Նարեկի դռները բացուեցան...

Թորոնթոհայութիւնը իր ապագայի նոր տունը կերտեց

«ԹՈՐՈՆԹՈՀԱՅ»—Կան օրեր, որոնք կ’անցնին աննշմար, ուրիշներ, որոնք կը մնան իբրեւ յիշողութիւն. իսկ կան հազուագիւտ պահեր, որոնք պատմութիւն կը կերտեն։ 20 սեպտեմբեր 2026-ը ճիշտ այդպիսի՛ թուական մըն էր Թորոնթոյի հայ համայնքին համար։ 211 Consumers Road հասցէի վեհաշուք շէնքի պաշտօնական բացումով՝ նոր ու լուսաւոր էջ մը արձանագրուեցաւ տեղւոյն հայութեան կրթական, մշակութային եւ ազգային կեանքի տարեգրութեան մէջ։

Նարեկ հայ կրթական եւ մշակութային կեդրոնի հանդիսաւոր բացումը դարձաւ տասնամեակներու հաւատքին, աշխատանքին, նուիրումին, բարերարութեան եւ կազմակերպուածութեան տեսանելի մարմնացումը։ Օրուան խորհուրդը սկսաւ եկեղեցիէն, ապա՝ Հայ կեդրոնի շրջափակէն հասաւ Նարեկ հայ կրթական եւ մշակութային կեդրոնի նոր շէնքը։

Օրը սկսաւ օրհնութեամբ

Նարեկի պատմական օրը իր առաջին շունչը առաւ Ս. Աստուածածին Հայց. առաք. եկեղեցւոյ մէջ։ Սուրբ պատարագի ընթացքին տեղի ունեցաւ չորս ՝ Գանատայի, Հայաստանի, Արցախի եւ Օնթարիոյի դրօշներու օրհնութիւնը։ Նաեւ օրհնուեցաւ սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի սրբապատկերը, որ Գանատայի Հայոց թեմի առաջնորդ՝ տ. Բաբգէն արք. Չարեանի նուէրն էր Նարեկ կեդրոնին։ Սուրբ Նարեկացիի անունը պիտի դառնայ նոր կեդրոնի անունը, իսկ Նարեկի ոգին՝ անոր խորհուրդը։

Ժամը մէկի մօտ համայնքը հաւաքուեցաւ Հայ կեդրոնի շրջափակը։ Այստեղ այլեւս ոչ միայն հանդիսութեան մը մասնակիցներ կային, այլ այստեղ ամբողջ համայնքն էր՝ ՀՕՄ-ի ամենօրեայ վարժարանի տնօրէնութիւն, դպրոցականներ, ուսուցիչներ, ծնողներ, հոգեւոր դասը, ՀՕՄ-ի ընկերուհիներ, ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչներն ու փողերախումբը, կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ անդամներ, բարերարներ ու նուիրատուներ, համայնքի պատասխանատուներ, պետական մարմինի ներկայացուցիչներ, քաղաքական գործիչներ եւ ամենէն կարեւորը՝ հազարաւոր սրտեր, որոնք միակամ նոյն ուղղութեամբ պիտի շարժէին։

Տողանցքը սկսաւ եւ այդ պահուն Consumers Road-ի փողոցին վրայ կարծէք մէկ պահ կանգ առաւ առօրեան։ ՀՄԸՄ-ի փողերախումբի հնչիւնները կը շեշտադրէին երթի հանդիսաւորութիւնը։ Մարդիկ կը շարժէին դէպի նոր կեդրոն, բայց իրականութեան մէջ այդ երթը շատ աւելի խոր իմաստ ունէր՝ եկեղեցիէն դէպի դպրոց, անցեալէն դէպի ապագայ, յիշողութենէն դէպի նոր յիշողութիւն եւ հաւատքէն դէպի գործ։

Տարբեր սերունդներ՝ մէկ տողանցքի մէջ: Այդ էր այս քայլերթին ամենէն գեղեցիկ տեսարանը, որ ոչ միայն տարածութիւն կը հատէր, այլ՝ սերունդներ կը միացնէր։

Երբ տողանցքը հասաւ Նարեկ կեդրոնի դէմը, այլեւս կարելի չէր չզգալ օրուան մեծ խորհուրդը՝ Նարեկը սպասած էր իր ժողովուրդին, եւ ժողովուրդը եկած էր։

Նարեկի սեմին` պատմութեան նոր էջ մը

Նոր կեդրոնի սեմին, ընդարձակ վրանի տակ, սկսաւ պաշտօնական հանդիսութիւնը։

Բեմը պատրաստ էր, ներկաները իրենց տեղերը գրաւած էին, օրհնուած դրօշները բարձրացած էին, սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի օրհնուած պատկերը բեմի կեդրոնին հանգչած կը հսկէր պատմութեան ականատես հայորդիներուն:

Հանդիսավարութիւնը ստանձնեց Թալին Սարգիսեան Մուշեանը։ Ան առաջին իսկ խօսքերով օրուան տուաւ ոչ միայն պաշտօնական, այլեւ անձնական երանգ։ Ան յիշեցուց, որ ինք Թորոնթոյի հայ կեդրոնի հիմնադիր անդամներէն մէկուն դուստրն է, ծնած ու մեծցած է այս համայնքին մէջ, ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի շրջանաւարտ է եւ այսօր՝ նաեւ ծնող։ Այս արտայայտութեան մէջ կարծէք ամփոփուած էր համայնքի ամբողջ ճանապարհը՝ հիմնադիր սերունդ, դպրոց, աշակերտ, ծնող եւ հիմա՝ նոր սերունդ։

Թալին Մուշեան մեծ ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ ողջունեց ներկաները, Նարեկ հայ կրթական եւ մշակութային կեդրոնի պաշտօնական բացման առիթով։

Գանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգերը հնչեցին, եւ համայնքը, որ քիչ առաջ միասին քայլած էր դէպի Նարեկ, հիմա միասին կանգնած էր անոր առջեւ։

Տասնամեակներու ճանապարհը՝ մէկ նոր հասցէի մէջ

Հանդիսավարին խօսքին մէջ Նարեկի պատմութիւնը միացաւ Թորոնթոյի հայ կեդրոնի պատմութեան՝ վաթսուն տարի առաջ՝ 18 Dupont Street-ի փոքր ու համեստ պայմաններէն, մինչեւ 45 Hallcrown Place-ի ներկայ կեդրոնը, ապա՝ 50 Hallcrown Place-ի Հայ երիտասարդական կեդրոնը եւ այսօր՝ 211 Consumers Road-ի Նարեկը։

Այս ճանապարհը միայն անշարժ գոյքերու կամ շէնքերու պատմութիւն չէ, այլ՝ համայնքի աճին պատմութիւնը, եւ Նարեկը այդ պատմութեան նոր էջն է, նոր կեդրոնը, ուր պիտի շարունակուին կրթութիւնը, դաստիարակութիւնը, մշակոյթը, ստեղծագործութիւնը եւ համայնքային ծառայութիւնը։

Եւ ինչպիսի՜ խորհրդանշական զուգադիպութիւն․ հանդիսավարը յիշեցուց, որ այս պատմական օրը կը զուգադիպի Հայաստանի անկախութեան 35-ամեակի նախօրեակին։

Հանդիսութեան ներկայ էին պետական մակարդակի ներկայացուցիչներ, որոնց շարքին՝ Դաշնակցային խորհրդարանի Ուիլոուտէյլի ընտրատարածքի պատգամաւոր Ալի Էհսասի, Օնթարիոյի խորհրդարանի անդամներ՝ Սքարպորօ-Էյեճընթքորթի ընտրատարածքէն պատգամաւոր Արիս Պապիկեան եւ Տան Վալի հիւսիսի պատգամաւոր Ճանըթըն Ցաու, ինչպէս նաեւ Թորոնթոյի քաղաքային խորհուրդի անդամներ Շելլի Քերոլ եւ Նիք Մանթաս։

