«Թորոնթոհայ»-ը մեր բոլորին՝ թորոնթոհայութեան թերթն ու հարթակը
Յարգելի ընթերցող,
Ինչպէս գիտէք, 2005 թուականէն ի վեր, «Թորոնթոհայ»-ը եղած է թորոնթոհայութեան բոլոր շերտերը ներկայացնող հարթակը: Մեր թերթին հրատարակած թղթակցութիւններու, յօդուածներու եւ անդրադարձներու ընդմէջէն կը ներկայացուի թորոնթոհայ գաղութի աշխոյժ գործունէութիւնը, անոր անդամներու իւրայատուկ տեսակէտները եւ համայնքային հետաքրքրական իրադարձութիւնները։
Յունիս 2022-ին, «Թորոնթոհայ»-ը հրաժեշտ տուաւ թերթի հիմնադիր-խմբագիր Կարին Սաղտըճեան-Տէր Յակոբեանին. անոր ու խումբ մը նուիրեալներու տասնեօթնամեայ ժրաջան աշխատանքին շնորհիւ է, որ թերթը բազմաթիւ նուաճումներ ու յաջողութիւններ արձանագրեց եւ գերազանցապէս ներկայացուց թորոնթոհայութիւնը:
Իր ծնունդէն ի վեր, «Թորոնթոհայ»-ի տպագիր տարբերակը լոյս կը տեսնէր ամսական դրութեամբ: Դժբախտաբար, «Քորոնա» ժահրի համաճարակի սահմանափակումներուն պատճառով, շրջան մը դադրեցաւ թերթին հերթական տպագրութիւնը: Վերջին շրջանին, բացի մի քանի բացառիկ թիւերու, թերթը լոյս տեսաւ միայն առցանց տարբերակով:
«Թորոնթոհայ»-ի խմբագրութիւնը ուրախ է ներկայացնելու թերթի տպագիր տարբերակը՝ նոր ձեւաչափով ու հետաքրքրական մօտեցումներով: Մեր առցանց ներկայութիւնն ալ զանազան փոփոխութիւններու կ’ենթարկուի: Խորին շնորհակալութիւն կը յայտնենք Երեւանի PROPER ընկերութեան, յանձինս համահիմնադիր եւ տնօրէն Բենոյին եւ իր տաղանդաւոր անձնակազմին՝ վերջին մի քանի ամիսներուն ցուցաբերած իրենց արհեստավարժ մօտեցումին եւ բծախնդութեան համար:
Հաւատարիմ մնալով իր առաքելութեան եւ բարձր պահելով գրեթէ երկու տասնամեակներու իր աւանդն ու վաստակը, մեր խմբագրութիւնը որոշած է աւելի ուշադրութիւն դարձնել մեր համայնքին` անոր աշխոյժ եւ բազմաբնոյթ գործունէութեան ներկայացումը առաջնահերթութիւն ունենալով (այս մէկը հաւանաբար նշմարած էք վերջին քանի մը ամիսներուն առցանց հրատարակուած մեր յօդուածներուն մէջ): Յետ այսու, մեր հրատարակութեան էջերուն մէջ պիտի չգնտէք աշխարհի չորս կողմէն լուրեր, որոնք կրնան ժամանակավրէպ դառնալ ամսագիրի մը մէջ. լոյս պիտի տեսնեն միայն ինքնատիպ գրութիւններ մեր համայնքին մասին եւ մեր համայնքի անդամներու տեսակէտէն:
Առիթէն օգտուելով, կ’ուզենք մեր խորին շնորհակալութիւնը յայտնել ձեզի, սիրելի ընթերցողներուն, աւելի քան 17 տարիներու ընթացքին ձեր անսակարկ եւ անկեղծ նուիրումին եւ հաւատարմութեան, ինչպէս նաեւ ձեր ցուցաբերած վստահութեան համար՝ մեր աշխտանքին հանդէպ:
«Թորոնթոհայ»-ը մեր բոլորին՝ թորոնթոհայութեան թերթն ու հարթակն է: Լիայոյս ենք, որ ինչպէս անցեալին, այսօր եւս նեցուկ կը կանգնիք մեր աշխատանքներուն, որպէսզի թորոնթոհայութիւնը շարունակէ սփիւռքեան այլ գաղթօճախներու եւ Թորոնթոյի տարածքին այլ ազգային համայնքներու օրինակ դառնալ:
Ռուբէն Ճանպազեան
Խմբագիր