Գէորգ Մուրատի Seeing through Babel արուեստի կտորը՝ «Աղա Խան» թանգարանին մէջ

Կիրակի, 4 փետրուարի առաւօտեան, Գէորգ Մուրատի (Kevork mourad) կողմէն ղրկուած ձայնային հաղորդագրութեամբ մը տեղեակ կ’ըլլամ, որ ան զոյգ մը տոմս վերապահած է ինծի, «Աղա Խան» (Aga Khan Museum) թանգարանին մէջ իր գեղարուեստական ներկայացման ներկայ գտնուելու, ինչպէս նաեւ` տեսնելու հոն ցուցադրուած Աստուածաշնչեան Բաբելոնի աշտարակը վերիմաստաւորող իր իւրօրինակ հսկայ արուեստի գործը` Seeing through Babel-ը, որ 2019 թուականին պատրաստուած է Լոնտոնի մէջ եւ արտադրուած՝ Թորոնթոյի «Աղա Խան» թանգարանի հովանաւորութեամբ։

Թանգարանի տնօրէնութիւնը տարիներէ ի վեր գնահատելով Մուրատի գեղարուեստական աշխատանքները, բազմիցս ցուցադրած է զանոնք եւ ամիսներ շարունակ հիւրընկալած է աշխարհահռչակ ճանաչում ունեցող հայ արուեստագէտը: Իսկ ներկայիս՝ Seeing through Babel արուեստի գործը մնայուն կերպով թանգարանին ցուցակին վրայ ներգրաւելու եւ ցուցադրելու պատեհ առիթէն օգտուելով, հրաւիրած է արուեստագէտը, նախ՝ գաղթականներուն յատկացուած արուեստի աշխատանոց մը կատարելու, ապա՝ բեմական ներկայացումով մը հանդէս գալու եւ Թորոնթոյի արուեստասէր խաւին առիթը ընծայելու հայ արուեստագէտին բացառիկ արուեստը վայելելու։

Գէորգին տաղանդը դպրոցական օրերէն ցայտուն կերպով տարածուած էր հալէպահայութեան, Համազգայինի՝ «Արշիլ Կորքի» ակադեմիայի եւ մեր՝ ճեմարանականներուս մէջ, ապա՝ Լիբանանի, Հայաստանի՝ Երեւանի գեղարուեստի պետական ակադեմիայի ուսանողական շրջանին, ետքը՝ Ամերիկայի ու հոնկէ ալ ամբողջ աշխարհի տարածքին։ Աշխարհահռչակ ճանաչումի կոչման արժանի դարձած Գէորգ Մուրատը նաեւ հիւրընկալուած էր Թորոնթոյի հայ համայնքին կողմէն, 2022-ի «Տոհմիկ օր»-ուան՝ իր արուեստի միջոցաւ հանրածանօթ դառնալու թորոնթոհայ գաղութին, որ բարձրօրէն գնահատեց անոր անկրկնելի արուեստը։

Նիւ Եորք հաստատուած եւ հոն ստեղծագործող Գէորգ Մուրատի արուեստին եւ աշխարհահռչակ անուն ձեռք բերելուն անկիւնադարձային առիթը կը հանդիսանայ «Ճուլիարտ» ուսումնարանի մէջ իր կատարած ելոյթը, որուն շնորհիւ դասական երաժիշտ, թաւջութակի վարպետ, աշխարհահռչակ Եօ-Եօ Մա կը հիանայ անոր արուեստով եւ զինք կը հրաւիրէ մաս կազմելու իր նուագախումբին։ Գէորգ Մուրատ 2004-էն մինչեւ այսօր մաս կը կազմէ այդ խումբին, որ աշխարհի տարբեր երկիրներու, ամենէն նշանաւոր բեմերու եւ սրահներու մէջ անհատական ծրագիրներով, բեմական ներկայացումներով, ինչպէս նաեւ՝ նշանաւոր երաժիշտներու հետ ելոյթներ տալով՝ կ’արժանանայ հանդիսատեսին բարձր գնահատանքին։ 2016 թուականին ան կ’արժանանայ Robert Bosch Stiftung մրցանակին՝ իր կարճ ֆիլմին շնորհիւ։ Ունի ՝ Four Acts for Syria (2018) վերնագիրով կարճ ֆիլմ մը, ինչպէս նաեւ՝ Մորկըն Նէւիլի նկարահանած The Music of Strangers վաւերագրական ֆիլմին մէջ հանդէս եկած է երաժիշտ Եօ եօ Մայի խումբին հետ։

Ժամանակի ընթացքին Գէորգ Մուրատ կը զարգացնէ իր գծագրական ներկայացումները եւ զանոնք կը կատարէ բեմին վրայ, կենդանի երաժշտութեան հետ զուգահեռ: Պարուսոյցներու, երգահաններու եւ գրողներու համատեղ կատարումներու ընկերակցութեամբ, անոնցմէ ներշնչուելով, տեղւոյն վրայ կը գծէ մեծածաւալ պաստառի վրայ։ Ահաւասիկ այսօր ալ՝միեւնոյն ուղին որդեգրելով Թորոնթոյի «Աղա Խան» թանգարանին բեմէն, փողային գործիքներով իրեն ընկերակցող թորոնթոբնակ, արմատներով ասորի երաժիշտ Մաճտ Սքքարի արեւելեան երաժշտութեան իւրայատուկ հնչիւններուն կը միանան Կոմիտասի եւ Սայաթ Նովայի բիւրեղ երաժշտական ստեղծագործութիւնները, իսկ Գէորգ Մուրատի գծագրական արուեստին շնորհիւ մեծ պաստառին վրայ կը վերակենդանանան ո՛չ միայն Արեւելքի ժողովուրդը ու անոր դառն եւ ուրախ կեանքի պատմութիւնները, այլեւ՝ մեր մեծամեծները, նախնիները, ցեղասպանութեան արհաւիրքը ապրողներն ու նահատակուածները։ Անոնք շունչ կ’առնեն ու մեր ոսկեղինիկ այբուբենի տառերուն հետ միաձուլուած կը ներկայացուին պաստառին վրայ ու հոնկէ դուրս գալով կը թեւածեն պաստառին դէմ նստած՝ աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ ծնած ու Թորոնթօ հաստատուած հանդիսատեսին հոգիին լարերուն վրայ։

Մերձաւոր Արեւելքի պատմութիւնը ներկայացնող իր այս աշխատանքին մէջ Գ. Մուրատ միաւորեց արուեստը, երաժշտութիւնն ու ընթացիկ իրադարձութիւնները, իսկ համահունչ երաժշտութեան ազդեցութենէն ներշնչուած` գեղարուեստական պատկերներու ընդմէջէն ան կրցաւ հանդիսատեսին մէջ արթնցնել նոր յոյսերու եւ լուսաւոր ապագայի տեսլականը, ուր բոլորիս ձայները միաւորող մարդկային բարութիւնը պիտի յաղթէր չարին։
Մօտաւորապէս մէկուկէս ժամ տեւած ցուցադրութիւնը վերջ գտաւ պաստառին վրայ տեղադրուած շատ ազդեցիկ հետեւեալ գրութեամբ՝ It is only when individual voice is held sacred that we will achieve harmony (Մենք կը հասնինք ներդաշնակութեան միայն այն ժամանակ, երբ իւրաքանչիւր անհատի ձայն սուրբ համարուի)։

Ցուցադրութենէն ետք շատ հետաքրքրական էր թանգարանի տնօրէնութեան եւ արուեստագէտներուն միջեւ եղած հարցազրոյցը, նամանաւանդ երբ իր ազգութեամբ եւ անոր արժանիքներով հպարտ Գէորգ Մուրատը կը խօսէր պատմութեան ընթացքին հայերուն անցած դժուարին ճանապարհին եւ անոնց իրականացուցած բարձրորակ արուեստին, ստեղծագործութեան եւ ստեղծագործներուն բացառիկ տաղանդին եւ իւրայատկութեան մասին։
Բուռն ծափահարութիւններու ներքոյ հանդիսատեսն ու արուեստագէտը ուղղուեցան դէպի ցուցադրութեան սրահ, ուր տեղադրուած էր մեծածաւալ շերտերէ բաղկացած, ընդարձակ մակերեսներու վրայ իրականացուած քանդականման գծագրութիւններով ներկայացուած Seeing through Babel հսկայածաւալ աշխատանքը։ Ան կը վերիմաստաւորէ աստուածաշնչեան Բաբելոնի աշտարակը եւ որուն շրջանակի կորիզին մէջ հնագոյն պատմութեան այբուբեններով պատկերացուած է տարբեր լեզուներով խօսող եւ իրար անհաղորդակից դարձած մարդ արարածին պատմութիւնը։
Այս անկրկնելի քանդակը պիտի մնայ թանգարանին մէջ ու արժանանայ հայ եւ օտար այցելուներու գնահատականին։

Յիշենք, թէ Գէորգ Մուրատը ունի նաեւ հետեւեալ մեծածաւալ աշխատանքները՝

- Memory Gates (2020)․ ԱՄՆ-ի College of the Holy Cross-ի հովանաւորութեամբ իրականացած այս հսկայածաւալ աշխատանքի կամարներուն ընդմէջէն անցնողները յիշողութեամբ կը ճամբորդեն դէպի պատմական անցեալ։

- Time Immemorial (2018)․ Անի մայրաքաղաքի տաճարներն ու աւերակները մարմնաւորող այս քանդականման շերտաւոր գծագրութիւնը ցուցադրուած է Հայաստանի, ինչպէս նաեւ Տուպայի եւ Փարիզի մէջ։ ֎

(լուսանկարը՝ «Ակա Խան» թանգարանին)

Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

Արձակագիր, բանաստեղծ, մանկագիր, մանկավարժ. ծնած է Սուրիոյ Գամիշլի քաղաքը։ Հայերէն լեզու եւ գրականութիւն դասաւանդած է զանազան քաղաքներու մէջ ու հրատարակած զանազան գործեր, ներառեալ «Բուրաստան» (2018) մանկական բանաստեղծութիւններու հատորը։ Ներկայիս Թորոնթօ կ՚ապրի, ուր «Թորոնթոհայ» թերթի օգնական խմբագիրն է:

Previous
Previous

The Naghash Ensemble’s journey of exile, spirituality, and musical innovation is coming to Toronto for the first time

Next
Next

Comedy unites: AGBU YPTO's benefit show to feature Mary Basmadjian