ՀՕՄ-ի վարժարանի աշակերտ Յակոբ Կէօքշէնեան յաջողութեամբ ծառայեց որպէս խորհրդարանի օրէնսդրական սպասիկ

Յակոբ Կէօքշէնեանն ու խորհրդարանական Արիս Պապիկեան (լուսանկարը տրամադրած է Պապիկեանի գրասենեակը)

«​ԹՈՐՈՆԹՈՀԱՅ» – Թորոնթոհայ համայնքը հպարտութեան նոր առիթ մը ունեցաւ, երբ ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի Է․ դասարանի աշակերտ Յակոբ Կէօքշէնեան վերջերս աւարտեց իր ծառայութիւնը որպէս օրէնսդրական սպասիկ (page)՝ Օնթարիոյի օրէնսդիր ժողովին մէջ։ Յակոբը, որ կը ներկայացնէր Սքարպորօ-Էճինքորթ (Scarborough-Agincourt) ընտրատարածքը, յատկապէս ընտրուած էր այս խիստ մրցակցային ծրագրին համար՝ շնորհիւ իր ուսումնական բարձր առաջադիմութեան եւ համայնքային աշխուժ մասնակցութեան։

Ծրագիրը բաւական դժուարամատչելի է, որովհետեւ ամբողջ նահանգէն տարեկան միայն հարիւր յիսուն աշակերտներու պատիւը կը տրուի մասնակցելու անոր։ Խորհրդարանի՝ «Քուինզ փարք»-ի մէջ իր կեցութեան ընթացքին, Յակոբը ծառայեց որպէս պատգամաբեր՝ Օրէնսդիր պալատի դահլիճին մէջ, ուր ան իր օժանդակութիւնը բերաւ նահանգային երեսփոխաններուն եւ մօտէն հետեւեցաւ կառավարութեան աշխատանքներուն։ Իր ցուցաբերած կարգապահութեան ու պատասխանատուութեան շնորհիւ, ան նշանակուեցաւ Սպասիկներու պետ (page captain)՝ ստանձնելով Օնթարիոյի տարբեր շրջաններէն եկած սպասիկներու խումբին ղեկավարութիւնը։ Իր պաշտօնական պարտականութիւններու կողքին, Յակոբը առիթը ունեցաւ հանդիպելու Օնթարիոյի քաղաքական վերնախաւին հետ, յատկապէս՝ վարչապետ Տակ Ֆորտի եւ փոխնահանգապետին հետ։ Այս մտերմիկ հանդիպումները անոր առիթ տուին գործնականապէս հասկնալու օրէնսդրական գործընթացներն ու ժողովրդավարական համակարգի գործելակերպը։

​Յակոբին այս նուաճումը բարձր գնահատեց նաեւ Սքարպորօ-Էճինքորթի երեսփոխան Արիս Պապիկեան, որ Օնթարիոյի խորհրդարանի առաջին հայազգի անդամն է։ Ընկերային ցանցերու վրայ կատարած իր գրառման մէջ, Պապիկեան նշեց, թէ մեծ հաճոյք էր Կէօքշէնեան ընտանիքը հիւրընկալել «Քուինզ Փարք»-ի մէջ, աւելցնելով՝ «միշտ ոգեշնչող է տեսնել երիտասարդ գանատահայեր, որոնք իրենց ներդրումը կը բերեն հանրային կեանքին եւ կը կերտեն մեր նահանգի ապագան»։ ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանը եւս հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ մը, որուն մէջ տնօրէնութիւնը յայտնեց իր հպարտութիւնը այս առիթով:

​Օրէնսդրական սպասիկի ծրագիրը Է. եւ Ը. դասարանի այն աշակերտներուն համար է, որոնք ունին առաջնորդութեան տուեալներ։ Յակոբին համար այս փորձառութիւնը առիթ մըն էր լաւագոյնս ներկայացնելու իր դպրոցն ու համայնքը նահանգային մակարդակով։ ֍


Այս յօդուածն ու անոր անգլերէն տարբերակը լոյս տեսած են «Թորոնթոհայ»-ի մայիս 2026 թիւին մէջ:

Թորոնթոհայ/Torontohye

Թորոնթոհայ ամսագիրը թորոնթոհայութեան ձայնն է՝ 2005-էն ի վեր/ Torontohye is the voice of Toronto Armenians since 2005.

Previous
Previous

ARS Armenian Private School seventh grader Hagop Gokchenian successfully serves as Legislative page at Queen’s Park

Next
Next

Zoryan Institute launches Levonty Kazarian Award for Genocide Studies