Վազգէն Էթիեմեզեանի «Գրական եւ իմացական էջեր» գիրքին շնորհանդէսը տեղի ունեցաւ Թորոնթոյի մէջ

«Մեր 110-րդ գրքի շնորհանդէսն է» կը յայտարարէ Համազգայինի «Յ. Մանուկեան» գրատարածի անդամ Արշօ Զաքարեան։ Կիրակի, 15 մարտն է, կ.ե. Ժամը 1:30: Գրադարանի բոլոր աթոռները արդէն գրաւուած են։ Գրասէրները ներկայ են։ Հեղինակը՝ Վազգէն Էթիեմեզեանն է, որ մահացած է երեսուն տարիներ առաջ եւ ետին ձգած է բազմաթիւ յօդուածներ, պատմուածքներ, գիրքերու վերլուծումներ, թարգմանութիւններ եւ արձակ գրութիւններ։ Համազգայինի Գանատայի շրջանայինի վարչութեան «Օշական» մատենաշարը, Յարութիւն Պէրպէրեանի խմբագրութեամբ եւ հեղինակի դստեր՝ Մեղեդիին աշխատանքով հրատարակած է «Գրական եւ իմացական էջեր» 524 էջնոց գիրքը։

Վազգէն Էթիեմեզեան ծնած է Հալէպ, 1943-ին, սերած է քիլիսցի ընտանիքէ, միշտ եղած է յառաջադէմ աշակերտ եւ մեծ ընթերցասէր։ Յաճախած է Սահակեան, Մխիթարեան, Քարէն Եփփէ վարժարանները եւ Ալէփփօ քոլէճը։ Քսան տարեկանին փոխադրուած է Պէյրութ, ուր աշխատակցած է «Սփիւռք» եւ «Ահեկան» թերթերուն մէջ։ 1968-ին կը փոխադրուի Մոնթրէալ, ուր կը շարունակէ իր ուսումը գրականագիտութեան եւ փիլիսոփայութեան մէջ։ 1975-ին, երբ աշխարհը կը փախչէր Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմէն, ինք կը վերադառնայ Լիբանան, ուր կ՚աշխատակցի «Ազդակ» օրաթերթին եւ շաբաթօրեակին նաև «Դրօշակ» ու «Բագին» պարբերաթերթերուն:

Որպէս ուսուցիչ կը պաշտօնավարէ Սուրէն Խանամիրեան քոլէճին, Համազգայինի հայագիտական հիմնարկին եւ Մեծն տանն Կիլիկիոյ դպրեվանքին մէջ։ Դրական և տպաւորիչ ազդեցութիւն գործած է իր աշակերտներուն վրայ։ 1996-ին, 53 տարեկանին, յանկարծամահ կ’ըլլայ` ետին ձգելով իր կինը եւ երեք զաւակները նաեւ զգալի բաց մը Արեւմտահայ գրականութեան մէջ։

Յարութիւն Պէրպէրեան գիրքը կը ներկայացնէ յատուկ եւ խորը թափանցելով։ Աշխատակցած է հեղինակին հետ, մօտէն ճանչցած է զայն եւ լաւապէս տպաւորուած անոր կարողութիւններով։ Վազգէն Էթիեմեզեան զգացած եւ տառապած է հայօրէն, ապրելու մարմաջով, ներքին պայքարով եւ երիտասարդական խինդով։ Իր գրութիւնները հրատարակուած են 1962-էն սկսեալ, երբ միայն 19 տարեկան էր, մինչեւ իր մահը 1996-ին՝ 53 տարեկանին։

Պէրպէրեան կը վերլուծէ զանազան գրութիւններ, որոնք գիրքին առաջին մասին մէջ տեղադրուած են եւ կը կրեն «Պատմուածքներ եւ գեղարուեստական էջեր» վերնագիրը։

Կը թուենք մի քանին։ Ունի երկխօսութիւն «Շիրիմ» պատմուածքին մէջ, որուն մէջ կան խորհրդանշական իմաստ և անորոշ հարցեր։ Յ. Պէրպէրեան հետեւեալ ձեւով կը բացատրէ․ «…բազմաթիւ հարցականներ կը ստեղծէ իր խորհրդանշաններով, ճարտարապետի մօտեցումներով եւ ողբերգական լուծումով, որոնց հետ կրնանք համաձայն կամ տարակարծիք ըլլալ, սակայն կը զգանք, որ խորհրդաւոր եւ հետաքրքրական աշխարհի մը մէջ մեզ քաշած է հեղինակը»։ Ան կ՚աւելցնէ «Էթիեմեզէեան, աւելի ուշ նաեւ, խորհրդանշական պատկերներով յատկանշուող պատմուածքներ պիտի տայ, ինչպէս՝ «Պաստառը, որ չէր», «Յարալէզ» եւ այլն։ Այս վերջինին մէջ հերոսը կ՚երթայ միւս աշխարհը անվերադարձ եւ այլասերուած։

Պէրպէրեան կը նշէ «Կրկէս» պատմուածքը, որ ինքնաշարժերու մրցումի մասին է, առաջինը եւ միակ հայերէն գրութիւնն է, որ այդ մասին է։ Վարորդը մեքենագէտ է եւ մրցումի արդիւնքը կարեւոր է իր ազգային և ընտանեկան կեանքին ու արժանապատուութեան համար։ Էթիեմեզեան կը գործածէ տարբեր ոճեր ինչպէս երկխօսութիւն, օրագրութիւն, նամակագրութիւն, ներքին մենախօսութիւն։ Նոյնիսկ հեղինակը կը հրաւիրէ ընթերցողը մասնակից դառնալու։

Լուսանկարը տրամադրած է Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղը:

Շանթ Տէօքմէճեան, Վարագ Պապեան և Լուսին Մանկասարեան իրենց ընթերցումներով կը ցոլացնեն հեղինակին զանազան ու իւրայատուկ գրելու, արձագանգելու և ստեղծելու ձիրքերը։

Պէրպէրեան կ՚աւարտէ հետեւալ եզրափակումով․«Այս ձեւով մէկ համադրումը կատարած կ՚ըլլանք Վազգէն Էթիեմեզեանի գեղարուետական արձակին, որ երեք յստակ հանգրուաններէ կ՚անցնի իր արծարծած թեմաներով ու հասունութեամբ, անկեղծ է իր ստեղծագործութեան հանդէպ, գրական արտայայտութեան տարբեր ձեւեր կը փորձէ, իր հորիզոնները շարունակ կ՚ընդարձակէ, կեղծ բարոյական դատումներ չի կատարեր եւ չի խուսափիր մարդու աշխարհին մութ երեսները եւս պեղելէ»։

Գիրքին երկրոդ մասը «Յօդուածներ և գրախօսական մշակոյթի արմատներ» խորագիրը կը կրէ, ուր աշխարահռչակ հոգեբաններու, աստուածաբաններու, փիլիսոփաններու, իմաստասէրներու եւ տեսաբաններու միտքերը կ՚արծարծէ ներկայ մեր կեանքի անցուդարձերուն հետ։

Իսկ երրորդ մասը՝ «Իմացական էջեր»-ը ուրիշ այլ կարեւորութիւն ունեցող հատուած մըն է։ Հայ գրողներու, լեզուագէտներու և բանաստեղծներու գործերու անդրադարձն է։ Նշենք մի քանին, ինչպէս՝ արձակագիր Ա.Արփինէի «Պոկուած ծառեր»ը, Մ. Գալշոյեանի «Քաղաքացին»։ Իսկ բանաստեղծներէն Ճ. Սիրունիի, Կ. Արմէնեանի, Վ. Օշականի եւ ուրիշ մեծամեծ մտաւորականներու գործերը։ Այս մասն ալ դուռ կը բանայ նորանոր մտածելակերպերու։

Արդարեւ ճիշտ է Պէրպէրեան, երբ կ’ըսէ. «Կարելի չէ Վազգէն Էթիեմեզեանի գործերը մէկ ժամուայ մէջ ներկայացնել, լման տարուայ դասընթացքի կը կարօտի, որպէսզի արդարօրէն կրնանք լաւապէս ուսումնասիրել»։

Լուսանկարը տրամադրած է Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղը:

Համազգայինի կողմէ երկու գրական գիրքեր կը նուիրուին Յարութիւն Պէրպէրեանին այս արժէքաւոր եւ երկար ժամանակէ ի վեր սպասուած դասախօսութեան համար։

Սիմոն Հասըրճեան իր 1968-ի յուշերը կը պատմէ, ուր Վազգէնը եղած է ընբոստ, լայն ընթերցող, անկարելին կարելի դարձնող, արկածախնդիր եւ համարձակ կեանքին հանդէպ։ Իսկ Կարին Սաղտըճեանի յուշերը, որպէս աշակերտ և յետագային աշխատակից, եղած են դրական եւ տպաւորիչ։ Վազգէն յատուկ սէր ունեցած է դէպի նոր սերունդը։

Էթիեմեզեանի երկու գիրքերը եւ Պէրպէրեանի բանաստեղծական երեք գիրքերը ցուցադրուած են եւ ծախու են։ Ներկաները հաճոյքով կը զրուցեն, կ՚օգտուին հիւրասիրութենէն եւ յաջորդ շնորհանդէսին վերստին տեսնուելու խոստումով կը բաժնուին։ ֎

Տեսանիւթը՝ «Նոր հայ հորիզոն»-ի


Այս թղթակցութիւնը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի ապրիլ 2026 (#224) թիւին մէջ:

Արշօ Զաքարեան

Զաքարեան ծնած է Եգիպտոս եւ Գանատա հաստատուած 1969-ին: Ան թորոնթոհայ համայնքի գործօն անդամներէն է. տասնամեակներ շարունակ իր մասնակցութիւնը բերած է համայնքային զանազան կազմակերպութիւններու եւ յանձնախումբերու մէջ: Յատկապէս յիշատակելի է իր առաջնորդող դերը Համազգայինի «Յ. Մանուկեան» գրադարան-գրատարածի աշխատանքներուն մէջ։

Next
Next

Պահ-հէ-պահք (թարգմանուած ցաւ). ռ. խաժակ | թորոնթոհայ բանաստեղծութիւն