Ընկերային ծառայութեան գրասենեակը միշտ պատրաստ է ծառայելու հայ գաղութի զաւակներուն

զրոյց՝ ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղի Ընկերային ծառայութեան յանձնախումբի ատենապետուհի Էմմա Պասմաճեանի եւ գրասենեակի պաշտօնեայ Սիլվա Գազանճիի հետ

Հայ oգնութեան միութեան (ՀՕՄ) Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղը հիմնադրութեան օրէն ի վեր, մասնաճիւղի Ընկերային ծառայութեան գրասենեակին միջոցով օգնութեան ձեռք մեկնած է տուեալ հայ գաղութի զաւակներուն եւ զանազան միջոցներով օժանդակած է անոնց ընկերային կարիքներուն։

Գրասենեակի առաքելութեան մանրամասնութիւնները իմանալու համար անհրաժեշտ նկատեցինք հարցազրոյց մը վարելու յանձնախումբի ատենապետ Էմմա Պասմաճեանի եւ գրասենեակի պաշտօնեայ Սիլվա Գազանճիի հետ։


Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան- Կարելի՞ է պատմական ակնարկով մը հասնինք մինչեւ մեր օրեր, եւ անդրադառնանք Ընկերային ծառայութեան գրասենեակի հիմնադրութեան, տեսլականին եւ նպատակին։

Էմմա Պասմաճեան- ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղը իր հիմնադրութեան առաջին իսկ օրէն օժանդակած է՝ Թորոնթոյի գաղութին ընդհանրապէս եւ Թորոնթոյի հայ գաղութին յատկապէս:

Յետագային գաղութին ուռճացումով եւ օրըստօրէ ծաւալող կարիքներուն հետեւանքով, մասնաճիւղի վարչութիւնը անհրաժեշտ նկատած է հիմնել՝ Ընկերային ծառայութեան գրասենեակը, որուն պաշտօնական բացումը կատարուած է մայիս 1987-ին:

Հիմնադրութեան առաջին տասը տարիներու ընթացքին, գրասենեակը գործած է կամաւոր անձնակազմով, իսկ յետագային մասնաժամ դրութեամբ պաշտօնեայի մը աշխատանքով: Անձնակազմը զգայուն մօտեցումով, բծախնդրութեամբ եւ խիստ գաղտնապահութեամբ, նպաստած է եւ կը շարունակէ ծառայել՝ Թորոնթոյի գաղութի ընկերային բարօրութեան:

Մենք կը համագործակցինք կառավարական, հանրային եւ անձնական գրասենեակներու հետ: Մեր ծառայութիւնները կ'ըլլան անվճար: Գրասենեակը ունի մէկ պաշտօնեայ՝ Սիլվա Գազանճին եւ յանձնախումբ մը, որ կազմուած է եօթը կամաւորներէ:

Յանձնախումբիս նպատակն է օժանդակել Թորոնթոյի գաղութին՝ նպաստելով ընտանիքներու, երէցներու, երիտասարդներու, մանուկներու եւ կանանց ընկերային, առողջապահական եւ նիւթական կարիքներուն:


ՏՄԿ- Եկէք խօսինք, 2024-2025 տարեշրջանին, գրասենեակին կատարած ծառայութիւններուն մասին։

Սիլվա Գազանճի- Գրասենեակին ծառայութիւնները կը մատուցուին բոլոր դիմորդներուն, առանց խտրականութեան, ամենայն գաղտնապահութեամբ եւ անվճար: Գրասենեակը բաց է երկուշաբթի օրուընէ մինչեւ ուրբաթ, ժամը 10-էն մինչեւ 4:30։ Դիմորդները կրնան նոյնիսկ առանց ժամադրութեան ներկայանալ գրասենեակ, կամ հեռաձայնել հետեւեալ թիւին՝ 416-495-0644, ինչպէս նաեւ՝ դիմել ե-նամակով՝ arssocialservices@gmail.com հասցէին։

Մեր ծառայութեան ուղղութիւններն են՝

  • Աշխատանքային․ օգնել՝ աշխատանքի տուեալներու գրաւոր պատրաստութեան (resumé) եւ գործի պրպտումի ծիրէն ներս:

  • Բնակարանային․ օգնութիւն ցուցաբերել անհատներուն եւ ընտանիքներուն՝ բնակարաններ գտնելու համար: Օգնութիւն հայթայթել՝ ապահովելու նպաստաւոր եւ զեղչեալ վարձքով բնակարան կամ պատսպարան:

  • Երէցներ․ ծերանոցներու դիմումներու պատրաստութիւն, երէցներու կարիքներու հոգածութիւն՝ առողջապահական, երթեւեկութեան, սնունդի եւ այլ:

  • Ընտանեկան․ ընտանեկան հարցերու վերաբերեալ ուղղութիւն տալ՝ մասնագիտացած գրասենեակներու ծառայութիւններէն օգտուելու:

  • Երիտասարդական․ Քաջալերել երիտասարդութիւնը մասնակցելու գաղութային կամաւոր ծառայութեան, օգնել ուսանողական կրթաթոշակներու եւ համայնքային, նիւթական աղբիւրներու որոնման, օգնել երիտասարդներուն՝ մոլութիւններու, հոգեկան եւ մտային, ինչպէս նաեւ ընկերային ճնշուածութեան (bullying) դէմ պայքարելու համար՝ յատուկ կեդրոններ դիմելու

  • Յատուկ կարիքներ․ օգնել յատուկ կարիքներ ունեցող անհատներուն` դիմելու ընկերային, առողջապահական եւ նիւթական յատուկ կառավարական գրասենեակներու օժանդակութեան:

  • Լեզուական․ յաճախորդները ուղղորդել թարգմանութեան ծառայութիւններու եւ օգնել փաստաթուղթերու բացատրութեան։

  • Գաղթականական․ օգնել ներգաղթող եւ ապաստանեալ անհատներու՝ լաւագոյն ձեւով ընկալելու Գանատական օրէնքներն ու ապրելակերպը: Անգլերէն լեզուի դասընթացքներ եւ կառավարական եւ գաղութային օժանդակութեան հնարաւորութիւններու մասին տեղեկացնել:

Գրասենեակը կ'ընդառաջէ նաեւ ընկերային ծառայութեան բնագաւառէն ներս որեւէ այլ կարիքներու:


ՏՄԿ- Ընկերային ծառայութեան գրասենեակի կամաւոր ընկերուհիները ինչպիսի՞ ծառայութիւններ կը մատուցեն ծերանոցի երէցներուն։

Պասմաճեան- ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղը պաշտօնական ներկայացուցիչն է Fieldstone Commons Care Community ծերանոցի «Արարատ» բաժնին, ուր պատսպարուած են հայ երէցները: Ընկերուհի Սեդա Թաշճեանը եւ ես նշանակուած ենք իբրեւ ՀՕՄ-ի ներկայացուցիչ։ Ընկերային ծառայութեան կամաւորները ամսական դրութեամբ այցելութիւն կը կատարեն եւ հայկական ճաշեր կը մատակարարեն հայ երէցներուն, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին հետ ներկայ կը գտնուին զանազան առիթներու եւ տաղաւար տօներու՝ Ծաղկազարդի, Զատիկի եւ Հիւանդապահներու օրուան, եւ այլն։

Երախտապարտ ենք բոլոր ընկերուհիներուն իրենց անսահման նուիրումին եւ աջակցութեան համար։

Անցած Ամանորի առթիւ ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի «Գոլոլեան» նախակրթարանի 4-րդ կարգի աշակերտութիւնը սիրայօժար պատրաստեց սիրալիր գրութիւններ ներփակող բացիկներ, որոնք նուիրուեցան տարեցներուն եւ ուրախացուցին զանոնք։ Ինչպէս նաեւ բոլոր ծերանոցներուն մէջ հոգատարութիւն ընողներուն՝ մէկական տուփ տուրմ եւ ՀՕՄ-ի բացիկ նուիրուեցան։ Նաեւ դիմեցինք քոյր միութիւններուն (ՀՄԸՄ, ՀՅԴ-ԳՊՄ)՝ հերթական ձեւով այցելութիւն կազմակերպելու դէպի Fieldstone Commons-ի արարատեան բաժին։


ՏՄԿ- Կ’ուզեմ անդրադառնաք Ընկերային ծառայութեան գրասենեակի Ֆէյսպուքի էջին․ ինչպիսի՞ ծանուցումներ կը տեղադրէք հոն։

Գազանճի- Մեր էջը ներկայիս ունի 956 հետեւորդներ: Մեր յայտարարութիւնները կամ հրապարակուած նիւթերը ընդհանրապէս կ'ըլլան երկլեզու: Մեր գործունէութիւնը ծանուցելու եւ գաղութին առաւել եւս օգտակար ըլլալու միտումով՝ շարունակեցինք «Գիտէի՞ք թէ» յայտարարութիւններու շարքը հետեւեալ նիւթերով՝ Ontario Works, Subsidized Housing, ODSP, Shingles vaccine, How to renew your Health Card, New additional eligibility for the CDCP, Temporary measures for Lebanese nationals in Canada and federal benefits, How to apply for Long Term Care, Impact of mental health on your health, Pharmacy role, renewing CDCP application, Renewing Driver’s Licence for seniors over 80 years old. Մենք նաեւ տեղադրեցինք մի քանի այլ համապատասխան նիւթեր՝ Measle, New travel advice to USA, Canadians travelling overseas, Rights of landlords, Rights of tenants, Voting and time off, Filing income tax։ Այս բոլորը մեր դիմատետրի էջին միջոցաւ կը հասնին թորոնթոհայ գաղութին եւ անոնք ալ մեզի կը դիմեն՝ օգնութիւն խնդրելու։


