Հայ մարտիկներուն (Քրիստափոր Արթինին)

Կարօ Սարգիսեան

Քրայ էք բոցալից, որուն մէջ կը փրփրան ու կը հնոցուին ողջ ազգին երկունքը հնագոյն։
Ի վրդովէն ժայթքեցաք որպէս անզսպելի հրափուխ պոռթկապայթիւն՝ դաւերուն դէմ նենգ ու անողորմ։
Սիրապարոյր հոգեհեւքով՝ անբասիր ու մաքուր, զուլալ ու վճիտ։
Տուիք անաչառ, տուիք ակնբախ, տուիք անխօս ու անաղմուկ,
Առանց տրտունջքի կամ պատճառաբանութեան։
Փառաբանութիւնը ինքնազոհ դարձեալ գոչեցիք՝ «Մահ կամ ազատութիւն»։ 
Որպէս ժառանգ մեզ չթողեցիք բամբասանք, գանգատ ու արցունք։

Վրէ՜ժ, վրէ՜ժ, վրէ՜ժ ․․․
Լոկ վրէժն է ձեր ժառանգը մեզի՝ մաքրամաքուր ու ճշմարիտ։
Վրէժ թողեցիք մեր ամէն մէկուն՝ իբրեւ պարտք հայրենիքին, իբրեւ պարտք յանուն ազգին։
Ու այդ սրբազնագոյն արարքէն զատ ուրիշ ոչ մէկ պարտք կայ ձեր արեան դէմ սրբազան։
Ոչ մէկ ուրիշ հակակշիռ նժարին մէջ մեր դատին՝
Որ կարենայ սլաքը ուղղել դէպ արդարութիւնն ու բարին։
Ոչ սուգ լալկան ու կրծքածեծ մեղաներ․․․
Վրէժ է պէտք յուշի տեղ: 
Վրէժ է պէտք արդարաբեր,
Վրէժ անբասիր, վրէժ անխափան, 
Վրէժ ճշգրիտ բիւրեղանման: 
Վրէժը պիտ տեսնենք՝ վրէժը պանծալի
Ո՜վ դիւցազնակերտ, անձնուրաց հայորդիք։


30 Սեպտեմբեր 2022

Թորոնթոհայ/Torontohye

Թորոնթոհայ ամսագիրը թորոնթոհայութեան ձայնն է՝ 2005-էն ի վեր/ Torontohye is the voice of Toronto Armenians since 2005.

Previous
Previous

Toronto Armenian bass-baritone Vartan Gabrielian is one of four finalists for the Rumbold Vocal Prize

Next
Next

Թորոնթոյի մէջ ինքնաշարժներով երթ՝ դատապարտելու Ազրպէյճանի յարձակումները