Տիրուկին հետ Միշտ հայրենիքիս հետ (Հիմնադրամի 30-ամեակի առիթով)

Մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութիւն…

Քայլերգները, խարսխուած հայրենասիրութեամբ, անգամ մը եւս իրենց արմատները խրեցին մեր հոգիներուն խորերը ու փշաքաղեցին մարմինները։

«Միշտ հայրենիքին հետ» կոչի համակիրներուն աչքերը պլպլացին հայրենիքի օգնութեան ձեռք մեկնելու բերկրանքով, իսկ Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան լիազօր դեսպան Անահիտ Յարութիւնեանի՝ «Միասնական ըլլալ»-ու խօսքերը, եւ բարեկեցիկ ապագայի տեսլականը յոյսով պատեցին սրահին մէջ գտնուող իւրաքանչիւր գանատահայի սիրտը։

Աղօթքով ու խաչակնքելով սկսանք վայելել կարմրաւուն վարդերով զարդարուած սեղանին առատ ուտեստները։ Սեղանակիցներէն մէկը հարցուց` «Ծիրանի անուշը, թէ ընկոյզի՞նը», իսկոյն՝ «Հայաստանէն է», աւելցուց ու բացաւ իրեն բաժին ինկած, եռագոյնով զարդարուն, ծիրանի անուշին շիշը եւ հրամցուց սեղանակիցներուն։ Բացուած շիշէն ծիրանափողի լուռ մեղեդիները լսուեցան եւ իւրաքանչիւր համտեսողի քիմքը Հայաստանի արեւահամ ծիրանով քաղցրացնելէ ետք, կարգը հասաւ հայկական գինիին։ 

-Կը վախնամ,- ըսի, - յանկարծ չկարմրիմ։ 

-Հայկական է, բան չ’ըլլար, խմէ՛, խմէ՛,- բացագանչեց սեղանակիցներէս մէկը։ 

Գաւաթս երկարեցի ու` ամբողջ տարին Արարատի հմայիչ տեսքով արբեցած Արարատեան դաշտի որթատունկերուն արմատներէն մինչե՜ւ իւրաքանչիւր խաղողի հատիկի կենարար համը, հայ գիւղացիին արդար ճակտի քրտինքը մարմնաւորող սպիտակ գինին հոսեցաւ բաժակիս մէջ, ու հոն սպասեց աղօթքի պէս հնչող «կենացնուդ» մաղթանքին, ապա` բաժակներուն միացումով, չարը խափանող ձայնը լսելէ ետք, հեզասահ հոսեցաւ կոկորդէս վար՝ նոր կեանք մը պագեւելու մարմինիս իւրաքանչիւր բջիջին։ Խմեցին բոլորը…եւ գինիի վերածուած խաղողի հիւթը, ամենայն հեշտութեամբ, հայկական դաշտերու զեփիւռով պատեց սրահը։

30 Հոկտեմբերին, ազգանուէր առաքելութեան համար, Հայ կեդրոնի սրահին մէջ  համախմբուած՝ աւելի քան 18 հայկական կազմակերպութիւններէ եւ ազգայիններէ կազմուած Հայաստան համահայկական հիմնադրամի Թորոնթոյի մասնաճիւղի անդամները, համակիրները, նուիրատուները, թորոնթոհայ գաղութի ներկայացուցիչներն ու հիւրերը բերկրալի պահեր կ’ապրէին ո՛չ միայն նշելու Համահայկական հիմնադրամին 30-ամեակը, այլ` վերաշինութեան ազգանուէր գաղափարէն մղուած, իրենց լուման նուիրելու Արցախի եւ Հայաստանի մեր հայրենակիցներուն, որպէսզի անոնք կարենան արեւաշող օրեր խոստացող շինութիւններով, բնակարաններով, մանկապարտէզով, դպրոցով, հանգստեան տունով, խաղավայրով, բուժ կեդրոնով կամ այլ հարկաւոր կառոյցներով գոյատեւել ու արժանավայել կեանք մը ապրիլ։

Անցեալի ձեռքբերումներն ու գալիք քաղցր օրերը մարմնաւորող կարկանդակը հատելէ ետք, հիմնադրամին անդամները անոր շուրջ գտնուող 30 մոմերը վառեցին եւ զանոնք սրահի սեղաններուն կեդրոնները զետեղելով` նոր յոյսերու ակնկալութեամբ լուսաւորեցին ներկաները։

Աչքերս փակ ունկնդրեցի Կոմիտասի «Հորովել»-ն ու «Կռունկ»-ը եւ լացի…։ Ինչպէ՞ս չլայի։ Եզօն գնա՜ց, գութանը գնա՜ց, հո՛ղն ալ գնաց ու անոնց հետ մեր տղաքն ալ գացին։ Կռո՛ւնկ, արդեօք դուն ողջ մնացի՞ր։ Եթէ այո՛, ուրեմն ըսէ՝ հիմա ի՞նչպէս պիտի շնչէ մեր բռնագրաւուած հողը, անոր ակոսներուն մէջ թշնամիին մխրճած հունտերը ինչպէ՞ս պիտի ծլին ու դուրս գան կարմիրով ներկուած հողին ընդերքէն։ 

