), պատմական եւ ընտանեկան հետազօտութիւններ, բնագիրներու խմբագրում ու սրբագրութիւն եւ արեւմտահայերէնի առցանց դասաւանդում՝ յատկապէս չափահասներու համար, ըլլան անոնք հայ կամ օտար։

«Կեսարիա»-ի հիմնադրութիւնը մեզի հնարաւորութիւն տուաւ այս աշխատանքը համակարգուած դարձնելու եւ աւելի ամբողջական կերպով նուիրուելու մեր յաճախորդներու ծրագիրներուն։ Երբ մեր ուսումը կը մօտենար աւարտին, «Կեսարիա»-ի ստեղծումը բնական եւ տրամաբանական յաջորդ քայլ մըն էր մեզի համար։

ՏՄԿ- Իսկ ինչո՞ւ «Կեսարիա» անունը ընտրեցիք եւ ոչ այլ անուն։ Ի՞նչպիսի ուշագրաւ կապ ունի այս անուանումը ձեր անձին կամ ընտանիքին հետ։

ՏՕ- Երկուքիս ալ ընտանեկան արմատները կապուած են այդ շրջանին։ Տիկնոջս՝ Ճենիֆըրին նախնիներուն մէկ մասը կու գայ Մունճուսուն գիւղէն, իսկ իմ նախնիներս՝ Կեսարիա քաղաքէն եւ մօտակայ Էվերեկ-Ֆենեսէի ու Աքտաղ-Մատէնիի շրջաններէն։ Այս անունը մեզի համար յիշողութիւն է, բայց նաեւ շարունակութիւն՝ անցեալէն այսօր ու դէպի ապագայ։

ՏՄԿ- Ինչպիսի՞ խնդրանքներով ձեզի կը մօտենան դիմողներն ու օգնութիւն խնդրողները։

ՏՕ- Մեզի կը դիմեն անհատներ՝ փոքր կամ մեծ խմբագրական ու թարգմանական աշխատանքներով։ Այլ պարագաներու մէջ, համալսարանական դասախօսներ, ուսանողներ եւ հետազօտասէր անհատներ կը դիմեն արեւմտահայերէն լեզուի ուսուցման համար՝ ոչ միշտ խօսակցական նպատակներով, այլ շատ անգամ պատմական աղբիւրներ կարդալու համար։

Ոմանք մեծցած են անգլերէն խօսող միջավայրի մէջ եւ հայերէն գրեթէ չեն գիտեր, իսկ ուրիշներ արեւմտահայերէն կը խօսին, բայց դժուարութիւն ունին կարդալու։ Աշխատած ենք նաեւ հին հարցազրոյցներու վերծանման եւ թարգմանութեան, ընտանեկան գրադարաններու դասակարգման եւ ընտանեկան պատմութիւններու զեկուցումներ գրելու վրայ։ Այս զեկուցումները կը հիմնուին հայերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն եւ թրքերէն աղբիւրներու վրայ եւ կը նպաստեն, որ մարդիկ աւելի խորունկ կերպով ըմբռնեն իրենց նախնիներու կեանքը Այնթապի, Խարբերդի, Սասունի եւ այլ վայրերու մէջ։

ՃՄ- Մենք հաճոյքով կ՚աշխատինք նաեւ ոչ ակադեմական գրողներու հետ՝ սկսեալ նախնական գաղափարներու մշակումէն մինչեւ գրուած տեքստերու մանրամասն խմբագրում եւ անգլերէնի լեզուական մշակում։

Կան անհատներ, որոնք ընդհանրապէս հայերէն չեն գիտեր ու կը դիմեն մեզի խնդրանքով մը կամ հայերէն լեզուն սորվելու համար։ Կան ուսանողներ ու դասախօսներ, որոնք կ՚ուզեն սորվիլ լեզուն՝ պատմական աղբիւրներու հետ աշխատելու համար, ինչպէս նաեւ կան ընտանիքներ, որոնք կ՚ուզեն պարզապէս հասկնալ, թէ ո՞րոնք էին իրենց նախնիները։

ՏՄԿ- Ի՞նչ պատգամ կը հաղորդէք հայ անհատներուն եւ մեր ընթերցողներուն։

ՏՕ- Մեր պատգամը պարզ է՝ «Հաճոյք գտէ՛ք հայկականին մէջ»։ Շատեր հայոց պատմութեան մէջ միայն տխրութիւն, կորստեան զգացում եւ ծանր պարտականութիւն կը տեսնեն։ Սակայն հայոց անցեալը եւ հայ գրականութիւնը—որոնց դռները կը բացուին հայերէն լեզուով—լեցուն են լոյսով, կենսունակութեամբ, ուրախութեամբ, թէ՛ առասպելական եւ թէ՛ իրական արկածախնդրութիւններով։

Մենք կը հաւատանք, որ հայկականը պէտք է ապրի ո՛չ միայն որպէս յիշողութիւն, այլ որպէս կենդանի եւ ներշնչող ներկայութիւն։ ֎


Այս զրոյցը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի փետրուար 2026 (#222) թիւին մէջ:

Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

Արձակագիր, բանաստեղծ, մանկագիր, մանկավարժ. ծնած է Սուրիոյ Գամիշլի քաղաքը։ Հայերէն լեզու եւ գրականութիւն դասաւանդած է զանազան քաղաքներու մէջ ու հրատարակած զանազան գործեր, ներառեալ «Բուրաստան» (2018) մանկական բանաստեղծութիւններու հատորը։ Ներկայիս Թորոնթօ կ՚ապրի, ուր «Թորոնթոհայ» թերթի օգնական խմբագիրն է:

Next
Next

Mamajoun Pizzeria closes Scarborough shop after 11 years, plans next chapter