«Սրտաբուխ բանաստեղծութիւններ». Թորոնթոհայ հարիւրամեայ բանաստեղծ Գրիգոր Հոթոյեանի նոր հատորը
Թորոնթոյի մէջ վերջերս լոյս տեսաւ հարիւրամեայ Գրիգոր Հոթոյեանի նոր հատորը՝ «Սրտաբուխ բանաստեղծութիւններ» խորագրով։
Ծնունդով հալէպահայ (5 օգոստոս 1925), արմատներով սասունցի Հոթոյեանը ուսումը ստացած է Հալէպի ազգային Սահակեան վարժարանին մէջ, ապա հետեւած է հայագիտական դասընթացքներու։ Աշխատած է որպէս գրաշար, խմբագիր, ուսուցիչ եւ տնօրէն՝ Սուրիոյ եւ Գանատայի մէջ։ Իր ստեղծագործական կեանքով՝ ան կը շարունակէ հարստացնել սփիւռքահայ գրականութիւնը։
Անոր բազմամեայ ծառայութիւնը՝ կրթական, գրական եւ ազգային ոլորտներուն մէջ արժանացած է մեծ գնահատանքի։ 1984-ին Մեծի տանն Կիլիկիոյ Գարեգին Բ. կաթողիկոսը զինք պարգեւատրեց «Գիր օրհնութեան եւ գնահատաց» յուշաթուղթով, իսկ 2005-ին արժանացաւ «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանին։
Հատորը բազմաբովանդակ է՝ ներառելով հոգեւոր, ընտանեկան, սիրային եւ հայրենասիրական թեմաներ։ Գրականութիւնը ազատ ոճով, ժամանակակից շունչով ու նորարարական կառուցուածքներով շարադրուած է։ Ընթերցողը կը յայտնաբերէ տողեր, որոնք մօտ են իր հոգեկան աշխարհին եւ զգացական թրթիռներուն։
Պատկերազարդ հատորը երկու հարիւր ութ էջ ունի, պարունակելով՝ ընտանեկան եւ ազգային կեանքէն պատկերներ, յուշեր, տօնակատարութիւններու պահեր, հայ ազգային գործիչներու պատկերներ եւ նշանաւոր հայորդիներու հետ նկարներ։ Յատուկ յուզական արժէք ունի հեղինակին մօր պատկերը եւ անոր նուիրուած բանաստեղծութիւնը, որ կը փոխանցէ մօր տառապանքը։ Եղեռնին նուիրուած բանաստեղծութիւններուն մէջ կը նկատենք վերակենդանացած հայու ոգին, որ մոխիրներուն խորքէն դուրս գալով դէպի լոյս կը ճախրէ։
«Սրտաբուխ բանաստեղծութիւններ»-ուն բանաստեղծութիւնները խմբուած են հետեւեալ բաժիններու տակ՝ «Հայրենական եւ ազգային-յեղափոխական», «Եղեռնի հետքերով պատգամ հայութեան», «Մշակութային եւ կրօնական», «Սրտայոյզ խոկումներ», «Սիրային խռովքներ» եւ «Մաղթանքներ եւ ձօներ»:
Հատորին մեկենասութիւնը ստանձնած են հեղինակին դուստրը՝ Անի Հոթոյեան Ժոլին եւ անոր ամուսինը՝ Մայքըլ Ժոլին։ Արուեստագիտուհի Մարիա Թեւեանց պատրաստած է կազմի խորապատկերը, ուր պատկերուած է Արարատ լեռը, Հայաստանի բնութենէն տեսարան մը եւ հեղինակին դիմանկարը։ Գիրքի գրաշարութիւնն ու սրբագրութիւնը կատարած է Եփրեմ Թոքճեանը։
Փոխան յառաջաբանի, բժիշկ Օհան Թապաքեան կը նկարագրէ հատորին մէջ տեղ գտած բանաստեղծութիւնները եւ բարձրագոյն կերպով կը բացայայտէ հեղինակին ներաշխարհը. «Գրիգոր Հոթոյեան արուեստագէտ մըն է, որ յաջողած է իր գրութիւններուն միջոցաւ մեր աչքերուն առջեւ բերել դէպքեր հայ պատմութենէն եւ հայ մեծ մտաւորականներու կեանքէն՝ ընթերցողը մղելով յուզուելու եւ սուզուելու իր գծած տեսարաններուն խորքը։ Անոր ստեղծագործութիւնը յստակ արտացոլումն է հայ ժողովուրդի հոգեմտաւորական ապրումներուն եւ բիւրեղացած զգացումին…»։
Յիշենք հատորին մէջ տեղ գտած «Հայաստան» խորագիրը գրող նախաբանային բանաստեղծութիւնը․
Հայաստան
Գրիգոր Հոթոյեան
Ազատատենչ ողջ հայութեան խրոխտ կամքով,
Սարդարապատի յաղթանակով,
Հնադարեան հայոց երկիր դարձար ազատ,
Դարձար անկախ՝ փառքով հրազարդ։
Ազատութեան սէրը ըրած հզօր վահան,
Դարձար կրկին Մայր Հայաստան,
Որդիներուդ սուրբ արիւնով դիւցազնական
Դարձար հայրենիք ողջ հայութեան։
Նուիրական իմ հայրենիք եդեմական,
Հայաստան աշխարհ՝ տուն քաջութեան,
Հազար ողջո՜յն քու մայիսեան անկախութեան
Եւ մարտիկներուդ հերոսական։
Հայաստան, Հայաստան, երկիր լուսաշող, երկիր նայիրեան,
Եռագոյն դրօշով ոգեղէն կամուրջ ամբողջ հայութեան,
Արեւաշող, բորբ հայրենիք՝ Վահագնածին Հայաստան,
Անզուգական ին հայրենիք, վերածնեալ Հայաստան։
Սոյն նորատիպ հատորը եւ հեղինակին նախկին տասնչորս հատորները թուայնացուած տարբերակով կրնաք ձեռք բերել եւ ներբեռնել մեկնաբանութիւններուն մէջ տեղադրուած յղումով:
Գրիգոր Հոթոյեանի «Սրտաբուխ բանաստեղծութիւններ» հատորը յայտնի ապացոյց մըն է, որ հայ բանաստեղծութիւնը կ’ապրի եւ կը շնչէ ո՛չ միայն հայրենիքի սահմաններուն մէջ, այլ նաեւ սփիւռքի բազմալեզու միջավայրէն ներս։ Անոր պանծալի տողերը կամուրջ են սերունդներու միջեւ, յուշի ու յոյսի, սէրի ու պայքարի։ Հեղինակը իր տողերով կը յուշէ մեզի, թէ հայ կեանքը միշտ կ’ունենայ շարունակութիւն, երբ լեզուն, գրականութիւնը եւ յիշողութիւնը կը դառնան անմար լոյս՝ սերունդներուն ճամբուն վրայ։ ֎
Այս գիրքի ակնարկը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի սեպտ. 2025 (#217) թիւին մէջ: