ԹՈՐՈՆԹՈՀԱՅ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆ

ԵՐԲ…


Խաչիկ Տէտէեան

Երբ մեռելները կը վերածնին
Յիշողութեան իրենց մութ գերեզմանէն,
Կը ստանան հերոսի կոչում ու պատիւ
Անոնցմէ, որոնք գիտեն իմաստն ու արժէքը
Հերոսի…

Ու հոն, ուր հերոսները ամէն օր կը մեռնին,
Առանց գերեզմանի, մոռացութեան ճամբաներուն,
Կը մեռնին իրենց հետ ժողովուրդներ՝
Անտարբերութեան ճիրաններուն,
Կ'երթան իրենց կարգին յիշողութեան խաւարի ափերը...
Մեռելներ կը վերածնին,
Ժողովուրդներ կը մեռնին. ֎

Թորոնթօ, 2024

***

Մեր սահմանները


Րաֆֆի Սարգիսեան

Սահմանները մեր երկրի`
գծուած են, միլիոն ու կէս
մեր Սուրբ նահատակներու
աճիւններով եւ արեա՛մբ,
գծուած են Աստուծոյ ձեռքով բարձրացած`
մեր տաճարներո՛ւ գոյութեամբ:

Մի՛ փնտռէք մեր սահմանները խարդա՛խ քարտէսի վրայ,
մեր սահմանները գծուած են
մեր պապերու նուաճած լեռներո՛ւն վրայ:

Սուրբ Վարդանի սուրով են գծուած,
Սասնայ Քուռկիկ Ջալալիի սմբակի հետքերով,
Սուրբ Մեսրոպի աստուածատուր տառերով գծուած են
եւ Արամազդի Նեմրութով,
Արտաշէսեանց ծովէ ծովով,
Արշակունեանց Էջմիածինով,
Բագրատունեանց Վասպուրականով եւ Սիւնիքով,
Ռուբինեանց Կիլիկիայով
եւ իր ասպետներու նետերու հառաչանքով,
նիզակներու հարուածով,
վահանապատ սրտերու տրոփումով,
զրահապատ ասպետներու եւ երիվարներու շառաչով:

Եւ եթէ դաւադիրներ
գծեցին մեզի համար քաղաքական քարտէս,
եւ պարտադրեցին, որ մենք մարսենք,
Մհերի առիւծաքաղ ձեռքերով
զայն կը պատռե՛նք,
Վահագնի հուրերով զայն կ’այրե՛նք:

Մա՛հ, հազա՜ր անգամ, կը ցանկամ`
ազգադաւ եւ կործանիչ խօսքերու,
սարսա՛փ, լո՛կ սարսափ կը ցանկամ՝
անոնց, որոնք կ’ուրանան`
իմ նահատակներու իրաւունքը,
անոնց, որոնք ձեռք կ’երկարեն
ազգիս ժառանգութեանը:

Սահմանները մեր երկրի`
անսակա՛րկ,
անխորտա՛կ,
թէ՛ երազ,
թէ՛ նպատակ,
անդուլ պայքարով`
ազատագրեալ հրիտակ: ֎

Թորոնթօ, 2024

***

(Լոյս տեսած են մեր մայիս 2024-ի թիւին մէջ)

*Photo: Davoes, 2014

Թորոնթոհայ/Torontohye

Թորոնթոհայ ամսագիրը թորոնթոհայութեան ձայնն է՝ 2005-էն ի վեր/ Torontohye is the voice of Toronto Armenians since 2005.

Previous
Previous

Toronto's Lena Garabedian appointed principal of Armenian Mesrobian School in California

Next
Next

Levon Ichkhanian: A journey through 'The Armenian Guitars'