ՏՄԿ- Արդեօք ի՞նչ նախաձեռնութիւններով օգտակար կը դառնաք Թորոնթոյի հայ գաղութին եւ որո՞նց կը յատկացուին այդ նախաձեռնութիւններուն հասոյթը։

Պասմաճեան- Այլազան են մեր գրասենեակին նախաձեռնւթիւնները։ Այս տարուան նախաձեռնութիւններն են հետեւեալները՝

  • Կաղանդչէք․ ՀՕՄ-ի ընկերային ծառայութեան գրասենեակը ինչպէս միշտ՝ հայ ընտանիքին կողքին է, յատկապէս Նոր տարուան եւ Ս. ծնունդի տօնական օրերուն:

  • Գուլպահաւաքի եւ ձմեռնային հագուստեղէնի արշաւ․ 2024-ին կարողացանք հաւաքել եւ նուիրել հարիւր հինգ զույգ նոր գուլպայ Eva’s Place –ին՝ օգտակար դառնալու երիտասարդներուն, ինչպէա նաեւ զանազան ձմեռնային հագուստեղէններ նուիրեցինք Kennedy Road Women’s Shelter-ին։

  • Տարետուրքի պատրաստութեան կրպակ (Tax Clinic). 9 մարտ 2025-ին՝ մեր գրասենեակէն ներս կազմակերպած էինք տարետուրքի պատրաստութեան կրպակ: Փափաքողները կրցան ժամադրութեամբ տեսնուիլ հայախօս հաշուապահին հետ եւ իրենց 2024-ի վերաբերած թղթածրարները ներկայացնել։ Շնորհակալութիւն պր. Ճօն Սադուրիին իր սիրայօժար աշխատանքին՝ ի նպաստ ՀՕՄ-ի ընկերային ծառայութեան գրասենեակին։

  • Երէցներու ընկերակցութեան դասախօսութիւն․ մեր գրասեանեակի պաշտօնեան՝ Սիլվա Գազանճին, ներկայացուց տարբեր թեմաներ եւ նիւթեր երէցներուն, իրենց երեքշաբթի օրուան հանդիպումներուն ընթացքին, Հայ կեդրոնէն ներս:

  • Ուտեստեղէնի հաւաք․ 1 ապրիլէն 30 մայիս 2025-ին ՀՕՄ-ի ընկերուհիներէն, գաղութի անդամներէն եւ ՀՕՄ-ի վարժարանի ծնողներէն ստացանք ուտելիքի նուիրատուութիւններ: North York Harvest Food Bank-ին յանձնեցինք շուրջ երեք հարիւր փաունտ ուտեստեղէն:


ՏՄԿ- Ի՞նչ սրտի խօսք կ’ուզէիք փոխանցել թորոնթոհայութեան եւ մեր սիրելի ընթերցողներուն։

Պասմաճեան- ՀՕՄ-ի ընկերային ծառայութեան գրասենեակը, իր յանձնախումբի կամաւոր անդամներով, ատենապետով ու քարտուղարով՝ միշտ «Ժողովուդիս հետ, ժողովուրդիս համար» նշանաբանով առաջնորդուելով՝ պատրաստ է իր ծառայութիւններով օժանդակելու բոլոր դիմորդներուն, առանց խտրականութեան։ Մեր ծանուցումներուն, ծրագիրներուն, ծառայութիւններուն եւ կամ տարած նուիրական աշխատանքին մանրամասնութիւնները իմանալու համար կրնաք հետեւիլ մեր Ֆէյսպուքեան էջին (ARS Social Services Office - Toronto), ինչպէս նաեւ որեւէ hարցով կրնաք դիմել մեզի։ Հայ կեդրոնի մեր գրասենեակին դուռը միշտ բաց է բոլորին առջեւ՝ անխտիր։ ֎


Այս զրոյցը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի նոյեմբեր 2025 (#219) թիւին մէջ:

Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

Արձակագիր, բանաստեղծ, մանկագիր, մանկավարժ. ծնած է Սուրիոյ Գամիշլի քաղաքը։ Հայերէն լեզու եւ գրականութիւն դասաւանդած է զանազան քաղաքներու մէջ ու հրատարակած զանազան գործեր, ներառեալ «Բուրաստան» (2018) մանկական բանաստեղծութիւններու հատորը։ Ներկայիս Թորոնթօ կ՚ապրի, ուր «Թորոնթոհայ» թերթի օգնական խմբագիրն է:

Previous
Previous

LCBO launches first-ever Armenian section in Ontario

Next
Next

Խաչբառ (թիւ #220)