Թորոնթոյէն եօթը վարիչներ կը մասնակցին ՀՅԴ-ԳԵՄ-ի կազմակերպած Վանաձորի ճամբարին

լուսանկարը՝ ՀՅԴ-ԳԵՄ-ի

ԹՈՐՈՆԹՈՀԱՅ—Վանաձորի մէջ սկիզբ առած է ՀՅԴ Գանատայի երիտասարդական միութեան (ՀՅԴ-ԳԵՄ) 15-րդ պատանեկան ճամբարը, որուն բացումը տեղի ունեցաւ 4 օգոստոս 2025-ին՝ մասնակցութեամբ աւելի քան 200 պատանիներու՝ Վանաձորէն եւ շրջակայքէն։ ըստ «Հորիզոն» թերթի հրապարակած թղթակցութեան, Գանատայէն կը մասնակցին 17 ԳԵՄ-ականներ որպէս վարիչներ, երկուքը՝ որպէս վարիչ տնօրէն։ Թորոնթոյէն կը մասնակցին 7, Վանգուվըրէն՝ 1, Մոնթրէալէն՝ 2, Լաւալէն՝ 7 վարիչներ։ Այս տարի, Ճամբարին թեման է «Ինչպէ՞ս նպաստել հայրենիքի պահպանման եւ բարգաւաճման»։

Ըստ «Հորիզոն»-ի թղթակցութեան, 17 ԳԵՄ-ականները «հայրենի նորահաս սերունդը ազգային գաղափարախօսութեամբ թրծելու յանձնառութիւնը ստանձնած՝ կը գտնուին հայրենիք»։

Վանաձոր ճամբարը 15 տարուան պատմութիւն ունի. անիկա ամէն ամառ կը կազմակերպուի եւ կ՚իրագործուի 91-ամեայ երիտասարդական միութեան անդամներուն կողմէ։ Ամառնային ճամբարները կ՚ընդգրկեն ՀՅ դաշնակցութեան եւ Հայ դատի պատմութեան, Արցախի պատմութեան եւ հայրենասիրական երգերու ուսուցում, ինչպէս նաեւ մարմնակրթական եւ ուսուցողական խաղեր:

Անցնող տարիներուն, ՀՅԴ-ԳԵՄ-ի անդամներէն աւելի քան հարիւր պատասխանատու-վարիչներ գործուղուած են Լոռիի մարզ, եւ նոյն այդ ժամանակահատուածին աւելի քան երկու հազար պատանիներ մասնակից դարձած են Վանաձորի ճամբարներուն։ ֎

Թորոնթոհայ/Torontohye

Թորոնթոհայ ամսագիրը թորոնթոհայութեան ձայնն է՝ 2005-էն ի վեր/ Torontohye is the voice of Toronto Armenians since 2005.

Previous
Previous

Russian Armenian Karen Khachanov reaches Canadian Open final in Toronto

Next
Next

Խաչբառ (թիւ #216)