Տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի Գանատայի շրջանի 27-րդ եւ ՀՕՄ-ի 103-րդ պատգամաւորական ժողովը «Ռուբինա» մասնաճիւղի մասնակցութեամբ

27-29 յունիս 2025-ին, Մոնթրէալի հայ կեդրոնի «Ահարոնեան» սրահէն ներս, տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի Գանատայի շրջանի 27-րդ եւ ՀՕՄ-ի 103-րդ պատգամաւորական ժողովը՝ մասնակցութեամբ ՀՕՄ-ի կեդրոնական վարչութեան Գանատայի ներկայացուցիչ Արմինէ Կարապետեանի, ՀՕՄ-ի ԱՄՆ-ի Արեւմտեան շրջանի շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Ռիթա Հինդլեանի, ՀՅԴ Գանատայի կեդրոնական կոմիտէի, «Հորիզոն» շաբաթաթերթի, Համազգայինի Գանատայի շրջանային վարչութեան, ՀՄԸՄ-ի շրջանային վարչութեան եւ ՀՅԴ Գանատայի պատանեկան միութեան Ընդհանուր վարիչ մարմինի ներկայացուցիչներու, ՀՕՄ-ի Գանատայի ութ մասնաճիւղերէ պատգամաւորներու եւ հիւրերու:

Ժողովի բացումը կատարուեցաւ ուրբաթ, 17 յունիսի, յետմիջօրէի ժամը 3:00-ին, ներկայութեամբ՝ Գանատայի Հայոց թեմի առաջնորդ տ․ Բաբգէն արք. Չարեանի, տ․ Յակոբ վրդ. Եագուպեանի, Գանատայի Հայոց թեմի ազգային վարչութեան ներկայացուցիչ Ծովիկ Թերզեանի, պատկան մարմիններու եւ քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներու եւ ժողովականներուն:

Գանատայի, Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՕՄ-ի օրհներգներու ունկնդրումէն ետք, ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին յիշատակը մեզմէ առյաւէտ բաժնուած ՀՕՄ-ի ընկերուհիներուն, բարերարներուն, ինչպէս նաեւ Արցախի բռնի պարպումի օրերուն պայթումի հետեւանքով մահացած հայորդիներուն: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՕՄ-ի Գանատայի շրջանային վարչութեան ատենապետ Լուսին Ժամկոչեան:

Իր օրհնութեան աղօթքն ու յաջողութեան բարեմաղթանքները փոխանցեց Սրբազան հայրը, որմէ ետք հերթաբար խօսք առին միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները։ ՀՅԴ Գանատայի կեդրոնական կոմիտէի անունով խօսք առաւ Հրակ Տարագճեան:

Ժողովը ընթացաւ Կեդրոնական վարչութեան զեկոյցի ընթերցմամբ, Շրջանային վարչութեան երկամեայ նիւթաբարոյական տեղեկագրի ներկայացմամբ, յառաջիկայ վարչութեան ի գործադրութիւն առաջարկներու եւ թելադրանքներու բանաձեւմամբ եւ նիւթական նախահաշիւի պատրաստութեամբ:

Ժողովի երեք օրերուն ընթացքին, Գանատայի տարբեր շրջաններէ ժամանած պատգամաւորները քննարկման բովէ անցընելով Շրջանային վարչութեան նախորդ երկամեակի գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ կրթական, առողջապահական, ընկերային եւ բարեսիրական ծրագիրներուն վարչութեան կատարած ներդրումներուն ու իրագործումներուն ընդհանուր գնահատականն ու հաշուետուութիւնը կատարելէ ետք, զայն համարեցին գերգնահատելի:

Շաբաթ, 28 յունիսի երեկոյեան Մոնթրէալի հայ կեդրոնի ՀՄԸՄ-ԿԱՄՔ մարզասրահին մէջ, հոգեւոր հայրերու, քաղաքական գործիչներու, ժողովին մասնակցող պատգամաւորներու, ՀՕՄ-ուհիներու, բարերարներու եւ հիւրերու ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի 115 եւ Գանատայի անկախ շրջան դառնալուն 35-ամեակներուն նուիրուած արժանավայել հանդիսութիւնն ու ճաշկերոյթը:

Ապա, կիրակի, 29 յունիսին, ժողովի աւարտին ընտրուեցաւ հետեւեալ անդամներէ կազմուած ՀՕՄ-ի Գանատայի շրջանային նոր վարչութիւնը. Մոնթրէալէն՝ Լիւսի Շահինեան, Անի Թաշճեան, Մարի Հալաճեան, Լաւալէն՝ Ազգանոյշ Հատիտեան, Սիւզի Պոյամեան, Քրիստին Աֆարեան, Թորոնթոյէն՝ Մարալ Միսիրլեան, Վարդուկ Պարտագճեան եւ Արաքսի Փիլաւճեան:

Աւարտին հնչեցին նաեւ գնահատանքի խօսքեր նախկին վարչութեան հասցէին՝ ժողովին մասնակցող հիւրերուն եւ պատգամաւորներուն կողմէ, ինչպէս նաեւ բարեմաղթութիւններ՝ նորընտիր վարչութեան:֎


Սոյն թղթակցութիւնը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի օգոստոտ 2025 (#216) թիւին մէջ:

Թղթակցութիւնն ու լուսանկարը տրամադրած է ՀՕՄ-ի շրջանային վարչութիւնը:

Թորոնթոհայ/Torontohye

Թորոնթոհայ ամսագիրը թորոնթոհայութեան ձայնն է՝ 2005-էն ի վեր/ Torontohye is the voice of Toronto Armenians since 2005.

Previous
Previous

Ancient Armenian churches shine in AECT lecture

Next
Next

Ուշադրութի՜ւն ՀՕՄ-ի ամենօրեայ վարժարանի շրջանաւարտներ, նախկին աշակերտներ. «Շրջանաւարտներու երեկոյթ»՝ 23 օգոստոսին