ՀՄԸՄ-ի Թորոնթոյի մասնաճիւղի սկաուտները հայրենիքի մէջ. այցելութիւն «Զինուորի տուն» եւ պատրաստութիւն 13-րդ ընդհանուր բանակումին

«ԹՈՐՈՆԹՈՀԱՅ»--Համա-ՀՄԸՄ-ական 13-րդ ընդհանուր բանակումին մասնակցելու նպատակով հայրենիք ժամանած ՀՄԸՄ-ի Թորոնթոյի մասնաճիւղի սկաուտները, երեքշաբթի, 21 յուլիսի առաւօտեան այցելեցին Երեւանի «Զինուորի տուն» վերականգնողական կեդրոն։ Այս առիթով Թորոնթոյի պատուիրակութեան ընկերակցեցան Հայ օգնութեան միութեան (ՀՕՄ) Հայաստանի շրջանային վարչութեան անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետուհի Մարօ Քէշիշեանի, ինչպէս նաեւ՝ վարչութեան անդամներ Դանիա Պապօղլեանի եւ Հռիփսիմէ Նահապետեանի։

Սկաուտները, երեքշաբթի, 21 յուլիսի առաւօտեան այցելեցին Երեւանի «Զինուորի տուն» վերականգնողական կեդրոն (լուսանկարը տրամադրած է ՀՕՄ-ի Հայաստանի շրջանային վարչութիւնը)

Կեդրոնէն ներս սկաուտները մօտէն ծանօթացան հայրենիքի պաշտպանութեան սուրբ գործին ընթացքին վիրաւորուած հերոս զինուորներուն, անոնց տրամադրուող բարձրորակ բժշկական ծառայութիւններուն, ինչպէս նաեւ ուսումնական ու մասնագիտական վերականգնողական միջոցներուն։ Շրջայցի աւարտին երիտասարդ հիւրերը իրենց խոր հիացմունքն ու երախտագիտութիւնը յայտնեցին կեդրոնի պատասխանատուներէն Լիլիթին՝ տարուած նուիրական աշխատանքին համար։ Իբրեւ սկաուտական օրուան բարիք՝ անոնք սրտաբուխ փոքրիկ նուիրատուութիւն մը կատարեցին կեդրոնին։

Այս տպաւորիչ այցելութեան մասին ՀՕՄ-ի Հայաստանի շրջանային վարչութիւնը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ գնահատանքով յայտնեց. «Կեցցէ՜ ՀՄԸՄ-ը, որ տիպար քաղաքացիներ եւ հայրենասէր սերունդներ կը պատրաստէ»։

Նախքան Հայաստան մեկնիլը, շաբաթ, 18 յուլիսի երեկոյեան, ՀՄԸՄ Թորոնթոյի մասնաճիւղի երեսուն սկաուտ քոյրեր ու եղբայրներ, առաջնորդութեամբ ընդհանուր խմբապետին եւ պատասխանատուներուն, իրենց ուխտը նորոգեցին Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։

Եկեղեցւոյ կամարներուն ներքոյ անոնք ստացան հոգեւոր հովիւ տ. Տաթեւ աւ. քհն. Միքայէլեանի օրհնութիւնն ու բարեմաղթութիւնները։ Տէր հայրը իր պատգամին մէջշեշտեղ, որ բանակումի մը յաջողութեան հիմնական գրաւականը փոխադարձ գործակցութիւնն ու կարգապահ հնազանդութիւնն են։ Ապա ճամբորդութեան աղօթքով ան բարի երթ եւ ապահով վերադարձ մաղթեց արի-արենոյշներուն՝ իւրաքանչիւրին նուիրելով գրպանի փոքրիկ աղօթագիրք մը։

Նախքան Հայաստան մեկնիլը սկաուտ քոյրեր ու եղբայրները իրենց ուխտը նորոգեցին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։ (լուսանկարը տրամադրած է Ս. Աստուածածին եկեղեցին)

Նշենք, որ Թորոնթոյի մասնաճիւղի սկաուտները Հայաստան կը գտնուին ՀՄԸՄ Գանատայի շրջանի այլ մասնաճիւղերու եւ աշխարհի չորս ծագերէն ժամանած հազարաւոր քոյրերու եւ եղբայրներու հետ՝ մասնակցելու համար Համա-ՀՄԸՄ-ական 13-րդ ընդհանուր բանակումին։

Այս պատմական հաւաքը, որ համահայկական սկաուտական ամենամեծ իրադարձութիւնն է, տեղի պիտի ունենայ Բիւրականի բարձունքներուն՝ 24 յուլիսէն մինչեւ 2 օգոստոս, նոր աւիշով, եռանդով ու հայրենասիրական ոգիով տոգորելու հայ սկաուտութիւնը՝ հայրենի հողին վրայ։

«Թորոնթոհայ»-ը յառաջիկայ թիւերով պիտի անդրադառնայ բանակումի մանրամասնութիւններուն, յատկապէս Թորոնթոյի մասնաճիւղի սկաուտներուն աշխուժ մասնակցութեան:֍

Թորոնթոհայ/Torontohye

Թորոնթոհայ ամսագիրը թորոնթոհայութեան ձայնն է՝ 2005-էն ի վեր/ Torontohye is the voice of Toronto Armenians since 2005.

Previous
Previous

Keeping Artsakh’s intellectual fire burning: A living legacy with Toronto roots

Next
Next

Համազգայինի «Թեւածող երգեր» համերգը՝ հայ երգի եւ սերունդներու միասնութեան գեղեցիկ տօնակատարութիւն