Վե՛րջ:

Վերջը կը տեսնեմ,

ուր գունատ դէմքերով

խաւարին գովաբան`

թափառական Էակներ

իրենց հոգիներն դագաղի յանձնած,

դատարկ, լիրբ, ցնորած եւ ցաւագին,

կը շրջին անտէր,

մեր վախճանը կը տեսնեմ…

Վե՛րջ։

Վերջը կը տեսնեմ,

անցեալէն անգիտացած

եւ անգիտակից գալիքէն,

շռայլ խոստումներով գինովցած,

քալող մեռելներ կը տեսնեմ,

Ամէն օր մատնաչափ մը եւս`

կամովի՛ն, կ’իջնեն գերեզման,

մեր վախճանը կը տեսնեմ…

Վե՛րջ։

Վերջը կը տեսնեմ,

պարանները կապած ոտքերուն`

իրենց ձեռքով խարիսխներ

ծովը կը նետեն,

ծովամոյն` ազատիչ դանակը ձեռքին՝

ինքզինքին կը խոցեն,

մեր վախճանը կը տեսնեմ…

Վե՛րջ։

Վերջը կը տեսնեմ,

կռնակին լարը կախ`

քնէած Խամաճիկներ,

երերալով կը քալեն

այս կրկէսէն սպանդանոց…

Վե՛րջ։

Ոտքի՛,

անհա՛շտ հայորդիք,

ոտքի՛,

տեւակա՛ն գաղափարին յարածներ,

ոտքի՛։

Երանի՜,

մղձաւանջ մ’ըլլար եւ արթննայինք,

երանի՜.

Բայց ո՛չ, բա՛ց աչքով է

որ մեր վերջը կը տեսնեմ

եւ դու՛ք ալ կը տեսնէք։

Կը տեսնէ՛ք,

կրակի օղակն բորբոք եւ հեղձուցիչ,

որ դաւադիրներն կը բռնկեցնեն։

Նախքան շնչահեղձ,

մեր ցասումն վերածենք պայքարի,

Վե՛րջ տանք կրակին,

Վե՛րջը դնենք, մեր վախճանին։

«Վե՛րջ» (թուային. գործ՝ Ռ. Աբի)

Րաֆֆի Սարգիսեան

ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի տնօրէն, Սառա Քորնինկ ցեղասպանութեանց ուսուցման կեդրոնի հիմնադիր, կրթական ոլորտի մասնագէտ եւ «Խոկացող կռունկ» բանաստեղծութիւններու հատորի համահեղինակ։ Ցեղասպանութեան դասաւանդման մասին իր ուսումնասիրութիւնը լոյս տեսած է Քալկըրիի համալսարանի հրատարակչատան հրատարակութեան մէջ:

Previous
Previous

Օնթարիոյի գանատահայ բժշկական ընկերակցութիւնը (ACMAO)` 35 տարեկան․ հարցազրոյց

Next
Next

Սուրէն Չէքիճեանի «Անաւարտ դիմանկար»-ի հիանալի ներկայացումը տեղի ունեցաւ Թորոնթոյի մէջ