Քիչ մը... Տիկուկին հետ
Մանկութենէս ի վեր ինքնաշարժ քշելու բուռն փափաք ունեցած եմ, այնքան բուռն, որ ո՛չ միայն օրուան ընթացքին երազած եմ անոր մասին, այլեւ՝ գրեթէ ամէն գիշեր երազիս մէջ սրընթաց ինքնաշարժի մը ղեկին ետեւը նստած, ոլորուն ճամբաներուն վրայէն ու գեղեցիկ բնութեան մէջ թռիչք առած, անվախ ու ազատ, սուրացած եմ՝ առանց կողմնացոյցի…երբեմն ալ թեւեր առած թռչած եմ սարերն ի վեր` քաղաքներու, դաշտերու եւ անտառներու բարձրահասակ ծառերուն վրայէն։
Իսկ ո՞վ կրնայ սանձել մարդուն երազը, կամ կասեցնել անոր ազատատենչ թռիչքը։ «Չիրականցած երազանքներու ու ձգտումներու ազդեցութեամբ կը տեսնուին այսպիսի երազները, որոնք զսպուած փափաքներուն թռիչք կու տան՝ գիշերները», այսպէս կը բացատրէ երազահանը՝ այդ երազին իմաստը որոնողներուն։
Ինչպէս որ գիտէք՝ Սուրիա ծնած եմ ու հակառակ անոր, որ անվախ երտասարդուհի մըն էի տասնութը տարեկանիս, սակայն քաջութիւնը նոյնիսկ չէի ունեցած հօրմէս ինքնաշարժ քշել սորվեցնել խնդրելը, որովհետեւ գիտէի, որ հայրս բացարձակապէս կը մերժէր իգական սեռի ներկայացուցիչներուն ինքնաշարժի ղեկին ետեւ անցնիլը. «կրնայ ըլլալ արկած մը պատահի, կամ ճանապարհին ինքնաշարժդ կենայ ու չորս կողմի այլազգ տղաքը շուրջդ հաւաքուին»․ այս էր՝ իր աղջկան վտանգներէ հեռու պահող հօրս մտավախութիւնը։ Այո՛, միտքին մէջ եղած այդ վախերուն պատճառով շատ մը հաճոյքներէ զրկուեցայ, սակայն ազատատենչ հոգիս՝ իր առօրեայ կաշկանդումներէն կը ձերբազատուէր գիշերները ու թեւաւոր թռչունի պէս, անսանձ կը ճախրէր ազատ երկինքի կապոյտին մէջ։
Տարիներ ետք ինքնաշարժ քշելու փափաքս մեռած էր մէջս կը կարծէի, սակայն լայնատարած Թորոնթոյի վայրերու հեռաւորութիւնը զարթնեցուց սրտիս խորքին հանգստեան քուն քաշող իղձս, ու տարիներ առաջ կուտակուած ու զսպուած լաւան ժայթքեցաւ քաղաքի մայրուղիներու վրայ։ Ալ ո՞վ կրնար այդ կրակը մարել։
Ահաւասիկ մի քանի տարիէ ի վեր գիշերային այդ թռիչքներս վերացած են, որովհետեւ Թորոնթօ ժամանելէս ի վեր՝ աւելի փորձառու եւ կայուն անհատ մը ըլլալուս բերումով, կաշկանդումներու ծանր բեռը ուսերէս թափ տալով՝ իրականացուցած եւ յաջողութեամբ պսակած եմ երազանքներուս որոշ մասը, իսկ Գանատայի մայրուղիներուն վրայ սուրալով՝ պատռած եմ Միջին Արեւելքի երբեմնի վախի, տգիտութեան ու նեղմտութեան վարագոյրին մթութիւնը, ուր աղջիկ զաւակին կարգ մը նիւթերու շուրջ իրաւասութիւն չունենալը խլած էր ազատօրէն շարժելու երազանքներս։
Տարիները անցան ու ես՝ Աստուծոյ, ինծի շնորհած տաղանդով ու բարիքներներով զարդարեցի ուսմանս, ստեղծագործական ճանապարհիս, աշխատանքիս (նոյնիսկ մէկէ աւելի) եւ առօրեայ կեանքիս առիթները։
Տարիները անցան ու փոխեցին դիրքորոշումներս ու որոշումներս։
Տարիները անցան ու զօրացուցին կամքս եւ հասունցուցին եսս։
Տարիները անցան ու կայուն մարդ արարածի վերածեցին անձս։
Տարիները անցան ու անվախ ապրելու ու շնչելու ուժ ներշնչեցին հոգիիս։
Տարիները անցան ու անկաշկանդ սաւառնելու ուժ պարգեւեցին մտքիս։
Տարիները անցան եւ իրականութիւն դարձուցին անցեալի երազներս։
Իսկ ե՞րբ պիտի իրականանան մեր ազգի զաւակներուն երազանքները, ե՞րբ պիտի կարենանք տիրանալ մեր փառքի օրերուն, ու ե՞րբ յաղթական դիրք բռնած անվախ պիտի սուրանք յառաջ։
Դեռ մինչեւ ե՞րբ արթուն աչքով պիտի երազենք, կամ «պայքար» կոչելով պիտի սպասենք մեր փիւնիկ հոգիները հրդեհի մոխիրներէն դուրս բերելու կամ նորագոյն պատմութեան հատորներուն մէջ աւելի գունաւոր երանգներով թռչկոտելու։ Ո՞րն է մեզի համար պակսող տարրը...hասունացո՞ւմ, փորձառութի՞ւն, ազատօրէն շարժելու իրաւո՞ւնք, ո՞ւժ, պայքա՞ր, թէ այս բոլորին հանդէպ մեր ունեցած հաւատքն է անբաւարար։ Ո՞ր մէկը…։ Կրնայ ըլլալ գիտենք այս անթիւ հարցումներուն պատասխանը եւ պարոյկներուն փոխարէն շեշտ տեղադրելու պարտաւորութիւնը, սակայն գինիի փառատօններ կազմակերպելով ու «գինի լի՛ց» նախադասութեան շեշտադրութիւնը մեր կեանքին մէջ առօրեայ պարտականութեան մը վերածելով, գինիի արբշիռ համին ու հոտին տարուած, մոռցած ենք Սողոմոնները, Մոնթէները, Նժդեհները, Կոմիտասը, Նարեկացին, Սաղմոսն ու Տէր Ողորմեան, մոռցած ենք Արարատին բռնութիւնը եւ երջանկացած՝ մեր մայրաքաղաք Երեւանի տուներու պատուհաններէն երեւցող Արարատի դրախտային տեսարանով եւ աչքի ետեւ նետած ենք անոր գլխուն վրայ գոյացող սեւ ամպերու մրուրը։
«Մոռցած ենք...»․ ինչպիսի՛ ցաւալի իրականութիւն։
«Աչքի ետեւ նետած ենք...»․ ինչպիսի՛ թուլամորթիւն։
«Գինովցած ենք․․․», ինչպիսի՛ ամօթալի վիճակ։
«Ուրացած ենք...»․ ինչպիսի՛ դաւադրութիւն։
Սփիւռքը ո՛չ մոռցած, ո՛չ ետեւ նետած, ո՛չ գինովցած եւ ո՛չ ալ ուրացած է։ Սփիւռքն է, որ ազատատենչ հայ մարդուն թռչելու թեւեր պիտի տայ։ Քիչ մը համբերենք ու այդ թեւերուն թափահարման վկան պիտի ըլլանք շուտով։ Քիչ մը ակռանիս սեղմենք ու սպասենք։ Քիչ մը… ֎
Այս սիւնակը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի յուլիս 2025 (#215) թիւին մէջ: