«Լիբանանի նուիրուած ՀՕՄ-ի «Տոհմիկ օր»-ը գերազանցեց մեր բոլորին սպասելիքները»

Հարցազրոյց երաժիշտ Սէրուժ Գրաճեանի հետ.

Գանատահայ աշխարհահռչակ դաշնակահար, երգահան Սէրուժ Գրաճեան կ’ապրի բեղուն ստեղծագործական կեանքով։ Անոր աշխատասիրութիւնը, ստեղծագործելու եւ երաժշտութեան մէջ միշտ նորութիւններ բերելու ձգտումը սահմաններ չի ճանչնար։ Արուեստագէտը իր հրամցուցած բարձ արուեստին համար արժանացած է համաշխարհային բազում մրցանակներու։ «Ճունօ» մրցանակի դափնեկիր, «Կրէմի» մրցանակի առաջադրուած երաժիշտը վերջերս մեծարուեցաւ ՀՕՄ-ի կողմէ՝ Լիբանանի հայ գաղութին նուիրուած «Տոհմիկ օր»-ուան ընթացքին։

Այս առիթով յայտնի երաժիշտին հետ ունեցանք զրոյց մը, ուր ան կիսեց իր զգացումները այդ առիթով, խօսեցաւ Լիբանանի մէջ անցուցած իր մանկութեան մասին, գնահատեց ՀՕՄ-ի տարած հսկայական աշխատանքը, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ ներկայի եւ ապագայի իր գործունէութեան ու ծրագիրներուն։

***

Սալբի Սաղտըճեան— Աշխարhահռչակ դաշնակահար, յօրինող Սէրուժ Գրաճեանը ներկայիս ի՞նչ գործունէութեամբ կը զբաղի։

Սէրուժ Գրաճեան— Ես արդէն տարիներէ ի վեր «Ամիչի» անսամպլի (Amici Chamber Ensemble) գեղարուեստական ղեկավարն եմ։ «Ամիչի»-ն Գանատայի ամենէն հին կամերային անսապլներէն մէկն է։ Ան ամէն տարի համերգներով հանդէս կու գայ։ Ատկէ զատ ունիմ նոր ստեղծագործական համերգս, որ կը կոչուի «Դաշնամուրային ֆանթազիա» (Piano Fantasy)։ Արդէն համերգով հանդէս եկած եմ շատ մը քաղաքներու մէջ՝ սկսեալ Լոս Անճելըսէն, Սան Ֆրանսիսքօ, Թորոնթօ, Մոնրէալ, քանի մը օր ետք Նիւ Ճըրզի, յետոյ Ֆիլատելֆիա։ Այս տարուան մէջ նաեւ՝ Նիւ Եորք, Պոսթոն եւ Ֆրանսայի երեք քաղաքներ, ինչպէս նաեւ՝ յունիսին Երեւանի մէջ։ Ատկէ զատ կը զբաղիմ յօրինելով եւ մշակումներ կատարելով զանազան խումբերու համար՝ ե՛ւ գործիքային խումբերու, ե՛ւ երգչախումբերու։ Ներկայիս այս ուղղութիւններով կը զբաղիմ։



ՍՍ—Աշխոյժ ստեղծագործական կեանքով կ’ապրիք։

ՍԳ—Այո, ինծի համար բազմազանութիւնը կարեւոր է, այսինքն՝ միայն դաշնամուրային համերգներով չեմ բաւարարուիր։ Բախտաւոր եմ, որ օժտուած եմ տարբեր տաղանդներով, որոնք հնարաւորութիւն կու տան ինծի այս ամէնը ընելու։



ՍՍ—Վերջերս տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի (ARS Toronto Roubina Chapter) «Տոհմիկ օր»–ը, որ նուիրուած էր Լիբանանի հայ գաղութին։ Ի՞նչ են ձեր տպաւորութիւնները ձեռնարկին մասին։

ՍԳ—Մէկ նախադասութեամբ կրնամ ըսել, որ Լիբանանը աւելի լաւ ձեւով ներկայացնել չէի պատկերացներ։ Լաւագոյն ձեւով ներկայացուած էր իմ ծննդավայրս, սկսեալ պատմական վայրերէն հասած Եղեռնի յուշարձանը։ Սրահ մուտք չգործած իսկ ցուցադրուած ամէն ինչը քեզի Լիբանանը զգացնել կու տար, ներառեալ լիբանանեան եւ հայկական երաժշտութիւնը։ Շատ հետաքրքրական էր «Տոհմիկ օր»-ուան առիթով պատրաստուած գիրքը, որ չորս հարիւր էջէն աւելի էր։ Կրնամ ըսել, որ չեմ տեսած այսպէս գիրք, որ ամէն ինչ ներառուած ըլլայ, սկսած Լիբանանի հայկական դպրոցներէն, հոգեւոր, գրական, քաղաքական արուեստի անձնաւորութիւններու կենսագրութիւններէն։ Ամբողջ համայնագիտարան մըն էր Լիբանանի հայ գաղութին մասին։ Անշուշտ համով ճաշերը պէտք չէ մոռնալ։ ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղը, ինչպէս նաեւ «Տոհմիկ օր»-ուան յանձնախումբը հսկայական աշխատանք տարած էին։ Դարձեալ կրկնեմ, ես այսքան բան չէի սպասեր։ Տօհմիկ օրը գերազանցեց մեր բոլորին սպասելիքները։



ՍՍ— Շատ հետաքրքրական ձեւակերպում մը ըրած էիք այդ օրը ձեր խօսքին մէջ՝ «Ես 13 տարեկանին ձգած եմ Լիբանանը, բայց Լիբանանը երբեք զիս չէ ձգած, ան միշտ իմ հոգիիս մէջն է»։ Կը խօսիք այդ մասին, թէ ինչպիսի՞ կապուածութիւն ունիք Լիբանանի հետ։

ՍԳ—Ես բախտաւոր էի, որ ապրեցայ այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ հակառակ քաղաքացիական պատերազմին եւ անոր բերած ամբողջ դժբախտութիւններուն, հայ գաղութին մէջ կը տիրէր համախմբուածութիւն, իրարու օգնելու, իրարու տէր կանգնելու պատրաստակամութիւն, արժանապատուութեան, հայրենասիրութեան իսկական դրսեւորումներ, ինչպէս նաեւ ընդհանրապէս լիբանանցիի յարատեւութիւնը այդ դժուար ժամանակաշրջանին։ Իսկապէս հայեցի մթնոլորտ մը ստեղծուած էր թէ՛ մեր դպրոցներուն, թէ՛ մեր ակումբներուն, թէ՛ մեր եկեղեցիներուն, թէ՛ մեր բարեսիրական, մարզական, մշակութային հաստատութիւններուն մէջ։ Թէեւ ես 13 տարեկանին ձգած եմ Լիբանանը, բայց Լիբանանը այնքան մէջս արմատաւորեց հայ մշակոյթին եւ հայութեան հանդէպ սէրը, իմ արմատներս արժեւորելը, որ միշտ մէջս վառ մնաց։ Կը կարծեմ, որ այդ յատկութիւնը որոշիչ դեր ունեցաւ թէ՛ իմ ստեղծագործական եւ թէ՛ անձնական կեանքին մէջ։ Երբ դժուարութիւններու կը հանդիպիմ, միշտ կը մտածեմ, որ լիբանանցին եւ լիբանանահայը ինչ դժուարութիւններէ անցած է եւ ատով հանդերձ միշտ ալ կրցած է յաղթահարել այդ դժուարութիւնները եւ առջեւ նայած է։ Ատիկա շատ մեծ դաս մը եղած է ինծի, իսկ հայրենասիրութիւնը եւ մարդկային արժէքները իմ կեանքի այդ կարճ ժամանակին իսկ դպրոց մը եղան ինծի համար։



ՍՍ—Ձեր մանկութենէն յատկանշական ի՞նչ յուշեր ունիք։ Ինչպիսի՞ մանկութիւն ունեցած էք Լիբանանի մէջ։

ՍԳ—Սրտիս ամենէն մօտիկ յիշատակը չորս տարեկանին էր․ պատերազմի ամենէն թէժ շրջանին ծնողներս որոշեցին դաշնամուր մը բերել տունը։ Ամէն մարդ զարմացաւ, որովհետեւ այդ ժամանակ ատիկա մեծ խենթութիւն էր, այսինքն՝ ամենէն վերջին բանը որ կրնային մտածել մարդիկ այդպէս բան մը ընելն էր, ուրիշ կենսական կարեւորութեան կարիքներ կային, բայց այդ օրը ճակատագրական եղաւ եւ իմ կեանքս փոխեց։ Ես սկսայ նուագել այդ դաշնամուրին վրայ։ Սկիզբը ուսուցիչ չունէի, այդ դաշնամուրը եղաւ սիրոյ աղբիւր մը նախ ընտանիքիս համար, յետոյ շէնքի բնակիչներուն համար։ Ինծի համար անձնական ամենագեղեցիկ յիշատակն է։ Միւս կարեւոր յիշատակը հայկական դպրոց յաճախելս է։ Ուսուցիչներուս, տնօրէններուս մէջ տեսայ անձնուէր յատկութիւններ, որոնք ինծի եւ բոլոր աշակերտներուն համար շատ մեծ օրինակ դարձան։ Անոնք մեզի փոխանցեցին թէ ինչպէս պէտք է ըլլայ հայը օտար ափերու վրայ, ինչպէս յարգը գիտնայ իր արմատներուն, իր մշակոյթին։ Ինծի համար այդ մէկը կարեւոր եւ մեծ արժէք է, որ միշտ կը յիշեմ։ Ուրեմն առաջին քայլերս երաժշտութեան մէջ եւ առաջին քայլերս հայկական դպրոցին մէջ։



ՍՍ- «Տոհմիկ օր»-ուան հանդիսութեան երեք մեծարեալներէն մէկը դուք էինք, ի՛նչ են ձեր տպաւորութիւնները այդ առիթով։

ՍԳ-Մեծ պատիւ է ինծի համար, որովհետեւ Հայ օգնութեան միութիւնը ամբողջ աշխարհի մէջ կը գործէ աւելի քան հարիւր տարիներէ ի վեր։ Իսկապէս օգնութիւն բառը արդէն ամենէն ազնիւ յատկութիւնն է որ մարդ անհատը կրնայ ունենալ, բայց հայը հայուն օգնելը արդէն տարբեր մակարդակ կ’ենթադրէ։ Մեր ամբողջ կազմակերպութիւններուն մէջ յատկանշական է ՀՕՄ-ի դերը եւ անշուշտ հայ կնոջ դերը այս ամէնուն մէջ։ Ինծի համար պատուուիլ այս միութեան կողմէ շատ մեծ նշանակութիւն ունի եւ նաեւ մեծ պարտաւորութիւն կ’ենթադրէ, որպէսզի իմ կեանքիս մէջ նաեւ չմոռնամ այն յատկանիշները, որոնք ՀՕՄ-ը իր գործունէութեամբ կը ներշնչէ բոլորին։



ՍՍ-Ապագայի ի՞նչ ծրագիրներ ունիք։

ԱԳ- Ամենէն մօտ ծրագիրը 9 յունիսին Երեւանի մէջ ունենալիք համերգս է։ Արամ Խաչատրեան համերգասրահին մէջ պիտի ներկայացնեմ իր «Դաշնամուրային ֆանթազիա» ներկայացումը։ Վերջին անգամ համերգով ելոյթ ունեցած էի դեկտեմբեր 2022-ին։ Հայ հանդիսատեսին համար նուագելը տարբեր զգացողութիւն է։ Երաժշտութենէն դուրս, տարբեր բան մը ըրած եմ․ բեմադրած եմ իմ առաջին ֆիլմը, որ մէկուկէս ժամնոց վաւերագրական ֆիլմ մըն է, որ աշնան պիտի ցուցադրուի։ Ան սփիւռքի մասին է, ոչ թէ միայն հայկական սփիւռքի, այլ նաեւ ուրիշ սփիւռքներու։ Ֆիլմը կը պատմէ թէ ինչպէս երաժշտական կամուրջներ կրնան ստեղծուիլ տարբեր ազգութիւններու, սփիւռքեան սփիւռքներու միջեւ։ Ինչպէս վերը նշեցի, «Դաշնամուրային ֆանթազիա»-ն շատ մը ուրիշ քաղաքներու մէջ պիտի ներկայացնեմ։ Եւ այսպէս կը շարունակեմ իմ գործս՝ Կամերային անսամպլի հետ։ Իմ գործս միշտ նորութիւններ կ’ակնկալէ եւ հետաքրքրական է որ ես կանգ առնել չունիմ․ ապագայի մասին ծրագիրներ, նորութիւններու մասին մտածել, որպէսզի իբրեւ արուեստագէտ չլճանամ, որպէսզի միշտ առաջ նայիմ եւ ետ չմնամ նորարութիւններէ։ ֎

Սալբի Սաղտըճեան

Ծնած է Սուրիա, Քեսապ, այժմ կը բնակի Հայաստան։ Մասնագիտութեամբ պատմաբան է։ Թղթակցած է «Ազդակ»-ին, «Գանձասար»-ին, աշխատած «Թերթ» եւ «Եռագոյն» կայքերուն մէջ։ 2017-էն ի վեր մաս մը կազմէ «Թորոնթոհայ» թերթի խմբագրական կազմին։ Գրութիւնները նուիրուած են հայաստանեան իրականութեան եւ առաւելաբար Արցախին եւ արցախահայութեան խնդիրներուն։

Previous
Previous

'The Last Repair Shop’ is an Oscar-winning ode to craftsmanship and compassion

Next
Next

Dr. Hamboyan presents talk about Alzheimer’s Disease and DementiaBy Sarin Poladian-Apigian