«Կրթութեան եւ անձնական զարգացման տօնախմբութիւն» ձեռնարկին Այնճարէն յատկապէս հրաւիրուած է վեր. Յակոբ Ագպաշարեանը
Կազմակերպութեամբ Գանատայի հայ աւետարանչական ընկերակցութեան (Armenian Missionary Association of Canada), շաբաթ, 13 սեպտեմբերին տեղի պիտի ունենայ «Կրթութեան եւ անձնական զարգացման տօնախմբութիւն»-ը, Թորոնթոյի հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ:
Ձեռնարկին պատգամաբերն է Լիբանանէն յատկապէս հրաւիրուած՝ Այնճարի հայ աւետարանական վարժարանի տնօրէն ու Այնճարի հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ վեր. Յակոբ Ագպաշարեանը։ Ան պիտի խօսի Լիբանանի մէջ գործող hայկական դպրոցներու դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ յաջողութիւններուն մասին։
«Կրթութեան եւ անձնական զարգացման տօնախմբութիւն» ձեռնարկին մասին աւելի մանրամասնութիւններ իմանալու միտումով՝ կը զրուցենք Գանատայի հայ աւետարանչական ընկերակցութեան եւ կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամ՝ տոքթ. Անի Հասըրճեանին հետ:
Այս զրոյցը տեղի ունեցաւ «Նոր հայ հորիզոն»-ի եթերով. տեսերիզին յղումը՝ մեկնաբանութիւններուն մէջ:
Քաթիա Տէր Յովակիմեան- 2024 տարեշրջանին Գանատայի հայ աւետարանչական ընկերակցութեան (Armenian Missionary Association of Canada) կազմակերպած «Միասին արցախահայութեան կողքին» եւ «Միասին լիբանանահայութեան կողքին» զոյգ հանգանակային միջոցառումները տեղի ունեցան Թորոնթոյի եւ Մոնթրէալի մէջ։ Կ՚իմանանք, որ AMAC-ն դարձեալ ձեռնարկներ կը կազմակերպէ, ու այս անգամ պիտի հիւրընկալուի Այնճարի հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանին տնօրէնը: Կարելի՞ է Այնճարի այդ վարժարանին եւ գիշերօթիկ բաժնին մասին տեղեկութիւններ փոխանցել։
Անի Հասըրճեան- Սիրով եւ մեծ հաճոյքով։ Նախ որպէս Այնճարի հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանի շրջանաւարտ եւ Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամ, բոլոր ընկերներուս անունով՝ կը փափաքիմ երախտագիտութիւն յայտնել «Նոր հայ հորիզոն» հեռատեսիլին եւ «Թորոնթոհայ» ամսագիրի անձնակազմերուն, որոնք միշտ պատրաստ են քաջալերելու ընկերակցութեան գործունէութիւնը:
Անցնելով ձեր հարցումին, կարճ պատմական ակնարկով մը հետեւեալը կարելի է ըսել․ երբ 1939 թուականին Մուսա Լեռան ժողովուրդը՝ իր ետին թողած տուն, ստացուածք եւ ամէն բան, իբրեւ գաղթական, անտուն հասաւ Այնճար, Լիբանան, Ֆրանսական պետութեան օժանդակութեամբ, ղեկավարներուն առաջնահերթ մտահոգութիւնն էր կառուցել եկեղեցի եւ դպրոց։
Եւ այսպէս, 1942-ին Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ կողքին կը հիմնուի Այնճարի հայ աւետարանական վարժարանը, հայեցի եւ քրիստոնէական դաստիարակութիւն ջամբելու մատղաշ սերունդին։ 1947-ին, իբրեւ կարեւոր ծրագիր, դպրոցին կողքին կը բացուի գիշերօթիկի բաժանմունքը, ոչ միայն ուսում տալու, այլ հեռաւոր կամ աղքատ ընտանիքներէ եկած, ոչ միշտ, բայց ընդհանրապէս որբ կամ կարիքաւոր երեխաներուն հոգ տանելու եւ ապահով հանրակացարան մը ընծայելու համար։
Եւ այսպէս մօտաւորապէս ութսուն տարիներէ ի վեր՝ շնորհիւ գերմանական «Հիլֆսպունտ» ընկերակցութեան նուիրեալ միսիոնարներու, ինչպէս քոյր Հետուիկի, քոյր Մարիի, քոյր Հաննայի, Շուեսթըր Հաննայի, Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներու եւ երէցկիներու նաեւ շատերու ջանքերուն, գիշերօթիկը եղած է եւ կը շարունակէ ըլլալ երկրորդ տուն, ուր ուսուցիչները եւ խնամակալները կը ջանան ոչ միայն դասեր սորվեցնել, այլեւ անոնք մայրական եւ հայրական սէր կը փոխանցեն, որպէսզի երեխաները որբ եւ անտէր չզգան։
Տարիներու ընթացքին, գիշերօթիկը հազարաւոր պատանիներու տուած է կեանքի նոր հորիզոն: Շատեր բարձր ուսում ստանալով եղած են բժիշկներ, ճարտարապետներ, հոգեւորականներ եւ ազգային ծառայութեան նուիրուած անհատներ։
Մինչեւ օրս անոնցմէ շատեր կը շարունակեն հարազատ քոյրերու եւ եղբայրներու նման, սերտ յարաբերութիւններով կապ պահել իրարու հետ, որովհետեւ գիշերօթիկը կը մնայ բոլորին հոգիին մէջ այն յիշատակով եւ ուր առաջին անգամ իրենք զգացած են ընտանեկան ջերմութիւն:
Սակայն Գիշերօթիկը միայն «շէնք» մը չէ այլ վայր մըն է, ուր կը շարունակուի կերտուիլ ապագայ սերունդներ՝ պատսպարելով հայ պատանին առանց համայնքային խտրութեան: Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանը 1956-էն ի վեր ունեցած է կրթական բոլոր բաժանմունքները՝ մանկապարտէզ, նախակրթարան, միջնակարգ եւ երկրորդական։
Ներկայիս սփիւռքի միակ վարժարանն է, ուր բնակարանային հոգածութիւն եւ ուսում կը ստանան կարիքաւոր աշակերտները։ Վարժարանի առաքելութիւններէն են՝ ապահով միջավայր տրամադրել բոլոր անոնց, որոնք կարիք ունին ընկերային եւ հոգեբանական օգնութեան, ակադեմական բարձր մակարդակով կրթութիւն տալ, աշակերտները հայեցի եւ քրիստոնէական արժէքներով դաստիարակել:
Տէր Յովակիմեան- «Կրթութեան եւ անձնական զարգացման տօնախմբութիւն» ձեռնարկի նպատակին, բնոյթին եւ յայտագրի կապակցութեամբ ի՞նչ կրնայ սպասել հանդիսատեսը։
Անի Հասըրճեան- «Կրթութեան եւ անձնական զարգացման տօնախմբութիւն»-ը կազմակերպուած է Գանատայի հայ աւետարանչական ընկերակցութեան կողմէ։ Ինչպէս յաճախ, այս մէկն ալ բարեսիրական հանգանակային միջոցառում մըն է, օժանդակելու համար Լիբանանի հայկական վարժարաններուն։
Ամերիկայի հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը (AMAA)-ը 1918-էն ի վեր եւ Գանատայի ընկերակցութիւնը (AMAC) 1984-էն ի վեր նուիրուած են որակաւոր եւ բարձրագոյն կրթութեան ջահակիրներ ըլլալու բոլոր հայկական գաղութներուն մէջ, մասնաւորաբար Միջին Արեւելք, Հայաստան ու Արցախ։
Ամենէն ցայտուն օրինակը սփիւռքի միակ հայկական համալսարանը՝ Հայկազեան համալսարանն է, որ կը վայելէ Հայ աւետարանական համայնքի եւ Ամերիկայի հայ աւետարանչական ընկերակցութեան հովանաւորութիւնը։
Ինչպէս յիշուեցաւ, այս ձեռնարկին համար յատկապէս Լիբանանէն հրաւիրուած է որպէս պատգամաբեր՝ Այնճարի հայ աւետարանական վարժարանի տնօրէն ու Այնճարի հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ վեր. Յակոբ Ագպաշարեանը։ Ան պիտի խօսի Լիբանանի մէջ գործող հայկական դպրոցներու դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ յաջողութիւններուն մասին։
Դպրոցին գիշերօթիկի բաժնին մէջ մասնաւորաբար վերջերս հոգեբուժական աջակցութիւն կը տրուի որոշ ուսանողներու, որոնց մտային առողջութիւնը խաթարուած է զանազան ընկերային եւ տնտեսական վերիվայրումներու պատճառով։ Անոնցմէ շատեր կը պայքարին վախի եւ ինքնավստահութեան պակասի դէմ։
Նոր կեդրոն մը հաստատուած է «Բուժման նաւահանգիստ» (Healing Harbour) անունով, ուր շուտով հոգեբուժական առաքելութիւնը պիտի ընդարձակուի՝ տրամադրելու մասնագիտական դարմանումներ (professional therapy), խմբային խորհրդատուութիւն (group counseling) եւ այլն։
Գանատայի հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը պատրաստակամ է եւ ճիգ չի խնայեր «Բուժման նաւահանգիստ»-ի առաքելութեան օժանդակելու, որպէսզի մանուկներն ու պատանիները կարենան յաղթահարել ներքին խոչընդոտները եւ Աստուծոյ շնորհած պարգեւները յայտնաբերեն ու զարգանալով ըլլան յաջողակ չափահասներ կեանքի ասպարէզին մէջ։ Ձեռնարկի ընթացքին լսատեսողական ներկայացումով եւ տեսերիզներու ընդմէջէն մանրամասնութիւններու պիտի ծանօթանայ հանդիսատեսը։ Յայտագրին մէջ կայ զանազան անակնկալներով գեղարուեստական բաժին մը, ուր ոգեշնչող երաժշտական կատարումներով ելոյթ պիտի ունենան գանատահայ տաղանդաւոր երաժիշտներ։
Տէր Յովակիմեան- Ինչպէ՞ս կարելի է տոմս ապահովել: Ե՞րբ եւ ո՞ւր տեղի պիտի ունենայ այս ձեռնարկը։
Հասըրճեան- Ուրախութեամբ յայտնեմ, թէ տօնախմբութեան մուտքը ազատ է, այսինքն՝ ձրիաբար բաց է բոլորին համար անխտիր։ Ուրեմն՝ տոմսեր չեն վաճառուիր եւ տոմս ապահովելու հարկ չկայ։ Միջոցառումը տեղի կ՚ունենայ շաբաթ, 13 սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Թորոնթոյի հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ եւ կիրակի, 14 սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 6-ին, Մոնթրէալի հայ աւետարանական առաջին եկեղեցւոյ մէջ:
Պիտի խնդրէի՝ անոնք, որոնք կը ճանչնան Այնճարի հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանը, մասնաւորաբար գիշերօթիկի բաժինը յաճախած անցեալի աշակերտներ, ըլլան շրջանաւարտ կամ ոչ, թող բարեհաճին անպայման անոնց տեղեակ պահել այս տօնախմբութիւններու կապակցութեամբ։
Յայտարարութիւնները կարելի է տեսնել AMAC-ի ընկերային ցանցերուն վրայ, Facebook, Instagram, ինչպէս նաեւ ARMENOPOLE Global Calendar of Armenian Events-ի կայքէջի վրայ, ուր նուիրատուութեան մանրամասնութիւններն ալ կարելի է գտնել։
Շնորհակալութիւններ եւ կը յուսանք տեսնուիլ ձեռնարկին: