Արդարութեան կշիռքը

Արդարութեան կշիռքը` 
ծուռ առյաւէտ, 
դաւադիրներու դրամատուն է դարձած, 
որ դիզուած ղուրուշներէն ծանրացած`
իր նժարը մինչեւ դժոխք է հասած,
իր զոյգէն մղոններ հեռացած 
եւ պառակտուած։ 

Կշիռքն է կարծես վերելակ դարձած`
իսկ մեր սրբութիւնները առուծախ, 
սակարկութեամբ բանող այս վերելակը նենգ,
դեւերու ճանապարհի է վերածուած,
դժոխքէն դէպի վեր,
դէպ մեր հայրենի բարձրաւանդակ։

Դեւերը նիւթապաշտներու կռնակը հեծած`
ազատ մուտքի եւ վայելքի
բարիքներով են շնորհուած,
մինչ արդարն ու հայրենաբաղձը`
փշաթելերով են հեռացուած։

Մհերի դուռը բախեցէ՛ք,
իր Կայծակէ թուրն է պէտք,
ղուրուշները դէպի անդունդ ղրկենք,
արդարութեան կշիռքը փրկելով՝
մեր հարազա՛տ հնոցէն ծնած
մաքրաձո՛յլ նժարին`
միացեալ հայրենիքը զետեղենք`
իր աժէքներով պապենի։

Րաֆֆի Սարգիսեան

ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի տնօրէն, Սառա Քորնինկ ցեղասպանութեանց ուսուցման կեդրոնի հիմնադիր, կրթական ոլորտի մասնագէտ եւ «Խոկացող կռունկ» բանաստեղծութիւններու հատորի համահեղինակ։ Ցեղասպանութեան դասաւանդման մասին իր ուսումնասիրութիւնը լոյս տեսած է Քալկըրիի համալսարանի հրատարակչատան հրատարակութեան մէջ:

Previous
Previous

ՀՕՄ-ի վիթխարի առաքելութիւնը. հարցազրոյց՝ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Նայիրի Տէրտէրեանին հետ

Next
Next

Armenia’s Honourary Consul in Ontario Van Lapoyan resigns