Մեր ուժը մեր կենդանի ժառանգութեան մէջ է (խմբագրական)

2024 թուականը եղաւ հակասութիւններու տարի մը. տարի մը, երբ կորուստի խոր ցաւը եւ վերածնունդի յոյսը միաժամանակ դրոշմեցին մեր համայնքային կեանքը։ Արցախի ողբերգութեան դառն իրականութեան դիմաց, Թորոնթոյի հայ համայնքը ոչ միայն չընկրկեցաւ, այլ աւելի եւս ամրապնդեց իր հաւաքական կամքը՝ գործելու, ստեղծագործելու եւ վերականգնելու։

Այս տարի, մեր համայնքը վկայեց, որ հայկական ինքնութիւնը սոսկ անցեալի մասին չէ, այլ՝ ներկայի եւ ապագայի կենդանի իրականութիւն է։ Մեր ամէնօրեայ վարժարանը, շաբաթօրեայ եւ կիրակնօրեայ դպրոցները դարձան ոչ միայն հայկական կրթութեան, այլ նաեւ` նորարարութեան կեդրոններ։ Մեր երեք յարանուանութիւնները՝ առաքելական, կաթողիկէ եւ աւետարանական համայնքները, հարստացան երիտասարդ հոգեւորականներով, որոնք բերին թարմ շունչ՝ միաժամանակ պահպանելով մեր հաւատքի խոր արմատները։

Մարտին «Թորոնթոհայ»-ի 200-րդ թիւի հրատարակութիւնը խորհրդանշեց այն ամէնը, ինչ կը նշանակէ ապրող համայնք ըլլալ։ Տպագիր թերթին վերածնունդը եւ թուային ներկայութեան եկող ընդլայնումը ցոյց տուին, որ աւանդականն ու արդիականը կրնան գոյակցիլ եւ զօրացնել զիրար։ Ճիշդ ինչպէս մեր լեզուն, որ պէտք չէ սառի մագաղաթի էջերուն վրայ, այլ պէտք է շարունակէ ապրիլ՝ նոր սերունդի ստեղծագործ երեւակայութեան մէջ։

Սակայն մինչ կը նայինք դէպի ապագայ, երբեք չենք մոռնար մեր անցեալը եւ անոր դասերը։ Արցախի ողբերգութիւնը վերստին յիշեցուց մեզի, որ ժողովուրդի մը գոյատեւումը կախեալ է ոչ միայն անոր նորոգուելու կարողութենէն, այլ նաեւ՝ իր պատմութիւնը յիշելու եւ անկէ սորվելու պատրաստակամութենէն։ Մեր համայնքը ցոյց տուաւ այս գիտակցութիւնը՝ արձագանգելով Արցախի կարիքներուն` աննախընթաց առատաձեռնութեամբ։

Մեր համայնքային կազմակերպութիւնները եւ հաստատութիւնները գործեցին օրինակելի համագործակցութեամբ՝ արձագանգելով թէ՛ տեղական եւ թէ՛ հայրենի կարիքներուն։ Պատմական թիւով նուիրատուութիւններ եւ կտակներ վկայեցին մեր ժողովուրդին վստահութիւնը՝ այս հաստատութիւններուն հանդէպ։ Անոնք ոչ միայն կը պահպանեն մեր անցեալի յիշատակները, այլ նաեւ կը կերտեն մեր ապագան՝ նոր սերունդին փոխանցելով մեր ժողովուրդին արժէքներն ու տեսլականը։

Մեր բարբառները, որոնք երբեմն կը հնչեն Թորոնթոյի հայկական կեդրոններուն ու Երեւանի այգիներուն մէջ, կը յիշեցնեն մեզի, որ մեր ինքնութիւնը բազմաշերտ է։ Անոնք կը վկայեն մեր պատմութեան հարստութեան մասին եւ կը դառնան կամուրջներ՝ տարբեր սերունդներու եւ աշխարհագրութիւններու միջեւ։ Իւրաքանչիւր «Ո՞ր ընտանիքէն ես», «Ո՞ր ընտանիքից ես» կամ «Օո՞ւմ ըրմեյննըս» հարցումը աւելին է քան պարզ հետաքրքրութիւն. ան յիշեցում մըն է մեր արմատներուն եւ կոչ մը՝ զանոնք պահպանելու եւ, ինչո՞ւ չէ՝ զարգացնելու:

