Արէն Սաֆարեան յիշեցուց թորոնթոհայութեան, թէ հայերէնը նաեւ կատակի լեզու է
«ԹՈՐՈՆԹՈՀԱՅ»–Շաբաթ, 10 մայիս 2025-ի երեկոյեան, Թորոնթոյի հայ կեդրոնի սրահը լեցուն էր սպասումով ու կենսունակութեամբ. Թորոնթոյի Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան «Գլաձոր» մասնաճիւղի ընկերային յանձնախումբը Մայրերու օրուան առիթով կազմակերպած էր կատակերգական երեկոյ մը, որ մէկտեղած էր բազմաթիւ հայորդիներ։
ձեռնարկի լուսանկարը՝ Սեւակ Յարութիւնեանի, համադրումը՝ «Թորոնթոհայ»-ի
Երեկոյի գլխաւոր հերոսն էր տաղանդաւոր կատարերգակ եւ դերասան Արէն Սաֆարեանը, որ յատկապէս հրաւիրուած էր Երեւանէն: Սա Հայաստանէն դուրս անոր առաջին մենակատարումն էր:
Սաֆարեանի ներկայացումը ամբողջապէս հայերէնով էր, ինչ որ հանդիսատեսին յատուկ առիթ տուաւ կատակարգութիւն վայելելու՝ մայրենի լեզուով։ Արագ մտածողութեամբ, խելացի բառախաղերով եւ սուր մտքերով, ան բաժնեց պատմութիւններ Հայաստանի առօրեայ կեանքէն ՝ անոր դժուարութիւններն ու ուրախութիւնները, հակասութիւններն ու հաճելի կողմերը։ Իր ներկայացումը շօշափեց ամէն ինչ՝ Երեւանի մէջ անյարմար հանդիպումներէն մինչեւ հայկական թատրոնի չափազանց թատերական սովորութիւններ:
Բայց ասիկա պարզապէս կատակներու շարք մը չէր։ Իր մենակատարումին մէջ կար աւելի խորունկ ուղերձ մը միաբանութեան մասին. իր խօսքերուն ընդմէջէն ան հասկցուց, որ հայերս թէեւ բաժնուած ենք քաղաքականութեամբ, աշխարհագրութեամբ կամ մտածելակերպով, սակայն մեր ընդհանուր փորձառութիւնները, որպէս ժողովուրդ, մեզ իրար կը կապեն։ Անոր ոճը ինչքան կեդրոնացուած էր կատակի, նոյնքան խոցելիութեան վրայ՝ ներկայացնելով ժամանակակից հայկական կեանքի պատկեր մը, որ միաժամանակ յատուկ ու համընդհանուր էր։
Ներկայացումէն ետք Սաֆարեան զրուցեց «Թորոնթոհայ»-ին հետ ու իր մտքերը բաժնեց իր ունեցած փորձառութեան մասին։ «Ամէն ինչ սպասուածից էլ լաւ էր։ Դահլիճում գտնուող հանդիսատեսը գերազանց էր՝ ուշադիր, ջերմ, խելացի ու էներգիայով [եռանդ] լի։ Կազմակերպիչները՝ պրոֆեսիոնալ [արհեստավարժ] եւ ամէն ինչ շատ կազմակերպուած։ Սկզբից արդէն զգում էի, որ ամէն ինչ իր տեղում է», ըսաւ ան:
Ծնած Իրանի մայրաքաղաք Թեհրանի մէջ, Սաֆարեան ստեղծագործական իր առաջին քայլերը առած է «Արարատ» կազմակերպութեան արուեստանոցին մէջ, ուր յետագային դարձաւ ուսուցիչ։ Ապագային անդամակցեցաւ «Լիվ» թատերական խումբին եւ ապա փոխադրուեցաւ Հայաստան, ուր վերջին տասներկու տարիներուն մաս կը կազմէ երկրի զարգացող արուեստի բնագաւառին։ Այսօր ան գլխաւոր անդամներէն է յայտնի արուեստագէտ Նարեկ Դուրեանի ղեկավարած «Բոհեմ» թատրոնին։ Նաեւ գործակցած է շարք մը առաջատար արտադրական խումբերու հետ, ինչպիսիք են՝ Արման Միթոյեանի «Art Life»-ն ու «Sharm Holding»-ը։ Իր բազմակողմանի գործունէութիւնը՝ որպէս դերասան, կատարերգակ եւ մեկնաբան՝ օգնած է ձեւաւորել ներկայացման ոճ մը, որ կ՚անդրադառնայ սփիւռքի ու Հայաստանի կեանքին եւ երկուքին միջեւ գոյութիւն ունեցող լարումներուն ու կատակներուն:
Սաֆարեանի համար, Թորոնթոյի մէջ հանդէս գալը շատ աւելին էր քան պարզ ներկայացում մը։ «Ամէնից շատ ինձ վրայ տպաւորութիւն թողեց Թորոնթոյում բնակուող հայկական ջերմ ու սրտաբաց համայնքը»,- ըսաւ ան,- «Իրօք, ասես տարիներ շարունակ ճանաչած լինէի նրանց։ Թէեւ հայրենիքից հեռու էք, ձեր մէջ կայ ջերմութիւն, որ անմիջապէս քեզ տուն էր յիշեցնում»։
Այս զգացումը արձագանգեց ամբողջ երեկոյի ընթացքին։ Ներկաներն ալ արտայայտեցին գնահատանք, մանաւանդ հայերէնի այսպիսի կենսական, ստեղծագործական եւ խօսակցական գործածումին հանդիպելու առիթին համար։
«Հազուադէպ է՝ մենք կատակերգական ներկայացումի մը ներկայ գտնուինք, որ ամբողջութեամբ հայերէնով կը հրամցուի», ներկայացումէն ետք ըսաւ ներկաներէն մէկը։ «Արէնը ծիծաղեցուց մեզ, բայց նաեւ մտածելու տեղ բացաւ: Ինծի յիշեցուց, թէ ի՜նչ արտայայտիչ է մեր լեզուն, թէ հայերէնը ոչ միայն յիշողութեան ու ցաւի լեզու է, այլեւ՝ ուրախութեան, ծաղրի, ծիծաղի լեզու»:
Ներկաները մեծ հաճոյքով վայելեցին սրամիտ մենախօսութիւնն ու յանձնախումբին կողմէ մեծ հոգատարութեամբ պատրաստուած հիւրասիրութիւնը. իսկ ներկայացումէն ետք մթնոլորտը նոյնքան լեցուն էր կենսունակութեամբ. շատերը նաեւ առիթը ունեցան զրուցելու Սաֆարեանի հետ։ «Ինձ համար այս ուղեւորութիւնը պարզապէս ներկայացում ունենալը չէր։ Դա մի իւրայատուկ ու անմոռանալի փորձ էր, որը վստահ եմ՝ երբեք չեմ մոռանայ», հաստատեց Արէնը: ֎
***
Այս թղթակցութիւնը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի յունիս 2025 (#214) թիւին մէջ: