Իւրաքանչիւր հայրենադարձի մասնագիտական կարողութիւնը մեծ նպաստ է հայրենիքին, կը հաստատեն գանատահայ Ռաֆֆի եւ Մարիթա Հասըրճեանները

Հայաստանի ներկայ դժուար պայմաններուն մէջ հայրենադարձուիլը ձգտում, ուսումնասիրուած ծրագիր եւ զայն գործնականի վերածելու կուռ կամք կը պահանջէ։ Այս կարծիքին են թորոնթոհայ Ռաֆֆի Հասըրճեանն ու անոր կողակիցը՝ Մարիթան։ Անոնք մեր ընթերցողներուն կը պատմեն Հայաստան փոխադրուելու իրենց դրդապատճառին, այստեղ ապրելու իրենց փորձառութեան մասին, որ կրնայ ուղեցոյց ըլլալ այն սփիւռքահայերուն, որոնք հայրենիք հաստատուելու ձգտումը ունին։

Սալբի Սաղտըճեան- Ի՞նչ էր Հայաստան հաստատուելու ձեր դրդապատճառը։ Զգացակա՞ն, թէ աւելի իրատեսական մօտեցաք այս որոշումին, մանաւանդ որ ծնած մեծցած էք Հայաստանէն շատ տարբեր միջավայրերու մէջ։

Մարիթա Հասըրճեան- Հայաստան փոխադրուելու որոշումը իմս էր եւ չէր։ Երբ Ռաֆֆիին ծանօթացայ, առաջին բանը որ ըսաւ այն էր, որ մտադիր է Հայաստան փոխադրուելու։ «Եթէ համաձայն ես այդ գաղափարին, շարունակենք, եթէ ոչ՝ հիմակուընէ չշարունակենք», ըսաւ ինծի։ Ես լիբանանահայ եմ, մանկութենէն հայրենասիրութիւնը մեր մէջ սերմանուած է, միութենական կեանքին մէջ եղած եմ: Մեծնալէն ետք պայմանները այնպէս բերին, որ ես եւ քոյրերս Գանատա փոխադրուեցանք ուսանելու համար։ Չէի մտածեր կրկին այլ տեղ փոխադրուելու մասին, բայց երբ Ռաֆֆին յայտնեց իր մտադրութիւնը, մտքէս ըսի՝ ինչու ոչ, Հայաստանը մեր հայրենիքն է․․․ եւ՝ Լիբանանին մօտ։

Ռաֆֆի Հասըրճեան- Երկար ժամանակէ ի վեր, երիտասարդ տարիքէս, Հայաստան փոխադրուելու ձգտումը ունէի։ Իրականութեան մէջ ձգտիլը դիւրին է, սակայն զայն գործնականի վերածելու հետեւանքները նկատի չէի առած։ Սխալ կ’ըլլայ ըսել, որ հիմնական շարժառիթս հայրենասիրական զգացումներէն չէ բխած։ Յամենայնդէպս, յուզական բաղադրիչը մէկ կողմ դրած, համոզուած եմ, որ կան բազմաթիւ գործնական եւ իրատեսական պատճառներ Հայաստան հաստատուելու համար․ հաշուի առնելով այն հսկայական ջանքերն ու ժամանակը, որոնք կը տրամադրենք շաբթուան եւ օրուան ընթացքին՝ մշակոյթ պահպանելու, հայ մնալու, Հայաստանի համար աշխատելու, այդ արդիւնքները հոս շատ աւելի քիչ ջանքերով կրնաս ստանալ։ Հոս ապրելով եւ շրջապատդ բարելաւելով, այդ ջանքերուն իւրաքանչիւր կաթիլը շատ աւելի մեծ օգուտ կը բերէ եւ շատ աւելի ազդեցիկ տարբերութիւն ստեղծելու առիթը կու տայ։ Պայման չէ միայն մարդասիրական աշխատանք տանիլ, նոյնիսկ մասնագիտական աշխատանքդ մեծ նպաստ է հայրենիքիդ։

Սալբի- Ի՞նչ գործով կը զբաղիք Հայաստանի մէջ։

Ռաֆֆի- Ես կը զբաղիմ ելեկտրացանցի փոխակերպիչներու (transformer) արտադրութեամբ, որ ընտանեկան գործ է։ Հօրս աշխատանքը եղած է, հիմա ես եւ եղբայրներս այդ աշխատանքով կը զբաղինք թէ՛ Գանատայի եւ թէ հոս՝ Հայաստանի մէջ։

Մարիթա- Ես ալ նկարչութեամբ կը զբաղիմ։ Անգլերէն դասաւանդած եմ QSI դպրոցին մէջ, որ միջազգային դպրոց է եւ ամերիկեան ուսումնական ծրագրին կը հետեւի, առաւել նկարչութեան ձեռնարկներ կազմակերպած եմ, բարեսիրական գործունէութեամբ զբաղած։ Արցախցի երեխաներու համար նկարչութեան դասընթացքներ տուած եմ, որպէսզի անոնց հոգեկան վիճակը բարելաւուի։

Սալբի- Սփիւռքի ձեր փորձը եւ հնարաւորութիւնները այստեղ մը ներդրէք, որպէսզի փոփոխութիւն բերէք եւ բարելաւէք ձեր շրջապատը։

Մարիթա- Անշուշտ, ամենապարզ օրինակներով նոյնիսկ սփիւռքի ներդրումը կարեւոր է, օրինակ՝ արեւմտահայերէն խօսելով, որպէսզի տեղացիք լսելով բնական ընկալեն զայն։

Սալբի- Ռաֆֆի, Գանատայի ձեր մասնագիտական փորձը որքանով յառաջընթաց կամ դրական փոփոխութիւն կը բերէ հոս։

Ռաֆֆի- Իմ աշխատած ոլորտիս մէջ մենք մեր արտադրանքը կը վաճառենք Էլեկտրացանցին կամ այլ յաճախորդներու։ Թէեւ Հայաստանի շուկան փոքր է, բաղդատած Գանատայի կամ Հիւսիսային Ամերիկայի շուկաներուն, պարզ է, որ այնտեղի տնտեսական աճը չկայ Հայաստանի մէջ, բայց այստեղի ցանցն ալ մատակարարող կ’ուզէ եւ շատ աւելի լաւ է, որ այդ մատակարարողը տեղական ըլլայ, որպէսզի դուրսէն չներմուծէ: Oրինակ մեր պարագային ելեկտրական փոխակերպիչներու կամ ամենապարզ օրինակով՝ գրիչի, թուղթի արտադրութիւն եւ այլն։

Սալբի- Ձեր ապրած նախկին միջավայրերուն եւ Հայաստանի միջեւ ինչպիսի՞ տարբերութիւններ կը տեսնէք։

Մարիթա- Ես ապրած եմ Ապու Տապի, Լիբանան, Գանատա, իսկ հիմա Հայաստան, որոնք իրարմէ շատ տարբեր միջավայրեր են։ Հայաստան ապրիլը հետաքրքրական է, ընկերային իմաստով աւելի աշխուժ, մանաւանդ՝ համեմատած Գանատայի, ուր ամէն մարդ իր կեանքով եւ գործով զբաղած է։ Այնտեղ կեանքի պայմանները ատիկա կը պարտադրեն, Հայաստանի պարագային՝ մարդիկ աւելի ազատ ժամանակ ունին։ Մասնագիտական առումով professionalism-ի (արհեստավարժութեան) մօտեցում համարեա չկայ, որուն պատճառով շատ գործ կայ ընելու։ Չեմ կրնար բաղդատել Գանատայի հետ, որովհետեւ ճիշտ չէ։ Գանատան առաջին աշխարհի երկիր է, թէեւ ունի իր վատ կողմերը, բայց ամէն ինչը ուսումնասիրուած է, իսկ հոս ժողովուրդին մտածելակերպը արդէն մեծ պատ մըն է։ Կը կարծեմ տարբերութիւնը ժողովուրդին մտածելակերպն է, մօտեցումն է, իսկ երբեմն ալ այնքան կը զարմանաս, կ’ապշիս, երբ տեսնես շատ լաւ հայեր, որոնք հիացմունք կը պատճառեն։ Թէեւ Գանատայի մէջ ալ կը տեսնես ամէն բան, բայց ընդհանուր աւելի ազնիւ են, կամ այնտեղի մշակոյթը ատիկա կը պարտադրէ։ Բայց եթէ մէկը հոս փոխադրուի եւ ըսէ ամէն օր ծաղիկ է եւ ամէն օր ուրախ է, սխալ կ’ըլլայ, այդպէս չէ։

Ռաֆֆի- Ես շատ երկիրներ չեմ ապրած, ծնած, մեծցած եւ ամբողջ կեանքս Գանատա ապրած եմ։ Համեմատաբար օրինակելի երկիր է, իր կայունութիւնը, անվտանգութիւնը եւ այն հնարաւորութիւնները, որոնք կու գան գանատացի ըլլալուն հետ մէկտեղ, կարծես երաշխաւորուած են պետութեան կողմէ։ Շատ երկիրներ կան, ներառեալ Հայաստանը, ուր այդ հնարաւորութիւններուն կէսը գոյութիւն չունի։ Ամէն պարագայի, կը ցանկայի, որ Հայաստանն ալ այս կամ այն կերպով նմանէր Գանատային։ Օրինակ՝ ընտրութիւններու պարագան․ Գանատայի մէջ ընտրութիւնները ընդհանրապէս աննշան տնտեսական դիրքորոշումներու վրակ կեդրոնացած են եւ շատ ազդեցութիւն չեն ունենար քու առօրեայ կեանքիդ վրայ։

Ազատական կամ Պահպանողական կուսակցութեան քուէարկես, կեանքդ պիտի չփոխուի, որովհետեւ ընդհանրապէս Գանատայի մեծ խնդիրները լուծուած են արդէն։ Միւս կողմէն Հայաստանը բազմաթիւ սոցիալական (ընկերային) խնդիրներով երկիր է, այսինքն՝ իր ամէնօրեայ խոչընդոտները շատ աւելի մեծ են, իսկ Գանատա այսպիսի հարցեր չկան։ Այսօր աւելի քան երբեւէ երկիրը կանգնած է գոյութեան սպառնալիքի առջեւ եւ շատերուն յստակ է այս ամէնը։ Այս ամէնը նկատի առած, իմ կարծիքովս` այս իրավիճակը նուազագոյնը պատճառ պէտք է ըլլայ՝ մեզ՝ հայերս, մղելու Հայաստան։ Այս ճահիճէն դուրս գալու լաւագոյն ճանապարհը՝ սփիւռքի մեր տաղանդները Հայաստան ներմուծելն է, որպէսզի նախեւառաջ տարբեր մտածելակերպեր գան ո՛չ միայն Գանատայէն, այլ աշխարհի տարբեր անկիւններէն, ֆրանսացին իր գաղափարները բերէ, ամերիկացին, աւստրալիացին․․․։ Եթէ ժամանակի ընթացքին ամէնքը իրենց տաղանդները հոս բերած ըլլային, կը կարծեմ շատ աւելի դիւրին կը յաղթահարէինք խնդիրները Հայաստանի մէջ։

Սալբի- Երկուքդ ալ բաւական աշխուժ միութենական կեանք ունեցած էք ձեր ապրած գաղութներուն մէջ։ Հոս ձեր աշխատանքէն դուրս ի՞նչ գործունէութեամբ կը զբաղիք։ Այդ բացը ինչո՞վ կը լրացնէք։

Մարիթա- Այո, մանաւանդ Պէյրութ ես շատ աշխուժ եղած եմ, Գանատա փոխադրուելէս ետք նոյնպէս։ Բայց Հայաստան նոյն աշխուժութիւնը չունիմ, որովհետեւ հոս շատ տարբեր է։ Երեւի սփիւռքի մէջ այդ աշխուժութիւնը պէտք է, որովհետեւ Հայաստանէն հեռու ես եւ Հայաստանի համար գործելու, անոր օգնելու կը ձգտիս։ Հոս ոչ թէ աշխուժ չենք, ցոյցերու կը մասնակցինք, կամ ուր պէտք է կ’աշխատինք, բայց հոս նպատակը քիչ մը աւելի աղօտած է իմ պարագայիս։ Հայաստան ապրիլը իբրեւ միութենական շատ տարբեր է քան սփիւռքի մէջ։

Ռաֆֆի- Միութենական կեանքը յատկապէս Գանատայի մէջ շատ աշխուժ է, որովհետեւ շատ ընելիք կայ։ Նուազագոյնը Թորոնթոյի մէջ դպրոց կը պահենք, միութիւններ՝ Համազգային, ՀՄԸՄ, Հայ դատ, ամէն տեսակի աշխատանքներ, որոնք Հայաստանի մէջ ալ կան, սակայն հոս ատոնք ոչ թէ պարտականութիւն են, այլ կարեւոր գործեր, որոնք պէտք է ըլլան։ Որովհետեւ մեր միութիւններուն դերերը Հայաստանի մէջ տարբեր են, ես անձամբ կը զգամ, որ նոյնքան օգուտ չեմ կրնար տալ այդ միութիւններուն։ Հոս ալ մեր շարքերուն մէջ գործօն ենք, ժողովներ, հաւաքներ եւ այլն, բայց իմ փորձառութենէն մեկնած՝ Հայաստանին օգտակար ըլլալու լաւագոյն ձեւը այն է, յատկապէս հայրենադարձի մը տեսանկիւնէն, որ ամէն ջանք թափես քու աշխատանքային ոլորտդ եւ անմիջական շրջապատդ բարելաւելու. օրինակ՝ այնտեղ մենք շատ կ’աշխատինք մշակութային ձեռնարկներ կազմակերպելու, որոնց ես ալ մասնակցած եմ, ամենապարզ օրինակ մը՝ օգնել թատրոնի մը կայացման համար։ Հոս ամէն տեսակի թատրոններ կան, մեր կամաւոր աշխատանքը նոյն արժէքը չունի, բայց ատիկա նեղանալու բան չէ, այլ ընդհակառակը՝ ուրախանալու բան է, որ կամաւոր աշխատանքի պահանջքը չկայ։ Ուրեմն՝ տարբեր ձեւերով պիտի գործօն ըլլաս․ հոս մենք աւելի կ’աշխատինք մեր սփիւռքի մշակոյթը չկորսնցնելու, բայց երբ հնարաւորութիւն ըլլայ գործօն ըլլայ, պատրաստ ենք։ Մեր կազմակերպութիւնները Հայաստանի մէջ երբ գործ ունենան ընելու, մենք կրնանք կապը ըլլալ իրենց մէջ, գետնի վրայ եթէ մարդուժի կարիքը կայ, կ’օգնենք։

Սալբի- Ռաֆֆի, վերջերս կարդացինք, որ ձեր ընկերութիւնը ելէկտրական փոխակերպիչով ապահոված է արցախցիներու համար կառուցուած Սվարանց գիւղը, ի՞նչ կըսէք այդ մասին։ Բարեսիրական այլ նախաձեռնութիւններ ունի՞ք։

Ռաֆֆի- Նախկին հարցումին կապելով՝ ըսեմ, երբ որ առիթները դիմացդ կ’ելլեն, քեզի կը մնայ քու ներդրումդ բերել։ Այս պարագային Թուֆէնկեան հիմնադրամն էր, որ նախաձեռնած է Սվարանցի մէջ նոր թաղամաս մը կառուցելու տեղահանուած արցախահայութեան համար։ Թուֆէնկեանի ծրագիրը շատ իրատեսական եւ գործնական է, որովհետեւ տեղահանուած մեր հայրենակցիներուն մեծամասնութիւնը տունի կարիք ունի, նամանաւանդ այնպիսի տուն եւ տեղ, որ կը յիշեցնէ նախկին իր ապրած միջավայրն եւ կլիման։ Ես պատրաստակամութիւն յայտնեցի որեւէ մէկ ձեւով իմ ներդրումս ունենալու այս ծրագրին եւ առաջարկեցի թաղամասը էլեկտրական ցանցին միացնելու փոխակերպիչներ նուիրել։

Սալբի- Մարիթա, դուք արուեստագէտ էք։ Հայաստան ապրիլը կը ներշնչէ՞ ձեզ ստեղծագործելու։ Արուեստի հետ կապուած ի՞նչ ծրագիրներ ունիք։

Մարիթա- Այո, նախ Հայաստանի մէջ արուեստագէտները շատ են եւ արուեստը բաւական զարգացած։ Ամէն տեղ արուեստ է, որ կը ներշնչէ։ Հայաստան ապրիլը, բնութիւնը զիս կը ներշնչեն, ընտանիքիս կարօտը դարձեալ ներշնչման աղբիւր է։ Եթէ մօտիկ ըլլայի իրենց, կրնայ ըլլալ այսպէս չստեղծագործէի։ Գալով ծրագիրներուս, յոյսով եմ որ եկող տարուան ապրիլին պիտի ունենամ ցուցահանդէս մը, որուն հաւաքածուն թէ՛ կարօտի, թէ՛ յոյսի ապրումներ են, որ կը պատրաստեմ chinese ink-ով, սեւ ու սպիտակով։ Յոյսով եմ որ լաւ կ’ըլլայ։

Սալբի- Ի՞նչ կը կարծէք՝ սփիւռքահայու մը կապը Հայաստանի հետ ինչպէ՞ս պէտք է ըլլալ։ Ի՞նչ խորհուրդներ կու տաք։

Մարիթա- Սփիւռքահայուն կապը Հայաստանի հետ պէտք է շատ realistic (իրապաշտական) ըլլայ։ Պէտք չէ երեւակայէ, որ մենք եթէ Գանատան, կամ Պէյրութը ձգեցինք եւ հաստատուեցանք Հայաստան, պէտք է ամէն ինչ իտէալական ըլլայ, որ մնանք։ Ո՛չ, այդպէս չէ՛։ Երբեմն ընդհակառակն է։ Թէեւ իմ որոշումս չէր հոս հասատուիլը, բայց օր մը չեմ մտածեր ետ դառնալու մասին, ընդհակառակը, երբ որ երթամ Գանատա, կը զգամ ինչ տափակ է, կ’ուզեմ ետ դառնալ։ Օրինակ՝ Արարատը տեսնելը քիչ մը շատ nostalgic (հայրենատենչական) է, բայց բան մը կայ, զգացում մը, որ քեզ կը կապէ։ Իր ամէն թերութիւններով հանդերձ, տարբեր է․ ինծի համար շատ կարեւոր է այն գիտակցութիւնը, որ ամէն մարդ հայ է, քիրստոնեայ է, քեզի պէս է, որ աշխարհի ոչ մէկ տեղ կայ։ Չեմ ալ կրնար ըսել, որ ժողովուրդին մտածելակերպը կը քաջելերէ զիս, կրնայ սփիւռքահայ ընտանիք մը շատ դժուարութեամբ ընդունիլ այդ մէկը, մանաւանդ Գանատա կամ Ամերիկա ապրած մէկը։ Լիբանանի մէջ աւելի վարժ են unprofessionalism-ին (ոչ արհեստավարժ մօտեցում), բայց ինծի համար Լիբանանի ժողովուրդը աւելի ջերմ է, աւելի մտերիմ է, աւելի ազնիւ է։ Սփիւռքահայ մը հոս պիտի փոխադրուի ոչ թէ այն մտայնութեամբ, որ Հայաստանը ինչ կրնայ տալ իրեն, այլ պիտի մտածէ, որ ինք ինչ կրնանք տալ Հայաստանին։ Կը զգամ, որ միայն մեր ներկայութիւնը արդէն մեծ փոփոխութիւն է, օրինակ՝ ես այս երկու տարուան մէջ իմ դասաւանդած դպրոցին առաջարկած եմ իմ դասաւանդելու ձեւս, որպէսզի աւելի լաւանայ անգլերէնի իրենց բաժինը, գծագրութեան միջոցառումներու ընթացքին ներակայացուցած եմ մտային առողջութիւնը բարելաւելու տարբեր մօտեցումներ, որոնք դեռ հոս չկան։ Տարբեր անձերու ծանօթանալով, քու շրջանակիդ մէջ, քու փոքր ներդրոմովդ կրնաս աւելի առջեւ տանիլ երկիրդ։

Ռաֆֆի- իմ կարծիքովս՝ սփիւռք մնալն ալ իր դժուարութիւնն ու սխալները ունի, Հայաստան գալն ալ կրնայ սխալ ըլլալ, մանաւանդ եթէ ծրագիր մը չունիս։ «Հայաստան գալ, Հայաստան գալու սիրոյն» գաղափարին որեւէ ձեւով չեմ աջակցիր, որովհետեւ իսկապէս կը կարծեմ, որ առանց հիմնական համոզումի մը, ծրագրի մը նկարագրութեան, որ միտք չունի, արդէն պիտի չյաջողի, ըլլայ ատիկա Հայաստանի մէջ, թէ որեւէ այլ երկրի, ուր կը տեղափոխուիս։ Որովհետեւ տունը միշտ տուն պիտի մնայ, օրինակ՝ Մարիթային համար Լիբանանը, ինծի համար Գանատան, Թորոնթօն, ուր ծնած մեծցած եմ, այնտեղի սովորութիւններուն վարժուած եմ։ Այդպիսի երկրէ մը գալը, եթէ քեզ այնտեղ պահելու եւ բաւարարելու զօրաւոր համոզմունքը կամ ծրագիրը չունենաս, շատ երկար չես դիմանար։ Մանաւանդ Հայաստանի պէս երկրի մը, որ տնտեսապէս կայունանալու դեռ շատ տեղ ունի։ Չեմ կրնար բարձրէն նայելով՝ ըսել, որ ամէն մարդ վազելով պէտք է Հայաստան գայ։ Շատ մարդիկ ունին դժուարութիւններ, որոնք ես չունիմ, կամ ես հնարաւորութիւնը եւ առիթը ունեցած եմ եւ որոշած եմ շահագործել զայն ու հաստատուիլ։ Նուազագոյնը, եթէ կամաց-կամաց հաստատուինք, ուրիշներու համար այդ որոշումը նախ կը դիւրանայ, լաւ օրինակներ տալով՝ լաւ օրինակներ կը ստեղծենք։ Ես առաջինն եմ իմ ընտանիքիս մէջ, որ վերջնական տեղափոխուած է Հայաստան։ Որպէս օրինակ առած եմ հօրս սերունդէն եւ ինձմէ աւելի տարեց ընկերներ եւ ծանօթներ, որոնք եկած եւ յաջողած են այստեղ։ Կարծեմ հիմա աւելի քան քսան-քսանհինգ տարիէ Հայաստան են։ Եթէ այդ օրինակները չունենայի, ես ալ աւելի կասկածով պիտի մօտենայի։ Յոյսով եմ, որ ժամանակի ընթացքին ամէնուն համար կը դիւրանայ եւ ամէնուն համար հնարաւորութիւններ կը ստեղծուին։ Ներկայիս իմ խրատս է, որ նուազագոյնը, մանաւանդ երիտասարդներուն պարագային, նկատի առնել զայն որպէս ընտրութիւն կամ տարբերակ, այսինքն՝ Հայաստանը ապագայի համար պարզապէս նկատի թող առնեն, եթէ իրականութիւն չեղաւ, դժգոհելու որեւէ պատճառ չէ, որովհետեւ ես կը կարծեմ, եթէ անձ մը աւելի հանգիստ եւ ինքնավստահ կը զգայ սփիւռքի մէջ մնալով, որպէս սփիւռքահայ ապրելով եւ գործելով կ’ուզէ օգտակար ըլլալ, իսկապէս շատ աւելի լաւ է, քան «կորսուած» ըլլայ Հայաստանի մէջ։

Սալբի- Դուք ուրա՞խ էք հոս։

Մարիթա- Ես, այո՛։

Ռաֆֆի- Ընդհանրապէս, այո՛, ուրախ ենք։

Մարիթա- Դժգոհութիւնն ալ երբեմն մարդկային է։

Ռաֆֆի- Շատ աւելի մակերեսային է այդ դժգոհութիւնը։ Ներկայիս իրավիճակը ամէնուն կը յուսահատեցնէ։ 90-ականներու աւելի դժուար տարիներուն հոս հաստատուած ծանօթներու եւ հայրենադարձներու հարցուցած եմ՝ եկաք, յաջորդ օրը հոսանքը գնաց, ատոմակայանը մարեցին եւ տարիներով ամէն տեսակի դժուարութիւններ անցուցիք, որ հիմակուան վիճակին հետ չի բաղդատուիր, ինչպէ՞ս դիմադրեցիք։ Պարզապէս լաւատեսութիւնն էր, որ իրենց հոս պահեց, չնայած զանգուածային արտագաղթին։ Այդ ամէնը անցնելէն ետք կը զգամ, որ ներկայ դժուարութիւնները անյաղթահարելի չեն: Մենք ամէնքս պիտի զարմանանք, թէ որքան արագ կրնայ փոխուիլ իրավիճակը, պարզապէս քիչ մը սառնարիւնութիւն եւ լաւատեսութիւն կ’ուզէ։ ֎


Այս զրոյցը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի յունուար 2026 (#221) թիւին մէջ:

Սալբի Սաղտըճեան

Ծնած է Սուրիա, Քեսապ, այժմ կը բնակի Հայաստան։ Մասնագիտութեամբ պատմաբան է։ Թղթակցած է «Ազդակ»-ին, «Գանձասար»-ին, աշխատած «Թերթ» եւ «Եռագոյն» կայքերուն մէջ։ 2017-էն ի վեր մաս մը կազմէ «Թորոնթոհայ» թերթի խմբագրական կազմին։ Գրութիւնները նուիրուած են հայաստանեան իրականութեան եւ առաւելաբար Արցախին եւ արցախահայութեան խնդիրներուն։

Previous
Previous

Mamajoun Pizzeria closes Scarborough shop after 11 years, plans next chapter

Next
Next

ՄԱՀԱԶԴ. Հայր Եղիա ծվ. Գիրէջեան