Տարեց քաղաքացիներու նուիրուած օր

Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն Հայց. առաք. եկեղեցւոյ Տիկնանց միութեան հովանու տակ գործող Այցելութեան յանձնախումբի անդամուհիները՝ գիտակից իրենց առաքելութեան, սիրայօժար եւ խղճամիտ կերպով կը կատարեն իրենց պարտականութիւնը՝ կանոնաւոր այցելութիւններ տալով տարեցներու տուները (nursing home): Նաեւ աւանդութիւն դարձած է, տարին մէկ անգամ բոլոր տարեցները հրաւիրել եւ, յատուկ կարգադրութեամբ, համախմբել եկեղեցի, ներկայ գտնուելու սուրբ պատարագին։ Հաղորդութիւն ստանալը տարբեր իմաստ կ'ունենայ անոնց համար, երբ մեր սիրելի տարեցները վերացած աղօթք կը մրմնջեն, որ դրական փոփոխութիւն կը բերէ անոնց կեանքին մէջ:

Ահա,այդ էր պատճառը, որ Այցելութեան վերակազմեալ երիտասարդ յանձնախումբը՝ ատենապետութեամբ տիկ. Գարոլին Խուշապէի, հինգշաբթի, 19 յունիս 2025-ին կազմակերպեց շատ սպասուած «Տարեցներու նուիրուած» օրը:

Սոյն ձեռնարկը կը հովանաւորէր թեմիս փոխառաջնորդ եւ Սուրբ Երրորդութիւն Հայց․ առաք․ եկեղեցւոյ հովիւ տէր Զարեհ աւագ քհն. Զարգարեան: Առաւօտեան ժամը 10:30-ին տեղի ունեցաւ սուրբ պատարագ, զոր մատոյց փոխառաջնորդ եւ եկեղեցւոյս հովիւ տէր Զարեհ աւագ քահանան՝ իր քարոզը ուղղելով տարեցներուն, թելադրելով, որ ամուր մնան իրենց հաւատքին մէջ։ Սուրբ պատարագին ներկայ էին եկեղեցւոյս հովիւի օգնական տ Հայարի քհն. Թանաշեան եւ Ս. Աստուածածին Հայց. առաք. եկեղեցւոյ հովիւ տ Տաթեւ աւագ քհն. Միքայէլեան։ Մեր սիրասուն պապիկներն ու տատիկները ստացան սուրբ հաղորդութիւն:

Հոգեպէս բաւարարուած ներկաները առաջնորդուեցան եկեղեցւոյս «Մակարոս Արթինեան» սրահը, ուր գեղեցկօրէն զարդարուած սեղանները գարնանային շունչ բերած էին: Սեղաններու օրհնութենէ ետք, տեղի ունեցաւ ճաշի սպասարկութիւն յանձնախումբի անդամուհիներու եւ խումբ մը կամաւոր տիկիններու կողմէ: Բարի գալստեան ջերմ խօսքերով հանդէս եկան ատենապետ Գարոլին Խուշապէ (անգլերէն) եւ Անի Քէշիշեան (հայերէն)՝ տալով համառօտ տեղեկութիւններ յանձնախումբի տարած գործունէութեան մասին:

Տ. Զարեհ աւ․ քահանան իր կարգին շնորհաւորեց յանձնախումբի անցեալի եւ ներկայ անդամուհիները՝ իրենց տարած աշխատանքին համար:

Օրուան մթնոլորտը խանդավառեց Լեւոն Քարակիւլեան՝ երգելով հայկական եւ օտար երգեր եւ պարահարթակ հրաւիրեց հոգիով երիտասարդ տարեցները։ Ուրախութիւն եւ ժպիտ կար բոլորին դէմքերուն: Արդէն ժամն էր մեկնելու. ներկաները բարձր տրամադրութեամբ հրաժեշտ տուին՝ իրենց հետ տանելով ուրախ օրուան մը յիշատակը: Ձեռնարկը արդարօրէն ծառայած էր իր նպատակին: Վարձքը կատար բոլորին: ֎


Այս թղթակցութիւնը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի օգոստոս 2025 (#216) թիւին մէջ:

Previous
Previous

Համազգայինի «Էրեբունի» պարախումբն ու «Արցախ» պարի ուսումնարանը գրաւեցին հանդիսատեսի սրտերը՝ իրենց տարեկան շքեղ ելոյթով

Next
Next

Ancient Armenian churches shine in AECT lecture