«Բարի լոյս»-ի հրեշտակը (Իրմա Գապաքեան-Տէտէեանի անթառամ յիշատակին)
Իրմա Գապաքեան-Տէտէեան (լուսանկարը՝ Studio Alex-ի)
Իրմային ամոքիչ ու հոգեթով ձայնին ծանօթացած եմ զինք ճանչնալէս առաջ, տակաւին Լիբանանէն, երբ ամէն առաւօտ «Վանայ ձայն»-էն մեզի կը մաղթէր բարի լոյս՝ իր խոհական յայտագիրին ընմէջէն եւ ամէն գիշեր՝ երբ մեզ կ'օրօրէր իր «Քնարային» ասմունքային յայտագիրով:
«Բարի լոյս, «Վանայ ձայն»-էն...»
«Բարեւ սիրելինե՛ր, «Վանայ ձայն»-էն ձեզի հետ եմ «Քնարային» յայտագիրով...»
Թորոնթօ հաստատուեցաւ Իրման, եւ իմացայ որ պաշտօնակիցս պիտի ըլլար ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանին մէջ, իբր հայերէնի ուսուցիչ: Մեծ էր ուրախութիւնս, որովհետեւ վերջապէս պիտի հանդիպէի միգանոյշի ձայնին տիրոջը:
Ռատիոյի իր հաղորդումները ձգած էին վրաս այն տպաւորութիւնը, որ Իրման սակաւախօս, հանդարտ, ամչկոտ անձ մըն է: Մեծ եղաւ զարմանքս, երբ հանդիպեցայ վառվռուն, կեանքով լեցուն, համեստ, ժպտուն ու ընկերային Իրմային: Շուտ մտերմացանք: Մեր զրոյցի առանցքը կը կազմէր Լիբանանը, Ճեմարանը, ուրկէ շրջանաւարտ էի իր եղբօր՝ Վահագնին հետ եւ ուր ինք կը դասաւանդէր մինչեւ Գանատա հաստատուիլը, եւ անշուշտ՝ «Վանայ ձայն»-ը: Գանատա իմ հաստատուելէս ետք ան ունեցած էր «Բարի լոյս»-էն եւ «Քնարային»-էն զատ շարք մը այլ ռատիոհաղորդումներ, ինչպէս՝ «Գիրքիս հետ», «Պատմուածք», «Շաբթուան առակը», «Մենք», «Հին աստուածներ», որոնք կրնայի լսել «Վանայ ձայն»-ի SoundCloud-ի էջէն: Կը խօսէր ասմունք ձայնագրելու իր ծրագիրներուն մասին, ես ալ իմ կարգիս անոր թեքնիք բաժինին մասին գաղափարներ կը փոխանցէի, իբրեւ «Նոր հայ հորիզոն»-ի հաղորդավար:
Իրման շատ կը սիրէր քալել եւ դպրոց իր երթուդարձը հետիոտն էր: Ձմեռնային փոթորկոտ ու ձիւնոտ օդ մըն էր. առաջարկեցի զինք տուն հասցնել: Աննպաստ օդին պատճառով, հինգ վայրկեաննոց ճամբան տեւեց 20-25 վայրկեան, որու ընթացքին Իրման ծանօթացաւ երեք աղջիկներուս, հաճելի զրոյցներ ունեցաւ անոնց հետ, խնդաց ու խնդացուց: Այդ օրէն ի վեր միշտ կը հարցնէր իրենց մասին եւ կը խնդրէր, որ պատմէի անոնց չարաճճիութիւններուն մասին: Երբ գանգատէի, խիստ, բայց քրոջական նայուածքով ինծի կ'ըսէր. «Վայելէ իրենց մանկութիւնը, շուտ կը մեծնան»:
Իրման շատ լաւ տանտիկին էր. ուսուցչական մեր ընկերային հաւաքոյթներու ընթացքին միշտ պատրաստ էր իր ձեռագործ պատրաստութիւնները հրամցնելու. «Խաժակ, ասի ձեռքիս գործն է, գնա՛, կե՛ր՝ չվերջացած»:
Մեր ամէնօրեայ մտերմիկ խօսակցութիւններու ընթացքին էր, երբ անդրադարձայ, որ անհանգիստ էր: Ըսաւ. «Փորի ցաւ մըն է ճանս, բան մը չէ, պաղ առած ըլլալու եմ»: Երբ այս վիճակը տեւեց քանի մը օր, յանձնարարեցի, որ բժիշկի երթայ: Յաջորդ օրը յայտնեց, որ ժամադրութիւն առած է: Չհասաւ ժամադրութեան. արդէն անտանելի ցաւը զինք հասցուցած էր հիւանդանոցի շտապի բաժանմունքը: Եւ այդ օրէն տարբեր կեանք մը սկսաւ Իրմային համար:
Բայց Իրման մնաց միշտ լաւատես ու յուսալի:
Անցնող տարի, աշխատանքս փոխեցի: Ալ չէի դասաւանդեր ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանին մէջ: Ամէն առաւօտ նոր գործիս ճամբուն վրայ մտիկ կ'ընէի Իրմային յայտագիրները, որոնց թիւը կը թեւակոխէր տասը հազարը: WhatsApp-ով կը հաղորդակցէինք: Իր զաւկին՝ Հրակին միջոցով հաղորդ կը դառնայի իր առողջական վիճակին:
Վերջին անգամ երբ Հրակին հետ խօսեցայ, յայտնեց, որ արդէն վիճակը վատթարացած է:
Երկրէն դուրս էի, երբ Իրման գնաց դէպի յաւիտենականութիւն:
Չկրցայ նոյնիսկ յուղարկաւորութեան եւ թաղումի կարգերուն ներկայ գտնուիլ:
Իրման ֆիզիքապէս հեռացաւ, բայց մնացին իր հրեշտակային ձայնը, վարակիչ ժպիտը եւ յուսադրիչ խօսքերը:
Իրման ալ անցաւ է:
Հաստատ գիտեմ, որ Իրման հանգիստ չի ննջեր:
Իրման կը ճախրի եռանդուն:
Ա՜խ, Իրմա՛… ֎
Հանգուցեալ Իրմա Գապաքեան-Տէտէեանի յիշատակին գրուած «Բարի լոյս»-ի հրեշտակը» հրատարակուած է «Թորոնթոհայ»-ի յունուար 2025-ի (#209) թիւին մէջ. առցանց կը հրատարակենք Գապաքեան-Տէտէեանի քառասունքին առիթով: