«Աստուած կը դասաւորէ մեր ճամբաները, մեզի կը մնայ տեսնել, հասկնալ եւ հնազանդիլ»․ պատուելի Զօհրապ Սարգիսեան
Քիչ են այն անձիք, որոնք՝ Աստուծոյ ներկայութիւնը կը զգան իրենց կեանքէն ներս, դարձի կու գան ու կ’առաջնորդուին Անոր խօսքին համաձայն, առաւել եւս՝ իրենց կեանքին նպատակը կը դարձնեն քարոզել Աստուծոյ թագաւորութեան մասին եւ Անոր խօսքը տարածել մարդկութեան։
«Երբ մարդը կը փնտռէ, Աստուած զինք կը գտնէ»․ այսպէս կը բնորոշէ պատուելի Զօհրապ Սարգիսեան՝ զԱստուած գտնելու եւ անոր ուղիով երթալու եւ գործելու իր բանաձեւը։
Պատուելի Սարգիսեանը վերջերս նշանակուած է Թորոնթոյի հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ մէկ տարուան փորձաշրջանի մը համար։ Անոր հետ ունեցանք հետաքրքրաշարժ զրոյց մը՝ ծանօթանալու իրեն, իր՝ աստուածաբանութեան հետեւելու եւ աստուածաճանաչութեան փորձառութեան, ինչպէս նաեւ՝ եկեղեցւոյ մէջ տարուող ծրագիրներուն։
***
Սալբի Սաղտըճեան- Կրնա՞նք ծանօթանալ պատուելի Զօհրապ Սարգիսեանին․ ձեր ծննդավայրին, ուսման եւ գործի ասպարէզի մասին կը ներկայացնէ՞ք։
Պատուելի Զօհրապ Սարգիսեան- Ծնած եմ Հալէպ, Սուրիա։ Յաճախած եմ Հալէպի Ազգային Քարէն Եփփէ ճեմարանը։ Համալսարանական ուսումս ստացած եմ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանէն՝ գործի կառավարում (Business Administration) մասնագիտութեամբ: Այնուհետեւ եկայ Գանատա, Մոնթրէալ, ուր աւարտական վկայական ստացայ կառավարման ոլորտին մէջ ՄաքԿիլ համալսարանէն։ Հինգ տարի ետք, Աստուծոյ կամքով, փոխադրուեցայ Թորոնթօ, ուր տիկնոջս Լոռիին ծանօթացայ եւ 2008 թուականէն հաստատուեցանք Թորոնթօ։
Հայրս վաճառական եղած է եւ ամառները իրեն օգտակար դարձած եմ։ Մոնթրէալ ապրած ժամանակս հաշուապահութիւն ըրած եմ։ Անկէ ետք հիմնեցի տպարան մը եւ տպագրական գործով կը զբաղէի։ Մինչ օրս տպարանը կայ, բայց ես գործունեայ չեմ այնտեղ։
ՍՍ․ Ինչպէ՞ս սկսաք հետաքրքրուիլ աստուածաբանութեամբ եւ ի՞նչը մղեց ձեզի ձեր ուսումը շարունակելու այդ ուղղութեամբ։
ՊԶՍ- Վերջին հինգ տարին է, որ սկսայ հետաքրքրուիլ աստուածաբանութեամբ։ 2019-էն Աստուած մէջս այդ փափաքը արթնցուց։ Կը յաճախեմ աստուածաբանութեան ճիւղին եւ, Աստուծոյ կամօք, պիտի աւարտեմ 2025-ի մայիսին։
ՍՍ- Պիզնեսէն դէպի հոգեւոր աշխարհ բաւական տարբեր բնագաւառներ են։ Այդ անցումը ինչպէ՞ս եղաւ ձեր կեանքէն ներս։
ՊԶՍ-Կարճ պատասխանը՝ Աստուած է, որ կ’ընէ այդ ամէնը։ Ինքն է, որ կը դասաւորէ ճամբաները, մարդուն կը մնայ տեսնել, հասկնալ ու հնազանդիլ։ 2018-ին, երբ դարձի եկայ եւ Աստուած միջամտեց կեանքիս մէջ, մէկ տարի աղօթելէս եւ փնտռտելէս ետք, շատ յստակօրէն պատգամներ ստացայ, որ երթամ եւ յաճախեմ Աստուածաբանական ճեմարան։ Հիմնականօրէն, Աստուած է, որ կանչեց։ Չէի մտածած, որ օր մը, քառասուն տարեկանիս, ետ պիտի երթամ համալսարան մագիստրոսի վկայականի համար, մանաւանդ՝ աստուածաբանութեան ճիւղին մէջ։ Մարդիկ յաճախ կը զարմանային, երբ կ’իմանային աստուածաբանութիւն կ’ուսանիմ, բայց Աստուծոյ կամքն էր։
Կ’ուզեմ անդրադառնալ այդ որոշումիս․ երբ մարդը կը փնտռէ, Աստուած զինք կը գտնէ։ Մաթէոս աւետարանը կ’ըսէ՝ «Փնտռեցէք եւ պիտի գտնէք»։ Պէյրութի մէջ համալսարանական տարիներուս, եղբայրս Հայկազեան կ’ուսանէր եւ ունէր ընկերներ, որոնք երբեմն-երբեմն կ’արտայայտուէին, որ իրենք Յիսուս Քրիստոսը կը ճանչնան, անհատական կապ ունին Անոր հետ։ Ես, ոեւէ հայու պէս, Առաքելական եկեղեցի յաճախելով՝ այդ տեսակ բան չէի լսած, կամ նոյնիսկ եթէ լսէի, խորթ ու անհասկնալի կը թուէր։ Թէեւ կը հաւատայի, որ, իբրեւ կոչեալ քրիստոնեայ, իմ Աստուածս Յիսուս Քրիստոսն է։ Այդ օրերուն կարծես Աստուած սրտիս մէջ ցանեց փափաք մը, որ գիտնամ՝ ի՛նչ է այդ։ Երկու հարցում կար մտքիս մէջ, նախ՝ ինչպէ՞ս մէկը կրնայ հաւատացեալ կոչուիլ․ ես ե՞րբ կը գիտնամ՝ հաւատացեալ եղայ, երկրորդ՝ կ’ըսէի, եթէ այս երիտասարդները, որոնք կը դաւանին` Յիսուս Քրիստոսը իրենց փրկիչն ու Տէրն է, երանի՜ իրենց, բայց երանի՜ եթէ օր մը ես ալ անոնցմէ ըլլամ եւ ես ալ ճանչնամ զԻնք։ Այդպէս է, որ սկսայ փնտռտել։ Որոշեցի Սուրբ գիրքը կարդալ, բայց քիչ մը ծուլութիւն ըրի թերեւս, սկսայ ձայնային տարբերակով (audio) լսել։ «Աստուծոյ խօսքը կենդանի է, կենդանի է, մեռած չէ», կ’ըսէ Սուրբ գիրքը։ Աստուած ամէն մէկուս կը խօսի իր խօսքին միջոցաւ՝ իր կեանքին պայմաններուն, մտահոգութիւններուն, կասկածներուն կամ փափաքին համապատասխան։ Աստուած ինծի խօսեցաւ երկու համարներով, որոնք առիթ հանդիսացան դարձի գալուս։ Հիմնականը այն էր, որ «եթէ զիս կը փնտռես, ես քեզ կը գտնեմ եւ եթէ կ’ուզես հետս ապրիլ, ես եմ որ կրնամ քեզ տալ այդ փրկութիւնը, որպէսզի մտնես Աստուծոյ թագաւորութիւն»։
Աստուած իմ այս երկու հարցումներուն պատասխանեց։ Երեք տարի բոլորը մտիկ ընելէս վերջ, գերբնական ձեւով Աստուած հոգիով խօսեցաւ հետս երկինքէն, եւ ես լսեցի իր ձայնը գիշերուան ուշ ժամերուն․ երբ մէկու մը հետ կեցած էի, որ չէի ճանչնար, երեւոյթէն հնդիկ էր, բայց չէի գիտեր ի՛նչ կրօնքի կը պատկանի։ Այդ ձայնը ինծի անգլերէնով ըսաւ, որ դուն այս մարդուն պիտի խօսիս Յիսուս Քրիստոսի մասին (You have to speak about Jesus to this person): Ես յստակ լսեցի այդ ձայնը եւ ուզեցի խօսիլ եւ հնդազանդիլ, բայց, իրականութեան մէջ, մէկը պէտք էր` ինծի խօսէր։ Ես քանի մը երկվայրկեան տատամսեցայ, բայց հնազանդեցայ եւ մէկ ժամ խօսեցայ: Իրականութեան մէջ ես չէի խօսողը, այլ՝ Աստուծոյ հոգին էր, բայց գիտեմ, որ մէկ ժամ վերջ ես նոր արարած մըն էի։ Այդ եղաւ իմ փրկութեանս պատմութիւնը, որ իրականութեան մէջ Աստուծոյ պատմութիւնն էր, որովհետեւ ինքն էր, որ կը խօսէր։
ՍՍ- Դարձի գալէն ետք, փոխեցիք ձեր կեանքի ընթացքը եւ որոշեցիք աստուածաբանութեան հետեւիլ եւ հոգեւոր աշխարհը եղաւ ձեր կեանքին ուղին:
ՊԶՍ- Երբ Աստուծոյ հոգին մէկու մը մէջ կու գայ, որոշ յայտնութիւններ կու տայ իրեն։ Ան կ’ըսէ, որ Աստուծոյ խորհուրդները մենք չենք կրնար հասկնալ մեր մտքով միայն, Իր հոգիին իմաստութեամբ կրնանք հասկնալ շատ բաներ։ Սկսայ մտածել, թէ Աստուած ինչո՛ւ փրկեց զիս՝ գիտնալով, որ, որեւէ անձի պէս, ես արժանի չէի փրկուելու։ Կը հետեւէի Աստուածաշունչի հաւելուածի մը (app)եւ ամէն օր ինծի համար (verse) մը կը ղրկէր։ Երկու ամիս ետք ինծի աստուածաշնչեան համար մը եկաւ եւ հասկցուց, որ Աստուած բան մը ունի ինծի հետ ընելիք։ Սկսայ աղօթել՝ ըսելով, թէ Տէ՛ր ի՞նչ կ’ուզես ընեմ։ Երեք հիմնական պատասխաններ ստացայ, որ «գնա՛ եւ ուսանի՛ր». երբ դեռ մէկու մը չէի յայտնած ուսանելու ցանկութիւնս, օր մը մեր եկեղեցիէն տիկին մը մօտեցաւ ինծի եւ ըսաւ․ «Դուն կ’ուզես ուսանիլ, չէ՞, ես կ’աղօթեմ քեզի համար եւ գնա՛ եւ ուսանի՛ր», ըսի երեւի կը շփոթէք ուրիշի հետ, ըսաւ՝ «Ո՛չ, դո՛ւն ես»։ Ես ատիկա իբրեւ պատասխան առի իմ աղօթքիս, որ Աստուած կը խօսի այս տիկնոջ միջոցաւ։ Երկրորդ նշանը՝ օր մը ինքնաշարժին մէջ քրիստոնէական կայան մը մտիկ կ’ընէի, աղօթեցի՝ «Տէ՛ր, կը ներես, բայց յայտնէ ինծի ի՛նչ կ’ուզես ընեմ, ինչպէ՛ս շարունակեմ կեանքս»։ Հազիւ աղօթքս վերջացուցի, ռատիոկայանը յայտարարութիւն ըրաւ, ըսելով՝ եթէ ոեւէ մէկը կ’ուզէ Աստուածաբանական համալսարան յաճախել, «Թինտէյլ» համալսարանը (Tyndale University) լաւագոյնն է։ Երրորդը՝ Աւստրալիայէն քրիստոնէական նուագախումբի մը համերգին ներկայ էի եւ սկսելէն առաջ աղօթեցի եւ ըսի՝ «Տէ՛ր, վերջին անգամն է, որ կը հացնեմ՝ ի՞նչ կ’ուզես ընեմ», համերգը չսկսած յատարարեցին, որ Աւստրալիա Աստուածաբանական ճեմարան ունին եւ անոնք, որոնք կ’ուզեն ուսանիլ, առանց վարանելու երթան։ Ես յստակ հասկցայ, որ ալ փախուստ չկայ, պիտի երթամ եւ ուսանիմ։ Անշուշտ, ես շատ սիրով, Աստուծոյ վստահելով, սկսայ այս ճանապարհը։
ՍՍ- Հոգեւոր աշխարհը ի՞նչ կու տայ Զօհրապ Սարգիսեանին։
ՊԶՍ- Կրնամ ըսել՝ ամէն ինչ։ Ես այլ ձեւով կը ձեւակերպեմ այս հարցումը, թէ՝ Աստուած ի՞նչ կու տայ Զօհրապ Սարգիսեանին․ ան որ զԱստուած ունի, կը ճանչնայ, կը կարդայ Անոր խօսքը եւ կը մտածէ ու կը խոկայ Աստուծոյ խօսքին մէջ, կ’ունենայ ամէն ինչ։ Ես չեմ կրնար թուագրել, թէ Աստուած ի՛նչ կու տայ Զօհրապ Սարգիսեանին, բայց կրնամ ըսել՝ իմ երեւակայածէս եւ մտածածէս աւելին կու տայ։ Աստուած կը յայտնէ իր սէրը ինծի եւ ես այդ սէրը տեսնելով՝ կը զօրանամ եւ կրնամ ծառայել, սիրել ուրիշը, օգնել, ներել եւ ապրիլ իր կամքին ու պատուիրանին համապատասխան։ Աստուծմէ կը խնդրեմ իմաստութիւն եւ սէր, որովհետեւ եթէ չկրնամ սիրել, ոչ մէկ բան կրնամ ընել։ Երբ որ մէկը կը ճաշակէ Աստուծոյ սէրը, ինչպէս որ մանուկ մը կը ճաշակէ իր հօրն ու մօրը սէրը, ինքն ալ կը սկսի սիրել։ Մենք ալ Աստուծմէ սէր կ’առնենք։ Այդ է իմ հոգեւոր աշխարհը, որ ես Իր շնորհքով կրնամ ծառայել։
ՍՍ- Վերջերս նշանակուած էք Թորոնթոյի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ մէկ տարուան համար։ Ի՞նչ է նպատակը այս փորձաշրջանին։
ՊԶՍ- Մի քանի նպատակներ կան, առաջին նպատակն է՝ հովուական փարձառութիւն շահիլ, որովհետեւ ես անցեալին այդ առանձնաշնորհումը չեմ ունեցած։ Առիթ է ծանօթանալու, ճանչնալու եկեղեցւոյ հօտի անդամները, խնամել, առաջնորդել, իրենց հոգեւոր կեանքը բարելաւել եւ հասցնել Յիսուս Քրիստոսի կատարեալ հասակին ու նմանիլ Քրիստոսին։ Ուրախ եմ, որ առիթ կ’ունենամ Թորոնթոյի հայ աւետարանական եկեղեցիէն ներս ծառայելու, ուր արդէն հինգ տարիէ կը յաճախեմ եւ ոչ պաշտօնապէս կը քարոզէի եւ Սուրբ գիրքի սերտողութիւններ կ’ընէի։
Երկորդը՝ սորվիլ որոշ ծիսական եւ եկեղեցական արարողութիւններ՝ մկրտութիւն, նշանախօսութիւն, ամուսնութիւն, թաղում եւ այլն։ ՇՆորհակալ եմ Ամերիկայի հայ աւետարանչական միութեան, որ իբրեւ սան իմ նմաններս կը ստանձնեն, կը հոգան նիւթապէս եւ հոգեւորապէս կ’առաջնորդեն եւ առիթներ կը ստեղծեն մեզի, որ կարենանք հայկական եկեղեցիներու մէջ ծառայել։
ՍՍ- Ի՞նչ պատասխանատուութիւն կայ ձեր ուսերուն։ Հայ աւետարանական եկեղեցիէն ներս ի՞նչ փոփոխութիւններ եւ ծրագիրներ ունիք։
ՊԶՍ- Առաջին հիմնական պատասխանատուութիւնը Աստուծոյ խօսքը ճանչցնելն է մեր եկեղեցւոյ հօտին եւ համայնքի հայութեան ընդհանրապէս։ Երկրորդ հիմնական պատասխանատուութիւնը Աստուծոյ եկեղեցիին անդամներուն եւ յաճախողներուն հոգեւոր կեանքով զբաղիլ, տալ իրենց քրիստոնէական դաստիարակութիւն, որպէսզի կրնանք իրարու հետ ապրիլ քրիոստոսավայել կեանք մը։
Ծրագիրներուն մասին․ եկեղեցին ունի արդէն որոշ ծառայութիւններ, որոնք կը շարունակենք, ինչպէս Սուրբ գիրքի սերտողութիւն՝ երիտասարդներու, երէցներու, կամ ամուսնացած զոյգերու համար։ Կիրակնօրեան եւ երիտասարդացը իրենց գործունէութիւնը աշխուժօրէն կը շարունակեն։ Պատուելի Սեւակ Մելքոնեանի հետ միասին պիտի իրականացնենք եկեղեցւոյ Փառաբանական երեկոյ։ Ապագայի համար կը ծրագրենք նաեւ միամսեայ դրութեամբ հոգեւոր ֆիլմի դիտում եւ քննարկում կատարել, Ջատագովական երեկոյ, երբ մարդոց առիթը տանք, որ իրենց մտահոգութիւններն ու դժուարութիւնները յայտնեն քրիստոնէական կեանքէն ներս, մենք իրենց բացատրենք զանոնք աստուածաբանականօրէն։ Այս բոլոր ծառայութիւններուն նպատակն է, որ մարդիկ աւելի ճանչնան Յիսուս Քրիստոսը, աւելի մօտնենան անոր ու արժանաբար պաշտեն զԱյն։
ՍՍ- Ներկայիս նիւթական այս աշխարհին մէջ մարդ անհատը հեռացած է Աստուծմէ եւ հոգեւոր աշխարհէն։ Այսօր մարդու կեանքին մէջ ինչի՞ պակասը կայ եւ ի՞նչը պիտի մղէ զինք աւելի մօտ ըլլալու Աստուծոյ։
ՊԶՍ- Ամենէն առաջ մարդկութեան մէջ կը պակսի աստուածավախութիւնը։ Եթէ մարդ Աստուծմէ չի վախնար, ամէն ինչ կրնայ ընել։ Անոր համար ճիշդ կամ սխալ չի մնար։ Ո՞վ է դատաւորը, որ ինծի պիտի ըսէ՝ ճիշդ ես, կամ սխալ։ Մենք կրնանք ապրիլ այլանդակ, անուղի կեանք մը, որ միայն մեր անձին յաճելի ըլլայ։ Ինծի հաճոյք տուողը քեզի որքան վնաս կ’ընէ՝ երկրորդական կը թուի։ Բայց ճշմարիտ Աստուծմէ վախնալու մասին է խօսքը, այլ ոչ թէ որեւէ չաստուածէ մը, որ մենք մեզի համար կը ստեղծենք։
Երկրորդը, մեղքի, սատանային եւ դժոխքին գիտակցութիւնն է, որոնք կը պակսին մեր կեանքին մէջ, եւ որոնց մասին չենք ուզեր խօսիլ։ Երբ մենք գիտակցութիւն չունինք, որ մեղքին պատճառով Աստուծմէ բաժնուած ենք եւ մեղքին հետեւանքով է, որ այսօր այսպէս կ’ապրինք աշխարհի մէջ, մեր յարաբերութիւնները կտրտուած են, մեր սէրը իրարու հանդէպ կեղծ է, մեր առօրեան պատերազմներով, ահազանգներով, վախերով լի է։ Այս բոլորը մարդիկ կը դրսեւորեն, որովհետեւ մեղաւոր են, իսկ անոնք, որոնք փրկուած են, անոնց աշխարհը աւելի համերաշխ է եւ միասնական։ Սատանան գոյութիւն ունի եւ իրաւ է, ոչ թէ երեւակայան, ինչպէս ֆիլմերուն մէջ մեզի կ’ուզեն ներկայացնել։ Եթէ մենք համոզուած ենք, որ իսկապէս սատանայ չկայ, արդէն պարտուած ենք եւ դիւրութեամբ սատանան կրնայ խաբել մեզ։
Մէկ այլ պատճառ ալ կայ՝ Աստուածաշունչի ընթերցման պակասը մարդոց մէջ։ Ամենամեծ իմաստութիւնը Աստուծոյ խօսքը ճանչնալն է․ «Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ», կ’ըսէ Աստուածաշունչը։ Եթէ մենք պիտի չունենանք այդ եւ պիտի չհպարտանանք ատով, ինչպէս մեր նախահայրերը, կը նշանակէ, որ մենք իմաստութիւն չունինք եւ կրնանք ապրիլ, ինչպէս որ կ’ուզենք՝ կարծելով որ մեր ըրածը ճիշդ է։ Կարդալ Աստուծոյ խօսքը, սորվիլ Աստուծոյ խօսքը, ապրիլ Աստուծոյ խօսքի պատուիրաններուն համապատասխան։ Մաթէոս աւետարանի 22-րդ գլխուն 37-40-րդ համարները կ’ըսեն․ «Սիրել զԱստուած ամբողջ սրտով, հոգիով, կամքով եւ զօրութեամբ եւ սիրել դրացիս, կամ ընկերս՝ ինչպէս անձս կը սիրեմ»։ Այս երկուքէն կախուած են միւս բոլոր օրէնքները։ Այսինքն՝ եթէ մենք կրնանք սիրել զԱստուած եւ Աստուծոյ սիրով լեցուիլ ու սիրել մեր շուրջինները, արդէն Յիսուս Քրիստոսի պատուիրանը կատարած կ’ըլլանք։ Այս է, որ կը պակսի մեր կեանքէն։ Ասիկա որ ըլլայ, մենք կրնանք ապրիլ աշխարհի վրայ, բայց դրախտի մէջ։ Դրախտը երեւակայական վայր մը չէ, թէ մենք օր մը հոն պիտի երթանք։ Եթէ մենք՝ Աստուծոյ հոգիին զօրութեամբ, ուզենք ապրիլ այդ տեսակի կեանք մը, կրնանք փրկուիլ եւ ունենալ դրախտէն պատկեր մը։ Մարդիկ կ’ըսեն՝ երանի՜ բոլորը Յիսուսի պէս ըլլային, բայց ատիկա մեր ձեռքն է։ Իմ աղօթքս է, որ մարդիկ արթնութիւնը ունենան Աստուծոյ ներկայութիւն զգալու, փնտռեն ու գտնեն զԻնք իր խօսքին ընդմէջէն, ճանչնան զԻնք եւ ճանչնալով ճանչցնեն Յիսուս Քրիստոսը ուրիշներուն, որպէսզի իբրեւ ազգ, իբրեւ հայ ժողովուրդ, ուր որ ալ ըլլանք, փառաւորենք զԱստուած մեր կեանքերով, խօսքերով եւ գործերով։
ՍՍ- Թորոնթոհայ համայքին ի՞նչ խօսք ունիք ըսելու։
ՊԶՍ- Նախ զգացուած եմ եւ փառք կու տամ Աստուծոյ, որ պիտի կրնամ թորոնթոհայ համայքին մէջ ծառայել այս պաշտօնով։ Մեր եկեղեցին պատրաստ է ծառայելու, գործելու բոլոր եկեղեցիներուն, հաստատութիւններուն, կազմակերպութիւններուն եւ միութիւններուն հետ։ Ձեռքերս բաց են, որպէսզի միասնաբար Թորոնթոյի հայ եկեղեցիներու հետ՝ անկախ աստուածաբանական տարբերութիւններու, կեդրոնանանք Յիսուս Քրիստոսի անձին, Աստուծոյ եւ Սուրբ հոգիին, միասնաբար ծառայենք թորոնթոհայութեան եւ ինչու չէ նաեւ՝ Թորոնթոյին։ Կ’ուզենք մեր առօրեան հեզասահ, համախոհ ըլլայ բոլորին հետ։ Չենք կրնար մենք մեկուսացած ապրիլ իբրեւ եկեղեցի, այլ՝ մեր եկեղեցական կեանքը կը գործէ ամէն մէկ ասպարէզի մէջ, մեր առօրեային եւ մեր հոգեւոր կեանքին մէջ։ ֍
***
Այս զրոյցը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ» ամսագիրի հոկտ. 2024 թիւին մէջ: