Գիւմրէին՝ Թորոնթօ. գիտութիւնով զինուելու, հայրենիք վերադառնալու եւ անոր օգտակար ըլլալու նպատակով

«ԹՈՐՈՆԹՈՀԱՅ»--Քսաներկուամեայ Գիւմրեցի Աբրահամ Համբարձումեանը վաղուց նշագծած էր ճամբայ մը լի մտաւոր հետաքրքրութիւնով, յամառութիւնով եւ յստակ նպատակներով. իսկ այդ ճամբան շուտով պիտի զինք տանի Հայաստանի երկրորդ ամենէն մեծ քաղաքէն դէպի աշխարհի լաւագոյն համալսարաններէն մէկը:

Աբրահամ Համբարձումեան

Այս աշնան, Համբարձումեանը պիտի սկսի իր բարձրագոյն ուսումը Թորոնթոյի համալսարանի (University of Toronto) կենսագիտութեան ճիւղէն ներս՝ մասնագիտանալու նեարդաբանութեան (neuroscience) բնագաւառին մէջ։ Անոր կեդրոնացումը պիտի ըլլայ՝ նեարդային այլասեռիչ (neurodegenerative) հիւանդութիւնները, ինչպէս Ալզհայմըրը, որոնք ազդած են իր սեփական ընտանիքին վրայ եւ ցարդ Հայաստանի մէջ թերուսումնասիրուած եւ սխալ հասկցուած են: Ան որոշած է այս մեծ քայլը առնել լուծելու համար իր հայրենիքի բժշկական բնագաւառի արդիական բաց մը։

«Երբ փոքր էի, յաճախ էի կասկածի տակ դնում այն ամէնը, ինչ սովորական էր թւում։ Ուղեղի բարդ կառուցուածքը, յիշողութեան անսպասելի կորուստները, եւ հիւանդութիւններ, որոնք կամաց-կամաց խլում են մարդուն ինքն իրենից՝ վաղուց արդէն դարձել էին իմ հետաքրքրութեան հիմնական առանցքը։ Ես ինքս ականատես եմ եղել, թէ ինչպէս է դեմենցիան (մտագարութիւն) ներթափանցում ընտանիքներ՝ ոչ միայն վշտացնելով, այլ նաեւ խեղելով իրականութիւնը։ Եւ հենց այդտեղից սկսուեց իմ ճանապարհը դէպի նեյրոգիտութիւն (նեարդաբանութիւն)», կ’ըսէ Աբրահամը:

Ցաւօք, Գիւմրիի մէջ քիչ են հնարաւորութիւնները. ըստ Աբրահամին, չկան տարրալուծարաններ, սարքաւորումներ եւ մասնագէտ մենտորներ։ «Սակայն հետաքրքրասիրութիւնս չմարեց դժուարութիւնների պատճառով։ Գիտէի, որ պէտք էր ելք գտնել», կը պատմէ երիտասարդը:

Ըստ Աբրահամին, այսօր Հայաստանի մէջ Ալզհայմըրի հիւանդութիւնը եւ այլ նեարդային այլասեռիչ հիւանդութիւններ յաճախ սխալ ախտորոշում կը ստանան կամ բոլորովին կ’անտեսուին: «Չկան ազգային սքրինինգային (ստուգման) ծրագրեր, առաջնային բուժօգնութեան մասնագէտների համար նախատեսուած վերապատրաստումներ եւ շատ ցածր է հանրային իրազեկուածութեան մակարդակը։ Համաշխարհային մակարդակով իրականացւում են վաղ յայտնաբերմանը, կենսամարկերների (կենսանշանակող – biomarker) բացայայտմանը եւ խնամքի նորարարութեանն ուղղուած լայնածաւալ նախաձեռնութիւններ, սակայն Հայաստանը յետ մնալու վտանգի տակ է», կ’ահազանգէ ան:

Աբրահամը իր պատանեկան տարիներուն իսկ սկսած է ինքնուրոյն սորվիլ ուղեղի եւ նեարդական վիճակներու մասին։ Անոր գերմաներէնի իմացութիւնը նաեւ հնարաւորութիւն բացած է՝ Գերմանիոյ մէջ անցնելու Կամաւորական տարի մը (Voluntary social year), երբ աշխատած է ծերանոցի մը մէջ, որ մասնագիտացած էր մտագարութեան խնամքի ուղղութեամբ։ Ան առիթը ունեցաւ աշխատելու համաշխարհային մակարդակի բժիշկներու եւ հոգեբաններու կողքին ու այնտեղ գործնական փորձ ձեռք ձգեց:

Հայաստան վերադառնալը, սակայն, նոր մարտահրաւէրներ բերած է Համբարձումեանին եւ անոր ընտանիքին համար:

«Հայաստան վերադառնալուց յետոյ, հայրիկիս մօտ ողնաշարի ճողուածք ախտորոշուեց, եւ նա այլեւս չէր կարողանում աշխատել։ Ես ստիպուած էի ժամանակաւորապէս յետաձգել իմ պլանները (ծրագիրները) եւ կեդրոնանալ աշխատելու ու ընտանիքիս աջակցելու վրայ», կ’ըսէ ան:

Գերմաներէնի իմացութիւնը կրկին օգտակար եղաւ, ու այս անգամ Աբրահամին առիթը տուաւ մուտք գործելու բարձր պահանջարկ ունեցող աշխատաշուկայ։ «Հեռաձայնի կեդրոնի օպերատորից (սպասարկող) մինչեւ գրաֆիկ դիզայներ (graphic designer), ապա՝ ձայնային բոտերի (voice bots) մշակող։ Աշխատանքն ու ուսումը համատեղելը դժուար էր, բայց ես պահպանեցի բարձր ակադեմիական առաջադիմութիւն», կ'ըսէ Աբրահամը: Ան աւարտեց Հայաստանի կենսաբանական տեղեկատուութեան հիմնարկի (Armenian Bioinformatics Institute - ABI) մասնիկային կենսաբանութեան (molecular biology) վեցամսեայ դասընթացքը եւ կենսաբանական տեղեկատուութեան եռամսեայ առցանց դասընթացքը՝ համաշխարհային ճանաչում ունեցող European Bioinformatics Institute (EMBL-EBI) ուսումնական կեդրոնէն:

Համբարձումեանը նաեւ երկու անգամ փորձաշրջան անցուցած է Հայաստանի COBRAIN կեդրոնին մէջ, ուր ներդրում ունեցած է Ալզհայմըրի ուսումնասիրական ծրագիրներուն մէջ:

Երիտասարդ գիւմրեցին անհամբեր է շարունակելու ուսումը Թորոնթոյի մէջ, սակայն օտարերկրացի ուսանողներու համար կրթաթոշակներն ու ամէնօրեայ ծախսերը խիստ ծանր են եւ անոր ընտանիքին նիւթական հնարաւորութիւններէն դուրս:

Աբրահամին դժուար կացութեան մասին լսելէ ետք, ամերիկահայ երիտասարդ Փրենի Ալավերդեանի մտքին մէջ գաղափար մը ծագեցաւ. հսկայ բացը լրացնելու համար, Փրենին որոշեց GoFundMe առցանց հարթակին միջոցով նուիրահաւաք մը նախաձեռնել (յղումը՝ մեկնաբանութիւններուն մէջ):

«Աբրահամին հետ առաջին անգամ ծանօթացած եմ 2016-ին, երբ ան 13 տարեկան էր ու կը մասնակցէր որպէս պատանի՝ Հայ երիտասարդական դաշնակցութեան Գիւմրիի ճամբար ծրագրին։ Ան փայլուն երեխայ էր ու նոյնիսկ այդ օրերուն կը բարձրաձայնէր բժիշկ դառնալու եւ Հայաստանի բժշկական ոլորտին օգնելու մասին իր երազները», կը պատմէ Փրենին:

Վերջին ինը տարիներուն ընթացքին, երկուքը կապ պահած են եւ կիսուած իրենց յաջողութիւններով: «Երբ ան վերջերս ինծի յայտնեց Թորոնթոյի համալսարան ընդունուելու մասին, չափազանց հպարտացայ», կ’ըսէ Փրենին:

Ներկայ գնահատումներու համաձայն՝ Թորոնթոյի համալսարանի տարեկան կրթաթոշակը կը գերազանցէ 61 000 գանատական տոլարը: Նուիրահաւաքը սահմանած է 20 000 ամերիկեան տոլարի (մօտաւորապէս 27 000 գանատական տոլար) թիրախ մը, որ պիտի օգնէ ծածկելու այս ծախսերուն մէկ մասը:

Թէեւ Աբրահամն անհամբեր կը սպասէ աշնան, ան չի ծրագրեր Հայաստանը մշտական լքելու մասին: «Համոզուած եմ՝ կրթութիւնը [Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունեցող] բացը լրացնելու միակ բանալին է։ Թորոնթոյի համալսարանում, որն առողջապահական գիտութիւնների հետազօտութիւնների ոլորտում աշխարհում երկրորդն է, նեյրոգիտութիւն (նեարդաբանութիւն) ուսումնասիրելը ինձ կը տայ այն գործիքները, պատրաստուածութիւնը եւ մենտորական աջակցութիւնը, որոնք անհրաժեշտ են հայրենիք վերադառնալու եւ այստեղ նոր հնարաւորութիւններ ստեղծելու համար»։

Աբրահամը կը հաւատայ, որ կրթութիւն ստանալու հնարաւորութիւնը երբեք պէտք չէ սահմանափակուի մարդու վճարունակութեամբ։ «Ուստի դիմում եմ ձեզ՝ խնդրելով ձեր աջակցութիւնը։ Ցանկացած նուիրատուութիւն, անկախ չափից, ինձ մօտեցնում է իմ նպատակին եւ այն ապագային, որտեղ մեր երկրում ոչ ոք դեմենցիայի (մտագարութեան) առաջ մենակ չի մնայ՝ առանց ըմբռնման, աջակցութեան ու խնամքի»: ֎

***

Այս յօդուածը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի յուլիս 2025 (#215) թիւին մէջ:

Թորոնթոհայ/Torontohye

Թորոնթոհայ ամսագիրը թորոնթոհայութեան ձայնն է՝ 2005-էն ի վեր/ Torontohye is the voice of Toronto Armenians since 2005.

Previous
Previous

Eight questions for Don Valley North's newly elected MPP Jonathan Tsao

Next
Next

Armenia on display at Carassauga