Մեր վէրքերը անթիւ են ու անհամար…լա՛ց, կռո՛ւնկ։

Արցախին նուիրուած երգերը երգուեցան եւ յուսադրեցին զիս։ Անցեալի յաղթանակները յիշելով նայուածքս ուղղուեցաւ ինծի բաժին ինկած ընկոյզի անուշի շիշին վրայ նկարուած ընկոյզներուն եւ ինքնաբերաբար ինքզինքս Դսեղ գիւղի կանաչ,  վիթխարի ընկուզենիին տակ կանգնած գտայ, ու լսեցի Թումանեանի` «Ապրէ՛ք, երեխէ՛ք, բայց մեզ պէս չապրէ՛ք» խօսքը։ Փաթթուեցայ մեծն Թումանեանին ու` «Սիրելի՛ Թումանեան, ահաւասիկ մէկ դար անցած է եւ մենք դարձեալ, յանուն մեր ազգի գոյատեւման, միեւնո՛յն վճռակամութեամբ, կազմակերպուած նախաձեռնութիւններով կը շարունակենք ապրիլ։ Այո՛, կ’ապրինք, ու դժբախտաբար  «Ձե՛զ պէս» կ’ապրինք…։ Մենք կամարներ կը կապենք, թուրքը կը քանդէ։ Մենք կ’արարենք, թուրքը կը խլէ ու կը կողոպտէ։ Մենք ծնունդ կու տանք, կը պահենք, իսկ թուրքը կը սպաննէ։ Ասոր վերջը ո՞ւր պիտի երթայ…

_ Մի՛ ընկրկիր, այլ հայրենքիդ հետ եղի՛ր ու համբերէ՛։ Չե՞ս գիտեր, որ արդարութեան ճանապարհը փշոտ է, -ըսաւ ան ու ձեռքս շատ ամուր սեղմեց։ 

Աչքերս բացի ու արդարութեան սպասող եւ բնաւ չընկրկող հիմնադրամին կոչը անգամ մը եւս վանկ առ վանկ բարձրաձայն կարդացի։

Ահաւասի՛կ, տարիներ առաջ յաղթանակներու ծիածանով փայլք առած, Հայաստանին ու Արցախին թեւ-թիկունք կանգնելու հրամայականով ծնունդ առած հիմնադրամը, 44- օրեայ պատերազմին հետեւանքով ստեղծուած քաոսային իրավիճակին եւ մեր կորուստներուն պատճառած սրտացաւ իրողութեան, դեղ ու դարման ըլլալու պարտաւորութիւնը այնքան լիիրաւ պատասխանատուութեամբ կրեց, որ իւրաքանչիւր սերտուած, բծախնդրօրէն կառուցուած շինութիւն մարմնաւորուեցաւ մեր աչքին առաջ, հիմնադրամին ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեանի ցուցադրած տեսերիզին ընդմէջէն ։ 

Հոգեպարար պահեր ներշնչեցին այդ շինութիւնները, ու անոնց վրայ նորերը աւելցնելու խոստումով ոգեւորուողները պատրաստուեցան աւելին տալու՝ մեր բազմաչարչար հայրենակիցներուն վէրքերուն բալասան դառնալու միտումով։ 

Օրուան պատգամաբեր, գանատահայ աշխարհահռչակ երգահան-երաժիշտ Սէրուժ Գրաճեանի արտասանած խօսքերը՝ սթափելու ու միասնական ըլլալու հրաւէրը գօտեպնդեց ներկաները։ Ան պատմեց, թէ ինչպէ՛ս իր մանկութեան օրերուն, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին, ծնողքին գնած դաշնամուրը բարելաւած էր` իր, ընտանիքին, դրացիներուն եւ թաղեցիներուն տրամադրութիւնը եւ տարիներու թաւալումով այդ դաշնամուրէն բխած մեղեդիներու կարկաչահոս հոսքը վարար գետ մը դարձած պատած էր արուեստի աշխարհը։ Այսօր, hիմնադրամին կառուցած դպրոցներն ու խաղավայրերը արդեօք ինչպիսի՞ ներշնչման աղբիւր պիտի հանդիսանան մղձաւանջէն փրկուած ու մեր բարերար ափերուն անուշաբոյր յասմիկին բոյրը առնող հայ մանուկներուն համար։ 

Արհեստավարժ երաժիշտին ադամանդակուռ խօսքերը եւ Չարենցին` «Ո՜վ հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը, քո հաւաքական ոյժի մէջ է» խօսքը, ապա՝ «Զարթի՛ր, Լաօ» երգին բացառիկ ու աննախադէպ վարպետութեամբ նուագուած  երաժշտութիւնը այնքա՛ն հարազատ, զգացախառն եւ հերոսական բուռն զգացումներու զարթնումը արձանագրեց, որ ներկաները իրենց սրտաբուխ նուիրատուութիւններով հանգանակուած գումարը հասցուցին 760 100 գանատական տոլարի։ 

Հայաստան համահայկական հիմնադրամի լուսատու ջահերուն ջանքերը արդարացան ու հայրենքիս վէրքերու սպիացման եւ շուտաբոյթ ապաքինման լուրը հասաւ համայն հայութեան։

Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

Արձակագիր, բանաստեղծ, մանկագիր, մանկավարժ. ծնած է Սուրիոյ Գամիշլի քաղաքը։ Հայերէն լեզու եւ գրականութիւն դասաւանդած է զանազան քաղաքներու մէջ ու հրատարակած զանազան գործեր, ներառեալ «Բուրաստան» (2018) մանկական բանաստեղծութիւններու հատորը։ Ներկայիս Թորոնթօ կ՚ապրի, ուր «Թորոնթոհայ» թերթի օգնական խմբագիրն է:

Previous
Previous

Ուրախութեան բանալին. բնակիլ ծննդավայրի՞ կամ աշխարհի լաւագոյն երկրին մէջ

Next
Next

Լոռիին մտորումները Խոհարարին բանակումը