Այսօր, երբ կը հետեւինք Միջին Արեւելքի մէջ տիրող անորոշութեան, անկարելի է չյիշել 2015-ը. շուրջ իննը տարի առաջ մեր համայնքը իր գիրկը առաւ իր սուրիահայ քոյրերն ու եղբայրները: Այն օրերուն, մեր համայնքային կեդրոններն ու եկեղեցիները վերածուեցան ապահով օճախներու՝ պատերազմէն հեռացող հայ ընտանիքներուն համար։ Այսօր, Սուրիոյ մէջ նոր տագնապներու դիմաց, շատերու հարազատներուն եւ բարեկամներուն ճակատագիրը կը մնայ անորոշ եւ անապահով։ Այս իրողութիւնը կը վերյիշեցնէ մեզի, թէ մեր համայնքային պարտաւորութիւնը չի սահմանափակուիր մեր քաղաքին մէջ։ Ինչպէս երէկ, այնպէս ալ այսօր, պէտք է պարտաստ ըլլալ զօրավիգ կանգնիլ ծանր պայմաններու մէջ ապրող սուրիահայութեան ու լիբանանահայութեան, թէ նիւթական եւ թէ բարոյական, ու հարկ եղած պարագային պատրաստ ըլլալ մեր դռները լայն բանալու բոլոր անոնց առջեւ, որոնք ապահով ապաստան կը փնտռեն։

2025-ին «Թորոնթոհայ»-ը կը բոլորէ իր հրատարակութեան 20-ամեակը։ Այս նշանակալից տարեդարձը առիթ պիտի ըլլայ ոչ միայն տօնակատարութեան, այլ նաեւ՝ վերահաստատելու մեր տեսլականը՝ խթանելու աշխոյժ թորոնթոհայ համայնք մը, որ հաւաքաբար կը տօնախմբէ իր յաջողութիւնները։ Կը պատրաստուինք հանդէս գալու նոր հրատարակութիւններով, որոնք պիտի արձանագրեն մեր համայնքին վերջին քսանամեակի պատմութիւնը, նոր՝ փոխազդեցական կայքէջով, որ պիտի ընդլայնէ մեր թուային ներկայութիւնը, եւ շարք մը ձեռնարկներով եւ նախաձեռնութիւններով։ Այս բոլորը կ’արտացոլեն մեր առաքելութիւնը՝ ըլլալու հարթակ մը, որ կը ներկայացնէ համայնքին բոլոր շերտերը։ Մեր առաջնորդող սկզբունքները՝ համայնքի վրայ կեդրոնացումը, ներառումը եւ մեր ժառանգութեան պահպանումը, պիտի շարունակեն ուղղորդել մեր աշխատանքը։

Քսան տարի ետք, մեր յանձնառութիւնը կը մնայ նոյնը՝ ծառայել Թորոնթոյի հայ համայնքին դիտաւորութեամբ, ներառականութեամբ եւ դրական ներգրաւուածութեան կեդրոնացումով։

2025-ի սեմին կանգնած, պարզ է որ մեր ուժը կը գտնուի ոչ թէ անցեալը քարացնելու, այլեւ զայն վերակենդանացնելու մեր կարողութեան սահմաններու մէջ։ Մեր մշակոյթը, մեր լեզուն, մեր համայնքը կենդանի մարմիններ են. անոնք կը զարգանան ոչ թէ երբ կը փակենք զանոնք ապակեպատ ցուցափեղկերու ետեւ, այլ երբ կու տանք անոնց աճելու, յարմարելու եւ նորոգուելու ազատութիւնը։

Թող 2025-ը ըլլայ այն տարին, երբ մեր ժառանգութիւնը կը դառնայ ոչ թէ բեռ մը՝ զոր կը կրենք մեր ուսերուն, այլ թեւեր՝ որոնք մեզ կը բարձրացնեն նոր բարձունքներու։ ֍

Ռուբէն Ճանպազեան

Խմբագիր

***

Այս խմբագրականը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի յունուար 2025 թիւին մէջ:

Ռուբէն Ճանպազեան

Թորոնթոյի զաւակ. խմբագիրն է «Թորոնթոհայ» ամսագիրի: Այսօր կողակիցին (Արազին) եւ շունիկին (Սրճենիին) հետ Երեւան կը բնակի, ուր իր գրիչով կը ծառայէ որպէս կամուրջ՝ թորոնթոհայութեան եւ հայրենիքին միջեւ։

Next
Next

«Թորոնթոհայ»-ը մեր բոլորին՝ թորոնթոհայութեան թերթն ու հարթակը