«Թորոնթօն միշտ տպաւորած է զիս իր կազմակերպուած համայնքով, ինծի համար պատիւ է ծառայել այստեղ»
զրոյց Ս․ Աստուածածին եկեղեցւոյ նորանշանակ հոգեւոր տեսուչ տէր Գարեգին վրդ․ Շխրտմեանի հետ
Սփիւռքեան իրականութեան մէջ Հայ եկեղեցին հայապահպանումի գլխաւոր կառոյցներէն մէկն է, իսկ Հայ եկեղեցւոյ սպասաւորները էական դերակատարութիւն ունին գաղութի զաւակներուն քրիստոնէական հաւատքը ամրապնդելու, զանոնք համախմբելու եկեղեցւոյ շուրջ եւ աշխուժացնելու համայնքային կեանքը։
Տէր Գարեգին վրդ․ Շխրտմեան՝ տ․ Բաբգէն արք․ Չարեանի տնօրինութեամբ, կը ստանձնէ Թորոնթոյի Ս․ Աստուածածին Հայց․ առաք․ եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչի պարտականութիւնները։ Ան Վանգուվըրի մէջ հովուական մեծ փորձ ձեռք բերած եւ նոր եռանդով եւ խանդավառութեամբ կը ժամանէ Թորոնթօ՝ լծուելու համայնքի հոգեւոր կեանքի հզօրացման առաքելութեան։
Նշանակման առիթով՝ հետաքրքրաշարժ զրոյց մը ունեցանք Հայր սուրբին հետ՝ մօտէն ծանօթանալու իրեն, հոգեւորական դառնալու որոշումին, եկեղեցւոյ մէջ ունենալիք ծրագիրներուն, Թորոնթոյի հայ համայնքին հետ աշխատելու իր ուղեգիծին մասին։
***
Սալբի Սաղտըճեան- Մեր ընթերցողները կրնա՞ն ծանօթանալ տ․ Գարեգին վրդ. Շխրտմեանին։
Հայր Գարեգին վրդ․ Շխրտմեան- Երախտապարտ եմ «Թորոնթոհայ» ամսագիրի խմբագրութեան այս առիթին համար։ Գիտեմ, որ մասնաւորաբար թորոնթոհայութեան ձայնին հզօրութիւն տուող ազդակն էք, որուն համար կ’աղօթեմ, որ Աստուած օրհնէ՝ բարձր գնահատանքի արժանի ձեր անխոնջ աշխատանքը եւ նուիրումը։
Ծնած եմ 16 յունուար 1992-ին, Հալէպ, ուր նախնական ուսումս ստացայ եւ եկեղեցւոյ մէջ առաջին ծառայական քայլերս նետեցի։
Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի ութամեայ ծրագիրը ամբողջացնելէ ետք, 17 յունիս 2012-ին կուսակրօն քահանայական օծում ստացայ գերշ. տ. Նարեկ արք. Ալեէմէզեանի ձեռամբ։ Հինգ տարիներ մայր տաճարի դպրապետութիւնը, ինչպէս նաեւ դպրեվանքի հսկիչի եւ ապա փոխտեսուչի պաշտօնները ստանձնած եմ, միաժամանակ՝ Հայ եկեղեցւոյ երաժշտութիւն դասաւանդելով։
12 յուլիս 2015-ին վարդապետական աստիճան ստացած եմ գերշ. տ. Գրիգոր եպս. Չիֆթճեանի ձեռամբ։
2012-ին վերակազմակերպած եմ դպրեվանքի արական «Արմաշ» երգչախումբը, որ բազմաթիւ ելոյթներով հանդէս եկաւ եւ տպաւորեց ունկնդիր հասարակութիւնը։ «Արմաշ» երգչախումբին համբաւը հասաւ մինչեւ Կ․ Պոլիս, ուր 2016 թուականին հրաւիրուեցանք ելոյթ ունենալու հոգեւոր երգերով։
2015-ին ստանձնեցի կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երկսեռ երգչախումբը. համերգ մը նուիրեցինք Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին եւ Արամ Ա․ վեհափառ հայրապետի ընտրութեան եւ օծման 20-րդ տարեդարձին, իսկ երկրորդով մը «Դաւիթ Բեկ» եւ «Անոյշ» օփերաները ներկայացուցինք, որուն աւարտին Վեհափառ հայրապետը լանջախաչով մը պատուեց զիս։
2017-ին, Վեհափառ հայրապետին օրհնութեամբ եւ թեմիս առաջնորդ գերշ. տ. Բաբգէն արք. Չարեանի տնօրինումով՝ նշանակուեցայ Վանգուվըրի հոգեւոր հովիւ։ Հոգեւոր ծառայութեան կողքին հետեւեցայ աստուածաբանական ուսման Վանգուվըրի աստուածաբանական համալսարանէն ներս եւ մայիս 2024-ին արժանացայ մագիստրոսի վկայականին։
Կ’ուզեմ աւելցնել նաեւ, որ Հայ երաժշտութեան հանդէպ ունեցած սէրս զիս մղեց հիմնելու «Տաղեր» անունով արական քառաձայն առցանց երգչախումբ մը, որուն անդամները աշխարհի տարբեր շրջաններուն մէջ կ’ապրին։ Այդ արձանագրութիւնները կարելի է գտնել եւ հայ երգին հմայքը վայելել YouTube hարթակով։
Իսկ ինչպէս գիտէք, 1 դեկտեմբերէն ծառայութիւնս սկսաւ Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։
ՍՍ- Հոգեշնորհ հայր, հետաքրքրական է իմանալ, ինչպէ՞ս առիք հոգեւորական դառնալու որոշումը։ Ի՞նչը մղեց ձեզ նուիրուելու Աստուծոյ եւ ծառայելու հայ եկեղեցիին։
ՀԳՎՇ- Այս հարցադրումը յաճախ լսած եմ եւ կը հաւատամ, որ պատահականօրէն չի հարցուիր, եւ ի զուր չէ մարդոց հետաքրքրութիւնը այդ մասին, մանաւանդ երբ նկատի առնենք, որ տասներկու տարեկան պատանի մը այդ որոշումը առնելու ամբողջական գիտակցութիւնը չի կրնար ունենալ, բացի եթէ, ինչպէս որ ըսիք, մղիչ ոյժ մը զինք չառաջնորդէ։ Եւ իսկապէս, գրեթէ ամէն հոգեւորական վանք երթալու եւ եկեղեցական դառնալու խորհրդաւոր պատմութիւն մը ունի։
Ես ալ ուրիշներու պէս միայն վերջը հասկցայ, թէ իմ ալ պատմութեանս գլխաւոր հեղինակը Աստուած էր։ Աստուծոյ նախախնամութեամբ միայն բացատրուող բազմաթիւ դէպքերէն միայն մէկը կ’ուզեմ յիշել հոս եւ ըսել, որ ամէն բան կատակով եւ հաւանաբար ստախօսութեամբ սկսաւ։
Ինը տարեկան էի, երբ արաբերէնի ուսուցչուհիս մեզմէ պահանջեց շարադրութիւն մը, ուր պէտք էր ապագայի մեր երազած ասպարէզին մասին խօսէինք։ Կը յիշեմ ինչպէս սրտաբան դառնալու մասին գրածներս ջնջեցի, որովհետեւ բժիշկ դառնալու պատասխանատուութիւնը շատ ծանր թուեցաւ ուսերուս։ Որոշեցի ուսուցիչ դառնալու մասին գրել. բայց կասկածելով որ ամբողջ դասարան մը ուսուցչուհին ուրախացնելու համար նոյն բանը պիտի ըսէր, հրաժարեցայ։ Անկեղծ ըլլալու համար ոչ մէկ բան ըլլալու մասին մտածած էի, իսկ աշակերտական հոգեբանութիւնս կը մղէր զիս թուղթին վրայ ասպարէզ մը ընտրելու, պարզապէս լաւ նիշ մը ապահովելու համար։ Վերջապէս, իւրայատուկ գիւտ մը ըրի եւ գրեցի՝ «քահանայ կ’ուզեմ դառնալ, Աստուծոյ եւ ժողովուրդիս ծառայելու համար»։ Այս նախադասութենէն զատ ոչինչ կը յիշեմ այդ շարադրութենէն. աւելին, մինչեւ այսօր աչքիս առջեւն է այն պահը, երբ այս նախադասութիւնը արտադրեցի։
Թէեւ ուրախ զուարթ օրը իր լրումին հասցուցի, յաջորդ առաւօտ անտրամադիր էի. ես ինծի կ’այպանէի գրածիս համար եւ ձեւ մը կը փորձէի գտնել շարադրութիւնս չյանձնելու: Ելք չունէի, պէտք էր յանձնէի։ Հոգիս տխուր էր այդ օրը եւ չէի ուզեր յաջորդ օրը դպրոց երթալ եւ ուսուցչուհին տեսնել. կ’ամչնայի գրածէս։ Յաջորդ առաւօտ, սարսուռ մը ապրեցայ, երբ դպրոցի դռան առջեւ ուսուցչուհին նկատեցի հեռուէն. շատ չանցած ի յայտ եկաւ, որ զիս կը սպասէր։ Ժպիտով մը հարցուց՝ եթէ լուրջ էի գրածիս մէջ։ Այո ըսելով՝ ստեցի։ Ստեցի, որովհետեւ անլուրջ էի գրածիս մէջ եւ աշակերտական հոգեբանութեամբ կը մօտենայի հարցին. ստեցի, որովհետեւ չուզեցի այդ պահուն այնքան ուրախ ուսուցչուհիս հիասթափեցնել։
Դէպքէն գրեթէ երկու տարի վերջ, երբ ամէն բան մոռցուած կը կարծէի, նորէն սուտ մը խօսեցայ. ստախօսութիւնս զիս դպրեվանք հասցուց։ Բայց այսօր գիտեմ որ չստեցի, պարզապէս իմ կամքս չէր, Աստուծոյ կանչն էր, որուն չկրցայ ընդդիմանալ։ Կ’աղօթեմ, որ Աստուած զօրացնէ մեզ բոլորս` այդ կանչին հաւատարիմ մնալու մինչեւ վերջ։
ՍՍ- Հայր սուրբ, 2017-էն ի վեր կը ծառայէիք Վանգուվըրի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ համայնքին, իսկ դեկտեմբերէն ստանձնեցիք Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հովութիւնը։ Ի՞նչ ապրումներով կը հեռանաք Վանգուվըրէն եւ ի՞նչ սպասումներով կու գաք Թորոնթօ։
ՀԳՎՇ- Զոյգ զգացումներ կ’ալեկոծեն հոգիս։ Բաժանումները միշտ ալ դժուար են, իսկ նոր սկիզբները՝ խանդավառող։
Վանգուվըրը հովուական ծառայութեանս առաջին կանգառն էր, ուր փորձառութեանս երախայրիքը քաղեցի եւ կեանքի յիշատակարանս լեցուցի բազմաթիւ անմոռանալի յիշատակներով։ Միակ մխիթարութիւնս այն է, որ Գանատայի տարածքին մէջ ծառայութեանս շարունակութիւնը զիս ամբողջապէս պիտի չհեռացնէ Վանգուվըրի քաղցր համայնքէն, որուն անդամները ընտանիք դարձան ինծի. այսօր, հպարտ եմ իրենցմով, ձեռքբերումներովը իրենց զաւակներուն, որոնց հետ մեծցայ, իրենց աճման ականատես եղայ եւ իրենց կեանքին մաս կազմեցի։
Իսկ Թորոնթօն միշտ տպաւորած է զիս իր կազմակերպուած համայնքով, եկեղեցիով, կեդրոնով, կառոյցներով ու կազմակերպութիւններով։ Ինծի համար պատիւ է ծառայել այստեղ։ Իսկ սպասումներ չունիմ. կը հաւատամ, որ եկեղեցականի մը չի վայելեր սպասումներ ունենալ. Քրիստոսի օրինակին հետեւողութեամբ, մենք ենք որ եկեղեցւոյ սպասումները պէտք է փորձենք լրացնել։
ՍՍ- Ի՞նչ պատասխանատուութիւն կայ ձեր ուսերուն, մանաւանդ որ Թորոնթօն մեծ եւ աշխոյժ գաղութ է։
ՀԳՎՇ- Բնականաբար հոգեւորականի մը հիմնական պատասխանատուութիւնը Աստուծոյ խօսքին աւետարանչութիւնն է, համայնքին հոգեւոր առաջնորդութիւնը, անոնց հոգեւոր կարիքներու մատակարարումը եւ հաւատքի ամրապնդումը։ Մենք Աստուծոյ դեսպաններն ենք երկրի վրայ, եւ օր մը Աստուած մեզ ալ հաշուետուութեան պիտի կանչէ, ըսելով՝ «Տո՛ւր զհաշիւ տնտեսութեան քո»։
Առաջնահերթ այս պատասխանատուութիւններուն առընթեր, հոգեւորական մը բազմաթիւ այլ պատասխանատուութիւններ ունեցած է միշտ տեղական կարիքներուն եւ պահանջքներուն համաձայն. հնարաւոր չէ սահմանել հոգեւորականէն սպասուած պարտականութիւնները։ Վանգուվըրի մէջ փորձառութիւնս յստակ դարձուց, որ անծայրածիր է ծառայական դաշտը եւ համատարած են աշխատանքային բնոյթները։ Ամէն օր եւ ամէն վայրկեան դէմ յանդիման կը գտնուինք տարբեր կարիքի մը, որուն գոհացում կամ լուծում տալը սրտի, խղճի եւ կոչումի պարտք կը զգանք։
ՍՍ- Հայր սուրբ, ի՞նչ ծրագիրներ ունիք Ս․ Աստուածածին եկեղեցւոյ ծուխը աւելի մօտեցնելու հայ եկեղեցիին եւ զօրացնելու մեր հայորդիներուն հաւատքն առ Աստուած։
ՀԳՎՇ- Հաւատք եւ եկեղեցւոյ հանդէպ կապուածութիւն ստեղծելու համար բնականաբար հոգեւոր եւ կրթական ձեռնարկներ պէտք է կազմակերպել, որոնք կը նպաստեն համայնքի մը հոգեւոր կեանքի զարգացման: Պօղոս առաքեալ կ’ըսէ. «Հաւատքը ծնունդ կ’առնէ քարոզութիւն լսելէն, իսկ քարոզութիւնը հաւատք կ’արթնցնէ, երբ Քրիստոսի խօսքերն են որ կը քարոզուին» (Հռ. 10։17)։ Իսկ այդ ձեռնարկները բնականաբար պէտք է լաւ ուսումնասիրուին, ներկայ աշխարհի յառաջացած միջոցներուն օգտագործումով` զանոնք գրաւիչ, այժմէական եւ հասանելի դարձնելու մեր ժողովուրդին։
Ասկէ անդին, մենք յաճախ կը մոռնանք, որ եկեղեցին Աստուածաստեղծ կառոյց է եւ երկրի վրայ Աստուծոյ ընտանիքը կը կազմէ։ Յիշեցնեմ` ինչ կ’ըսէ Պօղոս առաքեալ, երբ կը խօսի այդ մասին. «...Անկիւնաքարը ինք՝ Քրիստոս Յիսուս է։ Իրմով է որ ամբողջ կառոյցը ներդաշնակ միասնութեամբ մը կ’աճի եւ Տիրոջ սեփական սուրբ տաճարը կը դառնայ։ Անոր միացած՝ դո՛ւք ալ բոլորին հետ միասին Աստուծոյ բնակարանը կը դառնաք Սուրբ հոգիին միջոցաւ»։ (Եփ. 2։20-22)։ Եթէ ուշադրութիւն ըրած էք, մեր պատարագները կը սկսին «զեկեղեցի Քո անշարժ պահեա» խնդրանքով. եկեղեցին պահողն ու աճեցնողը մենք չենք՝ Քրիստոս է։ Ուրեմն, մարդկային մեր ջանքերէն զատ, մեր աղօթքները անպակաս պէտք է ըլլան, Սուրբ հոգիին իմաստութիւնը եւ առաջնորդութիւնը խնդրելու եկեղեցին առաջնորդելու ժամանակ։
ՍՍ- Ի՞նչ ունիք փոխանցելու մեր ընթերցողներուն եւ ընդհանրապէս թորոնթոհայութեան։
ՀԳՎՇ- Առաջին հերթին կ’ուզեմ սիրով եւ օրհնութիւններով ողջունել թորոնթոհայութիւնը եւ յարգելի ընթերցողները։ Մեր կեանքի այս ժամանակաշրջանին, երբ բազմաթիւ մարտահրաւէրներ կը շրջապատեն մեզ, կարեւոր է՝ միասնութիւն եւ հաւատք ունենանք։ Երբ հաւատք կ’ըսեմ, քրիստոնէական ոգիին հակառակ, կրաւորական այդ կեցուածքին մասին չէ խօսքս, որ ամէն բան Աստուծմէ կ’ակնկալէ, այլ` հաւատք մեր հայկազուն եւ հաւաքական ուժին, անկոտրում կամքին եւ այն միասնութեանը, որ մեր եկեղեցին, կեդրոնն ու գործող կազմակերպութիւնները կը պայծառացնէ ու կը զօրացնէ։ Որպէս նորանշանակ հոգեւոր տեսուչ, կ’ուզեմ յորդորել ձեր սրտերը միշտ բաց պահել Աստուծոյ սիրոյն եւ օրհնութեան։
Վերջապէս, Թորոնթոյի համայնքը մեծ է իր կարողութիւններով ու յանձնառութիւններով: Բոլորս անխտիր պէտք է աջակցինք համայնքի առաւել բարեզարդման, որպէսզի յաջորդ սերունդները զգան քրիստոնէական եւ հայկական արժէքներու իսկական ուժն ու ժառանգութիւնը։ ֎
***
Այս զրոյցը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի դեկտ. 2024 թիւին մէջ:
լուսանկարը տրամադրած է Ս. Աստուածածին եկեղեցին