Օնթարիոյի տարեցներուն յատուկ պատուաստներ
Օնթարիոյի մէջ երէցներու յատուկ պատուաստները ձեռնարկուած են՝ նկատի առած տարեցներու եզակի առողջապահական կարիքները եւ կը միտին նուազեցնել անոնց վարակիչ հիւանդութիւններէ վարակուելու բարձր վտանգը: Տարիքի յառաջացման հետ, կը նուազի դիմադրողական համակարգը, հետեւաբար տարեց մարդիկ աւելի ենթակայ կ’ըլլան շնչառական և այլ վարակիչ հիւանդութիւններու, ինչպիսիք են՝ կրիփը, թոքաբորբը եւ այլն:
Տարեցներուն եւ անոնց խնամող անձերուն համար անհրաժեշտ է պատուաստումի հարցերուն համար խորհրդակցիլ իրենց բժիշկին հետ եւ խորհուրդներ ստանալ՝ հիմնուելով իրենց բժշկական եւ անհատական առողջական վիճակի պատմութեան վրայ:
Օնթարիոյի մէջ, չափահասներուն համար կան բազմաթիւ անվճար պատուաստներ, ներառեալ՝ 65 տարեկան եւ աւելի բարձր տարիքի անհատներուն.
1. COVID-19 պատուաստ
- Պատուաստ ստանալն ու COVID-19 պատուաստի զարգացումներուն հետ քայլ պահելը լաւագոյն միջոցներն են պաշտպանելու՝ ինքզինքդ, սիրելիներդ եւ համայնքները COVID-19-ի եւ անոր տարբերակներու առթած ծանր հետեւանքներէն:
- Իւրաքանչիւր անձ, վեց ամսական տարիքէն սկսեալ, կրնայ COVID-19 պատուաստը ստանալ անվճար, ներառեալ՝ ո'չ գանատացիներն ու/ կամ գաղթական իրավիճակի անհատները եւ Օնթարիոյի բժշկական քարտ չունեցողները:
2. Կրիփի պատուաստ
- Influenza կրիփը, որ ծանօթ է՝ flu անունով, վարակիչ ժահր մըն է, որ կրնայ վնասել ոեւէ անհատի, յատկապէս՝ փոքրերուն եւ տարեցներուն:
- Տարեկան մէկ, բարձր մասնաչափով ձեւակերպուած կրիփի պատուաստ կը թելադրուի տալ՝ 65 տարեկան եւ աւելի մեծ տարեցներուն, նկատի առած որ այս մէկը աւելի լաւ կը պաշտպանէ բաղդատած՝ սովորական մասնաչափով տրուած կրիփի պատուաստը:
3. Tetanus պրկախտ, diphtheria կեղծմաշկ եւ pertussis խեղդահազ (Tdap or Td) պատուաստներ
- Չափահասները պարտին՝ տասը տարին անգամ մը, Tdap պատուաստի (պրկախտ, կեղծմաշկ եւ խեղդահազ) զօրացուցիչ մասնաչափ ստանալ, կամ ՝ TD պատուաստ (պրկախտ- կեղծմաշկ):
- Կարգ մը ծանր վէրքերու կամ այրուածքի պարագաներուն՝ պարտին Tdap/Td ն ստանալ, 5 տարին անգամ մը:
4. Pneumococcal թոքաբորբ (Pneumococcal-P23)
- Թոքաբորբի պատուաստը կրնայ անհատը պաշտպանել՝ 23 տեսակի թոքաբորբի հանգոյցային ցպկամարմիններու պատճառած՝ թոքաբորբէն եւ այլ հիւանդութիւններէ:
- Սովորաբար այս պատուաստը տարեցներուն կը տրուի 65 տարեկանին, բայց անհրաժեշտ է զայն ստանալ աւելի կանուխ տարիքի, եթէ անձին մօտ վտանգի գործոններ կան:
- Դիմադրողականութեան տկարութիւն ունեցող անձերուն կը յանձնարարուի պատուաստի յաւելեալ մասնաչափ ստանալ հինգ տարի ետք:
5. Սողնախտագօտի Shingles (Shingrix® պատուաստ)
Ծաղկախտի գօտի ժահրը կը պատճառէ սողնագօտի հիւանդութիւնը: Անիկա ջրծաղիկ հիւանդութիւնը պատճառող նոյն ժահրն է: Սողնագօտին ցաւ պատճառող մորթային հիւանդութիւն մըն է, որ կը յայտնուի բշտիկներու ցանով եւ որ կրնայ առողջական լուրջ խնդիրներ պատճառել: Անիկա կը պատահի որեւէ մէկ տարիքի` եթէ ջրծաղիկ ունեցած ես: 50 տարեկանէն մեծ եւ/կամ անբաւարար դիմադրողականութիւն ունեցող անձեր պայմանաւորուած են սողնագօտիի մեծ վտանգով:
- Shingrix® պատուաստը կը տրուի երկու մասնաչափերով:
Այս պատուաստը, ըստ տարիքի, 50 տոկոսէ աւելի կը նուազեցնէ վարակուելու վտանգը: Պատուաստը մեծապէս կը նպաստէ 65 -70 տարիքի անհատներուն:
- Օնթարիոյի մէջ սողնագօտիի անվճար պատուաստ ստանալու իրաւասու են 65-70 տարիքի այն անձերը, որոնք նախապէս, պետական հիմնադրամով, սողնագօտիի պատուաստ չեն ստացած: Պատուաստը կարելի է ստանալ` ձեր ընտանեկան բժիշկէն կամ այլ առաջնային խնամքի մատակարարէ (Օրինակ՝ արհեստավարժ բուժքոյրէ):
- COVID-19 համաճարակը նկատի առած, 1949–1952 ծնած անձերը, որոնք առիթը չունեցան պետական անվճար սողնագօտիի պատուաստ ստանալ, իրաւասու են երկու մասնաչափերը ձրի ստանալ մինչեւ 31 դեկտեմբեր 2024-ը:
- Անվճար պատուաստի իրաւասու չ’եղող տարեցները, կրնան խորհրդակցիլ իրենց բուժաշխատողին կամ բժիշկին հետ եւ պէտք եղած պարագային գնել պատուաստը անձնական միջոցներով (300 տոլար արժեգինով):
6. Շնչառական համաժամանակեայ վարակ Respiratory Syncytial Virus (RSV)
RSV-ին կրնայ տարածուիլ վարի շնչառական բաժինին մէջ, թոքերուն եւ շնչառական ճամբաներուն բորբոքում պատճառելով:
Օնթարիոյի կառավարութեան հովանաւորած RSV կանխարգիլող ծրագիրի թիրախն են բարձրօրէն վտանգուած անձերը: Ծրագիրը կ'ընդգրկէ 60 տարեկան եւ աւելի տարիքի անձեր, որոնք հետեւեալ կացութեան մէջ են.
- Երկարատեւ խնամքի կարօտ անձերու տուներու մէջ ապրողներ:
- Տարեցներու խնամքի տուներու մէջ ապրողներ:
- Ծերանոցի բնակիչներ, որոնք հաստատուած են՝ որպէս խելամտութեան խնամքի կարօտ անձեր:
- Հիւանդանոցի մէջ փոփոխակի մակարդակի խնամք ստացող հիւանդներ (ALC):
- Երիկամի լուացում կամ փորամաշկային թուլութիւն ստացող հիւանդներ:
- Մարմնի կարծր անդամներու կամ արիւնաստեղծ ցօղունային բջիջներու փոխպատուաստում ստացած անձեր:
- Անօթեւան անձերը
- Անձեր, որոնք կը ճանչցուին իբրեւ առաջին ազգեր, ինուիդներ կամ մեդիսներ
60 տարեկան եւ աւելի տարեց անձեր, որոնք անվճար պատուաստի իրաւասու չեն, կրնան խորհրդակցիլ իրենց բուժաշխատողին կամ բժիշկին հետ եւ պէտք եղած պարագային գնել պատուաստը անձնական միջոցներով ($300), բժիշկէն դեղագիր ստանալէն ետք:
Կարգ մը անձնական ապահովագրութեան ընկերութիւններ հաւանաբար վճարեն՝ պատուաստին ամբողջական կամ մասնակի ծախսը:
RSV պատուաստը ցարդ՝ մէկ մասնաչափ կը յանձնարարուի ստանալ:
Պատուաստներու կողմնակի ազդեցութիւնները
Տարեցներու համար պատրաստուած պատուաստներու կողմնակի ազդեցութիւնները կախեալ են պատուաստի տեսակէն, բաղադրութենէն եւ որեւէ առողջական յատուկ վիճակէ կամ զգայնութենէ՝ տարիքոտ անձերու մօտ: Բոլոր տրամադրուած պատուաստները ապահով են եւ վերատեսուած՝ Ազգային խորհրդակուական ախտամերժման կոմիտէութեան (NACI)-ի կողմէ:
Հաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելեցէ՛ք՝ https://www.ontario.ca/page/vaccine: ֎