«Կշիռքի նուազեցման դեղամիջոցներ Ozempic, GLP-1, բժշկական եւ սննդաբանական մօտեցում» դասախօսութիւն` Թորոնթոյի մէջ
Ժամանակակից աշխարհը կը սահի արագընթաց փոփոխութիւններու ալիքին վրայ, ուր գիտութիւնը եւ բժշկութիւնը կը վերաձեւեն մեր պատկերացումները մարդու առողջութեան մասին։ Մանաւանդ գիրութեան, սննդակարգի եւ կենսակերպի խնդիրները այլեւս պարզ քննարկման նիւթեր չեն, այլ դարձած են համամարդկային մարտահրաւէրներ։ Գիտական նորութիւններն ու մարդկային փորձառութիւնը կը միաձուլուին՝ փնտռելու համար աւելի ամբողջական եւ իմաստալից լուծումներ։
Այս գիտակցութեամբ էր, որ տեղի ունեցաւ յատկանշական դասախօսութիւն մը, ուր գիտութիւնը, փորձառութիւնը եւ համայնքային ոգին հանդիպեցան նոյն յարկին տակ։
ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղի եւ Օնթարիոյի գանատահայ բժշկական ընկերակցութեան (Armenian Canadian Medical Association of Ontario - ACMAO) միացեալ Դաստիարակչական յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ, կիրակի, 22 մարտ 2026-ին, կէսօրէն ետք ժամը 1:30-ին, Թորոնթոյի հայ կեդրոնը վերածուած էր գիտելիքի եւ մտորումի կենդանի բեմի։
Բանախօսներու եւ կազմակերպիչներու խմբանկար (լուսանկարը տրամադրած է կազմակերպիչ յանձնախումբը)
«Կշիռքի նուազեցման դեղամիջոցներ՝ Ozempic, GLP-1, բժշկական եւ սննդաբանական մօտեցում» խորագիրը կրող հանրային դասախօսութիւնը, իր արդիականութեամբ եւ գործնական արժէքով, դարձաւ հետաքրքրութեան կեդրոն։ Դասախօսներն էին ընտանեկան բժիշկ տոքթ. Քրիստիան Թռնամեան եւ փորձառու սննդաբան դոկտ. Միրէյ Գարավեթեան, որոնք համադրուած կերպով ներկայացուցին առողջութեան վերաբերեալ երկու փոխկապակցուած, սակայն տարբեր տեսանկիւններ քննող դասախօսութիւն մը, որ շատ այժմէական էր՝ ժամանակակից բժշկութեան եւ առողջ կենսակերպի մասին արծարծուած գիտելքներով։
Օրուան հանդիսավար, ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղի Դաստիարակչական յանձնախումբի ատենապետ՝ բժշկուհի Ալիս Գարավեթեան, յանձնախումբի եւ ACMAO-ի անունով բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ նշեց, որ ՀՕՄ-ը եւ Օնթարիոյի գանատահայ բժշկական ընկերակցութիւնը նմանօրինակ ձեռնարկներով մշտապէս կը ձգտին բարձրացնել մեր համայնքին իրազեկումը առողջութեան կարեւորութեան շուրջ։ Ան շնորհակալութիւն ու երախտապարտութիւն յայտնեց դասախօսներուն, որոնք սիրայօժար ընդունեցին իրենց հրաւէրը։
Բացման աղօթքը կատարեց Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ աւագ քահանայ տ. Տաթեւ Միքայէլեան եւ իր խօսքին մէջ հոգեւոր եւ բժշկական առողջութիւնը ներկայացուց իբրեւ փոխկապակցուած արժէքներ։ Ան յիշեց Նարեկացիի բժշկարար ուժին մասին՝ հրաւիրելով ներկաները դառնալու ոչ միայն մարմնով, այլեւ հոգիով առողջ։
ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղի ատենապետ Անի Հոթոյեան-Ժոլի իր սրտի խօսքով բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն՝ գնահատելով անոնց ներկայութիւնը այս կարեւոր եւ արդիական դասախօսութեան։ Ան իր խօսքին մէջ ընդգծեց, որ կշիռքի նուազեցման դեղամիջոցներու եւ բժշկական ու սննդաբանական մօտեցումներու շուրջ ընտրուած նիւթը լայն հետաքրքրութիւն կը ներկայացնէ եւ ունի հանրային առողջութեան համար էական նշանակութիւն։ Ատենապետը շեշտեց իրազեկման կարեւորութիւնը՝ անդրադառնալով թէ՛ դեղերու օգտակարութեան, թէ՛ հնարաւոր կողմնակի ազդեցութիւններուն։ Ան նաեւ համառօտ կերպով ներկայացուց Հայ օգնութեան միութեան հարուստ պատմութիւնը՝ հիմնադրուած 1910-ին, եւ առանձնացուց «Ռուբինա» մասնաճիւղի երկարամեայ ու նուիրեալ ծառայութիւնը համայնքին։ Ընկերուհին իր խօսքին ընթացքին լուսարձակի տակ առաւ մասնաճիւղին բազմաբնոյթ գործունէութիւնները, բարեսիրական նախաձեռնութիւնները եւ կրթական աջակցութեան ծրագիրները, որոնք կը նպաստեն թէ՛ տեղական եւ թէ՛ համահայկական կարիքներու բաւարարման։ Խօսքի աւարտին ան քաջալերեց ներկաները շարունակելու իրենց մասնակցութիւնը համայնքային կեանքին եւ ՀՕՄ-ի առաքելութեան։
ACMAO-ի փոխնախագահ՝ տոքթ․ Սիրիլ Թահդաճեան բարի գալուստի խօսքէն ետք ներկայացուց կազմակերպութեան առաքելութիւնը, որ կը մարմնաւորէ բարելաւել ժողովուրդներու առողջութիւնն ու բարեկեցութիւնը։ Ան յիշեց, թէ կազմակերպութիւնը հիմնադրուած էր Հայաստանի երկրաշարժէն ետք եւ աւելի քան երեսունհինգ տարիներ շարունակ անխոնջ կը ծառայէ։ Տոքթ. Սիրիլ, պաստառին վրայ ցուցադրուած տեսերիզի եւ պատկերներու ընթացքին, ներկայացուց իրենց նախաձեռնութիւնները, ներառեալ կառուցուած ատամնաբուժարանները եւ շարժական ծառայութիւնները, որոնք այսօր եւս կը շարունակուին՝ յատկապէս Սիւնիքի շրջանին մէջ, միջազգային համագործակցութեան շնորհիւ։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց գործակից կազմակերպութիւններուն եւ ներկաներուն՝ շեշտելով, որ համագործակցութիւնը մնացած է իրենց յաջողութեան հիմքը եւ համայնքային մասնակցութիւնը կենսական դեր ունի իրենց գործունէութեան մէջ։
Հանդիսավարը ներկայացուց հիւր դասախօսներուն կենսագրականները․
Տոքթ. Քրիստիան Թռնամեան ընտանեկան բժիշկ է եւ ACMAO-ի այս տարուան նախագահը։ Աւարտած է Կուելֆի համալսարանի պսակաւոր գիտութեանց եւ մագիստրոսի աստիճանները՝ ախտազերծութեան երեւոյթներու ուսումնասիրութեան (immunology) բնագաւառին մէջ, ապա բժշկական կրթութիւնը շարունակած է Քուինզի համալսարանը։ Այնուհետեւ վերադարձած է Թորոնթօ՝ ընտանեկան բժշկութեան մասնագիտացման համար, զոր աւարտած է 2020-ին՝ North York General Hospital-էն։ Սկսած է աշխատիլ որպէս լիաժամկէտ տեղապահ (locum) բժիշկ՝ Օնթարիոյի զանազան գիւղական եւ քաղաքային համայնքներու մէջ, ներառեալ Parry Sound, Elliot Lake, Port Dover, Paris, Kingston եւ Perth։ Այս ընթացքին, ան նաեւ եղած է ACMAO-ի գործունեայ անդամ՝ ծառայելով գործադիր խորհուրդին մէջ տարբեր դերերով։
Դոկտ. ՄիրԷյ Գարավեթեան գրանցուած սննդաբան է, որ ունի դոկտորական աստիճան Մաստրիխտի համալսարանէն եւ աւելի քան քսան տարուան փորձառութիւն։ Ան իր ասպարէզը սկսած է որպէս առաջնային առողջապահական մասնագէտ, ապա առաջացած է դէպի դարմանական հետազօտութիւն՝ միջազգային եւ գանատական հաստատութիւններու մէջ, ներառեալ Թորոնթոյի համալսարանը, Փրինսէս Մարգըրիթ Քէնսըր կեդրոնը, Թորոնթոյի Մեթրոփոլիթըն համալսարանը, Քալկըրիի համալսարանը, եւ այլն։ Անոր աշխատանքը կը միաձուլէ գործադրական գիտութիւնը եւ հիւանդակեդրոն համատեղ ձեւաւորումը՝ ապահովելու համար ապացոյցներու վրայ հիմնուած, գործնական եւ ընդարձակելի լուծումներ։
Ան հիմնադրած է biohackrd.ca-ն՝ առցանց սննդառական, եւ գիտութեան վրայ հիմնուած կենսակերպի հարթակ մը, որ կը կեդրոնանայ նիւթափոխանակային (metabolic) առողջութեան բարելաւման եւ երկարաժամկէտ բարեկեցութեան աջակցման վրայ՝ կեանքի տարբեր փուլերու ընթացքին։ Դոկտ. Միրէյին առաքելութիւնն է կամրջել դարմանական (clinical) գիտութիւնը, թուային առողջապահութիւնը եւ իրական կեանքի խնամքը՝ երկարացնելու առողջ կեանքի տեւողութիւնը եւ բարելաւելու կեանքի որակը։
Դասախօսութեան առաջին բաժինը ներկայացուց տոքթ. Թռնամեան, որ մանրամասն կերպով ներկայացուց GLP-1 հորմոնի դերը մարդու մարմնին մէջ՝ որպէս կարգաւորիչ մը, որ կ’ազդէ թէ՛ ախորժակին եւ թէ՛ արիւնի շաքարի մակարդակին վրայ։ Ան բացատրեց, թէ ինչպէս գիտնականները, ուսումնասիրելով Gila monster մողէսին լորձունքը, յայտնաբերած են նմանատիպ նիւթ մը, որ հիմք դարձած է նոր սերունդի դեղամիջոցներու ստեղծման։ Այս դեղերը, ինչպիսիք են Ozempic-ը եւ Wegovy-ն, կը գործեն բազմաշերտ ձեւով՝ նուազեցնելով ախորժակը, երկարացնելով յագեցուածութեան զգացումը, դանդաղեցնելով ստամոքսի դատարկումը եւ բարելաւելով էնսիւլինի արձագանգը։
Բժիշկը նաեւ անդրադարձաւ այն կարեւոր իրողութեան, թէ գիրութիւնը պէտք չէ ընկալել որպէս կամքի տկարութիւն, այլ իբրեւ բարդ կենսաբանական հիւանդութիւն, որ կը ներառէ հորմոնային, ծննդական եւ միջավայրային գործօններ։ Տոքթ. Թռնամեան ներկայացուց նաեւ այս դեղամիջոցներու արդիւնքները՝ նշելով զգալի քաշի նուազեցում եւ շաքարախտի վերահսկման բարելաւում, սակայն միեւնոյն ժամանակ զգուշացուց հնարաւոր կողմնակի ազդեցութիւններու մասին՝ ներառեալ սրտխառնոց, փսխում եւ հազուագիւտ, բայց աւելի լուրջ բարդութիւններ։
Դասախօսութեան երկրորդ բաժինը, դոկտ. Միրէյ Գարավեթեանի կողմէ, ստացաւ խորքային եւ գործնական ուղղուածութիւն։ Ան շեշտեց, որ դեղամիջոցները չեն կրնար փոխարինել առողջ կենսակերպը, այլ միայն կը լրացնեն զայն։ Իր բացատրութիւններուն մէջ ան մանրամասն անդրադարձաւ հաւասարակշռուած սննդակարգի կառուցման սկզբունքներուն՝ ընդգծելով ամբողջական մթերքներու, սպիտակուցներու, առողջ ճարպերու եւ մանրաթելերով հարուստ սնունդի կարեւորութիւնը։ Ան խօսեցաւ նաեւ արիւնի շաքարի կայունութեան պահպանման մասին՝ որպէս հիմնական գործօն՝ քաշի կառավարման մէջ։
Ան ներկայացուց ընդհատական ծոմապահութեան (intermittent fasting) մօտեցումը՝ բացատրելով անոր նպաստը նիւթափոխանակային (metabolic) առողջութեան բարելաւման մէջ, սակայն շեշտելով, որ ան պէտք է կիրարկուի անհատականացուած կերպով։ Ան անդրադարձաւ նաեւ քունի որակին՝ բացատրելով, թէ վատ քունը ուղղակի կերպով կ՚ազդէ հորմոններու վրայ եւ կը խանգարէ ախորժակի կարգաւորումը։
Մարզանքը ներկայացուեցաւ ոչ միայն իբրեւ ջերմուժ (calorie) այրող միջոց, այլ՝ իբրեւ հիմնական գործօն մկանային զանգուածի պահպանման եւ նիւթափոխանակութեան առողջութեան համար։ Ան յատկապէս շեշտեց, որ արագ քաշի նուազեցման ընթացքին մարդիկ յաճախ կը կորսնցնեն նաեւ մկաններ, ինչ որ երկարաժամկէտ առումով վնասակար է։ «Առողջ նուազեցումը,- նշեց ան,- պէտք է ըլլայ ճարպի կորուստի եւ մկաններու պահպանման հաւասարակշռուած ընթացք մը»։
Դասախօսութեան ընթացքին ստեղծուեցաւ նաեւ անմիջական եւ աշխուժ մթնոլորտ մը, երբ ներկաները հրաւիրուեցան թեթեւ շարժումներ ընելու՝ երաժշտութեան ուղեկցութեամբ, ինչ որ աւելի կենդանացուց փորձառութիւնը եւ վերածեց զայն մասնակցային ձեռնարկի մը։
Դասախօսութեան ամբողջ ընթացքին, հիւրասիրութեան սեղանը բացուած էր՝ համադամ ուտեստներով եւ սուրճի բուրումնաւէտ բաժակներով։ Ներկաները կը վայելէին ոչ միայն մտքի սնունդը, այլեւ ճաշակի հաճոյքը՝ ստեղծելով միջավայր մը, ուր գիտելիքը եւ մարդկային հաղորդակցութիւնը կը միաձուլուէին ներդաշնակօրէն։
Ապա սկսաւ հարց ու պատասխան բաժինը, երբ ներկաները մեծ հետաքրքրութեամբ եւ խանդավառութեամբ ուղղեցին բազմաթիւ հարցումներ։ Հարցումներու այս հոսքը կը վկայէր թեմային այժմէականութիւնը եւ դասախօսութեան յաջողութիւնը։ Շատեր օգտուեցան առիթէն՝ ուղղակի հաղորդակցելու մասնագէտներուն հետ եւ ստանալու իրենց մտահոգութիւններուն պատասխանները։
Աւարտին, դասախօսները պարգեւատրուեցան ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի ատենապետ Անի Հոթոյեան-Ժոլիի եւ ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղի անդամ եւ ACMAO-ի վարչական անդամ Անի Հասըրճեանի ձեռամբ՝ ի նշան խորին գնահատանքի։ Այս արարողութիւնը դարձաւ երախտագիտութեան գեղեցիկ արտայայտութիւն մը, որ կը շեշտէր համայնքի եւ մասնագէտներու միջեւ կապը։
Դասախօսութենէն ետք, հիւրասիրութիւնը շարունակուեցաւ՝ վերածուելով ջերմ զրոյցներու եւ մտերմիկ հանդիպումներու։ Համեղ պատառներու եւ սուրճի շուրջ, ներկաները կը շարունակէին իրենց քննարկումները, կը փոխանակէին տպաւորութիւններ եւ կը խորացնէին իրենց լսած գիտելիքները։
Սոյն ձեռնարկը դարձաւ վառ վկայութիւն մը այն ճշմարտութեան, թէ առողջութիւնը միայն դեղամիջոցներու արդիւնք չէ, այլ ամբողջական ուղի մը՝ ուր գիտութիւնը, կենսակերպը եւ անձնական պատասխանատուութիւնը կը միաւորուին։ Անիկա մեզի յիշեցուց, թէ առողջ կեանքը ընտրութիւն է՝ գիտակից, հետեւողական եւ հոգատար վերաբերմունքով կառուցուած, եւ թէ մարդը, իր ամբողջութեան մէջ, կը մնայ իր իսկ բարօրութեան ամենէն կարեւոր հիմնաքարը։ ֍
Այս թղթակցութիւնը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի մայիս 2025 (#225) թիւին մէջ: