Նամակներ՝ խմբագիրին (նոյ. 2024-ի թիւ)
Ուղղագրական հարց
Յարգելի՛ խմբագիր,
Կը գրեմ ձեզի ուղղագրական հարցի մը մասին: Նկատեցի, որ ձեր թերթին մէջ «լեռան» բառը կը գրէք ռ-ով եւ ոչ թէ ր-ով: Շատոնց սորված ենք, որ «լեռ»-ը կը դառնայ «լերան», «ձմեռ»-ը՝ «ձմրան» եւ այլն: Կը խնդրեմ բացատրէք, թէ ինչո՞ւ այս ձեւով կը գրէք: Հայաստանեան (խմբ.՝ աբեղեանական) ուղղագրութիւնով «ռ»-ը անփոփոխ կը մնան, սակայն՝ ոչ Մեսրոպեան ուղղագրութիւնով:
Արդեօք սխալ է՞ կամ նոր ուղղագրական միտում մըն է: Եթէ այո, ո՞րն է այս փոփոխութեան հիմնաւորումը: Արդեօք կրնա՞ք մանրամասնել, թէ ինչո՛ւ այս ձեւը կ'որդեգրէք: Կարեւոր է, որ մեր լեզուին զարգացումը հասկնանք եւ ճիշդ գործածութիւնը պահպանենք: Ձեր պատասխանը կ'օգնէ մեզի աւելի լաւ հասկնալու այս երեւոյթը: Շնորհակալութիւն ուշադրութեան համար:
Յարգանքներով՝
Ընթերցող,
Թորոնթօ
**
Յարգելի ընթերցող,
Շնորհակալ եմ ձեր նամակին համար, որուն մէջ կը հարցնէք «լեռան» բառի ուղղագրութեան մասին: Ձեր հարցումը շատ տեղին է եւ կ'արտայայտէ շատերուն մտահոգութիւնը:
Անցեալ տարուընէ ի վեր, «Թորոնթոհայ»-ի խմբագրութիւնը որդեգրած է Արմենակ Եղիայեանի «Արեւմտահայերէնի ուղղագրական, ուղղախօսական, ոճաբանական ուղեցոյց»-ը (2022, խմբագիր՝ Վրէժ-Արմէն Արթինեան, վերստուգող խմբագիր՝ Յարութիւն Քիւրքճեան):
Իրաւ է, որ «լեռ» բառի սեռականը կը գրուէր «լերան»՝ ր-ով: Սակայն, վերջին տարիներուն, կայ այլ միտում մը, որ կը հետեւի լեզուաբանական եւ պատմական քննութեան: Թոյլ տուէք մէջբերել Եղիայեանի խօսքերը այս ուղղագրական «բարեփոխումին» մասին՝ «Այս բարեշրջումով մենք նաեւ վերացուցած կ'ըլլանք ուղղագրական անմիօրինակութիւն մը արեւելահայերէնի ու արեւմտահայերէնի միջեւ, ինչ որ ի՛ր կարգին կարեւոր ձեռքբերում մըն է»։
Այս մօտեցումը կը հիմնուի այն գաղափարին վրայ, որ «լեռ», «ձմեռ», «ամառ» եւ նման բառերու արմատական ձեւը ռ-ով է, եւ հետեւաբար՝ սեռականի մէջ ալ պէտք է պահել այդ ռ-ն: Ասիկա նաեւ կը համապատասխանէ արեւելահայերէնի ուղղագրութեան, ինչ որ կը նպաստէ երկու ճիւղերուն միջեւ մերձեցման:
Մեր թերթը որդեգրած է այս մօտեցումը՝ նպատակ ունենալով նպաստել լեզուի զարգացման եւ միասնականացման: Սակայն, կը հասկնանք, որ այս փոփոխութիւնը կրնայ անսովոր թուիլ շատերուն համար: Շնորհակալ ենք ձեր հետաքրքրութեան համար: Կը յուսանք, որ այս բացատրութիւնը կ'օգնէ աւելի լաւ հասկնալու մեր որդեգրած մօտեցումը:
Յարգանքներով՝
Խմբագիր
***
«Գրաբառի մէկ ենթաբարբառը»
Սիրելի խմբագիր,
Հետաքրքութեամբ կարդացի «Օո՞ւմ ըրմեյննըս» խորագիրով գրութիւնդ («Թորոնթոհայ» թիւ 206, հոկտեմբեր 2024):
Նախ ըսեմ, որ ջերմ ու հաղորդական գրելու ոճ ունիս։ Կը բաժնեմ մտահոգութիւններդ եւ կ’ուզեմ երկու լրացումներ ընել. Ռ. Իսրայէլեանը նաեւ «Բաշ Ապարանի» յուշարձանի հեղինակն է։ Իսկ Հրաչեայ Աճառեանը ըսած է, թէ «Գրաբարը մեռած լեզու չէ, որովհետեւ քսան հազար մուսալեռցիներ կան, որոնք գրաբարի մէկ ենթաբարբառը կը խօսին»:
Յաջողութիւն:
Մովսէս Ծիրանի,
Երեւան
***
Լոյսերուն լուռ ցաւերը
Սիրելի խմբագիր,
Մեծ հաճոյքով կարդացի Տիրուկին «Լոյսերուն լուռ ցաւերը» խորագրով սիւնակը («Թորոնթոհայ» թիւ 206, հոկտեմբեր 2024) յիշելով մանկութեան օրերս. նման փորձառութիւն մը ապրած եմ ու ծնողքիս քաջալերութեան արդիւնքը վայելելով՝ յաջողեցայ ես ալ իմ կարգին զաւակներուս նոյնը փոխանցել: Փառք Աստուծոյ անոր արդիւնքը կը վայելեմ:
Տիրուկին գրիչը անսպառ:
Սիլվա Մնչերեան,
Պէյրութ
***
Խօսակցութեան մասնակցեցէ՛ք: «Թորոնթոհայ»-ին մէջ ձեր կարդացած յօդուածներէն մէկը ձեր ուշադրութիւնը գրաւե՞ց: Ձեր կարծիքները, մտահոգութիւնները, գնահատութիւններն ու քննադատութիւնները բաժնեցէ՛ք. նամակ մը գրեցէ՛ք մեր խմբագիրին (rupen@torontohye.ca ե-հասցէին): Թերեւս ձեր գրութիւնը հրատարակենք յաջորդ թիւին մէջ:
Join the conversation! Did an article in Torontohye strike a chord, challenge a viewpoint, or inspire new thoughts? We’d love to hear how our stories resonate with you—whether it’s a topic you’re passionate about, a memory it brings up, or a perspective you’d like to share. Write to our editor at rupen@torontohye.ca; your letter might be featured in an upcoming issue.