Հանդիսավարը անոնց շնորհակալութիւն յայտնեց համայնքի այս կարեւոր օրը իրենց ներկայութեամբ պատուելու եւ յատուկ շնորհակալութիւն փոխանցեց Արիս Պապիկեանին՝ Օնթարիոյի նահանգապետ Տակ Ֆորտի շնորհաւորական պատգամը բերած ըլլալուն համար:

Հանդիսութեան ընթացքին ընթերցուեցաւ նաեւ նահանգապետի շնորհաւորական պատգամը։ Թալին Մուշեան ընդգծեց Գանատայի, Օնթարիոյի եւ Թորոնթոյի քաղաքային իշխանութիւններուն հանդէպ համայնքի երախտագիտութիւնը՝ տարիներու ընթացքին անոնց ցուցաբերած քաջալերանքին եւ այն միջավայրին համար, որուն մէջ գանատահայ համայնքը կրցած է աճիլ ու զարգանալ։ Միաժամանակ ան յիշեցուց, որ Նարեկ կեդրոնը կը գտնուի այն հողերուն վրայ, ուր պատմականօրէն կը գտնուին Անիշապէ, Հաուտենոսաունի եւ Ուենտաթ առաջին ազգերը՝ ընդգծելով ընդհանուր պարտաւորութիւնը՝ սորվելու, յարգելու, պատուելու եւ պահպանելու այդ ժառանգութիւնը։

Յատկանշական էր, որ Պապիկեան Հայ կեդրոնին յանձնեց նաեւ իր կողմէ տրուած պաշտօնական շնորհաւորագիր մը: Իր գիրին մէջ երեսփոխանը նշած էր, որ նոր համալիրը «կարեւոր հանգրուան մըն է մեր համայնքին մէջ գործող հայ դպրոցի կրթական առաքելութեան ընդլայնման եւ շարունակութեան մէջ», որ կը վկայէ կրթութեան եւ հայեցի դաստիարակութեան հանդէպ համայնքին անսասան յանձնառութեան մասին։ Ան շեշտած էր, որ այս կառոյցը պիտի նպաստէ ոչ միայն սաներու կրթական զարգացման, այլեւ «հայերէնի, հայ մշակոյթի եւ ազգային արժէքներու պահպանման ու փոխանցման գալիք սերունդներուն»՝ միաժամանակ ամրապնդելով Օնթարիոյի հարուստ բազմամշակութային դիմագիծը։

Հանդիսավար Թալին Մուշեան բեմ հրաւիրեց ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Գույումճեանը՝ փոխանցելու Հայ կեդրոնի խօսքը։ Գույումճեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ այս կեդրոնը շէնքի մը բացումէն շատ աւելին է, անիկա համայնքի աճին եւ իր ապագային նկատմամբ հաւատքին շօշափելի արտայայտութիւնն է։ Ան ընդգծեց, որ ընդլայնումը ծնունդ առաւ համայնքի բնական աճի պահանջէն՝ որպէսզի հայկական կրթութիւն փնտռող որեւէ ընտանիքի երբեք ստիպուած չըլլանք ըսելու՝ «մեր վարժարանին մէջ ձեր զաւակին տեղ չկա՛յ»։ Որպէս օրուան գլխաւոր նշանաբան՝ ան ամրագրեց հետեւեալ սկզբունքը․ «Ո՛չ մէկ հայ մանուկ՝ հայ դպրոցէն հեռու»։

Անդրադառնալով նորակառոյց կեդրոնի առաքելութեան՝ ան շեշտեց ազգային ամուր դիմագիծով, բայց միաժամանակ աշխարհին բաց եւ Գանատայի կեանքին լիարժէք մասնակից երիտասարդներ պատրաստելու հրամայականը, յատկապէս երբ Արցախի տեղահանութեան դժնդակ օրերուն զօրաւոր սփիւռքը կը մնայ Հայաստանի հզօրացման գրաւականը։ Խորին շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր նուիրատուներուն, յատկապէս առանցքային ներդրում ունեցած Հասըրճեան ընտանիքին՝ Գույումճեան իր խօսքը եզրափակեց վճռական կոչով մը․ «Հայ դպրոցը մեր գոյութեան կռուանն է։ Եւ քանի դեռ հայ մանուկ մը կայ, որուն ձեռքը կրնանք բռնել ու հայկական դպրոց բերել՝ մենք իրաւունք չունինք յոգնելու, իրաւունք չունինք թերանալու եւ իրաւունք չունինք ձախողելու։ Մեր նախորդները կատարեցին իրենց պարտքը. այսօր հերթը մերն է: Եկեք ըմբռնենք այս պահուն իմաստը, միացնենք մեր ճիգերը եւ միանանք այս սուրբ առաքելութեան շուրջ, որպէսզի այս տեսիլքը դառնայ իրականութիւն»։

Յաջորդ խօսք առնողը ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի տնօրէն Րաֆֆի Սարգիսեանն էր։ Ան իր խօսքը սկսաւ Ժագ Յակոբեանի «Անունը՝ Նարեկ, համանուագ» քերթուածի տպաւորիչ տողերով, որոնց մարմնացումը նկատեց Նարեկ կեդրոնի ծնունդը՝ զայն որակելով իբրեւ «երրորդ տիտանը» Հայ կեդրոնի եւ Հայ երիտասարդական կեդրոնի կողքին։ Ան երախտագիտութիւն յայտնեց գաղութի հեռատես եւ անձնազոհ հիմնադիր սերունդին, որուն ցանած սերմերով այսօր համայնքը նոր փառքեր կը վայելէ։ Տնօրէնը յիշեցուց, որ քառասունեօթը տարի առաջ Հայ կեդրոնի յարկին տակ ծնունդ առած վարժարանը այսօր արդէն հասած է աննախընթաց նուաճումի մը․ Նարեկի շնորհիւ, Կոկոնէն մինչեւ Գ. դասարանները ընդլայնուած են երեք բաժիններու, իսկ աշակերտութեան թիւը բարձրացած է պատմական բարձրակէտի՝ հասնելով եօթը հարիւր քսանի։

Մեր հայրենիքի եւ ժողովուրդի դիմագրաւած դժնդակ օրերուն անդրադառնալով՝ ան յատկապէս շեշտեց սփիւռքի մէջ հայ վարժարանը կանգուն ու ծաղկուն պահելու հրամայականը՝ մէջբերելով վարժարանի հիմնադիր տնօրէն պարոն Մարգար Շարապխանեանի պատգամը․ «Ես ճակատագրին հաւատացողը չեմ, երբեք չեմ եղած, բայց խոր հաւատք ունիմ ազգային դաստիարակութեան եւ ազգային ինքնագիտակցութեան վրայ, որոնց արմատները կը տեսնեմ հայ դպրոցին, ազգային հայկական միջավայրին եւ հայադրոշմ ընտանիքին մէջ»։ Եզրափակելով իր խօսքը՝ Րաֆֆի Սարգիսեան համայնքին ուղղեց սրտառուչ կոչ մը․ «Սիրելի հայրենակիցնե՛ր, մեր ամրոցները ոչինչ են առանց փաղանգի», յորդորելով ներկաներուն զինուորագրուիլ հայապահպանման պայքարին եւ դպրոցի փոխանցած ազգային ու քրիստոնէական արժէքները խնամել ու շէնցնել նաեւ ընտանեկան յարկերէն ներս, որպէսզի դպրոցը, միջավայրն ու հայադրոշմ ընտանիքը միասնաբար շարունակեն կերտել հայեցի արժէքներով եւ հաւատքով տոգորուած յանձնառու սերունդներ։

Նուիրատուներուն՝ խորին երախտագիտութիւն

Պաստառներուն վրայ ցուցադրուեցաւ նուիրատուներուն մասնակցութիւնը ներկայացնող տեսաշարը եւ յիշուեցան այն ընտանիքներն ու անհատները, որոնք իրենց անունը պիտի թողուն Նարեկի դասարաններուն, գրասենեակներուն եւ տարբեր տարածքներուն մէջ։ Գլխաւոր նուիրատուն՝ Հասըրճեան ընտանիքը՝ Սիմոն եւ Մարալ, Արա եւ Կասիա, Գառնիկ եւ Գարինա, Րաֆֆի եւ Մարիթա, Նարեկի համար կատարած էր հինգ միլիոն տոլարի նուիրատուութիւն։

Յիշուեցաւ նաեւ ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի եօթը հարիւր հազար տոլարի ներդրումը, որ Կեդրոնական վարչութեան հարիւր հազար ԱՄՆ տոլարի եւ Գանատայի շրջանային վարչութեան յիսուն հազար տոլարի ներդրումներով հասած էր ինը հարիւր հազար տոլարի։ Գոլոլեան ընտանիքը եւս երկու հարիւր յիսուն հազար յտոլարի նուիրատուութեամբ միացած էր այս մեծ գործին։ Հանդիսավարը յիշեց նաեւ Գոլոլեաններու պատմական կապը ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանին հետ։ Նշուեցաւ նաեւ 2016-ին Լափոյեան ընտանիքի կատարած մէկ միլիոն տոլարի նուիրատուութիւնը՝ Հայ երիտասարդական կեդրոնին:

Իսկ ACC Beyond-ի ընդհանուր տեսլականը՝ քսան միլիոն տոլարի ծրագրով, կը ներառէ 211 Consumers Road-ի ձեռքբերումը եւ Հայ երիտասարդական կեդրոնի նախատեսուած ընդարձակումը։ Հանդիսութեան փոխանցուած տուեալներուն համաձայն՝ հանգանակութիւնը այդ փուլին հասած էր տասնվեց միլիոն տոլարի։

Խօսք առաւ ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղի ատենապետ Անի Հոթոյան-Ժոլի։ Ան դպրոցը բնորոշեց որպէս հայապահպանման ամենէն ամուր հիմքերէն մէկը: «Հայ դպրոցը այն վայրն է, ուր երեխան ոչ միայն կարդալ ու գրել կը սորվի, այլեւ կը ճանչնայ իր արմատները, կը սիրէ իր լեզուն, կը յարգէ իր պատմութիւնը եւ հպարտութեամբ կը կրէ հայու անունը», ըսաւ ան։

Ատենապետը ՀՕՄ-ի նուիրատուութեան մասին ըսաւ. «Երբ ՀՕՄ-ը կը նուիրէ դպրոցին, իրականութեան մէջ ան կը նուիրէ ապագային», եւ Նարեկը նկարագրեց նաեւ որպէս անցեալը ապագային կապող կամուրջ, ուր պիտի հանդիպին կրթութիւնը, մշակոյթը, արուեստը եւ երիտասարդութիւնը։

Երբ մեծերու պատգամները հասան իրենց աւարտին, բեմ բարձրացաւ նոր սերունդը։

ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի Զ. կարգի աշակերտներու երգչախումբը՝ երաժշտութեան ուսուցիչներ Սոնա Յովսեփեանի եւ Թալին Գըլըպոզեանի առաջնորդութեամբ, կատարեց «Դպրոցի քայլը» եւ «Երազ իմ երկիր հայրենի» երգերը։ Այդ պահուն այլեւս խօսքերը բաւարար չէին. երգը ըսաւ այն, ինչ որ ամբողջ օրը կը փորձէր արտայայտել հանդիսութիւնը։

Նարեկը մանուկներուն համար է, Նարեկը նոր սերունդի համար է, եւ այդ նոր սերունդը արդէն իր իսկ ձայնը ունէր։

«Սփիւռքը եւ Հայաստանը zero-sum game չեն». Տարօն Տէր Խաչատուրեան

Օրուան պատգամաբերը ՀՅԴ բիւրոյի անդամ եւ սփիւռքի ազգային զօրաշարժի պատասխանատու Տարօն Տէր Խաչատուրեան, Լոս Անճելոսէն ժամանած էր մասնակցելու պատմական հանդիսութեան։

Իր պատգամին մէջ ան Նարեկի բացումը տեղադրեց 1920-ականներէն սկսող սփիւռքեան կազմակերպական տեսլականի լայն պատմական շրջագիծին մէջ։ Ան անդրադարձաւ սփիւռքի կազմակերպման, կրթական կառոյցներու եւ ազգային կեանքի զարգացման կարեւորութեան։

Թորոնթոյի համայնքի կազմակերպական մշակոյթը ան բնորոշեց թափանցիկութեան, հաշուետուութեան, պարկեշտութեան եւ յստակ ծրագրումի շեշտադրումներով, ապա խօսեցաւ սփիւռք-Հայաստան յարաբերութեան մասին՝ ընդգծելով, որ սփիւռքի ամրապնդումն ու Հայաստանին նեցուկ կանգնիլը իրարու հակասող նպատակներ չեն։

«Որովհետեւ անոնց յարաբերակցութիւնը zero-sum game մը չէ», ըսաւ ան։

Տէր Խաչատուրեան անդրադարձաւ նաեւ Արցախի հայութեան տեղահանութեան, Հայաստանի ներկայ մարտահրաւէրներուն եւ հայ ժողովուրդի ապագային շուրջ իր մտահոգութիւններուն։ Ան բարձր գնահատեց տասնվեց միլիոն տոլարի հասած հանգանակութիւնը, պետական աջակցութիւնը եւ նուիրատուներու հսկայական ներդրումը։ «Կ՚ապահովէք մեծագումար նուիրատու եւ նուիրատուներ, որ իր եւ իրենց կեանքին ու կազմակերպական ճանապարհին ընթացքին, իրենց գործին ու առաքինութիւններուն կողքին, անգամ մը եւս աննախադէպ նուիրաբերումով օրինակ կը դառնան՝ տակաւին ազգին ծառայութեան մէջ գալիք ապագային շատ մը անհատներու բերելիք վսեմ ձեռքբերումներուն։ Բոլոր ընտանեկան, անհատական եւ միութենական նուիրատուներուն վարձքը կատար, անխտիր»:

Նարեկի իրական «շահաբաժինները», ան ընդգծեց, պիտի երեւին ապագային՝ 2030-ին, 2040-ին, 2080-ին եւ անկէ անդին։ Այդ շահաբաժինները պիտի ըլլան հայերէնին տիրապետող, ազգային արժէքներուն կառչած, լաւ գանատացի քաղաքացիներ եւ բարձրագոյն ուսման պատրաստ նոր սերունդներ։

Իր պատգամի վերջաւորութեան ան Նարեկի բացումը որակեց իբրեւ հպարտութեան օր՝ թորոնթոհայութեան եւ ամբողջ հայութեան համար։ «Դու՛ք՝ սիրելինե՛ր, մեր ազգային իղձերն ու նպատակները մէկ քայլ աւելի կը մօտեցնէք իրականացման՝ այսպիսի՛ առաջադրանքներու եւ նախաձեռնութիւններու իրագործումով։ Շնորհաւոր ըլլայ Թորոնթօ՝ քու նորահաստատ ու ընդլայնուած կրթական եւ մշակութային Նարեկ կեդրոնդ»։

Սրբազան հօր օրհնութիւնը եւ Նարեկի նոր ճանապարհը

Հանդիսութեան պաշտօնական բաժինը եզրափակեց Գանատայի հայոց թեմի առաջնորդ տ. Բաբգէն արքեպիսկոպոս Չարեան։

Սրբազան հայրը աղօթքով օրհնեց նոր կեդրոնի ճանապարհը եւ անոր առաքելութիւնը։ Անոր պատգամը ազգային ոգիի, հաւատքի, կամքի, հաւաքական աշխատանքի, նուիրումի եւ միասնութեան շեշտադրումներով դարձաւ օրուան հոգեւոր եզրափակիչ պատգամը։

Սրբազան հայրը Նարեկի բացումը դիտեց իբրեւ համայնքի հաւաքական կամքի, ապագայի նկատմամբ վստահութեան արտայայտութիւն, եւ սրբութիւնները պահպանող գիտակից ու պատասխանատու հայու զարթօնքը ապահովող կեդրոն։

Եւ եկաւ այն պահը, որուն համայնքը ամիսներ, տարիներ սպասած էր՝ ժապաւէնի հատումը։ Հասըրճեան ընտանիքի ներկայացուցիչները, ՀՅԴ բիւրոյի ու «Ս. Թեհլիրեան» կոմիտէի ներկայացուցիչները եւ ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի տնօրէնը մօտեցան մայր մուտքին։

Ժապաւէնը հատուեցաւ եւ Նարեկի դռները բացուեցան, եւ առաջին անգամ ըլլալով, համայնքը պաշտօնապէս ներս մտաւ՝ իր նոր կրթական եւ մշակութային տունը։

Եւ Նարեկը սկսաւ ապրիլ...

ՀՕՄ-ի Գանատայի շրջանային վարչութեան եւ «Ռուբինա» մասնաճիւղի ներկայացուցիչները ուղղուեցան դէպի աշակերտական սրահ եւ ճաշարան, ուր կատարուեցաւ համապատասխան ժապաւէնի հատումը։ Այնուհետեւ ներկաները շրջեցան երեք յարկերը՝ դասարաններ, գրասենեակներ, աշակերտական տարածքներ, ճաշարան։ Թորոնթոհայութեան ձայները սկսան լեցնել Նարեկի միջանցքները. նոր միջավայր եւ նոր հնարաւորութիւններ, բայց ամենէն կարեւորն այն էր, որ շէնքը այլեւս դատարկ չէր։

Հիւրասիրութեան սեղաններուն շուրջ մարդիկ զրուցեցին, իրար շնորհաւորեցին, յիշեցին անցած ճանապարհը եւ խօսեցան գալիք օրերուն մասին։ Նուիրատուութիւնները շարունակուեցան եւ ուրախութիւնը դարձաւ ընդհանուր։

Այդ պահուն, թերեւս, կարելի էր հասկնալ, թէ ինչ կը նշանակէր կոմիտէի ներկայացուցիչ Գույումճեանի խօսքը՝ «այս շէնքին իրական արժէքը այն կեանքն է, որ պիտի ստեղծուի այս պատերէն ներս»։

Նարեկը արդէն սկսած էր ապրիլ։

Տեսանիւթը՝ «Թորոնթոհայ TV»-ի

Այս յիշատակելի պահը այլեւս միայն օրացոյցի մէկ էջը չէ Թորոնթոյի հայութեան համար։ Ան համայնքի յիշողութեան մէջ պիտի մնայ որպէս կազմակերպուած աշխատանքի եւ հաւաքական կամքի միացումով մեծ երազները շօշափելի իրականութիւն դարձնող հաւատքի օր։ Այն հաւատքը, որով նոր սերունդը պիտի ճանչնայ իր արմատները, միաժամանակ ամուր պահէ սփիւռքը եւ ծառայէ Հայաստանին։

20 սեպտեմբեր 2026-ի այս պատմական օրը երկար տարիներ ետք պիտի յիշուի մէկ պարզ նախադասութեամբ՝ «Այդ օրը Թորոնթոյի հայութիւնը իր զաւակներուն համար դէպի ապագայ դուռ մը բացաւ»։ Այո՛, Նարեկի դռները բացուեցան, եւ այդ դռներէն ներս հայերէնով պիտի գրուի հայու հոգիով ներշնչուած՝ պայծառ ապագայ կերտող հայ նոր սերունդներու պատմութիւնը։ ֍


Այս թղթակցութիւնը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի հոկտ. 2026 (#230) թիւին մէջ: Լուսանկարները տրամադրած է Թորոնթոյի հայ կեդրոնը: Խորին շնորհակալութիւն լուսանկարիչներ՝ Դաւիթ Տէր Յարութիւնեանին, Լորա Թաշճեանին եւ Շահան Թերզեանին:

Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

Արձակագիր, բանաստեղծ, մանկագիր, մանկավարժ. ծնած է Սուրիոյ Գամիշլի քաղաքը։ Հայերէն լեզու եւ գրականութիւն դասաւանդած է զանազան քաղաքներու մէջ ու հրատարակած զանազան գործեր, ներառեալ «Բուրաստան» (2018) մանկական բանաստեղծութիւններու հատորը։ Ներկայիս Թորոնթօ կ՚ապրի, ուր «Թորոնթոհայ» թերթի օգնական խմբագիրն է:

Next
Next

ՆՈՐ ԹԻՒ/NEW ISSUE - ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2026 OCTOBER [#230]