«Ճաճանչներ». Թորոնթօն կը տօնէ Համազգայինի 95-ամեակը

Յասմիկ Պապեան

Կիրակի, 17 մարտ 2024-ի յետմիջօրէին, ժամը 2-ին, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Թորոնթոյի «Գլաձոր» մասնաճիւղի վարչութիւնը, հովանաւորութեամբ՝ Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան եւ նախաձեռնութեամբ՝ Գանատայի շրջանային վարչութեան, կազմակերպած էր Համազգայինի հիմնադրութեան 95-ամեակին նուիրուած «Ճաճանչներ» տօնահանդէսը, որ կատարուեցաւ «Համազգային» թատերասրահին մէջ, բարձրորակ մակարդակով եւ արդար հպարտութեամբ, ներկայութեամբ՝ շուրջ հինգ հարիւր հայորդիներու:

Թատերասրահի գաւիթին մէջ զետեղուած Համազգայինի հիմնադիրներէն Լեւոն Շանթի կիսանդրին կարծէք ժպիտով կը հիւրընկալէր Համազգայինի մեծ ընտանիքը եւ անոր համակիրները, որոնք մուտքին ստացան Համազգայինի խորհրդանիշ զարդասեղներ, յատուկ պատրաստուած գրքոյկը եւ յայտագրին մէջ տեղադրուած էջանիշը (գեղագիտական ձեւաւորումը՝ Արփի Թիթիզեանին):

Սրահէն ներս, հանդիսատեսը առաջին հերթին պիտի նկատէր բեմին վրայ եղող 95-ամեակը խորհրդանշող տպաւորիչ, հսկայ պաստառը, պատրաստուած՝ Արա Տէր Յարութիւնեանի եւ սիրայօժար տպագրուած՝ Զոհրապ Թաթիկեանի կողմէ, որմէ ետք մինչեւ ձեռնարկի պաշտօնական բացումը, ներկաները առիթը ունեցան նկարաշարով դիտելու «Գլաձոր» մասնաճիւղի 55-ամեայ երթէն մասեր, որոնց համադրումը կատարած էր Ալին Տօնապետեան Թոսունեանը:

Հանդիսութիւնը սկսաւ գնահատելի ճշդապահութեամբ. դաշնակահար Թալին Արթինեան Գըլըպոզեանի նուագածութեամբ՝ հնչեցին Գանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգները, ապա հանդիսավար Վարագ Պապեանը ողջունեց յատկապէս յիշատակելով՝ հոգեւորականներու, ՀՅԴ Գանատայի կեդրոնական կոմիտէի, Թորոնթոյի «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէի ներկայացուցիչներու, Համազգայինի կեդրոնական եւ շրջանային վարչութիւններու ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ՝ Հայ կեդրոնէն ներս գործող քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներուն, երեսփոխան Արիս Պապիկեանի, պարգեւատրեալին, գնահատագիրներ ստացողներուն, Համազգայինի անդամներուն եւ համակիրներուն ներկայութիւնը:

Վարագ Պապեանը իր բացման խօսքին մէջ ըսաւ․ «95 տարիներ առաջ, 28 մայիս 1928-ին, տեսիլք ունեցող հեռատես մեր հիմնադիրները, հայրենիքէն հեռու, օտար ափերու վրայ, հիմնեցին մշակութային միութիւն մը, որ Եղեռնէն ճողոպրած հայուն համար վերապրելու երաշխիքը պիտի դառնար: Համազգայինը 95 տարի շարունակաբար կրցաւ գիր ու գրականութեան, արուեստի ու մշակոյթի երաշխաւորը դառնալ հայրենիքէն դուրս սփռուած հայուն, մի՛շտ աչքերը սեւեռած հայրենիքին»։

Մշակոյթ պահելը ազգային պարտաւորութիւն է, վարչապետ Չըրչիլի խօսքերը մէջբերելով Վարագ Պապեան շարունակեց ձեռնհասօրէն վարել հանդիսավարութիւնը՝ բեմ հրաւիրելով Համազգայինի «Հայ աստղեր» մանկապատանեկան երգչախումբը, որ կատարեց «Զատիկ», «Երկիր հայրենի», «Արեւի մարդիկ» երգերը, խմբավարութեամբ՝ համայնքիս տաղանդաւոր արուեստագէտ Հռիփսիմէ Թովմասեանի եւ դաշնամուրի ընկերակցութեամբ՝ Վանիկ Յովհաննիսեանի, որ կատարած էր նաեւ «Արեւի մարդիկ» երգին երաժշտութեան մշակումը:

(լուսանկարները՝ Յակոբ Գուզուեանի)

Բանաստեղծութեամբ ունկնդիրներու հոգիները ջերմացնող, շնորհալի ասմունքող Իրմա Գապագեան Տէտէեանը, իր թաւշային ձայնով եւ արհեստավարժ մօտեցումով, ասմունքեց Պարոյր Սեւակի գործերէն համադրում մը՝ Թալին Արթինեան Գըլըպոզեանի նուագակցութեամբ, որ արժանացաւ ներկաներու ծափողջոյններուն:

Բեմահարթակին վրայ դարձեալ Համազգայինի երգչախումբն է. այս անգամ «Գուսան»-ը՝ իր յիսուն երկսեռ անդամներով, խմբավարութեամբ՝ Հռիփսիմէ Թովմասեանի եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ՝ Թալին Արթինեան Գըլըպոզեանի, երգեց «Երկու կռունկ» եւ «Հայաստան» երգերը՝ արժանանալով ներկաներու գնահատանքին:

Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ պատրաստուած տեսերիզը՝ Մուշեղ Իշխանի «Հայ հոգի»-ին ցուցադրութիւնը յուզումնախառն ալիք բարձրացուց հանդիսատեսներու հոգիներուն մէջ, որոնցմէ շատեր հանդիսութենէն ետք բարձրաձայնեցին:

Հանդիսավարը դարձեալ գրակալին դիմաց կանգնած բեմ կը հրաւիրէ Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեանը, որ Լիբանանէն յատկապէս հրաւիրուած էր որպէս բանախօս՝ ներկայ ըլլալու Գանատայի տարածքին կատարուելիք յոբելինական հանդիսութիւններուն: Բեմ կը հրաւիրուի նաեւ Գանատայի մէջ Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Թամար Տօնապետեան Գուզուեանը, որպէսզի երկուքով կատարեն զրոյց մը՝ «Համազգայինը դէպի հարիւրամեակ» թեմայով: Խիստ շահեկան այս զրոյցը, որ տեւեց շուրջ քսան վայրկեան, յարգելի զրուցակիցները, մագնիսացուած հանդիսատես-ունկնդիրին, ներկայացուցին Համազգայինի առաքելութիւնն ու անոր ունեցած դերակատարութիւնը արտերկրի զանազան գաղութներու մէջ, ուր Համազգայինը որպէս մշակոյթի դեսպան գործօն ներկայութիւն է եւ ջահակիրը՝ անոր պահպանման:

Զրոյցէն ետք, «Գլաձոր»-ի մեծ ընտանիքին կողմէ, ընկհ. Թամար օրուան բանախօսին յանձնեց Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղի անդամներէն Ժիրայր Պետրոսեանի կողմէ պատրաստուած «Յուշամատեան»-ը եւ Գալուստ Պապեանի «Ներաշխարհիս ոսպնեակէն» ալպոմը: Մեծածաւալ «Յուշամատեան»-ը կ’ընդգրկէ «Գլաձոր»-ի յիսնամեայ հարուստ գործունէութիւնը:

Ժամանակը հասած է Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան կողմէ հաստատուած շքանշանի տուուչութեան. Պապեան կը ներկայացնէ հայազգի զաւակ՝ միջազգային բեմերէն իր անունը բազմաթիւ անգամներ հնչած, մրցանակներու եւ շքանշաններու արժանացած՝ ֆիլմարտադրիչ, բեմադրիչ, գրող Աթօմ Էկոյեանի կենսագրականը եւ հպարտութեամբ բեմ կը հրաւիրէ պարգեւատրեալը, որ Զաքար Քէշիշեանի ձեռամբ իր լամբակին վրայ կը կրէ շքանշանը եւ կը ստանայ Թամար Տօնապետեան Գուզուեանի կողմէ ընթերցուած Համազգայինի շքանշանին հաստատագիրը: Աթօմ Էկոյեան իր շնորհակալութիւնը կը յայտնէ ընծայուած այս առիթին համար եւ կը դրուատէ Համազգայինի կատարած աշխատանքը: Ծափողջոյններու տարափին տակ, Էկոյեան կը բաժնուի բեմահարթակէն:

Աղօտ լոյսերու եւ խորհրդաւոր երաժշտութեան ունկնդրութեամբ, կապոյտ տարազներով, սրահի մուտքէն դէպի բեմ կը ճախրեն՝ պարուսոյց, բեմադրիչ, գեղարուեստական ղեկավար Նելլի Կարապետեանի գլխաւորութեամբ, Համազգայինի «Արցախ» պարարուեստի ուսումնարանի մեծերը` ներկայացնելով «Ճախրանք» թեմայով հիանալի կատարողութեամբ պարը եւ կը տիրանան ներկաներու խանդավառ գնահատանքին:

Հանդիսավարին հրաւէրով գրակալի դիմաց կանգնած է Համազգայինի Գանատայի շրջանային վարչութեանի ատենապետ, Մոնթրէալէն ժամանած Թամար Շահինեան Փօլատեանը, որ իր խօսքը կ’արտասանէ եւ` Շրջանայինի ներկայացուցիչներու՝ Թալին Արթինեան Գըլպոզեանի եւ Էօժենի Բարսեղեանի ներկայութեամբ, կը կատարէ գնահատագիրներու տուուչութիւնը: Վարագ Պապեանը իւրաքանչիւր գնահատուողի կենսագրական գիծերը կարդալէն ետք, յաջորդաբար բեմ կը հրաւիրէ Արշօ Զաքարեանը, Վանիկ Յովհաննիսեանը, Սոնա Յովհաննէսեանը եւ Ժիրայր Պետրոսեանը, որպէսզի ստանան իրենց գնահատագիրները, որոնք տրուեցան երկար տարիներու իրենց կատարած անխոնջ ծառայութեան, անսակարկ նուիրումին եւ մշակոյթի տարբեր ոլորտներէն ներս իրենց բերած ներդրումին համար: Չորս գնահատուողները արժանացան ներկաներու բուռն ծափահարութիւններուն:

Համազգայինը հպարտ է նոր սերունդի ջահակիրներով․ «Գլաձոր» մասնաճիւղը բախտաւորութիւնը ունի գոյութեան Գրասէրներու խմբակին, որ գրական ձեռնարկներով յաճախակի ներկայութիւն է։ Տեղին է յիշել, որ Թամար Տօնապետեան Գուզուեան բծախնդրօրէն կ՚առաջնորդէ Գրասէրներու խմբակի հաւաքներու շարքը։ 95-ամեակի այս հանդիսութեան կարելի չէր անմասն թողել գրասէրներու խմբակը. անոնցմէ չորսը՝ Ալիք Պապօղլեան, էլէնա Ֆարաճեան, Մոսիկ Տանատեան եւ Լոռի Պէրպէրեան, Թամար Տօնապետեանի բեմականացումով ներկայացուցին Դանիէլ Վարուժանի «Լոյսը»՝ «Արցախ» պարարուեստի ուսումնարանէն Ժպիտ Քէշիշեանի եւ Էլէն Ադամեանի պարային մասնակցութեամբ: «Էրեբունի» պարախումբը իր «Արցախ» ներկայացումով արժանացաւ ներկաներու անվերապահ գնահատանքին: Նելլի Կարապետեանի յարատեւ եւ յամառ աշխատանքը կը ցոլար իւրաքանչիւր պարողի համաչափ շարժումներուն եւ դէմքի արտայայտութիւններուն մէջ: Սիրտ ուռեցնող պահեր շնորհուեցան ներկաներուն: Նշան Փափազեան (ջութակ) եւ Գէորգ Մանուկեան (սաքսիֆոն) իրենց ծաղկաքաղ նուագածութեամբ բեմը ճոխացուցին՝ երանութեան պահեր ստեղծելով ներկաներուն մօտ:

Հանդիսատեսին տրամադրութիւնը զենիթին հասած է. բեմահարթակին վրայ կ’իշխեն Համազգայինի «Արցախ» եւ «Էրեբունի» պարախումբի անդամները, որոնք՝ սքանչելի կատարողութեամբ, առաջին անգամ ըլլալով կը ներկայացնեն եզրափակիչ «Հոյ նազան» պարը, որուն առթած երջանկութիւնը երկար ատեն պիտի մնայ հանդիսատեսի յիշողութեան պաստառին վրայ: Բոլոր պարերը բեմադրուած են Նելլի Կարապետեանի կողմէ։

Վերջին անգամ կը լսուի հանդիսավարին շնորհակալական խօսքերը ուղղուած՝ գեղարուեստի ղեկավարներուն, մասնակիցներուն, նիւթապէս եւ բարոյապէս նեցուկ կանգնող իւրաքանչիւր անհատի եւ կազմակերպութեան:

Գաւիթին մէջ ուշագրաւ է 95-ամեակի համար պատրաստուած յատուկ պաստառը, որուն առջեւ ներկաները առիթ ունեցան անմահացնելու յիշատակելի այս երեկոն, ինչպէս նաեւ՝ հիւրասիրուելու եւ մասնակցելու 95-ամեակը խորհրդանշող կարկանդակի հատումին, միաժամանակ վայելելով Համազգայինի հրատարակութիւնը եղող գիրքերու եւ Համազգայինի սեփականութիւնը դարձած արուեստագէտներու գործերու ցուցադրութեան:

Փառահեղ տօնակատարութիւնով հագեցած այս երեկոն հաստատեց, որ անգամ մը եւս Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղը իր առաքելութեան ճամբուն վրայ է եւ ջահակիրն ու ջատագովը 95-ամեայ մշակութային միութեան: ֎

Թորոնթոհայ/Torontohye

Թորոնթոհայ ամսագիրը թորոնթոհայութեան ձայնն է՝ 2005-էն ի վեր/ Torontohye is the voice of Toronto Armenians since 2005.

Previous
Previous

Celebrating a legacy of compassion and understanding: K.M. Greg Sarkissian invested into the Order of Canada

Next
Next

Musical minds: A conversation with pianist-composer Eve Egoyan